Սիմոնեանի «Կը խնդրուի… խաչաձեւել» երգիծական երկը բաղկացած է երեք օրերէ: Նիւթը, հայ ժողովուրդի ծննդեան 10.000 ամեակի տօնակատարութիւնն է, որ տեղի կ’ունենայ Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ: Տօնակատարութեան ներկայ կը գտնուին հայ ժողովուրդի ճակատագիրին հետ կապ ունեցող բազմաթիւ հայ թէ օտար երեւելիներ ու բազմահազար հանդիսականներ:
Երկին առաջին օրը սկսած է լոյս տեսնել Սիմոնեանի «Սփիւռք» շաբաթաթերթին մէջ 1960-61ին՝ մեծաւ մասամբ անստորագիր, բացի երկու անգամէ, ուր իբր ստորագրութիւն տրուած է Սուրէն ծածկանունը: Տեղէ մը անդին դադրած է անոր հրատարակութիւնը, եւ գրեթէ չորս տարիներ ետք՝ 1965ին, վերսկսած է լոյս տեսնել կրկին «Սփիւռք»ի էջերէն: Միեւնոյն տարին կողքի մը տակ ամփոփուելով լոյս տեսած է հեղինակին սեպհականութիւնը եղող «Սեւան» տպարանէն ու հրատարակչատունէն որոնք կը գտնուէին Պէյրութի մէջ:
Կրնաք այս երկի 1965ի տպագրութիւնը կարդալ առցանց, սեղմելով Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Գրադարանի այս կապին վրայ
Այս երկին երկրորդ եւ երրորդ օրերը ցարդ կը մնան անտիպ:
Ստորեւ տրուած էջերը վերցուած են երկի երկրորդ օրուան ձեռագրէն: Այս բաժինին դերակատարը մենք ենք՝ հայերս, յանձինս մեր աւանդական կուսակցութիւններուն որոնք պիտի ներկայացնեն կենդանի պատկեր մը, նիւթ ունենալով «Ըլլալէն ետք»ը:
ԿԵՆԴԱՆԻ ՊԱՏԿԵՐ
ՆԻՒԹ
«ԸԼԼԱԼԷՆ ԵՏՔ»
Մեծ բեմը դարձեալ ծածկուեցաւ նոյն վարագոյրով, որ կարմիր է եւ որուն կարմիրը կ’ունենայ աստիճանական փոփոխութիւններ. վարդագոյնէն կ’անցնի բոսորի եւ ապա կը մթննայ Տէր-Զորի մէջ թափուած արեան պէս, հիմնական մոթիֆը մնալով կարմիրը:
Զանգերը կը հնչեն սուր ու երկար, ահազանգի պէս. բարեբախտաբար այս անգամ քաղաքապետարանի Հրշէջներու ջոկատը չի խուժեր սրահ՝ արդէն հասկցած ըլլալով որ հայոց կրակը չի վառեր ուրիշը, այլ միայն ինքզինք:
Կը տիրէ լռութիւն՝ ներկայ Տաճկահայաստանի պէս:
Օրուան նախագահ Աշոտ արքայ Բագրատունի, որ շատ յոգնած ըլլալ կը թուի օրուան յայտագիրի ծանրութենէն, դողդոջ քայլերով կու գայ փակ վարագոյրին առջեւ եւ կը յայտարարէ.
— Այժմ հայ կուսակցութիւնները՝ արմենականք, հնչակեանք, դաշնակցականք եւ ռամկավարք, միասնական ոգիով, պիտի ներկայացնեն կենդանի պատկեր մը, որ իրենց ձեռագործն է, տեխնիկական գործակցութեամբ Երեւանի Տիկնիկային թատրոնի կոլլեկտիւի:
Ապա Աշոտ արքան ծանր քայլերով կը հեռանայ վարագոյրի առջեւէն:
Մեծ ու կարմիր վարագոյրին երկու կողմերը կը տեսնուին նոյն վարագոյր-բացողները. Մկրտիչ Փորթուգալեան եւ Քրիստափոր Միքայելեան՝ աջ կողմը, իսկ Փարամազ եւ Միհրան Տամատեան՝ ձախ կողմը: Սապահգիւլեան, փոխարինելով Նազարբեկեանը, հաստ փայտով մը, երեք անգամ ուժգին կը խփէ բեմի յատակին:
Զանգերը դարձեալ կը հնչեն սուր ու երկար, ապա ընդոստ կը դադրին:
Հայ համայնավարները, որ դեր չեն վերցուցած նաեւ այս կենդանի պատկերին մէջ՝ ակամայ ծնած ըլլալով կենդանի պատկերի թեմայէն ետք, կը մարեն սրահին լոյսերը, հակառակ այն փայլուն իրողութեան, որ այժմ Հայաստան կ’արտադրէ 120 անգամ աւելի ելեկտրականութիւն քան ապրիլեան Եղեռնին, իսկ միլիառ անգամ աւելի քան Ադամի եւ Եւայի ժամանակ, որոնց բնակարանը չուներ պատեր:
Լռութիւն:
Խաւար՝ Մովսէս Խորենացիի գիշերներուն պէս, երբ Պատմահայրը մագաղաթներու մէջ չէր գտներ հայկական յաղթութիւններ:
Քրիստափոր Միքայելեան, Մկրտիչ Փորթուգալեան, Փարամազ եւ Միհրան Տամատեան հանդարտօրէն կը բանան վարագոյրը:
Տեսարանը կը ներկայացնէ ընդարձակ արօտավայր մը, աջ կողմը՝ ձիւնապատ լեռներ: Համակ կանաչութիւն: Յայտնապէս գարուն է, Հայաստանի ազնուական գարունը:
Անհամար ոչխարներ, առանց հովիւներու եւ գամփռներու, կ’արածին ընդարձակ այդ արօտավայրին մէջ: Հովիւները գացեր են Վիեննայի եւ Քէօսթենճէի ժողովներուն, իրենց շուներով՝ մասնագիտանալու գայլերը ոչխար դարձնելու ցեղափոխական գիտութեան:
Խումբ մը գայլեր կ’երեւան հորիզոնին վրայ: Կը յառաջանան զգոյշ քայլերով: Պահ մը կը կենան եւ կը սրեն իրենց ականջները: Շան հաջոց չեն լսեր: Հովիւի հոտ չեն առներ: Կը մօտենան իրենց ճերմակ ատամներով ճերմակ ոչխարներու հօտին:
Բայց տեղի կ’ունենայ անակնկալ մը: Ոչխարները յանկարծ ամբողջ խումբով կը յարձակին գայլերուն վրայ, դէպի անոնց բաց երախները: Գայլերը իրենց ուրախութենէն կ’իյնան մարգագետնին վրայ եւ խելացնոր տապլտկելով ոչխարներու հետ, կը սկսին ուտել զանոնք: Բոլորը չեն կրնար միաժամանակ ուտել, որովհետեւ որոճացող չեն եւ երկրորդ ամբար մը չունին իրենց փորերուն մէջ:
Չկերուած ոչխարները կը վերադառնան՝ մայելով խմբերգ մը՝ «Լօ, լօ, լօ, Սիփանայ սարին վրայ»…:
Յանկարծ, բեմի խորքին, կը յայտնուի Աւետիս Ահարոնեան, թուխ Արամազդի աչքերով կը դիտէ տեսարանը եւ յուզումնահար կ’արտասանէ.
«Յարգա՜նք քեզ, նահատա՛կ ժողովուրդ:
Ո՞վ չափեց երբեւիցէ քո տառապանքի անդունդները, ո՞ր սգաւոր կարապը եկաւ մի օր յուզելու հոգուդ խորունկ ցաւի խորունկ լճերը, ուր եռում են պղտոր ալիքները անէծքի մրմունջով: Ինքդ միայն գիտես անօրինակ ցաւիդ մեծութիւնը. ինքդ միայն ես վարում քո անղեկ ու ալեծուփ նաւը դէպի անծանօթ հորիզոններ, ո՜վ դու ծովերի մոլար, տանջուած ճամբորդ, մրրիկների յաւիտեան ուղեկից. յարգա՜նգ քեզ:
… Ոտքի՛ ել եւ զա՛րկ, զա՛րկ թափով — ողջ աշխարհն է զարկում. վա՜յ նրան, ում առաքինութիւնը մարտական չէ, ում բռունցքը չի բարձրանում հարուածելու արիւնածարաւ, անողորմ թշնամուն:
Դարձեալ յարգա՜նք քեզ, յարգա՜նք քո արիւնին, քո ցաւին, քո լաց ու արցունքին…:»
Ապա, Յովհաննէս Թումանեան կը յայտնուի ոչխարներու ոսկրակոյտին առջեւ, եւ իբրեւ Տէր Թադէոսի որդի, կը կատարէ «Հոգեհանգիստ».
«Ու վեր կացայ ես, որ մեր հայրենի օրէնքովը հին՝
Վերջին հանգիստը կարդամ իմ ազգի անբախտ զոհերին…
— Հանգէ՜գ, իմ որբե՜ր… Ի զուր են յուզմունք, ի զո՜ւր եւ անշահ…
Մարդակեր գազան՝ մարդը՝ դեռ երկար էսպէս կը մնայ…:»
Յանկարծ ցասումով ու գոչումով, կ’երեւայ հայ մեծ գործիչ Ճանկիւլեան, որ պատռտած եւ ոտնակոխ ըրած էր կարմիր Սուլթանին պատկերը, եւ կը կատարէ վսեմ յայտարարութիւն մը.
— Մսակեր են բոլո՛ր գայլերը անխտիր. սոցիալիզմը պիտի թափէ անոնց ակռաները, եւ ըստ Եսայեայ մեծ մարգարէին՝ ոչխարները եւ գայլերը միասնաբար պիտի արածին միեւնոյն մարգագետիններու վրայ…:
Տոքթոր Քեաթիպեան, խումբ մը վիրաբոյժներու հետ, կը փորձէ կիսամեռ ու վիրաւոր ոչխարներուն մորթերը կարել:
Իսկ բացառիկ մասնագէտ բժիշկ Անդրանիկ Ճաղարեան ոչխարներու գանկերուն համաձայն կը սկսի քանդակել անոնց դիմաքանդակները, որոնք այնքա՜ն հարազատ նմանութիւն կ’ունենան իրենց բնորդներուն, որովհետեւ ամենէն աւելի ոչխարները կը նմանին ոչխարներուն:
Ի վերջոյ հովիւները կը վերադառնան Վիեննայի եւ Քէօսթենճէի ժողովներէն եւ գրեթէ միեւնոյն թեմայով զեկուցում կու տան յօշոտուած ոչխարներու մակաղած հօտին.
— Հարկ է կրթել գայլերը եւ խոտաճարակ դարձնել զանոնք:
Գամփռները մոռցած են հաջել եւ կը մլաւեն թափառական կատուներու պէս:
Հորիզոնին վրայ կ’երեւին քսան կախաղաններ:
Կը լսուի հեռաւոր մեղեդի մը.
«Սիրտս նման է էն փլած տներ»…
Վարդապետի մը դիմաստուերը կ’երեւի հակած սեւ դաշնակի մը վրայ:
Երգիչին բարձր հասակը խրած է ամպոտ երկինքին:
Կ’իջնէ վարագոյրը:
(Վերջ կենդանի պատկերին)