Սիմոնեանի «Կը խնդրուի… խաչաձեւել» երգիծական երկը բաղկացած է երեք օրերէ: Նիւթը, հայ ժողովուրդի ծննդեան 10.000 ամեակի տօնակատարութիւնն է, որ տեղի կ’ունենայ Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ: Տօնակատարութեան ներկայ կը գտնուին հայ ժողովուրդի ճակատագիրին հետ կապ ունեցող բազմաթիւ հայ թէ օտար երեւելիներ ու բազմահազար հանդիսականներ:
Երկին առաջին օրը սկսած է լոյս տեսնել Սիմոնեանի «Սփիւռք» շաբաթաթերթին մէջ 1960-61ին՝ մեծաւ մասամբ անստորագիր, բացի երկու անգամէ, ուր իբր ստորագրութիւն տրուած է Սուրէն ծածկանունը: Տեղէ մը անդին դադրած է անոր հրատարակութիւնը, եւ գրեթէ չորս տարիներ ետք՝ 1965ին, վերսկսած է լոյս տեսնել կրկին «Սփիւռք»ի էջերէն: Միեւնոյն տարին կողքի մը տակ ամփոփուելով լոյս տեսած է հեղինակին սեպհականութիւնը եղող «Սեւան» տպարանէն ու հրատարակչատունէն որոնք կը գտնուէին Պէյրութի մէջ:
Կրնաք այս երկի 1965ի տպագրութիւնը կարդալ առցանց, այցելելով Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Գրադարանի այս հասցէին:
Այս երկին երկրորդ եւ երրորդ օրերը ցարդ կը մնան անտիպ:
Ստորեւ տրուած էջերը վերցուած են երկի բ. օրուան ձեռագիրէն: Այս բաժինին դերակատարը Ռուսն է, որ կը մարմնաւորուի ժողովուրդներու հայր եւ առաջնորդ Իոսիֆ Ստալինի կերպարով:
Վարը տրուած խորագիրը պայմանական է:
ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐՈՒ ՀԱՅՐ ԵՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴ
ՍՏԱԼԻՆԻ ԵԼՈՅԹԸ
Օրուան նախագահ Աշոտ արքան միջամտեց.
— Ըստ յայտագրի՝ Ջուղայեցի Ստալինը ելոյթ պիտի ունենայ այժմ: Վե՛րջ տուէք միջամտութիւններուն:
Ստալին երկիւղիւ նայեցաւ Աշոտ արքային եւ պահանջեց.
— Կը խօսիմ, պայմանաւ որ սրահէն հեռացնէք Հայկ նահապետը: Դեռ կը ցաւի գանկս. երէկ իրարու զարկաւ իմ եւ Բելի գանկերը, որոնք իրարու մէջ մտան ու ելան՝ թասաձեւ փոսեր գոյացնելով…
— Կ’երաշխաւորեմ ապահովութիւնդ,— խոստացաւ Աշոտ արքայ Բագրատունին:
Ստալին առանձնացաւ խումբէն, յառաջացաւ դէպի բեմին ծայրը, եւ երբ պատրաստուեցաւ խօսելու, յանկարծ բեմի խորքին երեւցաւ Բել՝ իր սաղաւարտով եւ զրահապատ հագուստներով եւ գոչեց.
— Կա՛ց, տաւար կամ տաւարի՛շ Ստալին. նախ ե՛ս պէտք է խօսիմ: Ես քեզմէ առաջ եմ:
Ստալին ետ դարձաւ, ժպտեցաւ ծանօթ իր ժպիտով, կիսախփելով աչքերը:
Բել կեցաւ Ստալինի կողքին եւ յայտարարեց.
— Ընկերնե՛ր, կարելի չէր Աշտարակը բարձրացնել բազմաթիւ լեզուներով: Մէ՛կ լեզու, բաբելոնեա՛ն լեզուն միայն պէտք է հնչէր բոլոր բերաններուն: Բայց Հայկ նահապետը խանգարեց մեր երազը երկինք հասնելու: Իրմո՛վ սկսաւ լեզուներու բաժանումը, իրմո՛վ սկսաւ ընբոստութիւնը, որ տարածուեցաւ աշխարհի չորս ծագերուն եւ ահա՛ կը տեւէ 10.000 տարիներէ ի վեր:
Ուժգին շաչեց նետ մը, մտաւ Բելի պղնձապատ կուրծքէն:
Բայց Բել դիտապաստ չինկաւ այս անգամ:
Մեռելները չեն մեռնիր երկրորդ անգամ:
Շփոթութիւն մը ստեղծուեցաւ բեմին վրայ:
Հանդիսականներուն աչքերը ուղղուեցան դէպի Հայկ նահապետը, որ աղեղը ետ կը դնէր ուսին:
Իոսիֆ Ստալին Ջուղաշվիլի չկորսնցուց ինքզինք, ինչպէս 1936 թուին, եւ սկսաւ խօսիլ.
— Ողջո՛յն հայ ժողովուրդին: Եկեր եմ Կրեմլի իմ երկրորդ դամբարանէն՝ յատուկ բաներ ըսելու: Դուք, իմ արիւնակի՛ց հայեր…
Ամբողջ սրահը ոտքի ելաւ եւ բողոքեց.
— Ո՛չ, դուն մեր արիւնակիցը չես, այլ մեր մեծագոյն թշնամին..
.
Աշոտ արքան թեւերը բարձրացուց եւ լռութիւն պահանջեց…
Ստալին շարունակեց խօսիլ.
— Հայե՛ր, զիս ձեր արիւնակիցը ընդունիք կամ ոչ, դուք Սովետական միութեան բոլոր ժողովուրդներուն հետ, երեսուն տարիներ զիս կոչեցիք «ժողովուրդներու հայր եւ առաջնորդ», իսկ ձեր՝ «հայ ժողովուրդի մեծագոյն բարեկամ»: Կը զարմանամ որ այդքան շուտ մոռցած ըլլաք ձեր զեղումները, իմ վիթխարի արձանը, զոր կանգնեցիք Քանաքեռի բարձունքին: Լսեցէ՛ք. Կրեմլի իմ երկրորդ դամբարանէն եկեր եմ խոստովանելու որ երակներուս մէջ հոսած է հայկական արիւն: Գիտէք որ կը կոչուիմ նաեւ Ջուղաշվիլի՝ ջուղայեցի: Իսկական հայրս եղած է ջուղայեցի հայ մը, անցորդ վաճառական, որ պարբերաբար իջեւանած է մեր տունը: Այսքա՛ն այդ մասին: Այո՛, երակներուս մէջ կայ աւելի՛ հայկական արիւն, քան Բիւզանդիոնի հայազգի կայսրներու երակներուն մէջ, ինչպէս Մօրիկ Հայկազնի, Չմշկիկ կայսեր եւ միւսներուն, որոնք եղած են աւելի հակահայ, քան միւս կայսրները: Այլապէս չէի կրնար այդքան հակահայ ըլլալ: Հայկական արիւն կար նաեւ սուլթան Ապտիւլ Համիտի երակներուն մէջ, ինչպէս ինծի խոստովանած է միւս աշխարհին մէջ: Հոն սենեկակից ենք իրարու: Ուրեմն ձեզ ամենէն բուռն ատողներուն երակներուն մէջ փնտռեցէք տարօրինակ այդ արիւնը: Պիտի գտնէք անպայման: Ատոր համար դուք իրար կ’ատէք այդքան բուռն կերպով: Բիբլիական Աստուածը ձեր երակներուն մէջ առատօրէն դրած է ատելութեան խմորը:
Ես ձեզ ջարդեցի, աքսորեցի 100.000ով, 2.770 մտաւորականներ ոչնչացուցի, հայրենական մեծ պատերազմին՝ ձեր գունդերը ղրկեցի ամենէն վտանգաւոր ճակատները, առնուազն 200.000 զոհեր տուիք դուք, ձեր թիւը իջեցուցի մէկ միլիոնէն վար, բայց դուք դարձեալ աճեցաք, տեւեցիք եւ շարունակեցիք ձեր երթը:
Կայ բոյս մը, որ կը կոչուի Plantus Armenicus — Հայկական բոյս, որ որքան կտրուի ու գլխատուի՝ աւելի թափով ու եռանդով կը վերաճի: Մօրիկ հայազգի կայսեր հայրը իր բանջարանոցի կաղամբներուն գլուխները կը կտրէր իր տղուն հասկցնելու համար որ գլուխնե՛ր պէտք է կտրէ, ի հարկին նաեւ հայկական գլուխներ: Եւ ան անխնայ գլխատեց հայկական գլուխներ:
Դուք ջարդուելով չէք վերջանար:
Գուցէ աւելի կ’աճիք:
Բայց ես Կրեմլի իմ երկրորդ դամբարանէն եկեր եմ ձեր ծննդեան 10.000ամեակի փառահեղ այս հանդիսութիւններուն, յատկապէս ցոյց տալու այն միակ ուղին որ այսուհետեւ հայ ժողովուրդը պիտի տանի դէպի երջանկութիւն՝ յաջորդ 10.000ամեակի ընթացքին՝ վերջ դնելով անոր բազմադարեան տառապանքներուն: Այդ ուղին յաղթող լեզուի իմ տեսութիւնն է: Բայց, միջանկեալ, ինչո՞ւ չէք ծափահարեր. դժուար է ինծի խօսիլ առանց ծափահարուելու իմ իւրաքանչիւր բառին: Բայց շարունակեմ:
Հայ ժողովուրդի բազմադարեան դժբախտութեան, իր տեւելուն բայց չմեծնալուն միակ պատճառը եղած է իր լեզո՛ւն՝ սարսափելի իր յամառութեամբ: Հայ ժողովուրդի լեզուին բնաջնջմամբ վերջ պիտի գտնեն հայոց բոլոր տառապանքները:
Ամբողջ սրահը ոտքի ելաւ եւ աղաղակեց.
— Չի՛ ջնջուիր հայոց լեզուն:
Օրուան նախագահ Աշոտ Բագրատունի արքան դարձեալ իր երկու թեւերը բարձրացուց եւ ազդարարեց լռութիւն եւ հանդարտութիւն:
Ստալին շարունակեց.
— Սեպհական լեզու կը նշանակէ սեպհական տառապանք, նացիոնալիստական ցաւ: Վե՛րջ պէտք է տալ նացիոնալիզմի:
Ընկերնե՛ր, բարեկամնե՛ր, ինչպէս գիտէք, մենք այժմ կ’ապրինք նոր Աշտարակաշինութեան դարաշրջանին մէջ:
Ես եւ ընկեր Բելը, որուն հետ առհասարակ միեւնոյն ձեւով մտածած ենք միեւնոյն բաներու մասին, ունեցած ենք միեւնոյն դառն փորձառութիւնը Աշտարակաշինութեան հարցով: Ինչպէս գիտէք բիբլիական առասպելէն, առաջին Աշտարակաշինութեան գործը խափանուեցաւ երբ միասնական լեզուն բաժան-բաժան եղաւ, երբ 72 շինարար հսկաները իրենց տոհմերով դադրեցան մէկ լեզու գործածելէ եւ սկսան տարբեր լեզուներ խօսիլ եւ իրար չհասկնալ: Այնպէս ալ այժմ կարելի չէ նոր աշտարակ բարձրացնել 72 լեզուներով:
Սովետական բազմազգ հասարակութիւնը, որուն անբաժան մէկ մասն է հայ ժողովուրդը, կրնայ կառուցանել սոցիալիզմի աշտարակը մէկ լեզուով, միասնական լեզուով, յաղթող միակ լեզուով, որ պիտի գոյանայ միւս 72 լեզուներու եւ 720 բարբառներու ամբողջական անհետացմամբ:
Ընկերնե՛ր, պիտի յաղթէ եւ պիտի մնայ մէկ լեզու միայն՝ իրար հետ գոյակցող լեզուներէն, ինչպէս է պարագան Սովետական միութեան մէջ, ուր բազմաթիւ լեզուներ եւ բարբառներ գոյակից ու կենակից են:
Միանգամայն սխալ է կարծել որ երկու կամ աւելի լեզուներու խաչաւորման ընթացքին կը ստացուի երրորդ, բոլորովին տարբեր լեզու մը, որ նման չէ խաչաձեւուող լեզուներէն ոչ մէկուն եւ որակապէս կը տարբերի բոլորէն:
Սխալ է , շա՛տ սխալ ակադեմիկոս Նիկոլայ Մառի կարծիքը, որ տարիներով ընդունուած էր մեր մօտ, եւ ըստ որուն՝ կենակից ու գոյակից լեզուները պիտի խաչաւորուին եւ ծնունդ տան մէկ նոր լեզուի, որ նման պիտի չըլլայ ձուլուող լեզուներէն ո՛րեւէ մէկուն, այլ պիտի ըլլայ բոլորովին նոր լեզու մը:
Մեր մօտ լեզուաբանական դիսկուցիայի տարիներուն, յատկապէս 1950ական թուականներու առաջին տարիներուն, խումբ մը երիտասարդ ընկերներ դիմեցին ինծի, խնդրելով իմ կարծիքը այս հարցի մասին: Ես շնորհեցի իմ կարծիքը, որ լոյս տեսաւ երկու գրքոյկներով, առաջինը՝ «Մարքսիզմի վերաբերեալ լեզուաբանութեան մէջ», 1950 թուին, երկրորդը՝ «Մարքսիզմը եւ լեզուաբանական հարցերը», 1952 թուին:
Ես յստակ կերպով իմ կարծիքը արտայայտեցի առաջին գրքոյկի յատկապէս 62-4րդ էջերուն մէջ: Ահաւասի՛կ հատուածներ այդ էջերէն. «Իրօք խաչաձեւման պարագային՝ լեզուներէն մէկը յաղթող դուրս կու գայ, իսկ միւս լեզուն աստիճանաբար կը մահանայ: Հետեւաբար խաչաձեւումը ո՛չ թէ կու տայ ինչ որ նոր, երրորդ լեզու, այլ կը պահպանէ այդ լեզուներէն մէկը: Այդ պարագային տեղի կ’ունենայ յաղթանակած լեզուի բառարանային կազմի որոշ հարստացում ի հաշիւ պարտուած լեզուի: Այդպէս եղած է, օրինակ, ռուսաց լեզուի հետ, որուն հետ պատմական զարգացման ընթացքին, խաչաձեւուած են շարք մը ուրիշ ժողովուրդներու լեզուներ եւ ռուսական լեզուն միշտ յաղթող դուրս եկած է»:
Ուրեմն, ընկերնե՛ր, Սոցիալիզմի Աշտարակը բարձրացնելու համար պէտք ունինք յաղթող լեզուի տեսութեան:
Պիտի անհետանան բոլոր լեզուները, եւ պիտի մնայ մէ՛կ լեզու, յաղթո՛ղ լեզուն, որ ի հարկէ պիտի ըլլայ ռուսերէնը:
Ընկեր Բելը ձախողեցաւ առաջին Աշտարակաշինութեան, երբ առաջ եկան բազմաթիւ լեզուներ եւ իր գործը կէս մնաց: Ուրեմն այժմ Սովետական միութեան մէջ գոյակցող եւ կենակցող լեզուները պիտի խաչաւորուին եւ անոնցմէ միայն մէկը, բնական է ամենէն զօրաւորը եւ տարածունը, որ ռուսերէնն է, յաղթող դուրս պիտի գայ եւ միւս լեզուները, ինչպէս յատկապէս հայերէնը, պիտի կորսուին եւ ներծծուին ռուսերէնին մէջ:
Հենց այս օրերուն, դուք ականատես էք թէ Սովետական միութեան մէջ սփռուած հայկական բազմաթիւ գաղութներ, ինչպէս Կրասնոդարի, Ռոստովի, Նոր-Նախիջեւանի, Աստրախանի, Լենինկրատի, Մոսկուայի, Պաքուի եւ այլ վայրերու հայկական գաղութները, փակելով մայրենի բարբառ աւանդող իրենց վարժարանները, կորսնցուցին իրենց մայրենի բարբառը եւ որդեգրեցին միասնական եւ յաղթանակող լեզուն՝ ռուսերէնը: Իսկ միւս կողմէ Հայաստանի մէջ բացուած ռուսական դպրոցներու, հետզհետէ բազմանալով, հենց սեպհական հողին վրայ, պիտի փրկեն հայ ժողովուրդը սեպհական լեզուի տառապանքէն, նացինալիստական անբուժելի այդ ախտէն: Եւ այսպիսով հայ ժողովուրդը պիտի հասնի համամարդկային երջանկութեան:
Ակադեմիկոս Հրաչեայ Աճառեանը եւ իր միամիտ հետեւորդները կարծեցին թէ ես հնդեւրոպական պուրժուական տեսութիւնը կը պաշտպանեմ, որովհետեւ ըստ այդ տեսութեան, իրապէս հնդեւրոպական գաղթող ժողովուրդները իրենց հաստատուած վայրերուն մէջ իրենց լեզուն կը պարտադրէին եւ կը յաղթէին նաեւ իրենց լեզուով: Մինչդեռ ես հնդեւրոպական տեսութենէն կը վերցնէի միայն անոր յաղթանակողի, ձուլողի, տեղական լեզուները բնաջնջողի յատկութիւնը, ինչպէս Սեւանայ լիճին մէջ նետուած ռուսական ձուկ, որ կերաւ ձեր իշխանաձուկը՝ լեզուն, որ իսկական իշխանաձուկ մըն էր, իր տեսակին մէջ մինակ:
Ինչ որ ռուսաց ցարերը չկարողացան դարերով, մենք պիտի կարողանանք ընել՝ բազմազգ մեր հասարակութիւնը միասնացնելով լեզուով, անոր ամբողջութեան տալով մէ՛կ լեզու, յաղթո՛ղ լեզուն, ռուսերէ՛նը:
Հա՛յ ժողովուրդ, պէտք է կտրել քու լեզուդ, քու միակ թշնամիդ, որպէսզի վերջ գտնեն քու 10.000ամեայ տառապանքներդ:
Ամբողջ սրահը ոտքի ելաւ եւ աղաղակեց.
— Պիտի չկորսուի՛ հայոց լեզուն, անմա՛հ է հայոց լեզուն, Արարատի՛ պէս յաւերժ է հայոց լեզուն:
(Վերջ Իոսիֆ Ստալինի ելոյթին)