Յարգելի ընթերցող,
Նախորդ նամակիս մէջբերումներուն, ու Սիմոն Սիմոնեանի «Դէպի՛ Յիսնամեակը Ապրիլեան Եղեռնի» մայր յօդուածին մէջի տուեալներուն ընդմէջէն, տեսանք թէ ինչպէս 1963ի Ապրիլին «Սփիւռք» շաբաթաթերթի տուած ազդանշանով սկսած երթը՝ գոնէ երկու տարի ետք միասնականութեա՛մբ նշելու Ապրիլեան Եղեռնի Յիսնամեակը, տուած էր իր դրական արդիւնքները:
Սակայն միասնականութեան համար մղուած այդ դրական քայլի ընթացքին, ու անկէ առաջ նոյնիսկ, արշաւ մը սկսած էր շղթայազերծուիլ «Սփիւռք» շաբաթաթերթին ու անոր խմբագրապետ Սիմոն Սիմոնեանին դէմ:
1958-59 թուականին անկախ շաբաթաթերթի մը երեւումը Պէյրութի մէջ, հաշտ աչքով չէր դիտուած զիրար յօշոտո՛ղ ու հայութիւնը հիւծող սփիւռքահայ կուսակցութիւններուն եւ իրենց օրկաններուն կողմէ:
Սովետական Հայաստանի ու արտասահմանի հայ համայնավարներու պատկանող մամուլն ալ անմասն չէր մնացած այս արշաւէն:
«Սփիւռք»ի ծննդեան առաջին համարին մէջ, Սիմոնեան իբրեւ նշանաբան յայտարարած էր շաբաթաթերթին դիրքը, որ էր ըլլալ «ԱՄԵՆՈՒՆ ՀԵՏ եւ ԱՄԵՆՈՒՆ ԴԷՄ, ԲԱՅՑ ՄԻ՛ՄԻԱՅՆ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ»:
Սիմոնեան մերժած էր տուրք տալ պայքարող կողմերէն որեւէ մէկուն: Իսկ երբ «Սփիւռք»էն պահանջուած էր Էջմիածին-Անթիլիաս եկեղեցական տագնապի առընչութեամբ դիրքորոշուիլ, ան յստակօրէն յայտարարած էր. «Մենք կողմ պիտի չըլլանք, եւ մեզի կը վերապահենք իրաւունքը քննադատելու կատարուած սխալները երկու կողմերուն ալ:»
Այս կեցուածքներուն իբր արդիւնք Սիմոնեան երկար տարիներ ենթարկուած էր հալածանքի ու վարկաբեկման, եւ իր հայրենասիրութիւնն ալ առնուած կասկածի տակ…
Սիմոնեան ձեռնածալ չէր մնացած անշուշտ այս երեւոյթին դիմաց, եւ իր յանդուգն յօդուածներով պաշտպանած իր տեսակէտները. տեսակէտներ, որոնք անընդունելի նկատուած էին այդ օրերուն «սրբազան պայքար» մղողներուն կողմէ: Ան իր հայրենասիրութեան կասկածողներուն պատասխանած էր ըսելով. «Մենք հայրենասէր ենք մե՛ր համոզումներով, մե՛ր պատճառներով, մե՛ր ըմբռնումներով, առանց կուսակցական չափանիշներու, կերպերու, եւ «պայմանաւորուած օդ»ի»:
Լայնախոհ ու արդար Սիմոնեանը միաժամանակ եղած էր իրատես, եւ իր դէմ շղթայազերծուած արշաւի օրերուն իսկ՝ քաջութիւնը ունեցած գովելու նաեւ իր քննադատած իւրաքանչիւր կողմին դրակա՛ն կեցուածքներն ու տեսակէտները… երեւոյթ մը` որ զլացուած էր իրեն՝ Արդարութեան եւ Ազատութեան անունով զինք ստրկացնել փորձողներուն կողմէ:
Արդար ըլլալու համար պէտք է նաեւ յայտնել, թէ կուսակցութիւններէն եւ կամ կուսակցականներէն բոլորը չէ որ միեւնոյն ուժգնութեամբ դէմ կեցած են Սիմոնեանին:
Աւելի ճշգրիտ պատկերացում մը տալու համար թէ ի՛նչ էր այդ օրերուն անկախ մամուլին վիճակուած բախտը, հետագայ տողերուն մէջ կը կարդանք պատմաբան եւ բանասէր Արշակ Ալպոյաճեանի (1879-1962) մահուան առիթով՝ Սիմոնեանի կողմէ օրին մէջբերուած տողեր:
«ԱԼՊՈՅԱՃԵԱՆ` ԱՆԿԱԽ ԹԵՐԹԻ ՄԱՍԻՆ» խորագիրին տակ, տրուած է հետեւեալ վկայութիւնը.
«Դժբախտութիւն մըն է հայ ազգին համար որ լրագիրները գրեթէ ամբողջութեամբ կուսակցական օրկաններ են եւ թէեւ իրարու դէմ կը մաքառին ամէն օր, բայց գոնէ համաձայն են մէկ կէտի մը մէջ, այն է չապրեցնել իրենցմէ դուրս որեւէ այլ լրագիր:
Կուսակցութիւնները ունին իրենց օրկանները եւ չեն հանդուրժեր անկէ դուրս որեւէ լրագիրի գոյութեան եւ ներելի ու աններելի ամէն միջոց ի գործ կը դնեն հրապարակէն վանելու համար անկուսակցական անկախ լրագիր մը:
Արդարեւ, շատեր չեն գիտեր թէ կուսակցական մամուլը ինչեր չէ ըրած լռեցնելու համար որեւէ կուսակցութեան հետ կապ չունեցող թերթերը, որոնք իրենց կռնակը չունենալուվ ոյժ մը, յաճախ կը հանդիպին նիւթական դժուարութիւններու եւ կ’ենթարկուին տագնապներու, մինչ կուսակցական թերթերը իրենց նեցուկ եւ հովանաւոր ունին կուսակցութիւններու սնտուկները, իրենց շարքերը եւ համակիրները, որոնք յաճախ նիւթական զոհողութիւններ կ’ընեն, իրենց թերթին յաջողութիւնը ապահովելու համար:» («Սփիւռք» 1962, 28 Յունիս, էջ 1):
Խօսքը տանք Սիմոնեանին, 1958էն 1974ի ընթացքին Պէյրութի մէջ հրատարակուած «Սփիւռք» շաբաթաթերթի հիմնադիրին ու խմբագրապետին, եւ տեսնենք թէ ինք ինչ վկայած է իր անկախ շաբաթաթերթին դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին. «<…> ունեցանք հետզհետէ թանձրացող զանգուածը հակառակորդներու, մերթ մէկէ աւելի կուսակցութեան միացեալ հակառակութիւնը: Զարմանալի էր ամէն բանի մէջ իրարու տարակարծիք բայց այս մէկ կէտի մէջ անոնց զինակցութիւնը: Մեր բազմաթիւ բարեկամները դարձան թշնամիներ:
Տոկացինք, չնահանջեցինք: Գրեթէ 17 տարի:
Թերթ վերադարձնողներ եղան, մերթ «կազմակերպեալ» աշխատանքի հետեւանքով: Նորեր բաժանորդագրուեցան: Շարունակուեցաւ գործը, կէս լոյս եւ կէս մութ արահետներէ: Յաջողեցանք սակայն ըսել մեր ըսելիքը, զոր ուրիշներ երբե՛ք պիտի չըսէին, ըրինք մեր ընելիքները, զորս ուրիշներ մեծ մասամբ չունէին իրենց ցուցակին վրայ:» (Սագօ Օգնայեան, «Մատենագիտութիւն Սփիւռք շաբաթաթերթի», Պէյրութ, 1984, էջ Ե):
Վերի տողերուն մէջ, Սիմոնեան մոռցած է յիշելու իր դէմ մղուած արշաւին մասնակից կարգ մը անկուսակցականներն ու կղերականները…
Որպէսզի այն տպաւորութիւնը չստեղծուի թէ Սիմոնեան անպայմանօրէն հակակուսակցական մըն էր՝ կարդանք դարձեալ զինք.
« <…> վերջին տարիներս կարգ մը թերթեր (յատկապէս ամերիկահայ) ակնարկութիւններ կ’ընեն անկուսակցականներու հասցէին, իբրեւ պատասխանատուութենէ խուսափող եւ նուազ զոհաբերուող: <…> Նախ ճիշդ չէ բոլոր անկուսակցականները մէկ դասի վերածելը, ինչպէս ճիշդ չէ բոլոր կուսակցականները պատասխանատուութեան վազող եւ անսակարկ զոհաբերուող նկատելը: Կա՛ն յարգելի եւ շա՛տ յարգելի կուսակցականներ, ինչպէս՝ անկուսակցականներ: Կան նաեւ ոչ յարգելի կուսակցականներ, ինչպէս նաեւ անկուսակցականներ: Այսքանը լափալիսեան ճշմարտութիւն է:
Ճիշդ չէ բոլոր անկուսակցականները մէկ յայտարարի վրայ բերել եւ դատումներ ընել, ինչպէս ճիշդ պիտի չըլլար բոլոր կուսակցութիւնները եւ կուսակցականները մէկ յայտարարի վրայ բերել եւ դատել:
Կարելի է անկուսակցականները երեք խումբերու բաժնել. անտարբերներ, չէզոքներ, անկախներ, ինչպէս նոյնպիսի բաժանումի կարելի է ենթարկել կուսակցականները. անտարբերներ, «չէզոքներ», եւ գործօններ: Պատասխանատուութենէ եւ զոհաբերութենէ խուսափող են անտարբերներն ու չէզոգները, զորս մենք չենք վարանած նոյնիսկ կոչելու… ջորի:
Տարբեր բաներ են սակայն անկախներն ու գործօնները թէ՛ իբրեւ անկուսակցական եւ թէ՛ իբրեւ կուսակցական:» («Սփիւռք» Պէյրութ, 11 Մարտի 1973, էջ 8):
* * *
Նախքան այսօրուան մայր յօդուածին ընթերցումը, պիտի մէջբերեմ բաժին մը Սիմոնեանի ստորագրութիւնը կրող այլ յօդուածաշարքէ մը, («Սֆինքսի կոտրած քիթին տակ»), ուր կարելի կ’ըլլայ քիչ մը աւելի ծանօթանալ Սիմոնեանի կենսագրութեան, իր ներաշխարհին, եւ իր հիմնական մտահոգութեան՝ որ էր Հայ Ժողովուրդի Յաւերժութիւնը:
Մէջբերուած տողերուն մէջ Սիմոնեան կ’ակնարկէ նաեւ իր պատժուած ըլլալու իրողութեան:
Ուրեմն, 1966ին Սիմոնեան այցելութեամբ Կիզէ է՝ Եգիպտոս, եւ կանգնած է երեք բուրգերուն մէջտեղ գտնուող հսկայական Սֆինքսին դիմաց:
Համաձայն յունական դիցաբանութեան, կը պատմէ Սիմոնեան, Սֆինքսը հրաման ունէր բոլոր անցորդներուն առաջարկելու իր հանելուկը, եւ սպանելու բոլոր անոնք որոնք չէին կրնար լուծել զայն:
Թող Սիմոնեանը շարունակէ պատմել. «Կը կենամ Սֆինքսի առջեւ, յետմիջօրէի պահու մը մէջ, որ կը դիմէ դէպի իրիկնադէմ: Մեծ բուրգին շուքը կ’իջնէ Սֆինքսի վրայ: Խորհրդաւոր ու իր անցեալին սարսափներէն պարպուած Սֆինքսը, որուն քիթը կոտրած է, կարծէք կը դիտէ զիս եւ հին օրերէն մնացորդ հանելուկ մը պիտի առաջարկէ ինծի:
Բայց ես, տասնեակ տարիներէ ի վեր ունիմ ի՛մ հանելուկս, զոր առաջարկեր եմ ու կ’առաջարկեմ իմ բոլո՛ր բարեկամներուս, հի՛ն բարեկամներուս, որոնք դարձեր են նոր թշնամիներս, հի՛ն թշնամիներուս, հեռաւոր ու մօտաւոր բոլոր Հայերուն…
Ի՛մ հանելուկս, որուն Սֆինքսը դարձեր եմ տասնեակ տարիներէ ի վեր, բայց իմ հանելուկս չլուծողները փոխանակ ես պատժելու, անոնք, այդ կարկամ ու չլուծող «անցորդները» իրենք կը պատժեն զիս:
Ես՝ իմ հանելուկիս Սֆինքսը, այժմ կեցեր եմ եգիպտական Սֆինքսին առջեւ եւ կը մտմտամ: Ու փոխանակ սպասելու որ բուրգերու Սֆինքսը ի՛նք ինծի առաջարկէ իր հանելուկը, ե՛ս, կանգնած անոր կոտրած քիթին տակ, դէպի իրիկնադէմ դիմող պահու մը մէջ, կը հարցնեմ անոր.
— Սֆի՛նքս, երեք բուրգերու եռանկիւնին մէջ խորհուրդներով բազմած Սֆի՛նքս, տե՛ս, տա՜ս տարիներէ ի վեր կը տանջուիմ իմ հանելուկովս, եւ կը փորձեմ անով տանջել իմ հին ու նոր բարեկամներս, հեռաւոր ու մօտաւոր ընկերներս, սիրելի Ռամկավարները, եղբայրական Պոլշեւիկները, հարազատ Հնչակեանները եւ արիւնակից Դաշնակցականները. բոլորին հետ զատ-զատ, ժամանակ առ ժամանակ գօտեմարտութեան մէջ եմ, եւ յաջորդ մարտապահերուն ի՜նչ անակնկալներ կը սպասեն բոլորին՝ ի տես եւ ի լուր չլուծուող հանելուկիս…:
Իմ հանելո՞ւկս… տե՛ս, Սֆի’նքս, ես Հայ եմ, հայրս Սասնոյ լեռնէն պտղունց մը արիւն դրած է երակներուս մէջ: Ես պատանութենէս կը կրեմ հայկական ցաւ մը, որ հանելուկի վերածուած է: Պիտի տեւէ՞ հայ ժողովուրդը, որ կու գայ պատմութեան վաղնջական ակունքէն, աւանդական ու քննական կոհակներով եւ ափերով: Տեւեր ենք 3.000 տարի այս պատկերով: Հասեր ենք այս օրերու ափունքին: Պիտի տեւե՞նք եւ ի՞նչպէս պիտի տեւենք: Նայէ՛, Սֆի՛նքս, ես 24 տարի (1930-1954) պատանութենէս մինչեւ քառասուն տարիքս, հաւատացի որ հայ ժողովուրդը պիտի տեւէ միայն ու միայն Սովետական Հայաստանով, Սովետական բազմազգ պետութեան մէջ, սոցիալիստական եւ դէպի կոմունիզմ դիմող իրաւակարգին տակ: Ու մէ՛կ անգամ, 1954 թուին, քառասուն տարեկանիս, երբ արդէն հայ ժողովուրդին ճակատագիրը սերտեր էի տպագիր գիրքերու եւ ձեռագիրներու ծխաման յիշատակարաններուն մէջ, այցի գացի Սովետական Հայաստանը, վեհափառ Մասիսներու շողերուն եւ սովետական ծիրանիին տակ: Ա՜խ, խախտեցաւ հաւատքս, ինչպէս առաջին սիրահարի սէրը առաջին սիրականէն, որ արդէն վաստակաւոր ընկեր էր դարձեր կեանքի:
Ու 1954 թուականէն ի վեր, հանելուկը կը տանջէ զիս. — Պիտի տեւէ՞ հայ ժողովուրդը եւ ինչպէ՞ս պիտի տեւէ: Միայն Հայրենիքով պիտի չտեւէ, միայն կրօնքով պիտի չտեւէ, միայն դրօշակներով պիտի չտեւէ, — կ’ըսէ կասկածի սկիւռը, թառած՝ հոգիի ճիւղքին:
Սֆի՛նքս, ի՞նչպէս պիտի տեւէ հայ ժողովուրդը: Տե՛ս, կտոր-կտոր եղած ենք, եւ չենք տեսներ ճշմարտութիւնը: Երէկ գիշեր «ԱՐԵՒ» օրաթերթը կը կարդայի, լուրերու բաժնին մէջ կ’ըսուէր թէ Անտոն Քոչինեանը 23րդ Համագումարին յայտարարած է թէ չորս տարուան ընթացքին՝ 1963-66` 7.000 հայեր ներգաղթեր են. մինչդեռ այդ չորս տարիներու ընթացքին արեւելքի այս ափերէն տասնեակ հազար Հայեր արտագաղթեր են Ամերիկաներ եւ Աւստրալիա, իսկ Սովետ. Հայաստանէն ուր 7.000 Հայեր ներգաղթեցին, տարին 20-30.000 Հայեր կ’արտագաղթեն դէպի սովետական սփիւռքի զանազան կողմերը:
Սֆի՛նքս, կոտրած քիթով Սֆի՛նքս, ըսէ թէ ի՛նչպէս պիտի տեւենք, ի՛նչպէս պիտի զօրանանք, ի՛նչպէս մեր սերունդը պիտի շարունակէ մեր ժողովուրդի 3.000 տարուան թափը պատմութեան ձիարշաւարանին մէջ: Վեց տարիէ ի վեր կը գրեմ մեր հոգեկան ոյժերուն պատմութիւնը՝ խնդրելով խաչաձեւել մեր հոգեկան բոլոր զօրութիւնները ընդդէմ մեր ցեղին ծիրանի ծառը ուտող ուտիճներուն, ցեցերուն, գունաւոր որդերուն:
Սֆի՛նքս, ըսէ՛ ճշմարտութիւնը, լուծէ՛ հանելուկս, դուն որ սովոր ես միայն հանելուկ առաջարկելու, լսէ եւ լուծէ հանելուկս: Ես Սֆի՛նքս եմ Սֆինքսի առջեւ:
Սֆի՛նքս, ես քու Սֆինքսդ եմ:
Լուծէ՛ հանելուկս, կոտրա՛ծ քիթով Սֆինքս: Պիտի տեւէ՞ հայ ժողովուրդը եւ ի՞նչպէս պիտի տեւէ:
Ես սոցիալիստ եմ, Սֆի՛նքս: Բայց, տես, կոտրած քիթով, կնոջ գլուխով եւ առիւծի մարմնով, խորհո՛ւրդ, խորհուրդ խորին ժամանակներու հասած Սֆինքս, մեր ժողովուրդը կռունկներու պէս երամ-երամ խոյս կու տայ ուր որ սոցիալիզմը մակընթացութիւն կ’ունենայ: Չէ՞ որ ես հաւատացած էի որ սոցիալիզմով պիտի փրկուի մեր ժողովուրդը: Սոցիալիզմի ալիքները ինչո՞ւ կը քշեն մեր ժողովուրդը՝ նաւաբեկեալ նաւու մը բեկորներուն պէս:
Ըսէ՛, Սֆի՛նքս, պիտի տեւե՞նք, եւ ի՞նչպէս պիտի տեւենք…:» («Սփիւռք» Պէյրութ, 26 Մայիսի 1966, էջ 2):
* * *
«ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆԵՐԸ» խորագիրով այսօրուան մայր յօդուածը նմոյշ մըն է Սիմոնեանի հրապարակագրական բազմաթիւ այն էջերէն՝ ուր ան նաեւ կը գովէ՛ իրեն դէմ սուր պայքար մղողներուն կողմէ առնուած դրական քայլերը: Երեւոյթ մը, զոր իրեն համակիր ընթերցողները պիտի կոչէին «լաւին լաւ ըսել եւ վատին՝ վատ»:
Յօդուածը թէեւ անստորագիր է, սակայն կը պատկանի Սիմոն Սիմոնեանի գրիչին: Ան լոյս տեսած է Եղեռնի Յիսնամեակէն մօտաւորապէս երկու շաբաթ առաջ:
ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆԵՐԸ
[ՍԻՄՈՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆ]
Աղբիւր՝ «Սփիւռք» շաբաթաթերթ, Պէյրութ, 7 Ապրիլի 1965, էջ 1
Ըսինք:
Մեր դատը դէպի յաղթանակ առաջնորդելու համար կա՛յ միայն մէկ ճամբայ եւ ո՛չ թէ բազմաթիւ ճամբաներ — ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ապրիլեան Եղեռնի Յիսնամեակի ոգեկոչման առթիւ այդ միասնականութիւնը գոյացաւ հայ հոգեւոր ու քաղաքական ոյժերու կուռ ու ամբողջական համաձայնութեամբը:
Հայ հոգեւոր իշխանութիւնները — Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական — իրողապէս վկայեցին թէ իրենք իրենց արմատներով կապուած են Հայ ժողովուրդի կեանքին, գոյատեւման ու մեծագոյն հարցին հետ, եւ գիտեն Աստուծոյ հանապազօրեայ բաժնին հետ, կայսեր, այսինքն՝ Հայոց արդար բաժինն ալ տալ:
Հայ հոգեւոր իշխանութիւնները լիալիր կերպով կատարած եղան իրենց սրբազան պարտաւորութիւնը հանդէպ իրենց ժողովուրդին:
Պատի՛ւ իրենց:
Նոյնպէս հայ քաղաքական կազմակերպութիւնները — Հնչակեան, Դաշնակցական եւ Ռամկավար — պատուաբեր կերպով վկայեցին թէ Հայութեան ազգային մեծ պայքարին գիտեն բերել իրենց զինակցութիւնը եւ ատով իսկ վկայել թէ ԳՈՐԾԸ — Ոգեկոչում ու Դատ — առանձին ոյժերով իրագործուելիք չէ, այլ միայն ՀԱՒԱՔԱԲԱՐ եւ անոր բարիքը, ինչպէս եւ պահանջած զոհողութիւնը, ԲԱՇԽԵԼԻ են հայ ամբողջ հաւաքականութեան միջեւ:
Պատի՛ւ նաեւ իրենց:
Ու հիմա թուենք միասնականութեան առաջին յաղթանակները:
Նախ յիշենք «պզտիկ» յաղթանակները, որոնք թերեւս նոյնիսկ չեն նկատուիր մեր բարի ժողովուրդին ու անոր ղեկավարներուն կողմէ:
Առաջի՛ն.— Ստեղծուած է ոչ միայն խաղաղութեան ու հանդարտութեան մթնոլորտ մը հայ կեանքին մէջ, այլեւ գոյացած է փոխադարձ վստահութիւն եւ հաւատք իրարու հանդէպ: Բարոյական ու հոգեկան զինակցութիւն մը, որ կ’ենթարկէ նպատակի միութիւն եւ թիրախի նոյնութիւն: Տարակարծութիւնները ոչ միայն իրենց նուազագոյնին իջած են, այլեւ գրեթէ անհետացած ըլլալու նշանները ցոյց կու տան:
Երկրո՛րդ.— Հայ քաղաքական հոսանքները, Ապրիլեան Սրբազան Աւազանին մէջ լուացուելով՝ փաստեցին թէ ազգային կազմակերպութիւններ են, հայ ժողովուրդի դատին ու գոյատեւման համար ստեղծուած նեցուկներ ու սիւներ են, եւ ո՛չ թէ օտարին կողմէ հեռավարուած են: Մեր քաղաքական կազմակերպութիւնները արեւելքի կամ արեւմուտքի յարած ու սպասարկող ըլլալու մեղքով իրար կ’ամբաստանէին: Հաւաքական ու վճռական գործի պահը ջնջեց երկուստեք եղած այդ մեղադրանքները:
Կ’արձանագրենք երկու սքանչելի փաստեր՝ յօգուտ մեր քաղաքական կազմակերպութիւններուն:
ա) Թուականէս 4-5 ամիս առաջ երբ Սովետ. Միութիւնը յանուն բարի-դրացնութեան յայտարարեց թէ «ինք որեւէ պահանջ չունի Թիւրքիայէն եւ կը յարգէ անոր հողային ամբողջականութիւնը», ամենէն առաջ Ռամկավար մամուլը յանձին «ԶԱՐԹՕՆՔ»ի ծառացաւ Սովետ. Միութեան յայտարարութեան դէմ եւ խիզախ կերպով յայտնեց թէ հայ ժողովուրդը, ապա ուրեմն Հայոց հայրենի պետականութիւնը, որ Սովետ. Միութեան բաղկացուցիչ հանրապետութիւններէն մէկն է, ունի հողային պահանջ Թիւրքիայէն, եւ թէ յանուն բարի-դրացնութեան ու բազմաչարչար «խաղաղութեան», կարելի չէ անտեսել Հայոց սրբազան իրաւունքները: Օրին արձանագրեցինք գեղեցիկ այս փաստը եւ արտայայտուեցանք անոր մասին:
Այժմ տեղն է ընդգծելու որ ներկայ Հայաստանի կապուած կազմակերպութիւնները, գէթ էական ու գերագոյն հարցերու մէջ, ուղեկիցներ չեն Սովետ. Միութեան ամէն քայլին, մա՛նաւանդ երբ այդ քայլերը կը փորձեն ոտնակոխել Հայոց Սրբազան Իրաւունքները:
Այս պարագային Ռամկավարները գեղեցկօրէն փաստեցին թէ իրենք կը սերին Արմենականներէն, Տամատեաններէն, Չօպանեաններէն ու Թէքէեաններէն եւ հաւատարիմ կը մնան անոնց սրբազան աւանդին:
բ) Վերջին մէկ ամսուան ընթացքին, թիւրք պետականութիւնը իր մամուլով ի լուր հայկական միասնական ու կորովի կեցուածքին եւ Ապրիլեան Եղեռնի զանգուածային ոգեկոչման եւ ապա գուշակելով Հայկական Դատի վճռական ու կորովի հետապնդման ղօղանջները, յարձակման անցաւ եւ իր ամենէն բուռն հարուածները ուղղեց ու կեդրոնացուց Հ. Յ. Դաշնակցութեան վրայ, զայն նկատելով գլխաւոր դրդիչն ու շարժման դնողը հայ զանգուածները ընդդէմ Թրքութեան:
Թրքական այս յարձակումը եկաւ (թերեւս աւելորդ կերպով) ապացուցանելու որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը հաւատարիմ կեցած է իր սրբազան աւանդներուն. ֆեդայական իր աւանդութեան եւ ազգային պատնէշի վրայ, եւ անիկա երբեք չէր կրնար «եոլտաշ» [(ուղեկից)] ըլլալ Թիւրքին, մեղք մը, որով զինք կ’ամբաստանէին իր հակառակորդները, ջղային պահերու մէջ:
Այսպիսով մեր ազգային կազմակերպութիւնները, թօթափելով օտարամուտ փոշիները իրենց ոտքերէն, Հայութեան ու Արեւմտահայութեան սրբազնագոյն իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին մէջ արիացան եւ իրար գտան նոյն պատարագի մէջ:
«Պզտի՞կ» յաղթանակներ են ասոնք, որոնց վրայ ամենէն առաջ կը կեդրոնացնենք մեր ուշադրութիւնը, եւ որոնք իրողապէս հիմնարկէք կ’ընեն այնքան ցանկալի ու շեփորուած միասնականութեան:
Ապա դառնանք մեծ յաղթանակներուն, որոնք շնորհիւ հայ միասնականութեան կը սկսին արձանագրուիլ եւ որոնք պիտի ունենան իրենց յաջորդները:
Ամենէն առաջ երկո՛ւ յաղթանակներ, Ապրիլեան Եղեռնի Ոգեկոչման սրբազան սարսուռներով համակուած. —
ա) Հայաստանի ժողովուրդը իր պետականութեամբ ու պարտիայով՝ ո՛չ միայն հաւատարիմ մնաց արեւմտահայ նահատակներուն ու վկաներուն մեծ զանգուածին ու պատմական Հայրենիքի սրբազան հողերուն, այլեւ անցաւ գործքի, իր զգացումներն ու յոյզերը վերածելով նիւթական կոթողներու.— Ապրիլեան Նահատակներու անունով փողոցներ եւ յուշարձաններ, մէկուկէս միլիոն նահատակներու թիւով նոր ու դալար ծառերու տնկում՝ իբրեւ ոգիի ու արեան նոր պատուաստում, Արեւմտահայութեան ու անոր Հողամասի Ոգիին արծուային ներկայացուցչին՝ Զօրավար Անդրանիկի մեծարում եւայլն: Հայրենի Պետականութիւնն ու Ժողովուրդը իրենց այս արտայայտութիւններով կը նետեն ադամանդեայ կամուրջ Հայրենիքի եւ Սփիւռքի միջեւ եւ իրողապէս կը հաստատեն սիւնաշարքերը հայկական միասնականութեան:
Կորսուած հողերը փնտռելու ճամբուն վրայ կը գտնենք այդ հողերուն չափ թանկագին եւ այդ հողերը անպայման մեզի բերող բարիքներ:
Ապրիլեան Եղեռնի Ոգեկոչումը եւ անկէ ետք Հայկական Դատի հետապնդման երկար ու մշտալար պայքարը հայ ժողովուրդին կոչուած են բերելու նոր, իսկական ու ամբողջական ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴ՝ թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ՛ Մայր Հայրենիքի մէջ:
բ) Երկրորդ մեծ յաղթանակը, Մայր Հայրենիքէն ետք, արձանագրուեցաւ սքանչելի Լիբանանի մէջ, Մայրիներու սրբազան երկրին մէջ, որ հաւատարիմ կը մնայ մարդկային իրաւանց եւ ազատութիւններու սրբազան աւանդներուն:
Լիբանանի Երեսփոխանական Ժողովի «մեծամասնականներու խմբակը» որոշած է բերել իր մասնակցութիւնը Ապրիլեան Մեծ Եղեռնի յուշատօնին, եւ միաժամանակ պետական գիծով պահանջել հայկական իրաւունքները:
Գեղեցիկ լուրը մեր օրաթերթերու միջոցով արդէն հաղորդուած է հայ ժողովուրդին: Չենք ուզեր մանրամասնել զայն: Բայց հարկ է ընդգծել որ Լիբանանի Խորհրդարանի ազնիւ երեսփոխաններու վեհանձն, արդարակորով ու մարդկայնական այս ժեսթը արդիւնքն է ո՛չ միայն իրենց ազատական ու մարդասիրական ոգիին, այլեւ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԻՐՈՂԱԿԱՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ:
Ահաւասի՛կ մեր միասնականութեան ճշմարիտ յաղթանակները, որոնք շարունակելի են: Կը սպասենք որ այս միասնականութիւնը միմիայն ապրիլեան չըլլայ, այլ տարածուի ոչ միայն տարուան բոլոր ամիսներուն, այլեւ բազմաթիւ տարիներու վրայ առնուազն մինչեւ 2000 թուականը եւ մինչեւ մեր Սրբազան Դատին իրագործման սրբազան ժամը:
Վասնզի ինչ որ 1000 տարիներու ընթացքին կորսնցուցած ենք, չենք կրնար շահիլ ամիսներու եւ նոյնիսկ քանի մը տարիներու ընթացքին: Պիտի վճարենք ոչ միայն մեր հաշուոյն այլեւ մեր պապերու հաշուոյն:
Վասնզի թշնամին հզօր է, փոռձառու եւ շահերով կապուած օտար մեծ ոյժերու հետ, աջակողմեան ու ձախակողմեան: Մեր թշնամին պետութիւն է, իսկ մենք՝ սփիւռք: Պէտք ունինք պետական ոյժեր հակադրելու եւ զօրակոչելու իրեն դէմ:
Մեր ոյժը մեր միասնականութեան մէջ է:
Հզօր ենք՝ երբ միասնական ենք:
Չարենցը ամենէն աւելի ճակատագրական ու սրբազան այս պահուն համար պատգամած է մարգարէական տեսիլքով.
«Ո՜վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ոյժի մէջ է»:
ԱՆՍՏՈՐԱԳԻՐ ՅՕԴՈՒԱԾ
* * *
«Սփիւռք» շաբաթաթերթի 1965 տարուան 7 Ապրիլի թիւին պարունակութեան դուք կրնաք ծանօթանալ այցելելով Հայաստանի Ազգային Գրադարանի թուայնացուցած շտեմարանը, սեղմելով այստեղ:
Վերեւ տրուած մայր գրութենէն բացի՝ հոն պիտի հանդիպիք նաեւ հետեւեալ նիւթերուն ու գրողներուն:
– ………………………………. Վիճաբանական Ասուլիս «Պատանեկան օրինազանցութիւն»
– Հենտրիք Վան Լուն (թարգ. Յ. Գոնտուրուճեան) ……………… «ՅՈՅՆԵՐԸ»
– Կոստան Զարեան ……………… «ՎԱՀԱԳՆ»
– Սիմոն Սիմոնեան ……………… «ՀԻՆԳ ՎԱՅՐԿԵԱՆ ԴԱԴԱՐ» – Հատուած «ԿԸ ԽՆԴՐՈՒԻ… ԽԱՉԱՁԵՒԵԼ» երկէն:
– Գէորգ Աճեմեան ……………… ԳՐԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆ ԶԱՐԵՀ ՈՐԲՈՒՆԻԻ «ԵՒ ԵՂԵՒ ՄԱՐԴ» երկին:
– Զարեհ Որբունի ……………… «ԵՒ ԵՂԵՒ ՄԱՐԴ» (հատուած)
– Կ. Թիւթիւնճեան ……………… «ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՔՆՆԱԿԱՆ ԱԿՆՈՑՈՎ»
– Ծանուցումներէն մին է ……………….. «ԿԸ ՓՆՏՐՈՒԻ// Հմայեակ Սանտրունի Մուրատեան կը փնտռէ իր չորս հօրաքոյրները եւ անոնց զաւակները: Սանատրուկ Մուրատեանի հայրը եւ մայրը՝ Մկրտիչ եւ Կիւլիզար, Մշոյ Գոմս գիւղացի, իր քոյրերուն եւ մայրերուն հետ հաւանաբար գաղթած ըլլան Ամերիկա, Սուրիա կամ Լիբանան:// Hmayag S. Mouradian// Rue Maxime Gorki No. 9// Plovdiv, Bulgarie»
* * *
Եթէ առիթը ունեցաք այցելելու վերոյիշեալ «Սփիւռք»ի թուայնացուած համարը, շատ հաւանաբար նկատեցիք թէ «Սփիւռք»ը փոխած է իր արտաքին տարազը: Պատճառը այն է որ 1965ի Յունուարէն սկսեալ, Սիմոնեան «Սփիւռք»ը փոխանցած էր գրագէտ եւ «Սփիւռք»ի խմբագիրներէն՝ Գէորգ Աճեմեանին: Փոխանցումը սակայն տեւած էր հազիւ երեք-չորս ամիս, եւ այնուհետեւ Գէորգ Աճեմեանի ստորագրութիւնը աւելի քան տարի մը բացակայած՝ շաբաթաթերթի էջերէն:
Տասը տարի ետք, Սիմոնեան «Սփիւռք»ի արտօնագիրը օրինականապէս փոխանցած է (վաճառած) Գէորգ Աճեմեանին, ու նաեւ արձանագրած. «Անհրաժեշտ է այստեղ կարեւորութեամբ յայտնել ու յայտարարել որ 1975 թուականի ներկայ առաջին թիւէն սկսեալ ամէն իրաւունք եւ պատասխանատուութիւն կը պատկանին միմիայն Գէորգ Աճեմեանին»: («Սփիւռք» Պէյրութ, 12 Յունուարի 1975, էջ 1):
* * *
Մօտաւորապէս երկու ամիս առաջ ստացայ ե-նամակ մը հասցէացանկիս մէջ գտնուող, անձնապէս ինծի անծանօթ՝ Աշոտ Գրիգորեանէն: Ան կը խնդրէր որ աչք մը նետեմ Սիմոն Սիմոնեանի մասին իր գրած նիւթին վրայ, նախքան անոր լոյս տեսնելը http://art-collage.com կայքին վրայ: Ես որ իմ կարգիս գրածներս նախ կը ղրկեմ Սիմոն Սիմոնեանի հոգեզաւակներէն Երուանդ Գոչունեանին՝ իր անդրադարձը ունենալու համար, Աշոտ Գրիգորեանին գրածն ալ լոյս տեսնելէ ետք նոյնպէս ղրկեցի իրեն:
Երուանդը ինչպէս միշտ, շատ կարճ պատասխան մը գրած էր՝ ըսելով. «Հիանալի վերլուծում է այս կարճ գրութիւնը»:
Աշոտ Գրիգորեանին նիւթը «Սիմոն, որդի Օվէի» կարելի է կարդալ այս հասցէին http://art-collage.com/post/Simon,-vordi-Ovei վրայ:
* * *
Շնորհակալութիւն Հայաստանի Ազգային գրադարանի անձնակազմին, որ արդէն ամբողջացուցած է թուայնացումը Սիմոն Սիմոնեանի գրական եւ բանասիրական բոլոր տպագրուած հեղինակութիւններուն: Գիրքերուն յղումները նաեւ զետեղուած են Սիմոն Սիմոնեանի Արխիւէն կայքին վրայ՝ «Գիրքեր» բաժնին տակ:
Այսքան այս անգամուան համար:
Լաւ մնացէք:
Յարգանքով՝
Սասուն Սիմոնեան
Յուլիս 2022, Անթիլիաս-Լիբանան
* * *
ԹՂԹԱՀԱՆԴԷՍ
ՍՏԱՑՈՒԱԾ ՆԱՄԱԿՆԵՐ
Վարը տրուած են չորս նամակներ «Սփիւռք» շաբաթաթերթի ընթերցողներէ:
Իւրաքանչիւր ձեռագիր նամակին հետ տրուած է անոր մեքենագիր շարուածքը՝ ուր երբեմն եղած են կարգ մը սրբագրութիւններ: Չորրորդ նամակը տրուած է Թղթահանդէսի վերջաւորութեան:
Առաջին նամակը կը պատկանի ամերիկաբնակ Մարտիրոս Թարայեանի:
Սեպտեմբեր 15, 1960
«Սփիւռք»ի խմբագիր Սիմոն Սիմոնեանին,
Այսօր կարդացի գրած խմբագրականդ «Կուսակցութիւն եւ Ազգ», որը իմ վրաս շա՜տ գէշ տպաւորութիւն թողուց…: Ես բնաւ չէի ակնկալեր քեզի պէս հասունցած մտաւորականէ մը այդպիսի արտառոց գրութիւն մը հրապարակել…: Ըսեմ որ ես Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան եմ եւ տասնըվեց տարեկանիս անդամ եղած եմ այդ կուսակցութեան եւ հպարտ եմ…: Որովհետեւ այդ կուսակցութիւնը ինծի սորվեցուցած է ծառայել ազգիս եւ մարդկութեան: Ազգային շահերը միշտ գերադասել կուսակցական շահերէն: Եւ ես վստահ եմ որ ամէն մի հնչակեան այսպէս դաստիարակուած է: Դուք ձեզի ի՞նչպէս թոյլ կու տաք Հնչակեան կուսակցութիւնը դնել ուրիշ կուսակցութեան մակարդակի վրայ… Արդեօք չի խղճահարեցա՞ք…
Է՜h ի՞նչ է ձեր ուղղութիւնը, արդեօք դուք ալ որոշ հոսանքի մը թմբկահարը չէ՞ք… Այս աշխարհի վրայ անկուսակցական մարդ չկայ… Անկուսակցականներ միայն անբան անասունները կ’ըլլան…: Որոնք տրամաբանելու կարողութիւն չունին…
Կը ճառէք քաղաքական գործունէութեան մասին: Ի՞նչ է ձեր քաղաքական նոր գործունէութիւնը՝ որ չէք դներ հրապարակաւ ու ճշդել ձեր դիրքը…:
Մարտիրոս Թարայեան
Բ.
Երկրորդ նամակը կը պատկանի գրագէտ եւ երաժշտագէտ Յակոբ Ասատուրեանի:
Հոկտեմբեր 17, 1960
Նիւ Եորք
Սիրելի Պարոն Սիմոն Սիմոնեան,
«Սփիւռք»իդ համար կը ներփակեմ քերթուած մը որ կրնայ գործածելի ըլլալ Նոյեմբերին: Առաջին չորս տողերու մաղթանքէն բացի, կտորը գրուած է 1957ի Դեկտեմբերին եւ եզրափակող վերջին գլուխը կը կազմէ այլապէս արձակ՝ «Բարեւ Երեւան» անուն վէպի մը կամ վիպակի մը նիւթը վերցուած մերօրեայ ազգային կեանքէ: Շատ գոհ պիտի մնայի եթէ կարելի ըլլար կտորին երկար տողերը չի շրջել: Եւ շնորհակալ պիտի ըլլայի՝ եթէ բարի ըլլայիք այս կտորին լոյս տեսած թիւէն ինծի երեք օրինակ ղրկել:
Կը սիրեմ լրջութիւնը թերթիդ, ինչպէս եւ անկողմնակալ ըլլալու ջանքերը ձեր: Ես եւս կողմ չունիմ, իբր այդ: Սակայն կը տարակուսիմ որ, որեւէ ինքնաճանաչ մարդու համար կարելի ըլլայ չէզոքութիւն պահել բառին բո՛ւն իմաստով առանց կողմ բռնելու: Մեր այսօրուայ դժբախտ իրականութեան մէջ եթէ Հայաստանի մը իրողութիւնը ընդունիք՝ արդէն կո՛ղմ բռնած էք, եւ եթէ՛ չընդունիք՝ նմա՛նապէս: Տխուր է այս վիճակը, եւ դժուա՛ր, ձեր առաջադրութիւններով չէզոքի դիրք պահելու հարցը:
Մաղթելով կորով եւ յարատեւութիւն,
Ձերդ անկեղծօրէն՝
Յակոբ Յ.Ասատուրեան
Գ.
Երրորդ նամակը գրուած է ֆրանսաբնակ Համբարձում Յովսէփեանի կողմէ: Նամակին վրայի կապոյտ մելանով ձեռագիրը կը պատկանի տպարան «Սեւան»ի եւ «Սփիւռք» շաբաթաթերթի այդ օրերու վարչական պատասխանատուներէն՝ Պօղոս Մարտիրոսեանի, ուր ան նշած է. «Պէտք է որ թերթ ղրկենք. նոր բաժանորդ. եւ գրել իրեն տարեվճարը»: Իսկ կարմիր մելանով սրբագրութիւնները եւ ջնջումները կը պատկանին Սիմոն Սիմոնեանին:
Այս նամակը օրին տպուած է «Սփիւռք»ի 20 Հոկտեմբերի (1966) համարին մէջ, էջ 11: Նամակէն զեղչուած բաժինները կրնաք կարդալ ձեռագիր օրինակին մէջ:
21 Սեպտեմբեր, 1966
Վալանս
Յարգելի խմբագիր «ՍՓԻՒՌՔ» շաբաթաթերթի,
Ստորագրեալս Համբարձում Յովսէփեան, այսու պիտի խնդրէի, որ ընդունիք զիս սոյն թուականէս սկսեալ, որպէս մնայուն եւ հաւատարիմ բաժանորդ Ձեր թերթին, որովհետեւ կանուխէն խոր յարգանք ունէի Ձեր գրին ու գրչին, ըլլան անոնք գրախօսականներ, կծու ու թթու քննադատութիւններ եւ յօդուածներ, որովհետեւ գիտէք լաւին լաւ ըսել եւ գէշին գէշ: Եւ ես կը սիրեմ այդ բոլորը:
Մնամ յարքանօք՝
Համբարձում Յովսէփեան
* * *
ԹՂԹԻԿՆԵՐ՝ ԱՆԿԱՐԵՒՈՐ ԵՒ… ԿԱՐԵՒՈՐ
Սիմոնեանի արխիւին մէջ մնացած են կարգ մը անկարեւոր թուացող թղթիկներ, որոնց վրայ Սիմոնեան յաճախ հապճեպով արձանագրած է. ա- միտք մը, բ- տեղեկութիւն մը, գ- անուանացանկեր՝ այն անձերուն որոնց պէտք է հեռաձայնէ տուեալ օրուան մը ընթացքին, դ- հանդիպման մը կամ գրուելիք նամակի մը մէջ արծարծուելիք նիւթեր, եւայլն: Այս տեղեկութիւնները երբեմն արձանագրուած են նաեւ՝ այցետոմսերու, ստացուած նամակներու պահարաններուն, եւ նոյնիսկ ստացուած… նամակներուն վրայ:
Այստեղ տրուած պահարանը նմոյշ մըն է այդ տեսակի արձանագրութիւններէն: Հոն Սիմոնեան կանաչ մելանով գրած է միտք մը, զոր կրնայ իրը ըլլալ կամ չըլլալ:
Պահարանը անմիջուկ է, եւ կը կրէ 18 Մարտ 1964 թուականի նամակատան կնիք:
Սիմոնեանի ձեռագիրը կ’ըսէ.
Հաւատալը դիւրին է, չհաւատալը՝ դժուար
Խաբելը դիւրին է, չխաբելը՝ դժուար
Անկարեւոր թուացող նոյնանման նօթագրութիւններուն մէջ, նաեւ կարելի կը դառնայ տեղեկանալ կարգ մը նիւթերու մանրամասնութեանց՝ այդ թղթիկները դարձնելով նաեւ… կարեւոր:
* * *
ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ
Ստորեւ կարգ մը ծանուցումներ «Սեւան» տպարանին, «Սեւան» հրատարակչատան, «Սեւան» գրատան, «Սփիւռք» շաբաթաթերթին, եւ նաեւ Սիմոնեանի գրական ստեղծագործութիւններուն՝ քաղուած 1965 թուականի «Սփիւռք» շաբաթաթերթի հաւաքածոյէն:Վերեւ, գրատուն «Սեւան»ի մէջ վաճառուող՝ տպարան «Սեւան»ի տպագրութիւններէն
1955ին հիմնուած Պէյրութի տպարան «Սեւան»ի մէջ տպագրուած դասագիրքերու այս բերքին վրայ ժամանակի ընթացքին պիտի աւելնային այլ դասագիրքեր եւս, բարձրացնելով «Սեւան» հրատարակչական տան դպրոցական դասագիրքերու թիւը՝ 55ի:
Սիմոնեանի բանասիրական առաջին հրատարակուած հատորն է «Արեւելահայ գրականութիւն»ը (1965): Ծանուցման մէջ նշուած՝ «Մամուլի տակ» եղող հատորները լոյս չեն տեսած:
Սիմոնեանի գեղարուեստական առաջին տպագրուած հատորն է
«Կը խնդրուի…խաչաձեւել» երգիծական երկը (1965):
Դ.
Չորրորդ նամակը, կրկին կը պատկանի գրագէտ եւ երաժշտագէտ Յակոբ Ասատուրեանին:
Հոկտեմբեր 5, 1971
Սիրելի Պարոն Ս. Սիմոնեան,
Չեմ գիտեր թէ բաժանորդագրութեան պարտքս ուր հասած է. կը ղրկեմ երկու տարուայ բաժնեգին առ հաշիւ:
Սակայն թերթիդ հանդէպ ունիմ բարոյական պարտք մըն ալ, որ մնացած է անվճար: Առ այդ, կը ներփակեմ գրութիւն մը Պարոյր [Սեւակ]ի մասին, յուսամ կը սիրէք: Ըսեմ սակայն, թէ ասոր պատճենը կը ղրկեմ նաեւ «Նոր Օր»ին, յուսամ առարկութիւն չէք ունենար եւ անպատեհ չէք նկատեր ձեր թերթին մէջ գործածութեան համար:
Կը հիանամ, յաճախ, առանձին գլխով ձեր կատարած գործին վրայ՝ որ քանի մը մարդու գործ է, սովորական պայմաններու տակ: Բայց մեր իրականութեան մէջ երեւի անսովո՛րն է միշտ, որ նկատի ունենալու ենք: Այս ժողովուրդը իր… վազող ձիերը կրկնապատի՛կ կը բեռցնէ:
Որոշ կէտերու մէջ կարելի է ձեզի հետ տարակարծիք ըլլալ, բայց ձեր անկեղծութեան ու հայրենասիրութեան վրայ տարակուսիլը մեղքի համազօր է:
Կը մաղթեմ աւելի ուժ եւ առողջութիւն:
Անկեղծօրէն՝
Յակոբ Յ. Ասատուրեան
Յօդուածիս երեւցող թիւէն եթէ երկու օրինակ «Սփիւռք» ղրկէիք առանձին փոստով շնորհակալ կ’ըլլայի:
Վերի նամակին մէջի նշեալ երկու պրակնոց յօդուածը, «Պարոյր Սեւակի հետ», միեւնոյն տարին (1971) Սիմոն Սիմոնեանի կողմէ կողքի մը տակ մտցուելով, լոյս կը տեսնէ տպարան «Սեւան»էն՝ իբր առանձնատիպ «Սփիւռք» շաբաթաթերթին:
* * *
Վերի նամակագիրներ Մարտիրոս Թարայեանը, Յակոբ Ասատուրեանը, Համբարձում Յովսէփեանը, նամակները ստացող Սիմոն Սիմոնեանը, եւ բոլոր Արեւմտահայերը վռնտուած են իրենց հազարաւոր տարիներու բնօրրանէն, եւ բռնութեան իբր զոհ դարձած Սփիւռքահայ:
Վ Ե Ր Ջ