Վարի տողերուն մէջ կը խօսուի նախորդ դարաշրջանի 60ականներուն, գրագէտ Սիմոն Սիմոնեանի՝ 1- «Սեւ ցանկ»ի մը վրայ յայտնուելու իրողութեան մասին՝ Սովետ հետախոյզ, գնդապետ Պետրոս Պետրոսեանի կողմէ: 2-Տրուած է յղումը կարդալու Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանի «ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԻՐԱԶԻ «ԱՆԻ» ՎԻՊԵՐՔԸ» յօդուածը, ուր տրուած են մանրամասնութիւնները «սեւ ցանկ»ի դէպքին: 3- Ոչ Յայտնի եւ ոչ ալ Գաղտնի կողմի մը պատկանած ըլլալով, վարի տողերուն մէջ խօսուած է նաեւ Սիմոնեանի անկախ, ոչ ոքի տուրք տուող եւ անկուսակցական անձ մը ըլլալու մասին: 4- Սիմոնեանի արխիւէն տրուած է լուսանկար մը՝ ուր կ’երեւին Յովհաննէս Շիրազն ու իր մայրը, եւ ձեռագիր նամակ մը մի ոմն Կարապետ Յարութիւնեանէ՝ իբր արխիւային Թղթահանդէսի նիւթ: 5- Տրուած է նաեւ յղումը «Սփիւռք» շաբաթաթերթի 1969 թուականի Դեկտեմբեր 31ի համարին, ուր այլ գրութիւններու կողքին, կայ Սիմոնեանի «12ՐԴ ՏԱՐՈՒԱՆ ՍԵՄԻՆ» յօդուածը՝ որ պատճառ եղաւ վարի տողերը գրուելուն: Սիմոնեան այս յօդուածին մէջ կը խօսի Հայ Սփիւռքին արժէք մը ըլլալու իրողութեան, հայութեան յաւերժութեան, եւ այլ նիւթերու շուրջ: Յօդուածին նոր շարուածքը տրուած է նաեւ այս էջի վերջաւորութեան:
Յարգելի ընթերցող,
Մաղթենք որ Շիրազէն մէջբերուած Ամանորեան պատգամին գոնէ բռունցքուելու բաժինը շուտով իրականանայ Հայոց Աշխարհին մէջ:
Բանաստեղծին վերի մաղթանքը, որ կ’երեւի «Սփիւռք» շաբաթաթերթի 31 Դեկտեմբեր 1969ի տարեկան բացառիկի առաջին էջին վրայ, իր կողքին ունի Սիմոն Սիմոնեանի «12ՐԴ ՏԱՐՈՒԱՆ ՍԵՄԻՆ» վերնագիրով յօդուածը:
Այս գրութեան մէջ Սիմոնեան,
Կ’ողջունէ շաբաթաթերթին անցնող տարիներու աշխատակիցներն ու գործակիցները,
Կ’ողջունէ աշխատակիցներէն ու գործակիցներէն անոնք՝ որոնք կէս ճամբան մնացին, իր կամ իրենց մեղքերով,
Կ’ողջունէ շաբաթաթերթին ընթերցողներն ու բաժանորդները,
Կ’ողջունէ մօտաւոր ու հեռաւոր բարեկամներն ու հաւատաւորները,
Եւ ի վերջոյ կ’ողջունէ անոնց՝ որոնց դէմ ի՛նք պայքարեցաւ:
Այս յօդուածին վերջաւորութեան Սիմոնեան կը գրէ. «հաւատքով պիտի շարունակենք գոյատեւել եւ ստեղծագործել բեղուն կերպով, առատօրէն, շռայլօրէն, այդ հաւատքով՝ չյոգնի՛լ, համոզել ու պայքարիլ, մնալ աներեր, անզիջող, անճկելի ու անկաշառ, յոգնութիւնը, «պատիւները», հրաւէրները, պետհրատարակութիւնները, երթուդարձի տոմսերը, «տեսաբանութիւնները» եւ «գրական» տնմնայ դատումները ձգելով թերահաւատներուն եւ ամուլներուն…»:
Վերը նշուած յօդուածը եւ «Սփիւռք» շաբաթաթերթի 31 Դեկտեմբեր 1969ի տարեկան բացառիկի բովանդակութեան ամբողջութիւնը կրնաք կարդալ սեղմելով Հայաստանի Ազգային գրադարանի թուայնացուցած շտեմարաններու՝ այս կապին վրայ:
Իսկ այս համարին մէջ գրութիւններ ունեցողներու ցանկը, եւ Սիմոն Սիմոնեանի յօդուածին նոր շարուածքը կրնաք կարդալ նաեւ այս էջի վերջաւորութեան:
«ՍԵՒ ՑԱՆԿ»
եւ
ՍՏԱԼԻՆԻ ՀԱՅ ԺԱՌԱՆԳՈՐԴՆԵՐԷՆ ՄԻՆ
Վերեւ յիշուած թերահաւատներուն եւ ամուլներուն դէմ իր մղած պայքարներուն պատճառով, Սիմոնեան մէկէ աւելի անգամներ կը դրուի «սեւ ցանկ»երու վրայ:
Սիմոնեան իր կեանքի ընթացքին տեղի չէ տուած անկախ մնալու իր կոչումին: Իր գրած յօդուածներէն մէկուն մէջ ան կ’ըսէ. «Պիտի մնանք անկախ մեր խիղճի եւ դատողութեան երկաթագիծերուն վրայ ամրօրէն խարսխուած: Պիտի չընդունինք հրահանգներ: Պիտի զբաղինք հարցերով, որոնց համար տարիներէ ի վեր լռութիւն կը պահուէր, ինչպէս գաղտնի հիւանդութեանց վրայ…:» («Սփիւռք» 19 Սեպտեմբեր 1959, էջ 2):
Եւ քանի որ չ’ընդունիր ու չընդունե՛ց հրահանգներ՝ Սիմոն Սիմոնեան կը դրուի նաեւ, մի ոմն Պետրոս Պետրոսեանի «սեւ ցանկ»ին վրայ:
Սիմոնեան, «Ստալինի ՀԱՅ ժառանգորդները» կոչած է յօդուածի մը մէջ այն հայերը, որոնք Ստալինեան օրերու մտայնութեամբ շարունակած են գործել թէ Սովետական Հայաստանի ու թէ ալ սփիւռքի մէջ («Սփիւռք» 22 Նոյեմբեր 1962, էջ 3):
Ո՞վ էր Պետրոս Պետրոսեանը:
Պետրոսեան, 1959-1963, գործած է իբր Սովետ հետախոյզ Լիբանանի մէջ:
1963ին Խորհրդային Միութեան Պետական Անվտանգութեան կոմիտէի նախագահին հրամանագիրով պարգեւատրուած է «պատուաւոր աշխատակից» շքանշանով:
Զարմանալին այն է, որ այս հետախոյզը «սեւ ցանկ»ի արժանի դարձուցած է Սիմոնեանը՝ ո՛չ թէ որովհետեւ «Սփիւռք»ի էջերուն մէջ Սիմոնեան գրած էր Ստալինի եւ իր գործընկեր Լաւրենտի Բերիայի գործած մեղքերուն մասին՝ երբ անոնք 1936-39ի ժամանակաշրջանին մաքրագործումներ կատարած էին Հայաստանի մէջ, սպանել տալով հազարաւոր ղեկավարներ ու անմեղ քաղաքացիներ,
Ո՛չ ալ որովհետեւ Սիմոնեան հրապարակած եւ քննադատած էր միեւնոյն այդ հայատեացներուն գործած 1949ի մեղքը, որուն իբր արդիւնք 100.000է աւելի հայեր, մէջն ըլլալով Սովետական Հայաստան նոր ներգաղթած, նոր հաստատուած մեծաթիւ հայրենադարձներ՝ աքսորուած էին Սիպերիա,
Ո՛չ ալ որովհետեւ Սիմոնեան վերեւ նշուած դէպքերու համագումարը կոչած էր «Երկրորդ Ապրիլ 24», որ գործադրուած էր հո՛ն «արդարութեան» եւ «հաւասարութեան» այդ Միութեան մէջ,
Ո՛չ իսկ որովհետեւ Սիմոնեան խօսած ու գրած էր ներքին հողերու՝ Ղարաբաղի, Նախիջեւանի եւ Ախալքալաքի պատմականօրէն հայապատկան ըլլալուն մասին,
Ո՛չ ալ որովհետեւ Սիմոնեան համարձակած էր տակաւին այ՛դ օրերուն իսկ, Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող յոռի երեւոյթները քննադատել,
Այլ, այս «պատուաւոր աշխատակիցը» Սիմոն Սիմոնեանին արժանացուցած էր «սեւ ցանկ»ի բարձրագոյն պատիւին՝ որովհետեւ Սիմոնեան, Յովհաննէս Շիրազի «Անի» անտիպ պոէմէն, երկու (ըստ Պետրոսեանի՝ երեք) կտորներ… տպած էր «Սփիւռք» շաբաթաթերթին մէջ:
Եւ Ստալինի այս ՀԱՅ ժառանգորդը, 2009 թուականին իր հեղինակութեամբ տպուած «Էջեր հետախոյզի կյանքից» գիրքի էջ 223ին մէջ, պիտի վերահաստատէր իր ժառանգորդ մը եղած ըլլալը, եւ գրէր հետեւեալը. «Ոմանք կարող են մեղադրել ինձ՝ կարծելով, որ ես խիստ եմ վարվել Սիմոն Սիմոնյանի հետ, որ այդ բոլորից հետո պետք էր ներել նրան: Կես դար անց նորից կարծում եմ, որ ես ճիշտ եմ վարվել»:
Եւ երեւակայել որ այս տիպի արարած մը, 1973-1977 թուականներուն, նաեւ վարած է Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէի նախագահի (Վարդգէս Համազասպեանի) տեղակալի պաշտօնը…
«ՍԻՄՈՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ ԿՐԱԾ ՊԱՏԻԺԸ
եւ
ՅՈՒՇԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՎՏԱՆԳՆԵՐԸ»
Դոտկ. Վարդան Մատթէոսեան «Յովհաննէս Շիրազի «Անի» վիպերգը» յօդուածին մէջ, («Ազգ» օրաթերթ, 23 Փետրուար 2013) բանասիրական հետախուզութեամբ մը՝ մանրամասն գրած է «Սիմոն Սիմոնեանի կրած պատիժը եւ յուշագրութեան վտանգները» նիւթի մասին, ու բացայայտած հետախոյզ Պետրոս Պետրոսեանի անհեթեթութիւնն ու շահատակութիւնը:
Հետաքրքրուողները կրնան կարդալ այդ յօդուածը, սեղմելով այս կապին վրայ:
Մատթէոսեանի յօդուածին ընդմէջէն, կրնաք նաեւ ա՛լ աւելի ծանօթանալ Սիմոնեանի նկարագիրին: Շատ մը մանրամասնութիւններու կողքին, հոն պիտի կարդաք նաեւ Սիմոնեանէն մէջբերումներ ուր ան պարզ ու յստակ կերպով կը յայտնէ՝ իր ոչ մէկ կուսակցութեան պատկանած ըլլալը:
ԳԱՂՏՆԻ ԲԱՆԱԿ
եւ
ՍԻՄՈՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆ
Քանի որ խօսքը բացուեցաւ Սիմոնեանի անկուսակցական ըլլալուն, հարկ է որ այստեղ վերստին արձանագրեմ, թէ Սիմոնեան նոյնպէս մաս չէ կազմած Հայաստանի ազատագրութեան հայ գաղտնի բանակին (ՀԱՀԳԲ, ԱՍԱԼԱ):
Ժամանակին, թէ՛ մամուլով եւ թէ՛ ալ բեմէ, հերքած եմ տարածուող շշուկներն ու տպագիր նիւթերը, եւ իբրեւ ամենատարրական փաստ ըսած՝ թէ երբ Սիմոն Սիմոնեան մահացաւ (24 Մարտ 1986), Հայաստանի ազատագրութեան հայ գաղտնի բանակը նման յայտարարութեամբ մը չգուժեց անոր մահը:
Բայց կարգ մը ոչ պատասխանատու եւ նաեւ անտեղեակ անձեր, ենթադրութիւններէ մեկնելով, նախ բանաւոր՝ Սիմոնեանի մահէն առաջ, եւ ապա գրաւոր՝ Սիմոնեանի մահուընէ ետք, իրենց յօդուածներով, ակնարկներով, սակարանային ելեւէջներու նման՝ տուեալ օրուան մը իրենց հասած եզրակացութեան համեմատ, կամ լուսանկարի մը հիման վրայ, կամ ազգականական ու խնամիական տուեալներու հիմամբ, Սիմոնեանը օր մը վերածեցին հիմնադիրի, ուրիշ օր մը անոր գաղափարական եւ քաղաքական գիծի ամրապնդման մասնակիցի, այլ տեղ մը հոգեւոր հօր, իսկ ուրիշ տեղ մըն ալ նահատակի:
Խնդա՞լ թէ լալ:
Վերեւ նշածներս, երեւակայութեան արդիւնք չեն: Պարզապէս աղբիւրներն է որ չեմ նշեր այստեղ:
Ինչո՞վ կը տարբերին Հայոց պատմութիւնը խեղաթիւրող անձերը, Սիմոնեանի կենսագրութիւնը խեղաթիւրող այս անձերէն:
Սիմոնեան տեղ մը հետեւեալը ըսած է. «Ճշմարտութիւնը մեր պատիւն է: Այդ պատուով կնքենք մեր կեանքը»:
Վերի տողերը գրուեցան ոչ թէ թերագնահատելու ՀԱՀԳԲի անունն ու անոր հերոսական ա՛յն արարքները որոնց թիրախը եղած է Հայոց թշնամին: Այլ գրուեցան, ու պիտի շարունակուին գրուիլ այնքան ատեն որ անտեղեակներ, իրենց ենթադրութիւնները կամ կասկածները իբր փաստ կը նետեն պատմութեան գիրկը, եւ կը վարկաբեկեն Սիմոն Սիմոնեանի ապրած կեանքի գաղափարախօսութիւնը, ու զինք համահայկական, անկախ, ոչ ոքի տուրք տուած ըլլալու պատկանելիութենէն դուրս բերելով, կը փորձեն զինք վերածել կողմի մը սեպհականութիւնը:
Շիրազի բռունցքուելու մաղթանքով սկսած էի այս ե-նամակը:
Թող հրամմեն եւ բռունցքուին մեր Հայկական իրականութեան ԲՈԼՈՐ շերտերը, ըլլան անոնք Յայտնի, Գաղտնի, եւ կամ Արդար:
* * *
12ՐԴ ՏԱՐՈՒԱՆ ՍԵՄԻՆ
ՍԻՄՈՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆ
Աղբիւր, «Սփիւռք» շաբաթաթերթ, 31 Դեկտեմբեր 1969, էջ 1 եւ 24
Կանգնած՝ 12րդ տարուան սեմին, հանդարտ, ինքնավստահ, հաւատալից, խանդավառ, լաւատես, հարց կու տանք մենք մեզի, մեր միա՛կ թերահաւատութեամբն ու մոռացկոտութեամբը.
— Իրա՞ւ տասներկու տարիներ անցած են…
Արդարեւ ՏԱՍՆԵՐԿՈՒ տարիներ կը բաժնեն այս էջը իր «Ա. տարի — Թիւ 1»էն…
Ու տասներկրորդ տարուան սեմին, ողջոյնի խօսք միայն ունինք…
Ողջո՛յն ամենէն առաջ մեր ա՛յն աշխատակիցներուն ու գործակիցներուն, որոնք մինչեւ հիմա հաւատարմօրէն քալեցին մեզի հետ: Անոնցմէ ոմանց ստորագրութիւնները (23 հատ) կ’երեւան այս թիւին մէջ. անոնց վրայ հարկ է աւելցնել անունները այս թիւէն բացակայողներուն, որոնք կարեւոր թիւ մը կը կազմեն: Սփիւռքահայ գրողներուն նկատելի տոկոսը կը կազմեն մեր աշխատակիցները: Տարին միջին հաշուով առնուազն 40 գրիչներ կանոնաւոր կամ պարբերական աշխատակցութիւն բերին այս շաբաթաթերթին: Ողջո՛յն նաեւ անոնց, որոնք կէս ճամբան մնացին՝ մեր կամ իրենց մեղքերով:
Ողջո՛յն մեր բազմաթիւ ու սիրելի ընթերցողներուն ու բաժանորդներուն, որոնց սիրոյն ու ազնիւ նուիրումին մէջ զօրացաւ ու գոյատեւեց այս շաբաթաթերթը:
Ողջո՛յն մանաւանդ մեր մօտաւոր ու հեռաւոր բարեկամներուն ու հաւատաւորներուն, որոնց գործակցութիւնն ու քաջալերանքը կրկնապատկեցին մեր թափը:
Ողջո՛յն նաեւ անոնց, որոնց դէմ պայքարեցանք. ողջո՛յն նոյնիսկ «ոսոխներիս, չար ու արթուն», ինչպէս պիտի ըսէր Վահան Տէրեան:
Հպարտ ենք մեր բարեկամներով եւ բարեկամութիւններով, ինչպէս նաեւ մեր թշնամիներով եւ թշնամութիւններով:
Հիմա, 12րդ տարուան սեմին, երբ բազմապատկուած են մեր ընթերցողներն ու աշխատակիցները, եւ մեր կողքին՝ կը բարձրանան նորեր, «Գարունական»ներ, յատկապէս Պէյրութի եւ Հալէպի մէջ, երբ մանաւանդ «ՍՓԻՒՌՔ»ի մտածումներէն ու դատումներէն ոչ մէկ բան հերքուեցաւ, այլ ամէնը ամբողջութեամբ հաստատուեցան, ապա ուրեմն իրաւունք ունինք հանդարտ ու ինքնավստահ ըլլալու, եւ աւելի մեծ հաւատքով ու թափով անցնելու յաջորդ տասնամեակի մը, որքան որ կեանքի պարգեւատուն կ’արտօնէ…:
Այս թերթը, «ՍՓԻՒՌՔ»ը եղաւ հաւատքի գործ մը, անկախութեան ժայռին վրայ հաստատուած… Անիկա հաւատաց թէ՝
— Մենք ժառանգորդներն ենք Արեւմտահայութեան,
— Հայ Սփիւռքը ԱՐԺԷՔ է, անբաժանելի, թանկագին ու անհրաժեշտ կիսամասը Հայաստանի Հայութեան,
— Հայ Սփիւռքը ունի տաղանդ, կարողականութիւն, հոգեկան ու ֆիզիքական մթերք, հարստութիւն ու կարելիութիւն գոյատեւելու եւ ստեղծագործելու մշակոյթ, իր բոլոր մարզերով — արուեստներ ու գրականութիւն՝ եթէ միայն հաւատքէ չպարպուի, — պահելու եւ պահպանելու դպրոցներ, եկեղեցիներ, մամուլ եւ ազգային հաստատութիւններ:
— Վերջապէս Հայ Սփիւռքը անհրաժեշտ հիմնաքարերէն է հայ ժողովուրդի ՅԱՒԵՐԺՈՒԹԵԱՆ, որ վէմն է Լուսաւորիչի Կանթեղին տեսանողներուն:
Այդ համոզումով, Հայութեան յաւերժութեան հաւատքով, «ՍՓԻՒՌՔ» կը հաւատայ աւելի բաներու, որոնց ուրիշներ չեն հաւատար եւ կ’արժեզրկեն ու կ’ամլացնեն սփիւռքը՝ թերահաւատութեամբ եւ մասամբ նորին, ծուլութեամբ եւ մասամբ նորին…
Այդ հաւատքով պիտի շարունակենք գոյատեւել եւ ստեղծագործել բեղուն կերպով, առատօրէն, շռայլօրէն, այդ հաւատքով՝ չյոգնի՛լ, համոզել ու պայքարիլ, մնալ աներեր, անզիջող, անճկելի ու անկաշառ, յոգնութիւնը, «պատիւները», հրաւէրները, պետհրատարակութիւնները, երթուդարձի տոմսերը, «տեսաբանութիւնները» եւ «գրական» տնմնայ դատումները ձգելով թերահաւատներուն եւ ամուլներուն…
Հաւա՛տք եւ ստեղծագործութիւն, կրկնուած ու բազմապատկուած, յաջորդ տասնամեակին, աւելի բեղուն, խիստ, խստակրօն ու խստապահանջ…
* * *
Վարի բաժինին մէջ կրնաք կարդալ «Սփիւռք»ի այս համարի մնացեալ յօդուածներուն ու անոնց հեղինակներուն ցանկը: Արսէն Աճէմեանի գրութիւնը, կ’արծարծէ նաեւ՝ Համահայկական Մարմինի մը ստեղծման անհրաժեշտութիւնը:
Կը վերջացնեմ տողերս, շնորհաւորելով ձեր Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդը:
Յարգանքով՝
Սասուն Սիմոնեան
* * *
– Ռոզա Պետրոսեան ……………… «Հաւատ»
– Նշան Խոշաֆեան …………….. «Մեր ժամանակը»
– Երուանդ Գարաճեան ……………….. «Նոր Տարուան սեմին»
– Արտակ Արք. Մանուկեան ……………….. «Ներկայացող առիթը»
– Յովհաննէս Շիրազ ……………….. (Նամակէ մը տողեր, ուղղուած՝ Պօղոս Գուբելեանի)
– Նշան Պեշիկթաշլեան ……………….. «Սոսկալին Պելքենէ ու սարսափելին Էպրոս»
– Պարոյր Մասիկեան ……………….. «Էլմա՜սս»
– Խորէն Տէտէեան ……………….. «Տիար ատենապետ մը»
– Լեւոն Շահոյեան ……………….. «Ի՞նչ հողի վրայ…» եւ «Մահուան թափօրը»
– Յարութիւն Զատկի ……………….. «Տերեւաթափ»
– Գէորգ Աճեմեան ……………….. «Նահանջ երգով»
– Բժ. Ահարոն Խաչատուրեան ……………….. «Նամակ՝ քրոջս»
– Գուտցի Միքայէլեան ……………….. «Վերելակը»
– Դաւիթ Յ. Էվերեկլեան ……………….. «Թատերական երկու անեկտոդներ»
– Ս. Հերեան ……………….. «Բայց ես սխալ բան չըրի»
– Օննիկ Ինճէեան ……………….. «Մեծ-հայրս»
– Բիւզանդ Եղիայեան ……………….. «Ճամբորդները»
– Երուանդ Պարսումեան ……………….. «Լուսնին մահը»
– Զաւէն Շլուկեան ……………….. (Գրադատութիւն մը ղրկուած՝ մասնաւոր «Սփիւռք»ին)
– Հրանդ Սիմոնեան ……………….. «Յովհաննէս Գ. Պապէսեան անխոնջ բանահաւաքը»
– Հմայեակ Գրանեան ……………….. «Լուսնին ծագումը»
– Արսէն Աճէմեան ……………….. «Յ՞ո, երթաս, Armenia»
– Ա. Վ. Փանոսեան ……………….. «Լուսնակին»
—
ԹՂԹԱՀԱՆԴԷՍ…
Լուսանկարին մէջ կ’երեւին Շիրազն ու իր մայրը: Իսկ հոն գտնուող Շիրազի ձեռագիրը կ’ըսէ.
«Մեծ հայրենասէր՝ սասնամեծ Սիմոն Սիմոնեանին եւ իր ողջ սուրբ ընտանիքին… Յ. Շիրազ»:
* * *
Վարի ձեռագիր նամակը կը պատկանի Սիմոնեանի ծանօթներէն Կարապետ Յարութիւնեանի որ այդ օրերուն կը բնակէր Իրաքի մէջ: Նամակի պարունակութիւնը ինքնաբացատրելի է: Հոն կայ նաեւ նամակագիրին անձնական վկայութիւնը, «Սփիւռք»ի, տպարան «Սեւան»ի՝ Սիմոնեանի առօրեային մասին: Նամակին թուականը Հոկտեմբեր 1961ն է. միեւնոյն օրերուն է որ «պատուաւոր» գնդապետը «Սեւ ցանկ»ի արժանի կը դարձնէր անունը Սիմոնեանին:
Վերի նամակին շարուածքը տրուած է վարի տողերուն մէջ
5 Հոկտ[եմբեր] 1961
Ազգ[ային] Վարժարան
Մարգիլ, Պասրա, Իրաք
Ազնիւ եւ սիրեցեալ բարեկամդ իմ,
Պ[արոն] Սիմոն Սիմոնեան,
Պէյրութ, Լիբանան
Ազնի՛ւ սիրելի,
Շատ կը ցաւիմ որ հակառակ խոստումիս չկրցայ քեզի մնաք բարովի գալ, որովհետեւ նոյն օրերուն վերջին աստիճան զբաղած էի: Քու քովդ գալէս յաջորդ օրը Անթիլիաս գացի, ուր մնացի ամբողջ օրը. Վեhափառին [Զարեհ Ա. Փայասլեան] հետ տեսնուեցայ, նաեւ վարդապետներուն հետ, որոնք կէսօրը ճաշի համար վար դրին զիս, որ իրենց հետ ճաշեմ: Այցելեցի նաեւ Մատենադարանը, ուր մի քանի աղբիւրներ աչքէ անցուցի: Տեսնուեցայ նաեւ Պ[արոն] Բիւզանդին [Եղիայեան] հետ, որ բարեհաճեցաւ օրինակ մը ինծի նուիրել իր ծանօթ գրքոյկէն, որ նուիրուած է Անթիլիասի տագնապը լուծելու հարցին: Շիտակը խօսելով ամէնքն ալ սիրով ընդունեցին զիս, այնպէս որ Վեհափառ Հայրապետը տասնեակ մը պատմական, կրօնական եւ եկեղեցական ու բարոյական գիրքեր նուիրեց մեր խեղճուկ դպրոցին:
Չեմ կրնար բացատրել, թէ որքա՜ն գոհ մնացի քու այնքան ջերմիկ զգացումներէդ եւ սիրալիր վերաբերումէդ: Ես այնպէս հասկցայ, թէ դուն որ գրի ու գրչի մարդ ես, կարողութենէդ աւելի ծանրաբեռնուած ես եւ բնաւ հանգիստ չունիս: Այդ պայմաններուն տակ, գիտցիր որ շատ կը յոգնիս եւ շուտ կը հիւծիս: Դուն քու ունեցած պատրաստութիւնովդ՝ գրական, պատմական, բանասիրական ու քննադատական գործեր արտադրելու կոչուած ես: Քու հրատարակած «Սփիւռք» թերթդ քու կարողութիւններդ կը քայքայէ, կը ջլատէ: Դուն առօրեայէն շատ վեր ըլլալով, թերթով պէտք չէ զբաղիս, ուրիշներ թող զբաղին անով: Դուն մնայուն գործեր արտադրելու ետեւէն ըլլալու ես: 1880-1908ի շրջանին Կ. Պոլսոյ մէջ մեր գրականութիւնը թերթերու մէջ միայն ապրեցաւ, շատ անձուկ վիճակի մէջ, որովհետեւ գրաքննութիւնը այլ կերպ չէր թողուր զայն: Ներկայիս սակայն տարբեր են պայմանները. ատիկա դուն ալ գիտես: Ո՛չ միայն թերթիդ, այլ խանութի [տպարանի] գործիդ մէկ մասն ալ ուրիշներուն տալու ես: Ես մի քանի վայրկեան աշխատանոցիդ [մէջ] մնալով տեսայ, զգացի, հասկցայ, որ դուն ոչ միայն հանգիստի պահ չունիս, այլ շնչելու վայրկեան չունիս: Աս ի՜նչ բան է, մեղք չէ՞ քեզի: Հիմա երիտասարդ ես կը տանիս, կը տոկաս: Բայց վա՞ղը. ի՞նչ պիտի ըլլայ վիճակդ: Ընդունէ՛ որ անկեղծ եմ, անկեղծօրէն կը գրեմ եւ քու առողջութիւնդ կը մտածեմ, առանց ոեւէ կեղծիքի: Լաւ հասկցիր, որ քու բարիքիդ, քու ներկայիդ ու քու ապագայիդ համար է, որ կը մտածեմ ու կը գրեմ: Թեթեւցուր գործդ, եթէ կրնաս նուիրուէ եթէ ոչ ամբողջովին, գէթ մասամբ, գրականութեան եւ արուեստի, որոնք անշունչ թուղթէն, անզգայ մելան[էն] ու անխօս մեքենայէն աւելի քու սրտիդ ու մտքիդ կը խօսին, որովհետեւ նիւթը կը մաշի ու կը մաշեցնէ նաեւ քեզ, այդ ձեւով կը զրկէ մեզ, ո՜վ գիտէ ի՛նչ գրական գոհարներէ, որոնք շատ վստահ եմ քու մտքիդ ու կորովի գրչիդ արդիւնքները պիտի ըլլային: Այս սրտցաւ տողերը կը գրեմ քեզի, շատ սրտբացօրէն, վստահ եմ որ չես նեղուիր, որովհետեւ հոգիները զիրար կը ճանչնան, սիրտէ սիրտ անքակտելի ճամբայ մը կայ: Երանի՜ թէ ունեւոր մէկը ըլլայի, գիտէի թէ ինչ կարգադրութիւն կ’ընէի քեզի համար:
11-9-[19]61ին, Երկուշաբթի Դամասկոսի մէջ երգի ու պարի ելոյթին գացի. նկարուեցայ Յովհ[աննէս] Պատալեանի եւ Օֆէլիա Համբարձումեանի հետ:
Հիմա Տ[էր] Խորէն ք[ա]հ[ա]ն[այ] Գասապեան քովս է. մասնաւոր ողջոյն ունի: Իրենց դպրոցին Դ. եւ Ե. դասարաններուն 10ական «Արագած» [հայոց լեզուի դասագիրք] ապսպրած են: Անձկանօք կը սպասեն, զի դասերը սկսած են: Միւսները [իմա՛ դասագիրքերը] եկած են:
Մնամ եղբայրական սիրով եւ կարօտով միշտ քոյդ՝
Կ[ա]ր[ա]պ[ե]տ Յարութիւնեան
Վ Ե Ր Ջ