Հատորներ՝ Սիմոնեանին ձօնուած

Ստորեւ ժամանակագրական կարգով տրուած է մատենագիտութիւնը  մեզի ծանօթ վեց գիրքերու, որոնց չորսը ձօնուած են Սիմոն Սիմոնեանին՝ առանձինն, իսկ մնացեալ երկուքը այլ անձնաւորութիւններու կողքին՝ նոյնպէս Սիմոն Սիմոնեանին:
Թաւ գիրերով տրուած են ձօներուն պարունակութիւնները:

1. Պօղոս Գուբելեան, ԱՆՏԱՌԸ ՄԱՐԴՈՒՆ ՄԷՋ, Պէյրութ, տպ. Սեւան, 1978, 147 էջ:
«Սիմոն Սիմոնեանին»

2. Գեղամ Սեւան, ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՈՒՐՈՒԱԳԾԵՐ, Երեւան, տպ. Գիտութիւն հրատարակչութեան, 1997, 368 էջ:
«Գիրքը տպագրվում է ամերիկահայ մեկենաս, Գեղամ Սեվանի երիտասարդ տարիների մտերիմ ընկեր ՀԱՐՈՒԹՅՈՒՆ ՍԻՄՈՆՅԱՆԻ հովանավորությամբ, ի հիշատակ իր եղբոր՝ սփյուռքահայ գրող ՍԻՄՈՆ ՍԻՄՈՆՅԱՆԻ»

3. Մարզպետ Մարկոսեան, ՔԱՂԱՔՆԵՐՈՒ ԿԱԽԱՐԴԱՆՔԸ ԵՌԱՄԱՍ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄՆԵՐ Ա., Անթիլիաս, տպ. Կաթողիկոսութեան, 2008,  399 էջ:
Գիրքը նուիրուած է հեղինակի քրոջը, Սեդա Մարկոսեան-Խտշեանին:
Կայ նաեւ շնորհակալական խօսք Անդրանիկ Ծառուկեանին, Սիմոն Սիմոնեանին, Արփիկ Միսաքեանին եւ Գրիգոր Շէնեանին:
Սիմոնեանին ուղղուած շնորհակալիքը կ’ըսէ. «Ջերմ շնորհակալութիւն նաեւ ողբացեալ Սիմոն Սիմոնեանին՝ «Սփիւռք»ի խանդավառ ու խանդավառող խմբագրին եւ ուսուցչիս»

4. Երուանդ Քասունի, ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍԻՒՆԱԿ… ԱՆՀԱՃՈՅ ԸԼԼԱԼՈՒ ԵՐԱՆՈՒԹԻՒՆԸ, Պէյրութ, տպ. Design Kesdenian, 2009,  288 էջ:
«
Բանասէր, պատմաբան, արձակագիր եւ յանդուգն հրապարակագիր Սիմոն Սիմոնեանի սիրելի եւ անմոռանալի յիշատակին»

5. Մկրտիչ Մ. Պուլտուքեան , ՍՓԻՒՌՔ ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ ՆՈՐ ՏԵՍԼԱԿԱՆԻ, Պէյրութ, տպ. Սիփան, 160 էջ:
«Ձօն// Այս հատորը կը նուիրեմ իմ վաղեմի դաստիարակներուս// ՍԻՄՈՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻՆ,// ՕՆՆԻԿ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻՆ, ԲԻՒԶԱՆԴ ԵՂԻԱՅԵԱՆԻՆ,// ԱՐԱ ԹՕՓՃԵԱՆԻՆ, ԳԵՐՍԱՄ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆԻՆ, ՎԱՀԷ ՎԱՀԵԱՆԻՆ// անմար յիշատակին,// ինչպէս նաեւ՝// ԶԱՐԵՀ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆԻՆ// Առանց անոնց փոխանցած մտաւորական ներդրումին ու մանաւանդ՝// Ոգիին,// Հաւանաբար, հետեւեալ մտորումները գոյութիւն պիտի չունենային:»

6. Ասատուր Կիւզելեան, ԿԸ ԽՕՍԻՆ ՆԱՄԱԿՆԵՐԸ, Նամակագրութիւն Ասատուր Կիւզելեան-Սիմոն Սիմոնեան եւ Ասատուր Կիւզելեան- Վահրամ Մավեան, Պէյրութ, [ա.տ.], 2014, 504 էջ:
«Ձօն՝ Սիմոն Սիմոնեանի անմեռ յիշատակին, իր ծննդեան 100ամեակին առթիւ»