ՆԵՐԿԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ
պարտամուրհակ ունի վերստանալու եւ վերստեղծելու
ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԱՍՏԱՆԸ
Սիմոն Սիմոնեան
Յարգելի ընթերցող,
«Հայ Ժողովուրդէն ետք ամենէն շատ կը զգամ ու կը սիրեմ Պարսիկը…
Պարսի՛կը որ եղաւ մեր մշտական հարեւանը, դարաւոր ուղեկիցը, բախտակիցը, եւ արիւնակիցը…»
Վերի երկու նախադասութիւնները առանձնացուցած եմ Սիմոն Սիմոնեանի «2500 ԱՄԵԱԿ ԱՐԻԱԿԱՆ ՓԱՌՔԻ» յօդուածէն՝ տրուած քիչ մը վարը, իբրեւ այս անգամուան մայր յօդուած:
Նշուած յօդուածը հրամցնել բնա՛ւ չկար ծրագրիս մէջ, եւ ուրեմն մաս չէր կազմեր նաեւ… թղթապանակիս մէջ գտնուող նիւթերուն:
«Սփիւռք» շաբաթաթերթի 1971 տարուան հաւաքածոյին մէջ, այլ յօդուածի մը վերաբերող տուեալներ փնտռելու ընթացքիս, եւ ըստ սովորութեանս շեղելով նպատակէս… սկսայ կարդալ ուրիշ նիւթեր: Տեղեկացայ թէ այդ տարին Իրանի Շահ Մուհամմէտ Ռըզա Փահլաւին, Սովետական Մոսկուայէն իր տունդարձի ճամբուն վրայ այցելեր է նաեւ Սովետական Երեւան: Նոյնպէս տեղեկացայ, թէ Իրան միեւնոյն տարուան Հոկտեմբերին տօնէր է իր փառքին 2500ամեակը: Տեղեկացայ նաեւ, թէ Սիմոնեան միեւնոյն այդ տարին մեկներ է Քուէյթ, ապա՝ Թեհրան ու Պաղտատ, եւ գրած «ՔՈՒԷՅԹ —ԹԵՀՐԱՆ—ՊԱՂՏԱՏ» վերնագրով երկարաշունչ յօդուածաշարք մը, ուրկէ ծանօթացայ նոր տուեալներու՝ Սիմոնեանի եւ իր բարեկամներուն մասին: Հաճոյքով նաեւ կարդացի այդ ճամբորդութեան ընթացքին իր ունեցած մտածումներն ու մտորումները: Ափսո՜ս սակայն, յօդուածաշարքը տեղէ մը անդին կանգ առած է կարծէք, եւ Թեհրանի ուղեւորութեան կարեւոր մէկ բաժինը, ու Պաղտատինն ալ ամբողջութեամբ՝ չե՛ն պատմուած:
Սիմոնեան այդ տարի Քուէյթ մեկներ է Ապրիլ 24ի հանդիսութեան իբրեւ օրուան բանախօս, եւ գրեթէ 50 օրեր ետք այդ դասախօսութեան նօթերէն քաղելով տուեալներ՝ «Սփիւռք»ի մէջ տպած է անոնց «նիւթերը, միայն հումքը, իբրեւ խորագիրներ, թերեւս իբրեւ “բովանդակութիւն կամ նիւթերու ցանկ”…»,— ինչպէս ինք ըսած է յօդուածաշարքին մէջ, եւ ուրկէ կ’առանձնացնեմ հետեւեալ վերնագիրը ունեցող հատուածը.
«ՄԻՋՈՑՆԵՐ ՀԱՍՆԵԼՈՒ ՄԵՐ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ
ա) Հրաժարիլ սին ցնորքներէ,
բ) Հրաժարիլ հին ճամբաներէ, ՉԿՐԿՆԵԼ հին ու նոյն սխալները,
գ) Խոստովանիլ մեր մեղքերը, որոնք երբեմն ահաւոր եղած են եւ ԵՆ. ինքնաքննութիւն եւ ինքնաքննադատութիւն,
դ) Մեր ազգային հարստութիւնը շրջաբերութեան դնել,
ե) Համահայկական Կեդրոնական Մարմին, ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ 50 տարիներու ծրագիրով,
զ) Քաղաքական ղեկավարութիւն (ասպարէզով, փրոֆեսիոնալ) պատրաստել,
է) Հետապնդող միութիւն մը (իր գրասենեակներով) կազմել,
ը) Ստեղծել «ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ» դաւանանքը,
Մեր հաւատքին հիմնական պատճառները, աղբիւրները.—
ա) ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆ (ունինք)
բ) ԳԻՏՈՒԹԻՒՆ (ունինք)
գ) ԴՐԱՄ (ՇԱՏ ունինք)
դ) ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ (չունինք). — Ազգակերտ, գեղարուեստական, մեր ժողովուրդը պարունակող, մեր ժողովուրդին բաշխուող — ՖՐԱՆՑ ՎԵՐՖԵԼԵԱՆ գրականութիւն:
ե) ՆԵՐԿԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ բերքն է, արդիւնքն է կորսուած Թրքահայաստանի. մենք փոխանակ Արեւելահայերով Թրքահայաստանի մէջ Արեւմտահայաստան հիմնելու, Արեւմտահայերով Ռուսահայաստանի մէջ հիմնեցինք Արեւելահայաստան: ՈՒՍՏԻ ՆԵՐԿԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ պարտամուրհակ ունի վերստանալու եւ վերստեղծելու ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԱՍՏԱՆԸ:» («Սփիւռք», Պէյրութ, 1971 Յունիսի 20, էջ 8):
Սիմոնեան, Քուէյթի մէջ երկու օր հիւրընկալուելէ ու գիշերելէ ետք իր հայրենակից, Հալէպի Հայկազեան վարժարանի երբեմնի աշակերտուհի, նաեւ «Սփիւռք» շաբաթաթերթի աշխատակից Մարի Սարգիսեանի ու անոր ամուսնոյն Յակոբ Օհաննէսեանի երդիքին տակ՝ առաւօտեան ժամը 6ին արդէն օդանաւին մէջ է, եւ կ’ուղղուի դէպի Թեհրան:
Կ’արտագրեմ այդ պահուն իր ունեցած մտորումներէն տողեր. «Ուրախութիւն մը, խո՛ր հրճուանք մը կ’ողողէ զիս, երբ կը մտածեմ թէ քիչ ետք, ժա՛մ մը ետք, պիտի հասնիմ Թեհրան, պիտի կարենամ տեսնել իմ մեծագոյն բարեկամս՝ Ալի Դաշտին, պարսիկ ապրող մեծագոյն մտաւորականը, գրականագէտն ու գրագէտը, ութսունամեայ ծերակուտականը, որուն «հրաւիրեալն» եմ, պիտի տեսնեմ բարեկամներ, մա՛նաւանդ պիտի տեսնեմ վէպիս հերոսները, պիտի խօսիմ անոնց հետ, որոնց համար երրորդ անգամ ըլլալով կ’երթամ Թեհրան… Ա՜հ, տասնհինգ տարիներէ ի վեր կ’որոճամ վէպի մը վրայ, ո՛չ, ո՛չ, կը չարչարուիմ վէպի մը խաչին վրայ, որուն խորագիրը պիտի ըլլայ Փիքմալիոնի երկրորդ զղջումը…»
ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ «ԱՆԺԱՄԱՆԴՐՈՍ» ՎԷՊԸ
«Փիքմալիոնի երկրորդ զղջումը» վէպը, տարիներու ընթացքին միաձուլուելով Սիմոնեանի գրելիք այլ վէպին հետ, քանի մը խորագիրներ ալ փոխելով, («Քսաներորդ դար», «Երկրորդ գալուստ», «Գետ գետի մէջ», եւ այլ…), կը վերածուի մէկ ամբողջութիւն կազմող վէպի մը, եւ կը մկրտուի վէպի հերոսներէն՝ ԱՆԺԱՄԱՆԴՐՈՍի անուամբ:
Սիմոնեանի կերտած այս անունն ու միաժամանակ բառը, կազմուած է երկու բառերէ՝ արմատներէ: Մէկը հայերէն անժամանակ (անժամ) բառն է, իսկ միւսն ալ յունարէն անդրոս բառը, որ կը նշանակէ մարդ:
1978ին, լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի թէժ օրերուն, «ԱՆԺԱՄԱՆԴՐՈՍ»ը կը տպագրուի Սիմոնեանի «Սեւան» տպարանին մէջ, եւ անոր կազմուած օրինակները կը զետեղուին սնտուկներու մէջ, ու կը սպասեն որ Սիմոնեանը մահանայ:
1987ին, Սիմոնեանի մահուընէ տարի մը ետք, «ԱՆԺԱՄԱՆԴՐՈՍ»ը լոյս աշխարհ կու գայ ու կը շարունակէ Սիմոն Սիմոնեանի կեանքը:
Այդպէս փափաքած էր Սիմոնեան եւ այդպէս ալ եղաւ:
Երեւանի պետական համալսարանի Հայ նորագոյն գրականության ամբիոնի ասպիրանտ, Գոհար Յարութիւնեանը, 2018 թուին համալսարանի կազմակերպած գիտաժողովին իր մասնակցութիւնը բերելով, կը կարդայ զեկուցում մը որու խորագիրն է՝ «Իրականի եւ երեւակայականի փոխյարաբերութիւնը Սիմոն Սիմոնեանի “Անժամանդրոս” վէպում»:
Յարութիւնեանի թեկնածուական ատենախօսութիւնը նուիրուած ըլլալով Սիմոն Սիմոնեանին, տարիներու ընթացքին ան մասնակցած է զանանզան գիտաժողովներու, եւ կարդացած Սիմոնեանի ստեղծագործութիւններուն նուիրուած այլ զեկուցումներ՝ որոնք լոյս տեսած են գիտական ամսագրերու ու ժողովածուներու մէջ:
Յարութիւնեան, համացանցի վրայ նաեւ զետեղած է «Անժամանդրոս» վէպի մասին տեղեկութիւններ՝ հետեւեալ յղումին վրայ. https://hy.wikipedia.org/wiki/Անժամանդրոս_(վեպ) հոն կարելի է կարդալ վէպի նախապատմականին, նիւթին, կերպարներուն ու գաղափարին մասին մանրամասնութիւններ:
ԱԼԻ ԴԱՇՏԻՆ ԵՒ ՍԻՄՈՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆԸ
Քիչ մը վերեւ յիշուած Ալի Դաշտիի մասին համացանցի վրայ պրպտում մը ընելով, պարզուեցաւ որ կարգ մը զուգահեռներ ալ կան Ալի Դաշտիի եւ Սիմոն Սիմոնեանի միջեւ: Դաշտին, նոյնպէս գրող մը՝ ունեցած է ձեռագիր հատոր մը զոր միայն յետ մահու ուզած է որ հրատարակուի, եւ զայն 1975ին յանձնած բրիտանացի դիւանագէտ, պարսկերէնի ու արաբերէնի դասախօս Ֆրանք Պակլիին: Գիրքին խորագիրն է «23 տարիներ. ուսումնասիրութիւն մը Մուհամմէտի մարգարէական ասպարէզին» (23 Years: A Study of the Prophetic Career of Mohammad):
Սակաւաթիւ անձեր տեղեակ են թէ Սիմոնեանն ալ իր «Անժամանդրոս»ը սնտուկներու մէջ տեղաւորելէ ետք՝ թարգմանել տուած է ֆրանսերէնի, եւ նաեւ փորձած թարգմանել տալ անգլերէնի: Ի տարբերութիւն Ալի Դաշտիին, Սիմոնեան աւելի համամիտ գտնուած է որ «Անժամանդրոս»ի թարգմանութիւնը լոյս աշխարհ գայ իր ողջութեան, հակառակ հայերէն տարբերակի յետ իր մահուան հրապարակ ելլելու ծրագրին:
* * *
Շարունակեցի թերթատել «Սփիւռք»ի հաւաքածոն, գտնելու համար այդ յօդուածաշարքին Թեհրանի ու Պաղտատի այցելութիւններուն վերաբերող մնացեալ բաժինները: Գտայ հատ մըն ալ որու վերնագիրն է «ԻՐԱՆԱՀԱՅ ԴԷՄՔԵՐ»՝ ուրկէ կ’արտագրեմ հատուածներ.
«Պիտի շարեմ անուններ, առանց այբուբենական կարգի, առանց տարիքի եւ արժէքի տարբերութիւն դնելու. Յարութիւն Սարգսեան, Դեւ, Սուրէն Ասատրեան, Մանուէլ Մարութեան, Գ. Խանենց, Անդրանիկ Սարեան, Ժիրայր Ղարիբեան, Դոկտ. Գագիկ Յովակիմեան, Աղասի Յովհաննիսեան, Ռ. Բէն, Պապիկ Թովմասեան, Սամուէլ Սարուխանեան, Օննիկ Սահակեան, Անտրէ Ամուրեան, Համազասպ Մարթին, Ազատ Դուդիկեան, Տաճատ Պօղոսեան, Այվազ Խուդաղուլեան, Պետրոս Քաջբերունի, Սեւակ Սագինեան, Ղուկաս Կարապետեան, Վազգէն Սարգսեան, Ֆազոլլահ Հաղիղ, Ալի Դաշտի, Գարեգին Սրբազան [Սարգիսեան, ապա՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս. Սասուն Ս.], Արտակ Սրբազան [Մանուկեան. Սասուն Ս.], Դաւիթ…»
«Եթէ ինծի հարց տրուի թէ այս ճոխ անուանացանկին մէջէն ո՞վ ամենէն աւելի սիրտդ գրաւեց, կամ թէ՝ ո՞վ ամենամեծն է, լաւագոյնը — կրնամ պատասխանել. բայց սպասեցէք քիչ մը:»
«Ուշադրութիւն ըրէք. սովորական անուանացանկ մը չէ ասիկա. անոր մէջ կան երկու եպիսկոպոսներ, երկու պետական երեսփոխաններ, մէկ տեռորիստ, մէկ ծերակուտական, մէկ գիտնական եւ թանգարանի տնօրէն, գրողներ, հայ ժողովուրդի մեծագոյն ճարտարարուեստականներէն մէկը, եւայլն եւայլն:»
Ու Սիմոնեան այս ցանկին մէջէն կ’ընտրէ գրող ու գրականութեան հովանաւոր՝ հայ գիրքի մեկենաս Ղուկաս Կարապետեանը, որ բոլորովին ինքնաբերաբար յանձն կ’առնէ նա՛եւ մեկենասութիւնը Սիմոնեանի խմբագրութեամբ, եւ այդ տարին տպարան «Սեւան»էն լոյս տեսնելիք Յովհաննէս Շիրազի «Հատընտիր»ին:
Ղուկաս Կարապետեանի այս արարքը Սիմոնեանին նաեւ գրել կու տայ հետեւեալ տողերը.
«Այս ժողովուրդը չի մեռնիր իր խոնարհ զաւակներով, թէպէտ չապրեցաւ ու չփրկուեցաւ իր մեծ զաւակներով:
«Յիշեցի Արեւմտահայ Գրողներու ամբողջական շարքի հրատարակութեան համար իմ դիմումներս…
«Շատ հարուստներ ունինք, բայց շատ քիչ Ղուկաս Կարապետեաններ:»
ԽՄԲԱԳՐԻ ՕՐԱՏԵՏՐԷՆ
Սիմոնեան ունէր սիւնակ մը, ուր գրեթէ շաբաթական յաջորդականութեամբ կը գրէր հայաշխարհի հետ կապ ունեցող անցած-դարձածի, «Սփիւռք» շաբաթաթերթի իւրաքանչիւր համարի մէջ տպագրուած յօդուածներէն ոմանց, եւ այլ նիւթերու շուրջ: Սիմոնեանի այդ սիւնակը 1967-68ին կը սկսի ունենալ իր ինքնուրոյն խորագիրը, եւ կը կոչուի՝ ԽՄԲԱԳՐԻ ՕՐԱՏԵՏՐԷՆ:
Ահա այս սիւնակներէն մէկուն մէջ է որ ուշադրութիւնս գրաւեց «2500 ԱՄԵԱԿ ՄԵԾՆ ԿԻՒՐՈՍԻ» վերնագիրը. անոր պարունակութիւնն ալ կարդալով՝ շա՛տ աւելի շեղեցայ պրպտած բուն նիւթէս: Տրուած նախադասութիւններէն ոմանք, նոյնիսկ զիս ստիպեցին որ վերստին կարդամ զիրենք: Հետեւեալ տողերը օրինակի համար՝ կարծես գրուած ըլլային հայկական մեր այս անարդա՛ր օրերուն համար. «<…> պարսիկները ոչ միայն անցեալին մեր ազնիւ դրացիները եղան <…>, այլեւ ապագային՝ մեր ժողովուրդի յաւերժութեան գործին մէջ դրական ընելիքներ ունին:
Գիտնա՛նք հեռուները տեսնել:
Պարսիկները եւս ոչ միայն ներկայիս, այլեւ ապագային մեծ շահեր ունին Հայութեամբ, վասնզի երկու ժողովուրդներուն վրայէն սողալ կը ժպրհի համաթուրանական վիշապը:»
Ստորեւ ԽՄԲԱԳՐԻ ՕՐԱՏԵՏՐԷՆի այս նիւթին ամբողջութիւնը՝ ուր կայ նաեւ խօսք, ուղղուած «քրիստոնէական թեւերով» մեզ պաշտպանել փորձած պետութիւններուն.
«2500 ԱՄԵԱԿ ՄԵԾՆ ԿԻՒՐՈՍԻ
Ներկայ տարին 2500ամեակն է Մեծն Կիւրոսի Փառքին եւ Իրանի հարուստ անցեալին:
Այս Հոկտեմբերին Իրան պիտի տօնէ իր «փառք»ը եւ պիտի յիշէ իր անցեալն ու յաւերժութիւնը:
Հայ եւ Պարսկական յարաբերութիւնները հին են, առնուազն 2500 տարիներու հնութեամբ, Մեծն Կիւրոսի օրերէն, որուն հետ գործ ունեցած ենք, գործակցած ենք:
Ոչ մէկ ատեն երկու ժողովուրդներ այնքան դարաւոր ու հին, եւ այնքան հարուստ ու անընդմէջ դրացնութիւն ու յարաբերութիւն ունեցած են, որքան Հայն ու Պարսիկը:
Իրանի փառաւոր անցեալին ու մշակոյթին ամենէն յաւերժական տարրերը պահպանուած են հայ ժողովուրդին, անոր լեզուին ու մշակոյթին մէջ, եւ Իրանը իր մեծ ու թանկագին ամենէն հարուստ ժառանգութիւնը կը գտնէ Հայութեան մէջ, անոր ամբողջութեան մէջ:
Տակաւին, Իրանի մէջ կ’ապրի ամենէն մեծ, բարգաւաճ ու անսասան հայ գաղութներէն մէկը:
Ի վերջոյ, զարմանալու եւ զարմացնելու համար — հակառակ տգէտ «պատմագիտութեան» մը տարածած կարծիքին — հայ ժողովուրդը գոյատեւած է շնորհիւ Պարսիկներուն, աւելի կենսունակ եղած է արեւելեան իր կողմով, քան իր արեւմտեան, միշտ շնորհիւ Պարսիկներուն, որոնք մեզ աւելի պահպանած են (մերթ կտցահարելով իսկ), քան քրիստոնէական թեւերով Յոյներն ու Բիւզանդացիները, քան արծուենշան Սլաւները, խաչակիր ու խաչապաշտ Ֆրանքները, Անգղները, Պորտի ծառայ Միսիոնարները:
Մեծն Կիւրոսի եւ Իրանի փառքին 2500ամեակին տօնակատարութեան մասնակցելու են ոչ միայն Իրանի Հայերը, այլեւ Սփիւռքի եւ Մայր Հայրենիքի ԲՈԼՈՐ Հայերը, սրտա՛նց, սիրով ու բարձր գիտակցութեամբ, վասնզի պարսիկները ոչ միայն անցեալին մեր ազնիւ դրացիները եղան եւ ներկայիս երկու հարիւր հազարի չափ ընտիր ու շէն գաղութ մը կը պահպանեն, այլեւ ապագային՝ մեր ժողովուրդի յաւերժութեան գործին մէջ դրական ընելիքներ ունին:
Գիտնա՛նք հեռուները տեսնել:
Պարսիկները եւս ոչ միայն ներկայիս, այլեւ ապագային մեծ շահեր ունին Հայութեամբ, վասնզի երկու ժողովուրդներուն վրայէն սողալ կը ժպրհի համաթուրանական վիշապը:
Չտարածուինք: Սանձենք մեր խորհրդածութիւնները, եւ գործնական ու անմիջական թելադրութիւններ տանք.—
1) Լիբանանի հայ գաղութը ծրագրուած ու պատուաբեր մասնակցութիւն պէտք է ունենայ Իրանի փառքի 2500ամեակի տօնակատարութեանց:
2) Լիբանանի հայ մամուլը նշելու է այս 2500ամեակը:» («Սփիւռք» Պէյրութ, 1971 Սեպտեմբերի 12, էջ 8):»
Շարունակեցի թերթատել 1971 թուականի Սիմոնեանի՛ «Սփիւռք»ի հաւաքածոն, ու հասայ շաբաթաթերթի այն թիւին, որ նուիրուած էր Իրանի փառքի 2500ամեակի տօնակատարութիւններուն: Հոն, առաջին էջի ճակատին՝ մանիշակագոյն, թաւ, եւ մեծատառ արձանագրութիւն մը կ’ըսէր.
«ՈՂՋՈ՜ՅՆ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՅԱՒԵՐԺԱԿԱՆ ՀԱՐԵՒԱՆ ՈՒ ԲԱՐԵԿԱՄ՝
ԻՐԱՆԻ 2500 ԱՄԵԱԿԻՆ»
«Սփիւռք» շաբաթաթերթի բացառիկ այս թիւէն քաղուած է Սիմոնեանի վարը տրուած յօդուածը:
Հաճելի ընթերցում:
2500 ԱՄԵԱԿ ԱՐԻԱԿԱՆ ՓԱՌՔԻ
ՍԻՄՈՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆ
Աղբիւր՝ «Սփիւռք» շաբաթաթերթ, Պէյրութ, 17 Հոկտեմբերի 1971, էջ 2
Կրնա՞ք ետ երթալ 2500 տարիներ եւ կենալ որպէս թէ Տեմաւենտի կամ Մասիսի բարձունքին եւ դիտել 2500 տարիներու կարաւանը, ելեւէջող լեռնաշղթան…
Կրնա՛ք, եւ առաւել կամ նուազ յաջողութեամբ դիտել իրարու յաջորդող 2500 տարիներու ձիգ շղթան՝ իր օղակներով ու սապատներով:
Բայց ի՜նչ հրաշալի բան պիտի ըլլար եթէ բնութեան մէջ գոյութիւն ունեցած ըլլար անցած ժամանակները կրկնելու եւ վերսկսելու յատկութիւն կամ կարելիութիւն, որպէս թէ անոնք պատահած չըլլային, կամ թէ՝ որպէս թէ պատի մեծ ու սեւ քարետախտակին վրայ կաւիճով գրուած թուաբանական խնդիրներ կամ երկրաչափական պատկերներ, սխալ ու ծուռ, եւ մենք սրբիչով կարենայինք ջնջել ու վերստին նոյն խնդիրները գրել, այս անգամ ճիշդ ու մեր նախասիրած լուծումներով:
Աւա՜ղ, այս հրաշալի բնութիւնը սակայն չէ օժտուած նման զօրութեամբ մը՝ ինքզինք կրկնելու ու վերսկսելու կարողականութեամբ, սխալները սրբիչով ջնջելու եւ վերստին լուծելու ու երկնելու հնարաւորութիւններով…
Պատմութեան քարետախտակը, ափսո՜ս, կարելի չէ սրբել եւ ուշացած լուծումները վերստին գրել ու լուծել:
Ուշացած լուծումները օգտակար են սակայն, ներկայ ու գալիք ժամանակներու համար, բայց ո՛չ՝ անցեալը վերակերտելու եւ վերսկսելու համար:
Այս խորհրդածութիւնները, այսինքն անցեալի բարձունքէն վերստին իջնելու, սահելու ու քալելու ցանկութիւնը ես կ’ունենամ ամէն անգամ որ հանդիպիմ իմ պարսիկ մեծ բարեկամին՝ գրագէտ, գրականագէտ, պատմագէտ ու ծերակուտական ծեր Ալի Դաշտիին, եւ երբ կը մտածեմ Պարսկաստանի եւ Հայաստանի, անոնց անցեալին, երկու ժողովուրդներու ճակատագիրին, դարաւոր գնացքին, կորսնցուցած բախտերուն, շահած առիթներուն, շահերուն ու վնասներուն, մա՛նաւանդ այդ երկու ժողովուրդներուն — Հայերուն եւ Իրանցիներուն — չեղած բաներուն, պատմութեան քարետախտակին վրայ չգրուած բաներուն մասին, զորս կարելի էր անպայմա՛ն գրել…
Վասնզի ես, Արմենացիս, ըստ Կիւրոսի թոռ Դարեհ Վշտասպեանի արձանագրութեան, Հայ Ժողովուրդէն ետք ամենէն շատ կը զգամ ու կը սիրեմ Պարսիկը…
Պարսի՛կը որ եղաւ մեր մշտական հարեւանը, դարաւոր ուղեկիցը, բախտակիցը, եւ արիւնակիցը…
Հարեւա՛ն, արիւնակից եւ բախտակից…
* * *
Պարսիկ մարդ մը կայ, ըսի, որուն հետ ես կրնամ ետ երթալ 1500 տարի եւ խօսիլ Վարդանանց ու Աւարայրի պատերազմին մասին, ետ երթալ 1700 տարի եւ խօսիլ քրիստոնէութեան, կրակապաշտութեան ու մահմետականութեան մասին, ետ երթալ 2500 տարի եւ խօսիլ Կիւրոսի ու Տիգրանի, իրանականութեան ու թուրանականութեան մասին, հոգիներուն Տեմաւենտին ու Մասիսին գահերուն վրայ բազմիլ եւ ոչ միայն դիտել իրարու յաջորդող այդ 2500 տարիները, այլեւ այդ բոլոր տարիներու թաւալքին մէջ, ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ սրբագրել մեր երկու ժողովուրդներուն սխալները, վայելել ու մեծարել մեր երկու ժողովուրդներուն լաւ ու գեղեցիկ արարումները…
Ես եւ Ալի Դաշտին…
Ի՜նչ խոր թատրոն է, ի՜նչպիսի խոր վիրապ է անցեալի այդ գահը, ուրկէ ես ու ծերակուտական Ալի Դաշտին կը դիտենք ամբո՛ղջ Ասիոյ ծորակը — Իրանի ու Հայաստանի բարձրաւանդակները: Մեծն Ասիոյ աւազանին բոլոր ժողովուրդները (Մոնղոլները, Թուրանցիները) այդ ծորակէն հոսեցան մինչեւ ափերը Միջերկրականի:
Հայը եւ Պարսիկը՝ արիւնակիցներ:
Հայը եւ Պարսիկը՝ յաւերժական հարեւաններ, ուղեկիցներ ու բախտակիցներ:
Իրանի դարաւոր ամբողջ պայքարը եղաւ Թուրանի դէմ: Վկայ՝ իրենց դիւցազնավէպը — Շահնամէն:
Մեր մեծագոյն պայքարը եղաւ Թուրանցիներուն դէմ:
Մենք մեր հողերէն արմատախիլ եղանք Թուրանցիներու սմբակներով, մինչ իրանցի ժողովուրդը իր հողին վրայ խանգարուեցաւ Թուրանցիներէն:
Այսօր Հայը իր արիւնով, իր լեզուով, իր հաւատքով աւելի աքեմենեան է, պահլաւ, պարթեւ ու սասանեան քան 2500ամեակ տօնող պարսիկը իր հողին վրայ: Փա՞ստ. ըստ մեծ լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեանի հայերէն լեզուի մէջ աւելի քան 3500 իրանական արմատ բառեր կան, մինչ պարսկերէնին մէջ՝ հազիւ 700 իրանական արմատ բառեր:
Մեծն Կիւրոսի լեզուէն, հաւատքէն ու ոգիէն աւելի բան մենք՝ Հայերս՝ ժառանգած ենք:
Հարցեր ու հարցումներ տանք՝ 2500 տարիներու գագաթէն:
— Ինչո՞ւ միասին միհրապաշտ չմնացինք.
— Ինչո՞ւ միասին քրիստոնեայ չեղանք.
— Ինչո՞ւ միասին մահմետական չդարձանք.
— Ինչո՞ւ ՄԻԱՍԻՆ չպայքարեցանք Թուրանի ու Թուրանականութեան դէմ.
— Ինչո՞ւ միասին արիականութիւն չկրցանք ստեղծել…
Ճշմարտութիւն է թէ մեր գիրերուն ու արեան մէջ աւելի արիականութիւն բերինք, եւ Մեծն Կիւրոսը 2500 տարի ետք ամենէն աւելի ոգիով կ’ապրի հա՛յ ժողովուրդին մէջ:
Ճշմարտութիւն է որ պատմութեան քառուղիներուն մէջ կոտորակուած Հայութիւնը աւելի առողջ ու կենդանի մնաց իր արեւելեան կողմով, շնորհիւ Պարսիկներու հարեւանութեան ու պարիսպին (մինչ արեւմտեան ու յունական-բիւզանդական իր կողմը կաթուածահար մնաց):
Այո՛, Հայութիւնը գոյատեւեց իր արեւելեան կողմով՝ Պարսիկներու հարեւանութեամբ:
Ինչո՞ւ Պարսկահայքի մէջ չբազմացանք եւ Իրանի մարմնին այդ մասին վրայ Թուրանական վէրք բացինք…
Ի՞նչպիսի անհեռատեսութեամբ եռամասնեայ Հայաստաններէն Պարսկահայքը պարպեցինք ամենէն առաջ, առանց պատճառի ու հալածանքի… Ո՞վ մեր անմտութիւնը հեռավարեց այդպէս…
Այժմ ողջո՜յն 2500 տարիներ ետք իր փառքը յիշող Իրանին:
Այժմ՝ ողջո՜յն Արիամեհր Շահնշահին, որ իր երակներուն մէջ խլրտումը կը զգայ Մեծն Կիւրոսին, Հայոց արքայորդի Տիգրանի բարեկամին:
Հայը եւ Պարսիկը, ինչպէս նաեւ Յոյնն ու Իտալացին միայն կրնան յիշել հեռաւորութիւններ ու տօնել 2500ամեակ ու 2750ամեակ…
Հայ ժողովուրդը Իրանի 2500ամեակին առթիւ անցնող քսանհինգ դարերէն աւելի կը մտածէ գալիք դարերու մասին, երբ արիականութիւնը իր հոգեւոր փառքը պիտի վերակերտէ, եւ մեր ժողովուրդը իր եւ արիական Պարսիկներու յաւերժութեան համար ամենէն աւելի պէտք ունի արիւնակից, լեզուակից, հոգեկից Իրանի մեծութեան…
Կիւրոսականութեա՛ն…
Արիականութեան, ընդդէմ Թուրանականութեան:
* * *
«Սփիւռք» շաբաթաթերթի 1971 տարուան 17 Հոկտեմբերի թիւին պարունակութեան դուք կրնաք ծանօթանալ այցելելով Հայաստանի Ազգային Գրադարանի թուայնացուցած շտեմարանը, սեղմելով հետեւեալ յղումին վրայ https://tert.nla.am/archive/NLA%20TERT/Spyurk/1971/1971(41-42).pdf
Վերեւ տրուած մայր գրութենէն բացի՝ հոն պիտի հանդիպիք նաեւ հետեւեալ նիւթերուն ու գրողներուն:
– ……………………………………………. «ԳԵՂԵՑԻԿ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ԹԻՒ՝ 1»
– ……………………………… «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ Ն. Վ. ՆԱԳՈՒՇ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ՝ ԱՐԻԱՄԵՀՐ ՄՈՒՀԱՄՄԷՏ ՌԸԶԱ ՓԱՀԼԱՒԻԻՆ»
– ………………………………………….. «ԱՐԻԱՄԵՀՐ ՄՈՒՀԱՄՄԷՏ ՌԸԶԱ ՓԱՀԼԱՒԻԻՆ ԽՕՍՔԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ»
– Նշան Խոշաֆեան ……………… «ՄԵԾՆ ԿԻՒՐՈՍԻ ԿԱՅՍՐՈՒԹԵԱՆ 2500 ԱՄԵԱԿԸ ԵՒ ՄԵՆՔ — ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ»
– ԿԱՆԹԵՂ օրացոյցէն, 1971 …. «ԱԿԱՆԱՒՈՐ ՀԱՅԵՐ ԻՐԱՆԻ ՄԷՋ»
– Արմէն Տօնոյեան …………………. «ԶՐՈՅՑ ՊԱՐՍԻԿ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆԻ ՄԸ ՀԵՏ»
– Բիւզանդ Եղիայեան …………… «ԿԻՒՐՈՍ ՄԵԾ ԲԱՐԵԿԱՄ ՏԻԳՐԱՆԻ»
– Ա. Մուրադխանեան (թարգմ.) «ԿԻՒՐՈՍԱՊԱՏՈՒՄ ՔՍԵՆՈՓՈՆԻ»
– Մանուէլ Ծ. Վրդ. Բոլատեան …..«ԲԻՍՈՒԹՈՒՆԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ»
– Սիմոն Սիմոնեան …………………… «ՀԵՔԻԱԹ»
– ………………………………………………… «ԳԵՂԵՑԻԿ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ԹԻՒ՝ 2»
– Միակ ծանուցումն է ………………… ՆԱԴԵՐԻ պանդոկի յայտարարութիւնը ուր կ’իջեւանէր Սիմոն Սիմոնեան Թեհրան կատարած իր այցելութիւններու ընթացքին: Սոյն պանդոկի սեպհականատէրերը եղած են՝ Կարնոյ նահանգի Սպեր գաւառէն Խաչիկ Մաթիկեանն ու իր որդիները:
ՏՊԱՐԱՆ ԵՒ ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏՈՒՆ
«ՍԵՒԱՆ»Ն ՈՒ ՍԻՄՈՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆԸ
ԷՋՄԻԱԾԻՆԻ ՄԷՋ
Հոկտեմբերի 6ին (2022) Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի «Վաչէ և Թամար Մանուկեան» Մատենադարանին մէջ տեղի ունեցած է գիտաժողով մը, «Սուրբ Էջմիածինը՝ գիրքի հանգրուան» խորագիրով:
Գիտաժողովի բազմաթիւ նիւթերու կարգին, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ եւ Գորիսի պետական համալսարանի դասախօս Թեհմինա Մարութեան՝ ներկայացուցած է զեկուցում մը, նիւթ ունենալով՝ «“Սեւան” տպարանը (1954—1983 թթ.) եւ Սիմոն Սիմոնեանի գրահրատարակչական գործունէութիւնը»:
Թեհմինա Մարութեանի եւ Սիմոն Սիմոնեանի առաջին «հանդիպում»ը չէ այս մէկը: Մարութեան քանի մը այլ գիտաժողովներու մէջ ներկայացուցած է Սիմոն Սիմոնեանի գրական ստեղծագործութիւնները, որոնք տպուելէ ետք գիտական ամսագրերու ու ժողովածուներու մէջ, իր այլ ուսումնասիրութիւններու կողքին մէկտեղուելով՝ լոյս տեսած են այս տարի (2022), «Գրականագիտական ուսումնասիրութիւններ Ա.» խորագրով 304 էջնոց հատորին մէջ:
Գիրքը ցարդ գրախօսուած է բ.գ.դ., պրոֆեսոր Վանօ Եղիազարյանի եւ բ.գ.թ., դոցենտ Սիրանոյշ Մարգարեանի կողմէ (Գիտական Արցախ պարբերական էջ 271-75). նշեալ անուններուն վրայ սեղմելով դուք կրնաք կարդալ նաեւ գրախօսականները:
* * *
Կրկին շնորհակալութիւն DiasporArm-ին, որ Սիմոն Սիմոնեանի Արխիւէն ղրկուած նախորդ նիւթէն երկու բաժիններ ամփոփելով, ու նաեւ թարգմանելով՝ ֆրանսերէնի, անգլերէնի, սպաներէնի եւ ռուսերէնի, տեղադրեց զանոնք իր կայքէջի բազմալեզուեան բաժիններու հետեւեալ էջերուն վրայ. https://diasporarm.org/hyw/article/will-the-armenian-nation-survive/ («Պիտի գոյատեւէ՞ հայ ժողովուրդը», պայմանական վերնագիրով) եւ https://diasporarm.org/hyw/article/victories-of-unity/ («Միասնականութեան յաղթանակները»):
Այսքան այս անգամուան համար:
Լաւ մնացէք:
Յարգանքով՝
Սասուն Սիմոնեան
Հոկտեմբեր-Նոյեմբեր 2022, Անթիլիաս-Լիբանան
ԹՂԹԱՀԱՆԴԷՍ
—
ՍԻՄՈՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ «ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ»
ԴԱՍԱԳԻՐՔԵՐՈՒ ՇԱՐՔԸ
1939ին, երբ Սիմոն Սիմոնեան 25 տարեկան էր, եւ կը պաշտօնավարէր Հալէպի Ազգային Պօղոս Կիւլպէնկեան Վարժարանին մէջ, լոյս ընծայեց «Հայոց Պատմութիւն Ա. տարի» դասագիրքը՝ պատրաստուած նախակրթարանի առաջին դասարաններուն համար:
Այս դասագիրքին ցարդ գոյութիւն ունեցող եւ ինծի ծանօթ միակ օրինակը, որու կողքն ու տիտղոսաթերթը տրուած են այստեղ, մաս կը կազմէ Երեւանի մէջ գտնուող Եղիշէ Չարենցի անուան Գրականութեան եւ Արուեստի Թանգարանի (ԳԱԹ)՝ Արշակ Չօպանեանի անձնական գրադարանին: Տիտղոսաթերթին մէջ կայ Սիմոնեանի հետեւեալ մակագրութիւնը. «Սրտագին նուէր// Պ. Արշակ Չոպանեանի// սիրով եւ ակնածանքով/ Ս. Սիմոնեան/ Հալէպ 9 Սեպտ. 1939»:
Շնորհակալութիւն ԳԱԹի գլխաւոր ֆոնտապահ Օֆելիա Ուդումեանին՝ որ սոյն պատճենները 2017 թուին դրաւ տրամադրութեանս տակ:
Տարիներու ընթացքին Սիմոնեանի այս առջինեկ դասագիրքին կը յաջորդէն հայոց պատմութեան հինգ դասագիրքեր եւս: Առաջին երեք տարիներու դասագիրքերը իրենց սկզբնաւորութեան կ’ունենան ՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏԻՆ ՄՏԱԾՈՒՄԸ անունով Սիմոնեանաշունչ էջ մը, զոր ուսուցիչներ գոց կը սորվեցնէին աշակերտներուն:
Դասագիրքերը կը գործածուին շուրջ 20 երկիրներու ամենօրեայ, միօրեայ եւ կիրակնօրեայ դպրոցներու աշակերտութեան կողմէ: Շարքին առաջին գիրքը կը սկսի մեր դիւցազուն Նախահայր, ազատասէ՛ր Հայկ Նահապետի պատմութեամբ, եւ վեցերորդ գիրքով կը հասնի իր աւարտին՝ 18րդ դարու սկիզբը, վերջին դասանիւթը ունենալով՝ «ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՊԱՅՔԱՐԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԵՒ ԻՍՐԱՅԷԼ ՕՐԻ» ն:
«Հայոց Պատմութիւն Ա. տարի»ն արդէն 83 տարեկան է այսօր, եւ տակաւին կը շարունակուի գործածուիլ իբր դասագիրք:
ՍՏԱՑՈՒԱԾ ՆԱՄԱԿՆԵՐ
Վարը տրուած են երեք ձեռագիր նամակներ իրենց մեքենագիր շարուածքներով միասին: Երրորդ նամակը տրուած է Թղթահանդէսի իբր վերջընթեր նիւթ:
Այս նամակը «Հայոց Պատմութիւն Ա. տարի» դասագիրքի 1939 թուականի ապսպրանք մըն է, ստացուած Սիւրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի Ազգային Սահակեան Երկսեռ Վարժարանի տնօրէն Կարօ Սարրաֆեանէ: Սարրաֆեան Սիմոնեանի նման եղած է Անթիլիասի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի առաջին սաներէն: Նամակին ու անոր պահարանին վրայի թուանշաններն ու հաշիւները կը պատկանին Սիմոնեանի ձեռագիրին:
—
Դամասկոս 24/10/1939
Ներփակ՝ 136 ֆրանքնոց մանտա-փոստ մը
Սիրելի՛ պարոն Սիմոն Սիմոնեան,
Հալէպ
Հաճոյքն ունեցայ ստանալու ընթացիկ ամսոյս 19 թուակիրդ՝ ինչպէս նաեւ 20 օրինակ հայոց պատմութեան դասագիրքերու ապսպրանքս, որոնց փոխարժէքը եղող 680 սիւրիական դահեկանը կը փութամ ներփակ ղրկել մանտափոստով մը:
Իբրեւ նոր ապսպրանք՝ հաճեցէք 10 օրինակ եւս ղրկել անոնցմէ նո՛յն միջոցով եւ նոյն հասցէով:
Ինծի տրամադրուած օրինակին համար մասնաւոր շնորհակալութիւն:
Սիրալիր բարեւներով,
Քոյդ՝
Կարօ Սարրաֆեան
Բ. ՆԱՄԱԿ
Նամակը գրուած է Ուոթըրթաունէն` Պօսթոն, եւ կը պատկանի Անթիլիասի Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի սաներէն՝ Թորգոմ Փօսթաճեան աբեղային:
Նամակին մէջ յիշուող Դրաստամատը, Սիմոնեանի անդրանիկ զաւկին՝ Յովիկի երկրորդ անունն է: Իսկ խմբագրականը որուն կ’ակնարկէ Փօսթաճեան, գրուած է «Հասկ» ամսագրի Դեկտեմբեր 1950ի թիւին մէջ, վերնագիր ունենալով՝ «ՊԱՏԱՍԽԱՆ ԿԱՐԴԻՆԱԼ ԱՂԱՃԱՆԵԱՆԻ ԹՈՒՂԹԻՆ»:
Սիմոնեան 1947-1955 վարած է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Հասկ» պաշտօնաթերթի խմբագրապետութիւնը, միեւնոյն ժամանակ ըլլալով Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կաթողիկոսի քարտուղարն ու գիտական աշխատակիցը. նաեւ դասաւանդած է գրաբար եւ մատենագրութիւն Դպրեվանքէն ներս:
—
4 Հոկտեմբեր 1951
Յարգելի պարոն Սիմոն Սիմոնեան,
Անթիլիաս
Սիրելի՛ պարոն Սիմոնեան,
Առիթ չունեցայ երբեք ձեզի գրելու: Կը յուսամ թէ լաւ եւ առողջ էք, ինչպէս նաեւ ձեր տիկինը եւ ձեր Դրաստամատը:
Այս նամակով մասնաւոր խնդրանք մը ունիմ: Հոս Ս. Սահակ Մեսրոպ Ազգային վարժարան մը ունինք: Այդ դպրոցի համար Ազգային պատմութեան դասագիրքերու պէտք ունինք:
Ձեր պատմութեան ամբողջ շարքը ղրկեցէք ինծի, անկից զատ, Տարրական առաջին տարիէն ալ 25 օրինակ ղրկեցէք:
Գինը ինչ որ է կը ստանաք անմիջապէս:
Կաթոլիկներու դէմ ձեր գրած խմբագրականը հաճոյքով կարդացի:
Սրտագին բարեւներով՝
Թորգոմ աբեղայ Փօսթաճեան
ԴԱՍԱՆԻՒԹ ՄԸ ՍԻՄՈՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ
«ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ Գ. ՏԱՐԻ, ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ» ԳԻՐՔԷՆ
(Զ. դասարան, Ե. տիպ, 1978)
—
Գ. ՆԱՄԱԿ
Եգիպտահայ մտաւորական, արձակագիր, բանասէր եւ արհեստով իրաւաբան Ստեփան Շահպազ, եղած է նաեւ «Սփիւռք» շաբաթաթերթի աշխատակիցներէն, ապա՝ դարձած մտերիմ բարեկամն ու պաշտպանը Սիմոնեանի, անոր դէմ կատարուած անարդարութիւններուն դէմ ալ դնելով:
Շահպազի այս նամակը գրուած է Սիմոնեանի մահուընէ գրեթէ հինգ ամիսներ առաջ, երբ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմը տակաւին կը շարունակուէր, եւ երբ նամակագրական ու հեռաձայնային կապերը դժուարացած էին Լիբանանի եւ արտասահմանի միջեւ:
Աղեքսանդրիա, 12 Հոկտեմբեր 1985
Շատ սիրելի բարեկամ
Սիմոն Սիմոնեան,
Ողջո՜յն, հազար ու մէկ ողջո՜յն,
Ամէն օր քիչ մը աւելի կը զգամ Պէյրութի բարեկամներէս լուր չունենալու ցաւը:
Եւ ամենէն դժնդակը՝ ինծի համար, քու պարագադ է. առողջութեանդ մասին, առ հասարակ քու մասիդ ո՛չ մէկ լուր ունիմ շատոնց:
Այս մտահոգութիւնս, ցաւս մեծ է մանաւանդ անոր համար որ թնդանօթները հետզհետէ աւելի կը գործեն հոն, եւ առանց զանազանելու իրենց թիրախները: Ամէն ոք այլեւս թշնամի նկատուելու հանգամանքը կը կրէ, անմեղը չեն զանազաներ մեղաւորէն. անիշխանութիւն՝ ամէն կողմ եւ ստոյգ վտանգ: Տասը տարիէ աւելի է որ մարդիկ քանդելու ետեւէ են իրենց իսկ գեղեցիկ երկիրը, հայրենիքը… մաղթենք որ կանգ առնէ այս անօրինակ կռիւը, ողբերգութիւնը եւ խաղաղութիւնը նորէն տիրէ: Ամէն պարագային, հայերը արժանի չէին այն բանին որ իրենց կը պատահի Լիբանանի մէջ. յանցանք մը, պակասութիւն մը, տգեղ կեցուածք մը չունեցան. մե՛ղք եղաւ հայ-Պէյրութին. մեծ կորուստ մը սփիւռքահայութեան համար. անգամ մը եւս, չար բախտը հայերուն դէմ ելաւ:
Բայց… միայն հոն չէ որ անօրինակ, անհասկնալի, սարսափելի յիմարութիւններու առաջնորդող ժխոր կայ… աշխարհ ինք իր վրան շրջած կ’երեւայ աննախընթաց եղանակով. մարդիկ զիրար կ’ուտեն, կը ջանան արշաւի, մրցակցութեան ելած են զիրար յօշոտելու համար… մարդը պարպուած է իր մարդկութենէն: Ի՜նչ հեգնանք… ի՜նչ մեծամոլութիւն, ի՜նչ սնափառութի՛ւն, թէ՝ մարդը շինուա՜ծ է, կերտուա՜ծ է Աստուծոյ դէմքին համաձայն… վրա՛ս գրէ. ո՛վ ըսած է այս սին, այս մեծամոլական յիմարութիւնը, այս անհաւասարակշիռ սոփեստութիւնը…:
Չեմ կորսնցուցած քեզմէ բարի լուրեր ստանալու յոյսը, օրերուդ, այսինքն՝ առօրեայիդ ժամանակացոյցովը, միեւնոյն ատեն: Այս յոյսը՝ ինծի համար, լո՛յս մըն է նաեւ, եւ դուն գիտես այս իրականութիւնը եւ շատ արդար իրաւունքը ունիս զայն գիտցած ըլլալու: Ուստի եւ կը յուսամ թէ վստահաբար պիտի ստանամ, մօտ ատենէն իսկ, այս լոյսը, բարեկամութեան այս աղուոր վարձատրութիւնը:
Եւ լաւագոյն զգացումներով եւ ջերմօրէն համակրական մտածումով՝
քոյդ՝
Ս. Շահպազ
ԹՂԹԻԿՆԵՐ՝ ԱՆԿԱՐԵՒՈՐ ԵՒ… ԿԱՐԵՒՈՐ
Սիմոնեանի արխիւին մէջ գտնուող անկարեւոր թղթղիկներուն մասին գրած էի նախորդ ե-նամակիս մէջ («ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆԵՐԸ»), եւ վերջաւորութեան ըսած. «Անկարեւոր թուացող նոյնանման նօթագրութիւններուն մէջ, նաեւ կարելի կը դառնայ տեղեկանալ կարգ մը նիւթերու մանրամասնութեանց՝ այդ թղթիկները դարձնելով նաեւ… կարեւոր:»
Վարի նիւթը, մտածումը, կրնայ գրուած ըլլալ նաեւ գրական գործի մը համար…
Գրութեան մէջ գործածուած hատու բառը, նոր սորուեցայ… ու կը նշանակէ սուր:«”Հայաստա՜ն երկիր դրախտավայր”…
Ո՛չ:
Հայաստան երկիր դժոխավայր:
Ինչի՛ս դրախտավայր, երբ եօթ ամիս խիստ ձմեռ է, բուք ու բորան, սառնամանիք, երբ ժայռ է, անդունդ, լերկութիւն եւ չորութիւն, երբ հանք չունի, քարիւղ չունի,
Երբ մանաւանդ աշխարհագրական (վատ դիրքի մը մէջ) եռանկիւնի մը կեդրոնը թառած է:
Երբ մանաւանդ ամենէն քիչ բնակչութիւնն ունի իր բոլոր դրացիներուն մէջ,
Երբ մանաւանդ շրջապատուած է գայլերով՝ քիւրտ, թիւրք ԵՒ ԱՅԼՆ,
Դրախտավա՜յր:
Երգեցէք եւ օրօրուեցէք, խաշխաշի բոյրերով:
Հայաստա՛ն, դժոխավայր:
Պէտք է մտնենք դժոխքէն ներս, ջարդենք hատուները, մարենք անմար կրակները եւ բոյն շինենք, որպէսզի զայն վերածենք իսկական դրախտի…»
Վ Ե Ր Ջ