Սիմոնեանի հեղինակութիւնները

Սիմոն Սիմոնեանի գեղարուեստական եւ բանասիրական աշխատանքներու այս մատենագիտական բերքահաւաքը պատրաստուած է Ժիրայր Դանիէլեանի կողմէ 1986ին: Հոս կու տանք զայն փոքր յաւելումներով:

Ցանկերը տրուած են հրատարակուած գիրքերու ժամանակագրական կարգով:

Իւրաքանչիւր գիրքի խորագրին վրայ սեղմելով կարելի կ’ըլլայ նաեւ ուղղուիլ Հայաստանի Ազգային գրադարանի թուայնացուած շտեմարանները, առցանց (online) կարդալու, եւ կամ ներբեռնելու (download) իւրաքանչիւր գիրքի բովանդակութիւնը:

ԿԸ ԽՆԴՐՈՒԻ… ԽԱՉԱՁԵՒԵԼ (Հայոց երգիծական պատմութիւն), Պէյրութ, տպ. «Սեւան», 1965, 153 էջ: 

ԽՄԲԱՊԵՏ ԱՍԼԱՆԻՆ ԱՂՋԻԿԸ  (վիպակ), Պէյրութ, տպ. «Սեւան», 1967, 101 էջ:

ՍԻՓԱՆԱՅ ՔԱՋԵՐ [Ա. հատոր],  (պատմուածքներ եւ վիպակներ), Պէյրութ, տպ. «Սեւան», 1967, 226 էջ:

ԼԵՌՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐՋԱԼՈՅՍԸ (պատմուածքներ), Պէյրութ, տպ. «Սեւան», 1968, 285 էջ:
Այս հատորին առաջին մասը, 132 էջ, 1948-49 թուականներուն տպուած է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանին մէջ, Անթիլիաս-Լիբանան:

ՍԻՓԱՆԱՅ ՔԱՋԵՐ Բ. հատոր, (պատմուածքներ եւ վիպակներ), Պէյրութ, տպ. «Սեւան», 1970, 282 էջ:

ԼԵՌ ԵՒ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐ (հատընտիր), Պէյրութ, տպ. «Սեւան», 1972, 472 էջ:

ԱՆԺԱՄԱՆԴՐՈՍ (վէպ), Պէյրութ, տպ. «Սեւան», 1978, 515 էջ:
Այս վէպը Սիմոն Սիմոնեանի ծրագրով, հրապարակուեցաւ յետ մահու՝ 1987ին: Վէպի աւարտին տրուած է հետեւեալ ծանօթութիւնը. «Այս գիրքին տպագրութիւնը աւարտեցաւ 12 Մայիսին, 1978, Տպ. «ՍԵՒԱՆ»ին մէջ»:

ԱՆԺԱՄԱՆԴՐՈՍ (վէպ), Երեւան, տպ. «Նայիրի», 1998, 540 էջ:

ԱՐԵՒԵԼԱՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ  (Ընտիր էջեր, Կենսագրութիւններ, Գործերը, Բառարան, Մատենագիտութիւն), Պէյրութ, տպ. «Սեւան», 1965, ԼԶ + 758 + 3 էջ:

ԱՐԵՒԵԼԱՀԱՅ ԳՐՈՂՆԵՐ  (Կենսագրութիւններ, Մատենագիտութիւն, եւայլն), Պէյրութ, տպ. «Սեւան», 1965, 144 էջ:
Այս հատորը առանձնացուած է նախորդէն: 

ՀԻՆ ՀԱՅ ՄԱՏԵՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ՈՐՊԷՍ ԵՆԹԱՀՈՂ ԱՐԴԻ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ, Պէյրութ, տպ. «Սեւան», 1975, 46 էջ:
Կարդացուած՝ Նշան Փալանճեան Ճեմարանի Հայագիտական Ամբիոնէն, 26 Փետրուար 1975ին: Առանձնատիպ՝ «Սփիւռք» շաբաթաթերթէն, 1975, թիւ 11-12: 

ՍԵՒԱՆ ԸՆԴԱՐՁԱԿ ԲԱՌԱՐԱՆ, Ա. հատոր, Պէյրութ, տպ. «Սեւան», 1970-1980, 737 էջ:
Աշխատակցութեամբ՝ խումբ մը մտաւորականներու: Ա. հատորի աւարտին կը նշուի. «Բ. հատորը 1981ին, «ԴԱՐՁՈՒԱԾԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ» (Ա-Ֆ տառեր):

ՆՈՐԱՅԱՅՏ ՏԱՂԱՍԱՑ ՄԸ՝ ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԴԱՇՏԵՑԻ (Ուսումնասիրութիւն եւ Տաղեր), Յաւելուած՝ ՆԱՂԱՇ ՅՈՎՆԱԹԱՆԻ ԵՕԹԸ ԱՆՏԻՊ ՏԱՂԵՐԸ, Պէյրութ, տպ. «Սեւան», 1981, 136 էջ:

ՀՆԴԿԱՀԱՅ ԿԱՐԵՒՈՐ ՎԱՒԵՐԱԳԻՐ ՄԸՊէյրութ, [տպ. «Կ. Տօնիկեան եւ որդիք», 1984, էջ 421-450]:
Առանձնատիպ՝ «Հասկ Հայագիտական» տարեգիրքի 1983-1984 հատորէն: