Հատորներ՝ Սիմոնեանի մասին

Ստորեւ ժամանակագրական կարգով տրուած է մատենագիտութիւնը բոլոր այն հատորներուն, որոնց պարունակութիւնը ամբողջութեամբ, կամ մասնակիօրէն, նուիրուած է Սիմոն Սիմոնեանին, եւ իր խմբագրապետութեամբ լոյս տեսած «Սփիւռք» շաբաթաթերթին:

Գիրքերէն ոմանք արդէն թուայնացուած են, եւ անոնց խորագիրին վրայ սեղմելով դուք կրնաք ուղղուիլ Հայաստանի Ազգային գրադարանի թուայնացուած շտեմարանները, առցանց (online) կարդալու, եւ կամ ներբեռնելու (download) իւրաքանչիւր գիրքի բովանդակութիւնը:

1. ՅՈԲԵԼԵԱՆ ՍԻՄՈՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ Մանկավարժական, բանասիրական, հրատարակչական, խմբագրական եւ գրական գործունէութեան, Լոս Անճելըս, տպ. Alco Printing Co., 1983, [60] էջ:
Սոյն յոբելենականը կազմակերպուած է Լոս Անճելըսի, «Գրական խմբակ»ին կողմէ:

2. Սագօ Օգնայեան, ՄԱՏԵՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ՍՓԻՒՌՔ ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹԻ 1958-1978, Պէյրութ, տպ. Էտվա, 1984, 410 էջ:
Հատորի մատենագիտութիւնը կ’ընդգրկէ Սիմոն Սիմոնեանի սեպհականութեամբ եւ խմբագրապետութեամբ լոյս տեսած ժամանակաշրջանը՝ 1958էն մինչեւ 1974ի Դեկտեմբերի 31ը, եւ Գէորգ Աճեմեանի խմբագրութեամբ եւ սեպհականութեամբ լոյս տեսած՝ 1975էն 1978 ժամանակաշրջանը:

3. Կ[արապետ] Փօլատեան, ԶՐՈՅՑ Զ. ՀԱՏՈՐ – ՍԻՄՈՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ ՀԵՏ, Պէյրութ, տպ. [Հայ Տիպ Քոմփիւկրաֆ-Թեքնոփրէս], 1988, 136 էջ:

4. Յարութիւն Կարեւորեան,  ԺԱՄԱՆԱԿ ՄԸ ԵՒՍ…, Փարիզ, համակարգչային թղթեայ տպագրութիւն, 1992, 65 էջ:

5. Աղասի Յովհաննիսեան, ՅՈՒՇԱՊԱՏԿԵՐՆԵՐ, Երեւան, 1993, Մ. Վարանդեան հրատարակչութիւն, 81 էջ:
Գիրքին մէջ կան յուշապատկերներ Համաստեղէ, Արամ Հայկազէ, Սիմոն Սիմոնեանէ, Անդրէ Ամուրեանէ, Վահագն Դաւթեանէ եւ Հրաչիկ Սիմոնեանէ: Սիմոնեանի բաժինին խորագիրն է
Սիմոն Սիմոնեանը Թեհրանի մէջ:

6. Սասուն Գրիգորեան, ԲԱԶՄԱՏԱՂԱՆԴ ԵՐԱԽՏԱՒՈՐԸ, Երեւան, տպ. Նայիրի, 1999, 104 էջ:

7. Թորոս Թորանեան, ՍԻՄՈՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆ ԵՐԵՒՈՅԹԸ, Հալէպ, տպ. Կիլիկիա, 2004, 240 էջ:

8. Ասատուր Կիւզելեան, ԿԸ ԽՕՍԻՆ ՆԱՄԱԿՆԵՐԸ, Պէյրութ, [ա.տ.], 2014, 504 էջ:
Կը պարունակէ Ասատուր Կիւզելեանի ստացած ու իրեն գրած նամակները Սիմոն Սիմոնեանին եւ Վահր
ամ Մավեանին:

9. Լեւոն Շառոյեան, ԼԵՌՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐՋԻՆ ՇԱՐԱՒԻՂԸ, Երեւան, տպ. Էտիթ Պրինտ, 2016, 68 էջ:

10. Levon Sharoyan, SIMON SIMONIAN THE LAST SCION OF THE MOUNTAINEERS, translaterd by Vahe H. Apelian Ph.D., Great Britain, Amazon print, 2017, 140 pages.
Նախորդ գիրքի անգլերէն այս տարբերակը արդիւնք է՝ տօքթ. Վահէ Աբէլեանի ինքնաբուխ թարգմանութեան:

11. Թեհմինա Մարութեան, ԳՐԱԿԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Ա., Երեւան, ՎՄՎ-Պրինտ, 2022, 304 էջ:
Հատորին մէջ ամփոփուած յօդուածներու շարքին են Սիմոն Սիմոնեանի մասին գրուած հինգ յօդուածներ, որ նախապէս լոյս տեսած են գիտական թէ այլ պարբերականներու մէջ: