1966ի Դեկտեմբերէն մինչեւ 70ականներու սկիզբը Սիմոնեանի «Սփիւռք»ը ունեցաւ «Սփիւռք-Գարուն»ի, գարունականներու բաժին: Բազմաթիւ պարման-պարմանուհիներ, որոնք յետագային սփիւռքահայ գրական-մշակութային կեանքին մէջ անուն դարձան, որոշակի հետք թողուցին, իրենց առաջին լուրջ քայլերը առին հոն, «Սփիւռք-Գարուն»ի մէջ: Անուննե՞ր՝ ահաւասիկ. Վեհանոյշ Թեքեան, Կարօ Արմենեան, Արա Արծրունի, Կորիւն Վրդ. Պապեան, Պօղոս Գուբելեան, Փանոս Ճերանեան, Յակոբ Չոլաքեան, Խոսրով Ասոյեան, Վազգէն եւ Արփի Էթիեմեզեան, Սիրուն Սիսեռեան, Մարկոյ Ճեմճեմեան եւ...
Կարդալ աւելին