Յարգելի ընթերցող,
Նախորդ ե-նամակիս վերջաւորութեան ըսած էի թէ, կը յուսամ յաջորդիւ անդրադառնալ այս ե-նամակագրութիւնը շարունակելու դրդապատճառներուս:
Նախ նպատակ ունէի միայն Սիմոն Սիմոնեանի «Կը խնդրուի… խաչաձեւել» երգիծական երկէն երեք անտիպ հատուածներ ներկայացնել՝ պարզապէս անոր համար որ անոնք անմիջական կապ ունէին հայկական մերօրեայ տխուր իրադարձութիւններուն հետ: Տալով այդ երեք բաժինները գործս աւարտած պիտի սեպէի… ու վերջ:
Բայց թիւով ոչ շատ ե-նամակագիրներու շնորհակալութիւնները որ ստացայ, եւ այդ նամակագիրներուն մէջէն ալ, ա՛լ աւելի փոքր խումբի մը հետաքրքրութիւնը Սիմոն Սիմոնեանով եւ իր «Սփիւռք» շաբաթաթերթով, մէջս աւելի զարգացուցին տարիներէ ի վեր իմ փայփայած այն միտքը, թէ Սիմոն Սիմոնեանի արխիւէն, նաեւ իր խմբագրապետութեամբ 17 տարիներ լոյս տեսած «Սփիւռք» (1958-1974) շաբաթաթերթէն, եւ այլեւայլ աղբիւրներէ թղթապանակի մը մէջ իմ առանձնացուցած նիւթերը ցուցադրելու պահը, ահա արդէն ներկայացած է ինծի:
Ցուցահանդէս մը, Թղթահանդէս մը ինչպէս երազած էի կոչել զայն, որ ժամանակագրական կարգով պիտի ցուցադրէ ձեռագիր թէ տպագիր թուղթերու, եւ նաեւ անձնական իրերու նմոյշներով՝ կեանքը սփիւռքահայու մը, որ ապրեցաւ նախորդ դարու 1914էն 1986ը:
Բայց մտքիս մէջ կային ու տակաւին կան շատ մը այլ նիւթեր որոնց աղբիւրներուն պէտք էր կարենայի հասնիլ: Պէտք էր նոյնպէս վերստին գրէի կարգ մը սիրելիներու եւ անոնց հետ խօսէի, որպէսզի հարցումներուս պատասխանները չուշացնեն այլեւս: Պատասխաններ որոնք անպայման պիտի յստակացնեն կարգ մը կէտեր, եւ անկասկած ճշմարտութեամբ գեղեցկացնեն նման Թղթահանդէս մը:
Ուրեմն վերը յիշուած պատճառներով, առ այժմ ժամանակագրական կարգով ցուցադրելիք Թղթահանդէսի մը ծրագիրս կը յետաձգեմ ապագային՝ այժմ բաւականանալով ե-նամակագրական Փոքր Թղթահանդէսներով որոնք կրնան պարբերաբար ներկայանալ ձեզի:
* * *
Այժմ պիտի վերադառնամ նախորդ՝ «Դեղ»ը, յօդուածին գրեթէ վերջաւորութեան Սիմոն Սիմոնեանի կողմէ տրուած հարցումի մը, որ երկար ժամանակէ ի վեր ընկերացած է ինծի:
Հարցումը հետեւեալն էր. «Ո՞ւր է իրաւասու եւ ամբողջական պատասխանատուութեամբ ծանրացած Համահայկական Գերագոյն Մարմինը»:
Այս հարցումը ինծի ստիպեց որ երթամ եւ «Սփիւռք» շաբաթաթերթի հաւաքածոյին մէջ պրպտեմ ու կարդամ այլ յօդուածներ ալ, որոնք խօսած ու շօշափած էին միեւնոյն այս նիւթը:
Գացի «Սփիւռք» շաբաթաթերթին՝ գիտնալով թէ անոր հիմնադիրը, հարցազրոյցի մը մէջ տուած է բանալի բառեր այս մասին: Տեսնենք թէ ինչ են այդ բանալի բառերն ու նախադասութիւնները: Ան հոն կը յայտարարէ. «<…> հարկ է յիշեցնել թէ «Սփիւռք» շաբաթաթերթին մէջ յայտնուեցան առաջին գաղափարներ, առաջին անգամ մտածուած առաջարկներ ու պահանջներ, ինչպէս Ապրիլեան Եղեռնի յիսնամեակի ոգեկոչում, հողային պահանջ, հայկական դատ[՝] արիական պայքարով, հայկական դրամատուներու ցանց, Հայկական Կեդրոնական Գերագոյն Մարմին եւայլն եւայլն: Այսօր այնքան տարածուած ու շեփորուած այս եւ այլ գաղափարներու առաջին հունտերը պէտք է փնտռել «Սփիւռք»ի էջերուն մէջ:» (Սագօ Օգնայեան, «Մատենագիտութիւն Սփիւռք շաբաթաթերթի», Պէյրութ, 1984, էջ Ե):
Ուրեմն պէտք է եղեր, վերեւ յիշուած ու նաեւ չյիշուած առաջին գաղափարներու առաջին հունտերը փնտռել ի՛ր, Սիմոն Սիմոնեանի, «Սփիւռք»ին մէջ…
Օր մը անպայման պիտի գան ուսումնասիրողներ հերքելու, եւ կամ հաստատելու վերեւ ըսուածները… իսկ ես վերադառնամ իմ պրպտումի արդիւնքին, եւ յայտնեմ թէ անոնց մէջէն ընտրեցի յօդուած մը, որ պիտի ըլլայ այսօրուան ե-նամակագրութեան մայր յօդուածը:
Նիւթին պարունակութիւնը ներկայացնելու ընթացքին՝ պիտի նաեւ ներկայացուի եւ ցուցադրուի այսօրուան Փոքր Թղթահանդէսը:
Ժամանակագրականօրէն, այսօրուան ձեր ստացած կցեալ յօդուածը եօթը ամիսներով կը կանխէ նախորդը («Դեղ»ը): Անոր խորագիրն է «Համահայկական Կեդրոնական Մարմին», որ լոյս տեսած է 50 տարիներ առաջ «Սփիւռք» շաբաթաթերթի 6 Յունիսի 1971ի համարին մէջ:
Ահա մէջբերում մը յօդուածին առաջին տողերէն.
«Ո՛չ, Թիւրքերը պէտք չէ անցնին ասկէ…»:
Մենք չենք ճանչցեր Թիւրքերը եւ տակաւին այժմ ալ չենք ճանչնար: Մենք ոչ միայն Թիւրքերը, այլ նաեւ մեզի բարեկամ կարծուած բոլոր Եւրոպացիները չենք ճանչցած բնաւ եւ զանոնք չենք դիտած խոշորացոյցով մը: Իսկ Մեծն Պետրոսի սերմնացաններուն մասին խօսիլը այժմ աւելորդ է: Մարդը Նախիջեւանն ու Հայկական Ղարաբաղը չի կամենար մեզի տալ, եւ դեռ մենք ելեր ենք թուղթ ու թիւրք կը խաղցնենք, մինչդեռ կ’անգիտանանք թէ անոնք է որ մեզ կը խաղցնեն:
Այլ մէջբերում մը միեւնոյն յօդուածէն.
«Ի՞նչ ունինք մենք: Ունի՞նք պետ մը, որուն կապուած ըլլանք: Ունի՞նք ազգային, ընդհանուր, միացեալ կեդրոն մը, մարմին մը, որմէ ընդունինք հրահանգներ կրօնական, մշակութային, բարոյական եւ մանաւանդ քաղաքական-ազգային գետնի վրայ:»
Ձեզմէ անոնք որոնք ծանօթ են Սիմոն Սիմոնեանի հրապարակագրութեան, շատ հաւանաբար եզրակացուցին կամ ենթադրեցին՝ որ վերի մէջբերումները կը պատկանին իրեն: Բայց եթէ երթանք ու բանանք «Սփիւռք» շաբաթաթերթի նշեալ այդ յօդուածը, պիտի տեսնենք թէ հոն ստորագրած է այլ անհատ մը՝ որուն անունն է Արսէն Աճէմեան:
Արսէն Աճէմեանի եւ Սիմոն Սիմոնեանի նման, այլ յօդուածագիրներ ալ բարձրացուցած են միեւնոյն հարցումն ու նիւթը «Սփիւռք» շաբաթաթերթին մէջ՝ թուականէս 50-60 տարիներ առաջ: Այս յօդուածագիրներու անուններուն մեծամասնութեան անդրադարձած է նոյնինքն Արսէն Աճէմեան եւ գրած. « <…> շատ պարզ է թէ ինչ նպատակ ու ծրագիր պիտի հետապնդէ այդ Համահայկական Համազգային Ընդհանուր Խորհրդաժողովը: <…> Արդէն այդ նիւթին շուրջ գրեր են [«Սփիւռք» շաբաթաթերթի աշխատակիցներ] Հրաչ Տարօնեան, Հրանդ Սիմոնեան, Նշան Խոշաֆեան, Պօղոս Գուբելեան, Ա. Վանեան [Արսէն Թերլեմեզեան], Արսէն Աճեմեան եւ մանաւանդ «Սփիւռք»ի խմբագրապետ Սիմոն Սիմոնեանը:» («Սփիւռք» շաբաթաթերթ, 2 Ապրիլ 1972, էջ 3:)
Բայց վերադառնամ Արսէն Աճէմեանին ու քիչ մը տուրք տամ մոռցուած այս բանաստեղծին:
Ծնած է ան 1896-ին, Սեբաստիոյ Տիվրիկի շրջանի Աստուածատուր հայաբնակ գիւղին մէջ: Նախնական ուսումը ստանալէ ետք իր հայրենի գիւղին մէջ, զինք կը գտնենք իբր աշակերտ՝ Պոլսոյ նախ Էսայեան եւ ապա Ազգային Կեդրոնական Վարժարաններուն մէջ: Յետոյ անցած է Փարիզ, ու աւարտելէ ետք իր համալսարանական ուսումը, իր ամբողջ կեանքը նուիրած է ուսուցչութեան: Դասաւանդած է հայերէն եւ հայոց պատմութիւն նախ Ֆրանսա, ապա Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան մէջ՝ 1929էն մինչեւ 1932: Յետոյ յաջորդաբար անցած է Լիբանան ու Սիւրիա, եւ 1943-էն ետք վերջնականապէս հաստատուած է Եթովպիոյ մայրաքաղաք Ատիս-Ապապայի մէջ՝ նախ երկու տարի ստանձնելով տնօրէնութիւնը Ազգային Գէորգօֆֆ Վարժարանին, եւ ապա միեւնոյն վարժարանին մէջ շարունակած է դասաւանդել միեւնոյն նիւթերը՝ մինչեւ իր հանգստեան կոչուիլը:
Մահացած է Ատիս-Ապապայի մէջ 1979ին:
Աշխատակցած է հայ մամուլին՝ նաեւ ստորագրելով Ա. Վանատուր ծածկանունը:
Ունի հրատարակուած չորս բանաստեղծութեան գիրքեր. «Սիրոյ եւ հայրենի երգեր»՝ 1927 Լիոն, «Գասա-Պելլա»՝ 1942 Պէյրութ, «Ամբողջական երկեր», Ա. հատոր՝ 1959 Վենետիկ, եւ «Ամբողջական երկեր» Բ. հատոր՝ 1961 Վենետիկ:
Սիմոն Սիմոնեանի արխիւին մէջէն ցարդ գտնուած են Արսէն Աճէմեանէ ստացուած մի քանի նամակներ, բացիկներ եւ բանաստեղծութիւններ: Կայ նաեւ երկու լուսանկար որոնցմէ մին արդէն տեսաք այս ե-նամակի սկզբնաւորութեան: Իսկ Սիմոնեանի ժամանակաշրջանի «Սփիւռք» շաբաթաթերթին մէջ Արսէն Աճէմեանէն կան տպագրուած բաւական թիւով բանաստեղծութիւններ, 1920-ականններու իր օրագրէն մի քանի էջեր, ու հրապարակագրական մի քանի յօդուածներ: Հոն կայ նաեւ, Վազգէն Շուշանեանէն գեղեցիկ նամակ մը՝ հասցէագրուած Արսէն Աճէմեանին:
Այս Փոքր Թղթահանդէսի վերջաւորութեան դուք ծանօթացած պիտի ըլլաք Սիմոն Սիմոնեանի արխիւին մէջ գտնուող երկու լուսանկարներու, չորս նամակներու՝ որոնցմէ մին բացիկ մը, եւ «Սփիւռք» շաբաթաթերթի թուայնացուած այն համարին, ուրկէ վերցուցած եմ Արսէն Աճէմեանի «Համահայկական Կեդրոնական Մարմին» յօդուածի ամբողջութիւնը, եւ տուած նոր շարուածքով մը:
Սեղմելով Հայաստանի Ազգային Գրադարանի թուայնացուցած շտեմարանի այս կապին վրայ, բացի Արսէն Աճէմեանի միեւնոյն յօդուածէն՝ դուք կարելիութիւնը պիտի ունենաք թերթատելու, եւ կամ կարդալու այլ նիւթեր որոնք գրուած կամ պատմուած են հետեւեալ անհատներուն կողմէ.
– Արամ Հայկազ ……………… «Շապին Գարահիսարի Հերոսամարտին յիսունվեցերորդ տարեդարձին առիթով»
– Յակոբ Տէր Մելքոնեան …………….. «Քարային Կիլիկիա եւ Սիր Ատան»
– Զօրավար Անդրանիկ կը պատմէ. ……………….. «Մըզի թըֆընք պէտք է» (որ թարգմանի «Մեզի զէնք պէտք է»)
– Զ. Մ. Որբունի …. «Մտածումներ լուսանցքի վրայ»
– Գուտցի Միքայէլեան ………. «Մի՛ ճզմեր կոկոնը, տղայ…»
– Սմբատ Փանոսեան ………. «Իբրեւ լուսաբանութիւն»
– Արմէն Տօնոյեան ………. գրախօսութիւն. Յակոբ Կարապենցի «Անծանօթ հոգիներ…» պատմուածքներու հատորին
– Նշան Խոշաֆեան ………. յուշ մը. «Կանաչեանին համերգը առանց Կանաչեանի»
Իսկ Արսէն Աճէմեանի յօդուածին նոր շարուածքը կրնաք կարդալ այս էջին վերջաւորութեան:
* * *
ԲԱՑԻԿ ՄԸ, ՆԱՄԱԿ ՄԸ,
ԵՒ ԱՊԱ՝
ԵՐԿՈՒ ԱՅԼ ՆԱՄԱԿՆԵՐ
Բացիկ մը Արսէն Աճէմեանէն գրուած 22-3-1972ին Եթովպիոյ Ատիս-Ապապա մայրաքաղաքէն, ուր կ’ըսէ.
«Սիրելի Սիմոն Սիմոնեանին
Կարօտով եւ սիրով՝
Արսէն Աճէմեան»
Ապա, ակնարկելով նկարին մէջի զինեալ զոյգին կը շարունակէ գրել. «… կրնա՞նք ասոնց սիրտը, քաջութիւնը, եւ անբաժանելի Միութիւնը ունենալ: Կրնա՞նք:»
* * *
Անթուակիր նամակ մը կրկին Արսէն Աճէմեանէն, ուր ան կ’ը գրէ.
«Իմ քաղցր, իմ անգին Սիմոն, ես ի՞նչպէս կրնամ քեզ մոռնալ…
Դուն կաս ամբողջ իմ հոգիիս մէջ: Ինչպէս գիտես, ես ահա բաւական ժամանակ է, որ քէն եմ ըրած մեր բոլոր տեսակի խմբագիրներուն հետ, մեր մտաւորական ղեկավարներուն հետ, մեր քաղաքական դերակատարներուն հետ, որոնք, ահա աւելի քան կէս դար է, որ չկարողացան Սփիւռքի Հայութեան ահաւոր ճակատագրին շուրջ մէկ ճակատ կազմել: Արտասահմանի Հայոց վէրքը մեր գիտցածէն շատ աւելի խորունկ է: Յուսահատողներէն չեմ, բայց գործերը եթէ այսպէս շարունակուին, քառորդ կամ կէս դար յետոյ ի՞նչ պիտի մնայ մեզի: Ընդհանուր այլասերում, ձուլո՜ւմ, ձուլո՜ւմ…
«Գրոց գիւտ»ս կրնաս սրբագրելով հրատարակել, միւս գրուածքներուս հետ: Ըրէ՛ այնպէս, ինչպէս որ յարմար կը տեսնես: Եթէ այս կողմերը գալու ըլլաս կը վճառեմ գումարը: Կամ եթէ չգաս, ամառը կրկին պիտի գամ Պէյրութ, կը կարգադրենք:
Ես, քիչ մը վշտացայ քեզմէ, որ այն աննշան, աւելցած գումարը սեղանին վրայ թողուցիր, ելար գացիր… Բաներ կան աննշան, որոնք երբեմն նշանաւոր կը դառնան: Ինչ որ է…
Միշտ քեզ՝
Արսէն
* * *
Փոքր Թղթահանդէսին մնացեալ երկու նամակներուն կրնաք ծանօթանալ, սեղմելով ձեր ստացած երկրորդ կցեալ ծրարին վրայ: Թէեւ այդ երկու նամակները անմիջական կապ չունին Արսէն Աճէմեանի հետ, բայց անոնք ստացուած են երբեմնի երկու սփիւռքահայ վարժարաններէ ուր դասաւանդած է ան:
Երկու նամակներու պարունակութենէն դուք պիտի տեղեկանաք որ անոնք Սիմոն Սիմոնեանի «Սեւան»ին տրուած դասագիրքերու ապսպրանքներ են:
Այստեղ հարկ է փակագիծ մը բանալ եւ յայտնել թէ Սիմոն Սիմոնեան 1955ին Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի կեդրոնական շուկաներու ծայրամասերէն մէկուն մէջ, հիմը դրած է սեպհական գրատան մը, տպարանի մը, եւ հրատարակչատան մը, երեքն ալ «Սեւան» անունով, ուրկէ ժամանակի ընթացքին լոյս աշխարհ եկած են բազմահարիւր հրատարակութիւններ, հայերէն, արաբերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով, որոնց կարգին նաեւ թիւով ոչ պակաս քան 55 դասագիրքեր՝ պատրաստուած սփիւռքահայ վարժարաններու աշակերտութեան համար:
* * *
Շնորհակալութիւններ իմ կողմէս.
ա. Երկու հայկական երբեմնի վարժարաններու՝ Ատիս-Ապապայի Ազգային Գէորգօֆֆ Վարժարանի եւ Նիկոսիոյ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան ուսանողներու այն խումբին, որ մեղուներու թափով աշխատելով, օգտակար եղաւ ա՛լ աւելի ամբողջական դարձնելու «պարոն» Արսէն Աճէմեանի կենսագրական տուեալները: Ահա անոնց անունները. Ադամեան Հայկազ, Աւագեան Գալէնտէրեան Սեւան, Կեր
բ. Շնորհակալութիւն նոյնպէս, Լիբանանի մէջ գտնուող երկու հայկական գրադարաններու՝ Հայկազեան Համալսարանի Տէրեան հայագիտական գրադարանին, ու Հայկ եւ Մելանքթօն Արսլանեան Ճեմարանի գրադարանին, յանձինս իրենց գրադարանապետուհիներուն՝ օրդ. Վերա Կոստանեանին եւ օրդ. Հուրի Զաքարեանին, որոնք նոյնպէս օգտակար դարձան այս նիւթին հարստացման:
գ. Եւ վերջապէս շնորհակալութիւն երկու կայքէջերու՝ YEREPOUNI NEWS https://www.yerepouni-
Իսկ DiasporArm-ը Սիմոն Սիմոնեանի «ԴԵՂ»ը յօդուածի նկարագրական ամփոփումը նաեւ թարգմանելով ֆրանսերէնի, անգլերէնի, սպաներէնի եւ ռուսերէնի, տեղադրեց իր կայքէջի բազմալեզուեան բաժիններուն մէջ:
Եթէ մոռացումներ եղած են վերի շնորհակալիքներուն մէջ, այժմէն կը խնդրեմ իրենց ներողամտութիւնը:
* * *
Խնդրանք մը:
Բոլոր անոնք որոնք պիտի ուզեն օգտագործել տրուած այս նիւթերը, թող ազնիւ ըլլան յիշելու անոնց աղբիւրը, որ է՝ Սիմոն Սիմոնեանի արխիւ, Անթիլիաս-Լիբանան:
* * *
Այս ե-նամակագրութիւնը շարունակելու դրդապատճառներէն միայն մէկն էր Թղթահանդէսի գաղափարը: Պարբերաբար իմ ղրկելիք նամակներէն ոմանց ընդմէջէն կը յուսամ գրել կամ մատնանշել այլ դրդապատճառներ եւս:
* * *
Մտածում մըն ալ տալով Սիմոն Սիմոնեանէն կը փակեմ այսօրուան ե-նամակն ու Փոքր Թղթահանդէսը:
«Ազգովին ապացոյցը տուինք թէ եթէ պահելու, պահպանելու եւ նախատեսելու մէջ քաջ ու արթուն չենք, սակայն կորուստը ողբալու մէջ քա՛ջ ենք…»:
Լաւ մնացէք:
Յարգանքով՝
Սասուն Սիմոնեան
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԿՈՉ ՍՓԻՒՌՔԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ
ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒՆ
——
«ԵՐԲ ՄԵՆՔ ՄԻԱՑԱՆՔ,
ՍԱՐԴԱՐԱՊԱ՛Տ ԿԵՐՏԵՑԻՆՔ»
——
ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ԱՐՍԷՆ ԱՃԷՄԵԱՆ
Այս յօդուածը տպուած է կէս դար առաջ…
Աղբիւր՝ «Սփիւռք» շաբաթաթերթ, 6 Յունիսի 1971, էջեր 1 եւ 8
«Ոչ, Թիւրքերը պէտք չէ անցնին ասկէ…»:
Մենք չենք ճանչցեր Թիւրքերը եւ տակաւին այժմ ալ չենք ճանչնար: Մենք ոչ միայն Թիւրքերը, այլ նաեւ մեզի բարեկամ կարծուած բոլոր Եւրոպացիները չենք ճանչցած բնաւ եւ զանոնք չենք դիտած խոշորացոյցով մը: Իսկ Մեծն Պետրոսի սերմնացաններուն մասին խօսիլը այժմ աւելորդ է: Մարդը Նախիջեւանն ու Հայկական Ղարաբաղը չի կամենար մեզի տալ, եւ դեռ մենք ելեր ենք թուղթ ու թիւրք կը խաղցնենք, մինչդեռ կ’անգիտանանք թէ անոնք է որ մեզ կը խաղցնեն:
Կ’ուզեմ հիմա աջ եւ ձախ՝ մատներս բուն վէրքին վրայ դնել: Վէրքը անձնական չէ: Բարեկամական, ազգականական ալ չէ: Ընտանեկան ալ չէ: Օ՜, վէրքը ընդհանուր է, հաւաքական, ազգային:
Թիւրքերը ոչ թէ այսօր, այլ մեզմէ աւելի քան կէս դար առաջ անցեր են արդէն «ասկէ»: Իսկ մենք ի՞նչ ենք ըրեր մինչեւ այսօր: Ոչի՛նչ, ոչի՛նչ, ոչի՛նչ: Չշփոթենք գիրի սուրին հետ:
Երբ մենք միացանք, Սադարապատ կերտեցինք…: Երբ մենք միացանք, Յիսնամեակ տօնեցինք: Չկայ հիմա մարմին մը, որ Սփիւռքի Հայութեան հաւաքական ամբողջութիւնը ներկայացնէ: Ունինք կուսակցութիւններ, որոնք անջատ-անջատ կը գործեն, փոխանակ ազգային հողին վրայ զինակցաբար գործելու եւ մէկ մարդու պէս համազգային արտը վարելու, հերկելու, մշակելու:
Կոտրեցէ՛ք այն գրիչները, որոնց արդիւնքը գի՛ր է սոսկ եւ ոչ թէ գործք: Թող կապուին այլեւս այն լեզուները, որոնց ճարտասանական, ամբոխավարական ճառերը, շատախօսութիւնները եւ կեղծաւորութիւնները թմրեցուցին ու կը թմրեցնեն մեր խեղճ, թափառական, տարագիր ազգը արտասահմանեան: Երե՛ս դարձուձէք այն մտաւորականներէն, ուսուցիչներէն, համալսարանի վկայակիրներէն, կեղծ ու ցամաք կրօնականներէն, որոնք ազգը պատրուակ ընելով, իրենց անձնական օգուտին համար կ’աշխատին…
Փաստօրէն, մեր երէկուան եւ այսօրուան Սփիւռքի Հայութիւնը իսկական, ազգանուէր, հայրենասէր տէր մը չունեցաւ, եւ միշտ ղեկավար պետէ մը զուրկ մնաց: Իրականութիւնը քաջաբար ընդունելով, յայտնենք որ ներկայ Հայաստանը մեր դատին համար մեզմէ օգնութիւն կ’ակնկալէ քան մենք իրմէ: Մեզմէ ակնկալութիւնը նիւթականէն աւելի բարոյական է, լսեցէ՛ք, հոգիով կաղեր, սրտով կեղծաւորներ:
Թիւրքիոյ մէջ այսօր բազում կուսակցութիւններ կան, բոլորն ալ իրարու դէմ լարուած, իրաւ կամ սուտ: Դուք մի՛ մոռնաք, որ Թիւրքը նորէն զօրաւոր է, վասնզի պետ մը ունի, պետութիւն ունի, եւ կրնայ ճակատագրական պահուն միասնութիւն պահել եւ գործել:
Ի՞նչ ունինք մենք: Ունի՞նք պետ մը, որուն կապուած ըլլանք: Ունի՞նք ազգային, ընդհանուր, միացեալ կեդրոն մը, մարմին մը, որմէ ընդունինք հրահանգներ կրօնական, մշակութային, բարոյական եւ մանաւանդ քաղաքական-ազգային գետնի վրայ:
Մեր բուն խնդիրը հայկական խնդիր է, Հայոց հողային դատն է: Եթէ պիտի լուծուի այդ դատը, կը լուծուի միայն միացեալ կուռ ճակատով, հաւաքական ճիգերով եւ աշխատանքներով:
Նոյնիսկ ըսենք, թէ Հայաստանէն դուրս, արտասահմանեան երկիրներուն մէջ Հայերը դիւրին-դիւրին չեն ձուլուիր, կը մնան երկար, շատ երկար ժամանակ հա՛յ: Այդ պարագային պէ՞տք է որ մոռնանք չորսհազարամեայ Հայրենիքը մեր:
Սոսկ լաւատեսութիւնը չէ որ միայն մեզի բարիք կը ծնի: Կայ նաեւ իրաւապաշտ, իրատես յոռետեսութիւնը, որմէ կրնանք շատ աւելի բարիքներ հնձել, եթէ կացութեան մօտենանք առողջ դատողութեամբ, հոգիով, միտքով:
Ռամկավար կուսակցականները «Յուսաբեր», «Ազդակ», եւ «Հայրենիք» չեն կարդար: Դաշնակցականներն ալ «Զարթօնք», «Արեւ», «Պայքար» չեն կարդար: Արհամարհանք փոխադարձաբար: Եղա՞ւ ասիկա: Ունինք Հնչակեան մամուլը: Ունինք հայ կաթոլիկ մամուլը, հայ աւետարանական մամուլը: Ունինք Հայոց Մայր Եկեղեցիին բաժանումները: Այդ բոլորը թող ըլլան: Ատոնք չեն մեր մեծագոյն մտահոգութիւնը: Մեր մեծագոյն դժբախտութիւնը ա՛յն է, որ այդ բոլորին միջեւ ընդհանուր, հաւաքական միութիւն մը, գործունէութիւն մը, գործակցութիւն մը գոյութիւն չունի:
Ունեցա՞նք երէկ, ունի՞նք այսօր Սփիւռքի ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԽՈՐՀՈՒՐԴ մը, որ ունենար իր պաշտօնաթերթը (օրկան), որ միակամ արտայայտութիւնը ըլլար բովանդակ Հայութեան (մէջն ըլլալով նաեւ Սովետական Հայաստանի մեր ժողովուրդը) ըղձանքներուն, փափաքներուն, երազներուն, տեսակէտներուն՝ առաջին գիծի վրայ քաղաքական, ապա մշակութային, կրօնա-բարոյական, կրթական: Նման կեդրոնաձիգ, ներքնապէս ուժեղ Ազգային Խորհուրդ մը ո՛չ միայն Սփիւռքի Հայութեան, այլ նաեւ Հայաստանի կառավարութեան համար պիտի ծառայէր որպէս աղբիւր յոյսի եւ զօրութեան…:
Այսօր միայն մենք չէ որ տարագիր ենք, գաղթական ենք, երկրէ երկիր թափարական. կա՛ն նաեւ մեզի պէս բազմաթիւ օտարազգի գաղթականներ: Անոնք պարապ չեն նստած: Կ’աշխատին հաւաքաբար, զանազան դիմումներ կը կատարեն առ որ անկ է, որպէսզի ուշ կամ կանուխ, եւ անպատճառ՝ իրենց Մայր Հայրենիքը վերադառնան եւ հոն հաստատուին վերջնականապէս:
Այն հի՜ն, մեր թագաւորութեան ժամանակներուն, մեր պանծալի պապերը ըսած են. «Վերը Աստուած, վարը՝ Հայոց Թագաւորը»: Աստուած ըսելով ի հարկէ պիտի հասկնանք ժողովուրդին ներկան, ապագան, ժողովուրդին իտէալը, երազը: Իսկ թագաւոր ըսելով պիտի իմանանք ժողովրդական միացեալ կամքին գործադիր ոյժը:
Մեր այս յօդուածին բուն հոգին հետեւեալն է, ճիշդ մեր պապերուն ըսածին պէս. ՎԵՐԸ ԱՍՏՈՒԱԾ, ՎԱՐԸ ԲՈՎԱՆԴԱԿ ՀԱՅ ԱԶԳԻՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՈՅԺԸ, ՀԱՒԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ, ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ:
Բայց այնքան ուշացած մեր այս ծրագիրը ո՞վ պիտի գործադրութեան դնէ: Սա՛ արդէն երկրորդ ամենէն կարեւորագոյն խնդիրն է, դրուած Հայոց ճակատագրական, ներկայ պատմութեան սեղանին վրայ, իբրեւ օրակարգի ամենէն փափուկ, օրհասական, մահու եւ կենաց խնդիր…:
Բաւական չէ տարին քանի մը անգամ Հայաստան հիւր երթալ գալ եւ վերադարձին ամէն անգամ աղուոր-աղուոր գովասանքներ շռայլել մեր Հայրենիքին եղած կամ չեղած բաներուն մասին:
Բաւական չէ արտասահմանի եւ Սովետական Հայաստանի ունեցած որոշ, կարգ մը յաջողութիւններով տարուիլ չափազանցօրէն եւ մոռնալ, կամ մատը բուն վէրքին վրայ չդնել: Վէրքը նորանոր արտագաղթերն է մեր ազգին: Վէրքը՝ ընդհանուր ազգային միութեան մը անգոյ ըլլալն է, վէրքը՝ Կարսն է, Անին, Վանը, Ղարաբաղը, Նախիջեւանը, Արարատը…
Թիւրքը բարեկամներ ունի: Մենք չունինք: Մեր ամենէն մօտիկ կարծուած բարեկամը տեսանք թէ ի՛նչ ըրաւ մեզի, մեր սուգը յիշած օրերուն: Մեր բարեկամը մե՛նք ենք, մե՛ր միութիւնը: Երբ միացած ես բռունցք կազմած՝ տա՛սը մատներովդ —ինչպէս կ’ըսէ անմահ Շիրազը— դուն արդէն յաղթած ես, դուն արդէն բարեկամներ կ’ունենաս շա՜տ ու շա՜տ:
Եթէ մենք երկրորդ Սարդարապատ մը ունեցած ըլլայինք 1920-ի վերջերը, Կարսի անառիկ պարիսպներուն տակ, մեր ներկան եւ ապագան ալ տարբեր պիտի ըլլային: Դուք չէ՞ք կարծեր որ եթէ Թ.-ԺԱ. դարերուն, Բագրատունեաց թագաւորութեան շրջանին, Անիի փառահեղ օրերուն, բոլոր հայ ազնուականները, իշխանները, նախարարները միացած, մէկ մարդու պէս կանգնած ըլլային Թագաւորին շուրջը, Հայը տարբեր ազգ կ’ըլլար եւ պիտի ըլլար այսօր…
Ճիշդ է, այն ժամանակ Արեւմուտքէն Բիւզանդիոնը կար նենգամիտ, վատահամբաւ, խառնածին: Կային արեւելքէն, հարաւէն, խալիֆաներու, Քիւրտերու, Պարսիկներու, Վրացիներու, Հրեաներու, Ասորիներու եւ… Հայերու յոգնահզօր, բայց կողոպուտի, առեւանգումի, ջարդի վարժուած բանակները աւազակաբարոյ: Բայց Հայը եթէ միանար՝ կը յաղթէր երկուքին ալ անպայման:
Թիւրքերը երբ առաջին անգամ Հայաստան մտան, նպատակ ունէին ընդհանուր քննութիւն մը կատարել եւ ապա կողոպտել Հայաստանի հարստութիւնները եւ վերադառնալ իրենց որջը: Բովանդակ Հայաստանի ժողովուրդը՝ միացած իր իշխաններուն, թագաւորներուն, եթէ զէն ի ձեռին ոտքի ելլէր, դարձեալ յաղթանակը Հայոցը պիտի ըլլար:
Քննեցէ՛ք միաբանութեան եւ անմիաբանութեան օրինակները մեր բովանդակ պատմութեան մէջ եւ պիտի տեսնենք, որ առաջինը միշտ գերակշիռ է, դրական դեր կատարեր է, քան երկրորդը: Ուրեմն…
Ուրեմն եթէ սրտցաւ եւ հայրենասէր ոգիով քննենք մեր ներկան, մասնաւորապէս Պրեստ Լիթովսքիի, Մոսկուայի եւ Կարսի Թիւրք-Ռուս դաշնագրերէն ասդին եւ մանաւանդ 1920 թուականի թիւրք-հայկական պատերազմներէն եւ Կարսի անկումէն սկսեալ, բովանդակ Հայութեան միջեւ կազմուեցան աջ եւ ձախ կողմեր, կազմուեցան հատուածներ, որոնց գործը եղաւ միայն քաղաքական, կուսակցական, բիւզանդական անշահ, վնասակար վէճեր, բանակռիւներ, եղբայրական կռիւներ, հայհոյանք…: Արդի՞ւնքը: Արդի՞ւնքը մէջտեղն է:
«Ամէն տեղ Հայը փնտռում է ապաստան,
Բացի այն երկրից, որ կոչւում է Հայաստան…»:
Եթովպիոյ մօտ 1.000 Հայերէն, մէկ-երկու տարուան մէջ, աւելի քան 400 Հայեր, մեծ մասը երիտասարդներ, կին, աղջիկ, ինչո՞ւ պիտի արտագաղթէին դէպի Հիւսիսային Ամերիկա, Գանատա, Աւստրալիա: Ո՞ւր է այն մարմինը, այն «կառավարութիւնը», այն պետը, որ ըսէ մեզի. «Կա՛ց Հա՛յ ժողովուրդ, քու տեղդ Հայաստանն է, մի՛ գաղթեր այլ տեղ…»:
Հայկական Արտասահմանի կամ Հայ Սփիւռքի մէջ բանանք վարժարաններ՝ մանկապարտէզ, նախակրթարան եւ երկրորդական: Բանանք մատուռներ, եկեղեցիներ: Ոյժ տանք մեր մամուլին: Ոյժ տանք կուսակցական, բարեսիրական, հայրենակցական եւ այլն, բոլոր-բոլոր ազգային կոչուած կազմակերպութիւններուն: Հիանալի՜, հրաշալի՜, հոյակա՜պ գործք: Բայց բոլոր այս գործքերուն գլուխը կարելի պիտի ըլլա՞ր դնել ընդհանուր կառավարիչ կամ ղեկավար մը: Եթէ այո, այն ժամանակ գումարեցէք ընդհանուր, համահայկական ժողով մը եւ կազմեցէք վաղուան ՍՓԻՒՌՔԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ: