Սիմոնեանի «Կը խնդրուի… խաչաձեւել» երգիծական երկը բաղկացած է երեք օրերէ: Նիւթը, հայ ժողովուրդի ծննդեան 10.000 ամեակի տօնակատարութիւնն է, որ տեղի կ’ունենայ Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ: Տօնակատարութեան ներկայ կը գտնուին հայ ժողովուրդի ճակատագիրին հետ կապ ունեցող բազմաթիւ հայ թէ օտար երեւելիներ ու բազմահազար հանդիսականներ:
Երկին առաջին օրը սկսած է լոյս տեսնել Սիմոնեանի «Սփիւռք» շաբաթաթերթին մէջ 1960-61ին՝ մեծաւ մասամբ անստորագիր, բացի երկու անգամէ, ուր իբր ստորագրութիւն տրուած է Սուրէն ծածկանունը: Տեղէ մը անդին դադրած է անոր հրատարակութիւնը, եւ գրեթէ չորս տարիներ ետք՝ 1965ին, վերսկսած է լոյս տեսնել կրկին «Սփիւռք»ի էջերէն:
Միեւնոյն տարին կողքի մը տակ ամփոփուելով լոյս տեսած է հեղինակին սեպհականութիւնը եղող «Սեւան» տպարանէն ու հրատարակչատունէն որոնք կը գտնուէին Պէյրութի մէջ:
Կրնաք այս երկի 1965ի տպագրութիւնը կարդալ առցանց, սեղմելով Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Գրադարանի այս կապին վրայ:
Այս երկին երկրորդ եւ երրորդ օրերը ցարդ կը մնան անտիպ:
Ստորեւ տրուած էջերը վերցուած են երկի երկրորդ օրուան ձեռագրէն: Այս բաժինին դերակատարը Թիւրքն է որ կը մարմնաւորուի Սուլթան Ապտիւլ Համիտով:
ԱՊՏԻՒԼ ՀԱՄԻՏ ԽՕՍՔ Կ’ԱՌՆԷ
Ատրճանակի ձայներ լսուեցան քուլիսներու աջ կամ ձախ կողմէն: Առանց ձայներու կարեւորութիւն ընծայելու, իմաստութեամբ խլացած Աշոտ արքայ Բագրատունի յայտարարեց.
— Մեր ծանր յայտագիրը պիտի փակուի վերջին բանախօսութեամբ մը: Նախքան բանախօսին անունը տալը, կը հրամայեմ որ խաղաղ պահէք ձեր ջիղերը, գիտցէք լսել հակառակորդը, ինչպէս բարեկամը, մանաւանդ որ անոր ցեղին հետ ամենէն երկար գոյակցութիւն ունեցեր էք: Չէք ճանչցած ձեր ամենէն կարեւոր դրացին: Քիչ առաջ ձեր տեսած կենդանի պատկերի ռչխարներուն պէս յարձակեր էք գորշ գայլերուն վրայ: Ուրեմն վերջին բանախօսն է կարմիր սուլթանը՝ Ապտիւլ Համիտ երկրորդ…
Սրահը պայթեցաւ Եըլտըզի պոմպային պէս: Սուլոցներ, բացականչութիւններ, ահաւոր ժխոր բարձրացան, կարծես կարկուտ տեղաց Խանասորի դաշտին մէջ: Աշոտ արքայի սրսկած փոշին անզօր դարձաւ լռեցնելու սրահը: Քրիստափոր Միքայելեան եւ Ռուպինա, ատրճանակներով հասան բեմը եւ սպառնացին.
— Կը սպանէք նրան: Չի՛ կարելի:
Զօրավար Անդրանիկ, եգիպտահայերուն իրեն նուիրած համակ ոսկի եւ ականակուռ սուրը հանեց պատեանէն եւ խրեց օդին մէջ, բայց ան չխօսեցաւ:
Սրահի բազմութիւնը միաձայն երգեց.
«Հերոս մռնչեց, սուլթան դողդղաց»…
Զօրավար Անդրանիկ, կայծակնացայտ աչքերով եւ իր ոսկի սուրը ուժգին ճօճելով օդին մէջ գոռաց.
— Ո՛չ, զաւակներս, սուլթա՛ն մռնչեց, հերոս դողդղաց:
Երգը շարունակուեցաւ կոտորակուած եւ քանի մը ձայներով հասաւ աւարտին:
Հնչակեան մեծ գործիչ, Ճանկիւլեան, որ տասներկու տարի աքսոր մնացեր էր Աքիայի բանտին մէջ, բեմ բարձրացաւ, կարմիր սուլթանին պատկերը վերստին պատառ-պատառ ըրաւ եւ վրան կոխկռտեց, ինչպէս առաջին անգամ, 1890 թուի յուլիսի 15ին, Գում-Գաբուի ցոյցին, պատրիարքարանի դահլիճին մէջ՝ Համիտին լուսանկարը պատէն վար առնելով…
Իզմիրլեան պատրիարք երկրորդ բողոքագիրով մը կեցաւ բեմին առջեւ:
Աշոտ արքան՝ անճրկած՝ օգնութեան կանչեց Բագրատունի զինուորները, որոնք իսկոյն հասան եւ միջնադարեան հայերէնով եւ Նարեկացիի տաղերով, օրիորդ Ռուպինան, ծանրաթախիծ Քրիստափորը, ցասումէն քարացած Անդրանիկը, շիկացած Ճանկիւլեանը եւ երկաթէ պատրիարք Իզմիրլեանը առաջնորդեցին իրենց տեղերը:
Հետզհետէ տիրեց լռութիւն՝ շնորհիւ յոգնութեան:
Յանկարծ աջ կողմի քուլիսէն մուտք գործեց Ապտիւլ Համիտ՝ ձախ ձեռքով խնձոր մը օդը նետելով եւ աջ ձեռքի ատրճանակով խփելով անոր: Ապա անոր ետեւէն բեմ մտան ծանրաբարոյ հայ ամիրաներ եւ լուռ ու յարգալիր կեցան բեմի երկու քուլիսներուն առջեւ: Ապտիւլ Համիտ մօտեցաւ բեմի ծայրամասը, կռնակը դարձուց ժողովուրդին եւ ատրճանակին փամփուշտներով բեմի պատին վրայ արձանագրեց օսմաներէն տող մը: Ապա դարձաւ դէպի ժողովուրդը, կարճ ֆէսը առաջ բերաւ, շտկեց կուզը եւ ատրճանակին ծայրով ցոյց տալով փամփշտագիր տողը՝ խօսեցաւ.
— Կարդացէ՛ք. օսմաներէն է. փամփուշտներով գրեցի իմ անունը՝ Ապտիւլ Համիտ: Շատ նշանաւոր նշանառու մըն եմ: Մրցորդ չունիմ:
Անգամ մը ծառաս յաջորդաբար եօթանասուն նարինջներ օդը նետեց, եօթանասունն ալ խփեցի օդին մէջ: Կանանոցիս երկու հարիւր կիներն ալ նուրբ էին. ո՛չ մէկ գէր: Ճաշակաւոր եմ Լաւրենտի Բերիայի պէս, ան ալ նուրբ կիներէն կ’ախորժէր: Նուրբ կիները, յեսանի պէս, կը սրեն կատաղութիւնը՝ մահճակալի թէ գահին վրայ: Երբ Սելանիկ աքսորուեցայ, զիս աքսորող իթթիհատականներուն գրեցի որ տասնհինգ նրբամարմին հարճեր ղրկեն, որպէսզի քիչ մը նորոգուիմ: Ղրկեցին: Ո՛ղջ ըլլան, մինչեւ հոն խորհեցան իմ մասիս: Այն ատեն եօթանասունի մօտ էի: Հարկ էր սրուիլ:
Ինչո՞ւ կանչեր էք զիս: Այն ի՜նչ ոյժ էր որ զիս բերաւ հոս: Չեմ կարծեր որ եկեր եմ այս բաները ըսելու համար:
Ի՞նչ խօսիմ ձեզի:
Ի՞նչ կ’ուզէիք որ ընէի ձեզի: Ո՛չ իմ հալէն (վիճակ) կը հասկնայիք, ո՛չ ձեր հալէն:
Գահ բարձրացայ 1876-ին:
Տարի մը չանցած՝ պատերազմ. ձեր Քեռին երկու կողմէն ներս մտաւ երկրէս:
Այա Ստեֆանոյի դաշնագիր:
Ապա՝ Պերլինի:
Պալքաններէն դուրս դրուեցանք: Ինչ որ կորսնցուցինք Պալքաններուն մէջ, պէտք է պահէինք եւ աւելցնէինք Ասիոյ մէջ: Ապրելու համար միայն Ասիան ունէինք: Մեր այս ողբերգութիւնը չհասկցաք: Յանկարծ դուք ելաք մեր դէմ: Անասունը որ անել անկիւն սեղմես, կը կատղի: Չէի կրնար ձեզի ըսել՝ — Էրմէնի՛ տոսթլարըմ (իմ հայ բարեկամներ), այստեղն ալ ձեզի…: Մեր ապագան Փոքր Ասիոյ մէջ էր: Դուք, հայերդ, կ’ուզէիք մեր միակ շնչելիք տեղը: Թո՛քը…
Կա՛մ մենք, կամ դո՛ւք:
Չորս հարիւր ձիաւորներով եկանք Փոքր Ասիա եւ հիմնեցինք հսկայ կայսրութիւն մը, մինչեւ Վիեննայի դուռները: Իշխեցինք փառքով ա՛ռնուազն չորս հարիւր տարի:
Ինձմով փրկուեցաւ ինչ որ թիւրքին յաւիտենական իրաւունքն էր, դարաւոր պայքարի արդիւնք:
Ինձմով պահպանուեցաւ ինչ որ յաւերժական թիւրքութեան պէտք է պատկանի: Դո՛ւք, հայերդ, դպաք անհպելիին՝ թիւրքին յաւերժութեան: Ձեր երազը թիւրքին երազն էր: Մեր երազները իրարու խառնուեցան: Մղձաւանջով արթնցանք երկուքս ալ երբ «Ձայն մը հնչեց Էրզրումի լեռներէն», զորս միայն հայկական կը կարծէիք:
Կա՛մ մենք, կամ դո՛ւք:
Դուք չճանչցաք մեզ, թի՛ւրքը:
Դարերով միասին ապրած էինք:
Վստահած էինք ձեզի: Մեր սեղանաւորներն էիք, ճարտարապետները, մեր փողերանոցի եւ վառօդարանի տեսուչները: Ձեր ամիրաներուն ու չէլէպիներուն ձեռքն էր մեր գանձը: Ձեզմէ փոխ կ’առնէինք դրամ: Նոյնիսկ մեր սուլթանական հարեմներուն կիները ծանր տոկոսով դրամ փոխ կ’առնէին ձեզմէ: Մեր հարեմներէն ներս ազատ մուտք ունէիք: Կարապետ մը մուտք գործած է մինչեւ իսկ իմ մօրս մօտ…:
Զանգուածային ո՛չ մէկ ջարդ ըրած էինք, ձեր հաւատքին ու լեզուին չէինք դպած: Ձեր լեզուն, ձեր գրականութիւնը, արուեստները ծաղկեցան իմ մայրաքաղաքիս մէջ: Մինչդեռ մենք երեք սերունդ քիւրտ ջարդած ենք: Իմ երեք նախորդները՝ սուլթան Մահմուտ, սուլթան Մեճիտ եւ սուլթան Ազիզ, երեսուն տարի քիւրտ ջարդած են, մինչդեռ դուք մեր սիրելիներն էիք, մեր ամենէն հաւատարիմ հպատակները: Յանկարծ ի՛նչ չար հով փչեց: Նո՛յնիսկ երբ Պերլին գացիք մեր թոքը պատռելու, թոյլ տուի որ ազատօրէն ծածկագիր թղթակցութիւն եւ հեռագիր գործածէք: Եթէ դժգոհութիւն մը ունէիք, ինծի՛ բողոքէիք եւ ո՛չ թէ մեր դարաւոր թշնամի Մոսկոֆին: Չըլլալիք բան էր որ ըրիք: Ջարդուելէ ուրիշ բանի արժանի չէիք: Երանի՜ թէ մեր լաւ օրերուն ուզէիք ինչ որ ուզեցիք:
Եաւրունե՛րս (ձագուկներս), շատ կանուխ սկսաք կամ շատ ուշ: Քառասուն տարի առաջ կամ քառասուն տարի ետք սկսած պիտի ըլլայիք: Քառասուն տարի առաջ աւելի զօրաւոր էիք, աւելի թիւ ունէիք ձեր հողին վրայ, եւ քիւրտերը կրնայիք ձեզի գործակից ունենալ, ձեր ամիրաներուն քսակներուն եւ խելքին հետ:
Մենք չունէինք ինչ որ դուք ունէիք առատօրէն, Պետրոս Ադամեան, Ֆասուլեաճեան, Լեպլեպճի Հորհոր աղայի չալղըճըն՝ (նուագածուն) Տիգրան Էֆենտի Չուհաճեան, Կոմիտաս, Աճառեան, Տոքթոր Քեաթիպեան, սեպհական գիր, սեպհական կրօնք, սեպհական միւզիքա, բայց մենք ունէինք բան մը, միա՛կ բանը, զոր դուք չունէիք եւ չունիք — ոսպնեակ:
Ոսպնեակը այն թանձր ապակին է, որ իր մէջ կը քաշէ ճառագայթները եւ խիտ ոյժի կը վերածէ, որ կ’այրէ մէկ կէտ, կիզակէտը:
Թիւրքը ոսպնեակ է:
Մինչդեռ հայերդ ջախջախուած ապակիի փշրանքներ էք: Կարելի չէ ձեզ վերստին իրարու կպցնել: Իսկ ոսպնեակ երբե՛ք չէք կրնար ըլլալ այդ փշրանքներով:
Այո՛, թիւրքը ոսպնեակ է: Ունեցած-չունեցածը գիտէ մէկ ոյժի վերածել, կը հաւաքէ ճառագայթները եւ կ’այրէ ուզած կէտը: Այդ ոսպնեակով 1896ին այրեցի 300.000 հայեր, 1909ին 30.000, իսկ իմ աշակերտներս՝ 1915-6ին՝ մէկ-երկու միլիոն հայեր:
1926 թուին 5.5 միլիոն միայն մնացեր էինք. բացէ՛ք Թէոդիկ էֆենտիին տարեցոյցը, 1926, էջ 590, իսկ հիմա՝ յիսուն միլիոն ենք մենք: Դուք նոյն թուին, ըստ նոյն էֆենտիին, 2.75 միլիոն էիք, հիմա կ’ըսէք թէ՝ վեց միլիոն, բայց ցրուու՛ած ապակիի՛ փշրանքներ, մինչդեռ մենք նոյն հողի վրայ ոսպնեա՛կ, թանձր ու խիտ, հոգ չէ թէ տգէտ, բայց առնուազն յիսուն միլիոն: Իւրացուցինք լազերը, ալաուիները, պիտի իւրացնենք նաեւ քիւրտերը:
Զիս կրնայիք խաբել բան չընելով:
Ձեր զօրութիւնը իմ օրերուն՝ բան չընելուն մէջ էր:
Բան ընելէ աւելի, բան չընելը մեծ գիտութիւն է:
Դուք զրկուած էք բան չընելու գիտութենէն:
Մեծ գիտութիւն է գիտնալ պահը, ժամը բան չընելու:
Ափրիկեցիները գիտցան բան չընել եւ քնանալ մինչեւ 1945 թուականը:
Պէտք է քնանայիք եւ քնացնէիք մեզ: Արթնցաք եւ արթնցուցիք մեզ:
Իսկ բան ընելու պահուն բան չըրիք: 1840 թուին քիւրտերը ոտքի ելան մեր դէմ: Դուք աղօթեցիք որ մենք ճզմենք զանոնք: Ճզմեցինք եւ ապա մեզի գործիք ըրինք՝ ձեզ հնձելու:
Իսկ բան ընելու տեղ բան չըրիք եւ երգեցիք: Ձեր բանը երգը եղաւ:
Եւ ի՜նչ երգեր երգեցիք: Անդրանիկ փաշա, լսէ՛.
«Հերոս մռնչեց, սուլթան դողդողաց…»:
Չէ՛, փաշա՛, ես չդողդղացի նապաստակի պէս, այլ խնդացի: Կողի ցաւ ունեցայ խնդալէն: Տոքթոր Քեաթիպեանը զիս բուժեց: Այդ գիշեր եկեր էր հարճերէս մէկուն դժուարին ծննդաբերութեան:
Որովհետեւ տեսաւ բան, զոր պէտք չէ որ տեսնէր, զինք ծովը նետել տուի առ ի երախտագիտութիւն:
Շարունակեցէ՛ք երգել:
Կորսնցուցիք հողը, շահեցաք երգը:
Գրաւեցիք Պանք Օթթոմանը, բայց, յիմարնե՛ր, օդը չհանեցիք: Ճամբորդական տոմսակներով գոհացաք՝ Եւրոպա թափառելու: Չեմ մոռցած նաւուն անունը՝ «Ժիրոնտ»: Ուզածնուդ չափ տոմսակ կրնայի տրամադրել: Միայն թէ տէֆ ըլլայիք (կորչէիք)…:
Վախցէ՛ք այն օրը, երբ թիւրքերը պոլշեւիկ կը դառնան: Ձեր վերջը կու գայ: Աղօթեցէք ամերիկացիներուն որ առատ տոլար տան թիւրքերուն, որպէսզի հեռու մնան կարմրելէ:
Ափսո՜ս, մեր նախահայրը, Սիւլէյման շահ, որ Ճենկիզ խանի առջեւէն փախած եւ ապաստանած էր Փոքր Ասիա եւ 1237ին կը վերադառնար մայր հայրենիք՝ Կեդրոնական Ասիա, երբ Եփրատէն կ’անցնէր, գետամոյն եղաւ: Ձեր գետը յանցաւոր է. ա՛ն է որ չձգեց որ մենք երթանք մեր եկած տեղը, եւ մեզ պահեց ձեր ապրած տեղը: Եփրատ գետը չի սիրեր ձեզ:
Կա՛մ մենք, կա՛մ դուք:
Ես թոքախտաւոր էի: Պետրոս Դուրեանի հետ նոյն օրերուն: Ես ապրեցայ եօթանասունվեց, ան՝ քսանմէկ տարի: Ամենէն երկարակեաց սուլթանը եղայ հիւծախտաւոր թոքերով:
Է՜հ, մնաք բարով, Աստուա՛ծ եւ արեւ: Արե՞ւ թէ աստղեր: Կարեւոր չէ:
Հայրս եւ մայրս թոքախտէն մեռած են: Մայրս կորսնցուցի տասնմէկ տարեկանիս, հայրս՝ սուլթան Մեճիտը՝ քսանվեց տարեկանիս: Պէտք է մեռած ըլլայի: Բայց ապրեցայ, որովհետեւ գիտեմ չմեռնիլ: Դժբախտ մանկութիւն մը ունեցած եմ, տկարակազմ, մելամաղձոտ, երկչոտ: Որբ մեծցած եմ: Հրաշալի խորթ մայր մը ունեցած եմ, Փեռիստրոյ հանումը (տիկին), Մարիամ Աստուածածնի պէս կին մը, որուն հանդէպ շատ ապերախտ գտնուած եմ:
Բայց պատահեցաւ պատմութեան մեծ անակնկալներէն մէկը:
Վհուկ մը եւ շէյխ մը գուշակութիւն ըրին որ ես սուլթան պիտի ըլլամ: Ամենէն անհաւանական բանը: Թագաժառանգ չէի, գահին ամենէն աննշան թեկնածուներէն մէկն էի: Բայց պատահեցաւ հրաշքը եւ ես գահ բարձրացայ: Վհուկին աղջիկը առի իմ հարեմին մէջ, իսկ իմաստուն շէյխը դարձուցի իմ խորհրդականը: Իմ վհուկը եւ շէյխը աւելի յստակ կը տեսնէին ապագան քան ձեր ղեկավարները:
Դուք, հայե՛րդ, լաւ չէք ճանչցած զիս, ափսո՜ս:
Ո՛չ միայն լաւ նշանառու էի, այլեւ կահագործ, ոսկերիչ, ժամագործ, նկարիչ, բրուտ, քիմիագէտ, գիւղատնտես: Բայց մանաւանդ վարպետ ատաղձագործ՝ ձեր Մարիամի ամուսին Յովսէփի պէս. միայն թէ ես կոյսի հետ չէի պառկեր: Պալատիս ընտիր կարասիները իմ ձեռքով շինած եմ: Եղած եմ շատ ժուժկալ ու աշխատասէր: Ո՛չ միայն նուրբ կիները կը սիրէի, այլեւ ազնուազգի շուները, կատուները, ընտիր կովերը, արաբական տոհմական նժոյգները, որոնցմէ հարիւր հատ ունէի, չնաշխարհիկ թռչունները, մանաւանդ թութակները: Իմ սիրական թութակը յարգանքով կ’արտասանէր իմ անունը՝ իր տիտղոսներով: Պահած եմ ընտիր կովեր, որոնց կաթով կրկնակի կը ճերմկէին իմ երկու հարիւր հարճերը: Մշակած եմ հազարագոյն ծաղիկներ, որոնց բոյրով գինովցած իմ հարճերը ինծի կը սպասէին ամէն արեւամուտին:
Դուք չէք գիտեր իմ գիշերները, որոնք շատ ուշ կը լուսնային: Ես կը մոռնայի իմ բոլոր հարճերը, նժոյգները, թռչունները եւ ամէն բան, եւ կը կարդայի Մաքիաւելլի՝ անլոյս գիշերներուն: Դուք այդ ժամերուն կը կարդայիք զէվզէկ (շատախօս) վէպեր եւ սոցիալիստական անմարսողութիւններ:
Մենք, թիւրքերս, շատ կանուխէն թարգմանած ենք Մաքիաւելլին՝ անոր «Իշխան»ը: Բնագիրը իտալերէն լոյս տեսած է 1531ին, իսկ մենք զայն թարգմանած ենք 43 տարի ետք, 1574ին, ապա երկրորդ եւ երրորդ անգամ, 1757 եւ 1823 թուականներուն: Դուք նապաստակի բեղմնաւորութեամբ կը թարգմանէիք ֆրանսացի ռոմանթիկները եւ գերման ու ռուս սոցիալիստներու յիմարութիւնները: Իսկական, ազգային գրականութեան հասկացողութենէն զուրկ մնացիք բոլորովին: Ես իմ «Յուշեր»ու մէջ գրած եմ. «Մեր արուեստագէտները, յատկապէս գրողները, նորամոլութենէն տարուած, պէտք չէ դիմեն օտար ձեւերուն: Անոնք կը սխալին երբ օրինակելի կը կարծեն ֆրանսական երկերը: Միմիայն ժողովրդական տարրերու աղբիւրէն եւ միայն ազգային հողի վրայ պէտք է մենք զարգացնենք թիւրքական արուեստն ու գրականութիւնը»: Ձեր քննադատ Օշականը մեծ ուշադրութեամբ կարդացած է իմ յուշերուն այս տողերը:
Մաքիաւելլին իմ Գուրա՛նն էր:
Անկէ իմացած եմ որ դժուար է գրաւել Թիւրքիան. ան է որ ըսած է. «Դժուար է թիւրքական վարչաձեւով երկիր մը նուաճել, այն պատճառով որ հպատակները գերիներ են. ուստի թշնամին յոյս չի կրնար դնել անոր հպատակներուն ըմբոստութեան վրայ»: Հետեւած եմ անոր մէկ հրահանգին, որ կ’ըսէ. «Պատժելու համար լաւ ջարդ մը տուր, բայց մի՛ կրկներ ջարդերը»: Եւ ես մէկ անգամ ջարդեցի ձեզ 1895ին: Չկրկնեցի: Կրկնել տուի: Իմ աշակերտները պէտք է գերազանցէին զիս:
Բայց կը սիրէի ձեզ, երբոր գահ բարձրացայ: Ձեր պատրիարքը՝ Ներսէս Վարժապետեան կ’ըսէր իմ մասիս. «Այս որքա՜ն բարի սուլթան մը ունինք: Երանի՜ թէ այսպիսի հրեշտականման թագաւորի մը արժանաւոր հպատակներն ըլլայինք…»:
Չեղաք արժանաւոր հպատակներ: Զիս «հրեշտականման» կոչող պատրիարքը, մեր պարտութեան ամենէն դաժան ժամուն, անձնապէս Այա Ստեֆանոյ գնաց, ապա Պերլին պատգամաւորութիւն ղրկեց մեր դէմ բողոքելու եւ պահանջներ ներկայացնելու:
Բայց դարձեալ մէջս կտոր մը սէր մնաց ձեզի հանդէպ: Հայկական բան կար երակներուս մէջ, իսկ դէմքիս՝ քիթս, ամենէն հայկական քիթը. զայն կը պարտիմ ո՛չ միայն մօրս այցելող Կարապետին, այլեւ թիւրք արեան մէջ մտած առնուազն հինգ միլիոն հայերուն: Եթէ հայկական բան չըլլար արեանս մէջ, ի՜նչպէս կրնայի այդքան հակահայ դառնալ, Մօրիկ կայսեր պէս, եւ այդքան հայ ջարդել: Հայ ջարդելու համար սկզբունքով պէտք է քիչ մը հայ ըլլալ: Գիտցէ՛ք որ պաշտօնական հայրս՝ սուլթան Մեճիտ, աշխարհի ամենէն բարի մարդն էր. մասնաւոր ծառաներ կը պահէր, որոնց պարտականութիւնն էր պալատին ճանճերը հաւաքել թուղթէ վանդակներուն մէջ եւ երեկոյեան զանոնք արձակել: Տեսականօրէն այդպիսի բարի հօր մը զաւակը եղած եմ եւ յուսալի չէր որ Կլատսթոն զիս որակէր կարմիր եւ մարդասպան:
Ես, Ապտիւլ Համիտ, ճանճապաշտպան սուլթանի որդին, չէի կրնար տալ ինչ որ դուք կը պահանջէիք ինձմէ բարենորոգումներու անունին տակ: Բարենորոգումները ձեզ պիտի տանէին դէպի ինքնավարութիւն, ինքնավարութիւնն ալ՝ դէպի անջատում, անկախութիւն կամ թագաւորութիւն: Բաժնուիլ կ’ուզէիք, բաժնել կ’ուզէիք Օսմանեան կայսրութեան արեւելքը:
Ես չեմ ողբար, նո՛յնիսկ ուրախ եմ որ Պալքանները կորսնցուցինք եւ խտացանք Փոքր Ասիոյ մէջ, եւ մեր աչքերը բացինք դէպի արեւելք եւ ձեռքերը՝ արեւմուտք: Թո՛ղ լեցնեն մեր ափերը, որոնք աւելի անյատակ են քան Դանայեան կարասները:
Կա՛մ մենք, կա՛մ դուք:
2018 թուականին կա՛մ մենք կը մնանք, կա՛մ դուք: 2018 տարին 100ամեակն է իմ մահուանս եւ ձեր առաջին հանրապետութեան ծննդեան: Իմ ողջութեանս թոյլ չտուի որ դուք դրօշակ ունենաք. ես մեռայ 1918, 10 փետրուարին, դուք 28 մայիսին անկախութիւն հռչակեցիք, բայց ո՛չ օսմանեան հողերուն վրայ: Օսմանեան արեւելքը մնաց ամբողջական: Կրցանք մեր հողին երեսը լրիւ պարպել ձեզմէ:
Բայց ձեր մեռելները գրաւած են մեր հողերուն ողջ ընդերքը: Ձեր մեռելները չեն մեռնիր: Անոնք ժամանակաւորապէս լռած լաւաներ են: Պիտի արթննան: Մենք ժամանակաւոր գերեզմանապահներն ենք անոնց:
Ես կը սոսկամ ձեր մեռելներէն: Դուք մեռնելէն ետք գիտէք մեռցնել: Բայց կը մեռցնէք հատ-հատ, մենք՝ մէկ անգամէն 300.000, 30.000, 1.500.000: Գիտէք Թալէաթը մեռցնել: Գիտէք Թալէաթը մեռցնել 1921 թուին եւ զայն գրկել ու փրկել 1909ին: Կա՛մ մենք, կա՛մ դուք:
Երանի՜ թէ միասին եղած ըլլայինք: Չկրցաք մեզ քրիստոնէացնել, երբ չորս հարիւր ձիաւորներով Անատոլու մտանք, ո՛չ ալ մենք փորձեցինք ձեզ իսլամացնել: Բայց դուք մեր երակներուն մէջ էք, մենք՝ ձեր լեզուին: Դուք հիմա ալ աքսորուած չէք, այլ կ’ապրիք մեր արեան մէջ: Ինչ որ արեան մէջ է, դուրս չի դրուիր:
Սարսափ կ’ապրէի: Եըլտըզի պոմպան ամէն ժամ կը պայթէր ականջներուս մէջ: Գիշերները անքուն կը մնայի. պալատիս բոլոր անցքերը լուսաւորուած կը պահէի. պէտք է լսէի անթիւ պահակներուս ոտնաձայները. կը սոսկայի մանաւանդ իմ կախաղան հանած մարդերէն, որոնք չուանը իրենց մատներով կ’անցընէին իրենց վիզերը եւ իրենց ոտքերով կից կու տային աթոռակին: Բայց դարձեալ կը շարունակէի մտածել ձեզ ոչնչացնելու մասին: Ամէն օր գաղտնի տեղեկագիր կը ստանայի. կ’իմանայի որ ձեր ցուցարարները պաստառի վրայ գրած են «Հայաստանը հայուն»: Բայց կը մոռնայիք որ «Թիւրքիան ալ թիւրքին» էր: Ձեր Հայաստանը մեր Թիւրքիան էր, մեր վերջին շնչելիք տեղը, մեր թո՛քը:
Կա՛մ մենք, կա՛մ դուք:
Փորձեցիք Հայաստան կերտել երբ ձեր հողին վրայ էիք: Հիմա կը լսեմ որ կը փորձէք հողէն հեռու: Գիտցէք որ ոսպնեակը աւելի հզօր է քան ապակիի փշրանքները:
Պիտի այրենք: Պիտի այրուիք:
Է՜հ, մնաք բարով:
Ի՜նչ գործ ունէի ես հոս…
Խօսեցայ չխօսուելիք բաներ:
Ա՛լ հանգիստ ձգեցէք զիս իմ աշխարհին մէջ:
Բայց պոմպայի ձայն կ’առնեմ: Ռուպինա՛ հանում, կ’աղաչեմ, մի՛ պայթեցներ, ես մեռած եմ արդէն, մեռելները երկրորդ անգամ չեն մեռնիր,— խօսեցաւ Ապտիւլ Համիտ եւ վազեց դէպի քուլիսները՝ գրպանէն վերջին խնձոր մը օդը նետելով եւ ատրճանակով խփելով անոր:
Օրուան նախագահ Աշոտ արքայ յայտարարեց.
— Վերջ գտած է Հայ ժողովուրդի ծննդեան 10.000ամեակի երկրորդ օրուան հանդիսութիւնը: Երրորդ օրուան հանդիսութիւնը տեղի կ’ունենայ վաղը մեծ մարզաւանին մէջ, բացօթեայ, Սասունցի Դաւիթի նախագահութեամբ:
Հանդիսականները սկսան պարպել յոգնած սրահը:
(Վերջ Սուլթան Ապտիւլ Համիտի ելոյթին)