Յարգելի ընթերցող,
Նախքան այսօրուան մայր յօդուածին մասին անդրադառնալս, կ’ուզեմ քանի մը խօսք ըսել Սիմոն Սիմոնեանի արխիւէն կայքէջի իրականացման մասին:
Կայքէջ մը հիմնելու փափաքս կու գայ հինէն: Տարիներու ընթացքին շատ խօսած, բայց գործնական ոչ մէկ քայլ առած եմ այս առնչութեամբ:
Ամիսներ առաջ, երբ ըստ սովորութեանս… կրկի՛ն կ’արծարծէի միեւնոյն նիւթը, այս անգամ ալ Յովէլին հետ, ան ըրաւ «գիւտ»ը Վարդգէսին:
Ու գեղեցիկ օր մը, 32 տարուան բաժանումէ մը ետք զիս վերստին կապեց այժմ գանատաբնակ, Վագօ անուամբ ճանչցուած, Վարդգէս Նիգոլեանին հետ:
Վարդգէսն ու ես, կարճ ժամանակ մը դասընկերներ եղած ենք Պէյրութի Հայ Աւետարանական Գոլէճին մէջ: Մեր դասընկերներէն էր նաեւ իմ պատանեկութեան մտերմագոյն ընկերն ու սիրելին՝ Դանօ Շնորհօքեանը, որ կրտսեր եղբայրն էր Յովէլին:
Դանօն 1 Նոյեմբեր 1980ին երբ տակաւին նոր ամբողջացուցած էր իր 18 տարիքը, զոհը պիտի դառնար լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքներէն մէկուն ու ընդմիշտ հեռանար մեզմէ: ‘
Եթէ չըլլար Դանոյին եւ իմ բարեկամութիւնը, շատ հաւանաբար ծանօթացած չըլլայի Յովէլին, ու Վարդգէսն ալ թերեւս իր կարգին պիտի շարունակուէր մնալ միայն յուշ: Ու իմ փափաքած կայքէջն ալ, շատ մը սիմոնեանական երազներուս նման՝ հաւանաբար շարունակուէր մնալ միայն խօսակցական նիւթ…
Շնորհակալութիւններս կ’ուզեմ յայտնել նախ Յովէլին՝ իր ըրած «գիւտ»ին համար: Տառօսը հայկական այլ գեղեցիկ եւ միեւնոյն ժամանակ ինչու չէ նաեւ հզօ՛ր ու ազգօգո՛ւտ գիւտերու սիրելի Յովէլ:
Շնորհակալութիւններս անշուշտ նաեւ, եւ անպայմա՛ն Վարդգէսին՝ որ իր գիտութեամբ, փորձառութեամբ ու ի՛ր իսկ մատներով հիմնեց Սիմոն Սիմոնեանի արխիւէն կայքէջը, եւ համբերատար ուսուցիչի մը նման, դիւրացուց ու քաջալերեց կայքէջ մը ունենալու եւ ղեկավարելու իմ կարելիութիւնը: Վարդգէսը համբերատար հոգատարի մը նման տակաւին կը շարունակէ առաջնորդել իմ քայլերս՝ ինծի համար բոլորովին անծանօթ այս դաշտին մէջ:
Շնորհակալութիւններս նոյնպէս Դանոյին, որ իր մահուընէ տարիներ ետք իսկ, դարձեալ գործեց իր բարիքներէն մին:
* * *
Սիմոն Սիմոնեանի գրչին պատկանող եւ ստորեւ տրուած այս անգամուան մայր յօդուածը, գրուած գրեթէ ԿԷՍ ԴԱՐ առաջ, իբր խորագիր ունի հետեւեալը. «ՆՈ՛Ր ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ… Արեւմտահա՛յ ըլլալու գիտակցութիւնը՝ ամենէն առաջ»:
Ահաւասիկ կարգ մը մէջբերումներ յօդուածէն.
«Կ’ապրինք ի՛րապէս նոր ժամանակներու մէջ, խելացնոր արագութեան ու տեղաշարժումներու մէջ:
Շատ բաներ կը փոխուին, կը քայքայուին ու կը վերակազմուին:»
«Իրենց հայրենիքներուն մէջ իսկ ժողովուրդներ ենթակայ են ցնցումներու եւ մերթ հիմնական փոփոխութեանց:
Ու իր գոյատեւումը շարունակելով՝ այսպիսի ժամանակներու հասած է հայ ժողովուրդը եւ կ’ապրի նո՛ր ու ցնցող ժամանակներու մէջ:»
«Բայց նոր ժամանակներու եւ անոր յաջորդող շրջանին մէջ գոյատեւելու համար անհրաժե՛շտ է նոր գիտակցութիւն, հիմնական վերափոխում: — Պէտք է քայլ պահել նոր ժամանակներու հետ, արագութեամբ, մտայնութեամբ, գործելու եղանակով:»
Յօդուածի վերջին պարբերութեան մէջ կը կարդանք. «Հաւաքական զօրաշարժով մը, գլխաւորուած՝ Համահայկական Գլուխով մը, մեր բոլոր կարելիութիւնները երբ զօրակոչի ենթարկենք, <…> պիտի տեւենք, պիտի զօրանանք՝ իբրեւ Արեւմտահայ Հողերուն պահանջատէր Հայութիւն»:
Ստորեւ տրուած են թէ սոյն յօդուածին նոր մեքենագրուած օրինակը, եւ թէ ալ «Սփիւռք»ի միեւնոյն համարի մէջ եղող, այլ յօդուածներու նկարագրականն ու այս անգամուան Թղթահանդէսը:
Յարգանքով՝
Սասուն Սիմոնեան
Մարտ 2022, Անթիլիաս-Լիբանան
* * *
ՆՈ՛Ր ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ…
Արեւմտահա՛յ ըլլալու գիտակցութիւնը՝ ամենէն առաջ
ՍԻՄՈՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆ
Աղբիւր՝ «Սփիւռք» շաբաթաթերթ, 21 Յունուարի 1973, էջ 1
Ամենէն աւելի մեր ժամանակները արժանի են կոչուելու՝ նոր ժամանակներ, նո՛ր՝ արագութեամբ, գիւտերու բազմութեամբ, մտայնութիւններու յեղակարծ փոփոխութեամբ, ընկերային շարժումներով, յեղաշրջումներով, խմբակցութիւններու քայքայումով ու նոր խմբակցութիւններու գոյառումներով:
Մեր սերունդը, կամ 1972 թուականը, տեսաւ աշխարհի ամենէն դրամատիրական երկրին՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն եւ աշխարհի ամենէն ձախ երկրին՝ Չինաստանի մերձեցումը:
Կ’ապրինք ի՛րապէս նոր ժամանակներու մէջ, խելացնոր արագութեան ու տեղաշարժումներու մէջ:
Շատ բաներ կը փոխուին, կը քայքայուին ու կը վերակազմուին:
Նոր մարդն է որ կը կազմուի՝ իր նոր մտայնութեամբ ու ջիղերով:
Իրենց հայրենիքներուն մէջ իսկ ժողովուրդներ ենթակայ են ցնցումներու եւ մերթ հիմնական փոփոխութեանց:
Ու իր գոյատեւումը շարունակելով՝ այսպիսի ժամանակներու հասած է հայ ժողովուրդը եւ կ’ապրի նո՛ր ու ցնցող ժամանակներու մէջ, բայց ոչ ամբողջութեամբ իր հայրենիքին մէջ, այլ՝ մէկ հաւասար կէսովը իր Մայր Հայրենիքին մէջ, եւ միւս հաւասար կէսովը՝ սփիւռքի մէջ, ցանցնուած՝ առնուազն 40 երկիրներու մէջ, երկրագունտի հինգ ցամաքամասերուն վրայ:
Հայութեան արեւմտեան թեւը մեծագոյն մասովը կ’ապրի սփիւռքի մէջ, այսինքն 40է աւելի երկիրներու եւ անոնց դրօշներուն տակ:
Կ’ընդունինք որ այսպիսի պայմաններու մէջ շատ դժուար է ո՛չ միայն գոյութիւն, այլեւ ազգային նկարագրի միութիւն, այսինքն՝ ազգային սեպհական գիծերու եւ տարրերու միութիւնը պահել ու պահպանել. — Ազգային սեպհական զատորոշիչ յատկանիշները՝ լեզուն, սովորութիւնները դաւանանքը, ազգային իտէալը պիտի տժգունին, մերթ պիտի ունենան անարիւնութիւն:
Բայց փա՜ռք մեր ժողովուրդին. ահաւասիկ աւելի քան 50 տարիէ ի վեր կ’ապրի սփիւռքներու մէջ (1920-1972), եւ առնուազն չէ կորսուած, եւ ներկայիս աւելի թիւ (գրեթէ կրկնապատիկ) կը հաշուէ քան յիսուն տարիներ առաջ, երբ հաւաքական պանդխտութեան ցուպը նոր ձեռք էր առեր, իսկ նիւթապէս եւ բարոյապէս տասնապատիկ աւելի զօրացած է — հարստութեամբ, գիտութեամբ, արհեստներով, արուեստներով, ճարտարարուեստով, վաճառականութեամբ:
Անցնող 50 տարին լաւագոյն փաստն ու հաւաստիքն է մեր կարենալ գոյատեւելուն յաջորդ ժամանակներուն:
Բայց նոր ժամանակներու եւ անոր յաջորդող շրջանին մէջ գոյատեւելու համար անհրաժե՛շտ է նոր գիտակցութիւն, հիմնական վերափոխում: — Պէտք է քայլ պահել նոր ժամանակներու հետ, արագութեամբ, մտայնութեամբ, գործելու եղանակով:
Բարեբախտաբար բան փոխուած է հայ սփիւռքի կեանքին մէջ: Դադրած են պայքարները, եւ անոնց մսխուած ոյժը յատկացուած՝ առայժմ մենատնտեսաբար հատուածներէն իւրաքանչիւրին զօրացման: Հանդուրժողութիւնը փռած է իր լուսաւոր ստուերը հայ կեանքին վրայ: Շուտով մեր ժողովուրդը բաժանող պատուարներուն թղթեայ պատերը եւս փուլ կու գան, եւ հայ սփիւռքը կը սկսի հաւաքաբար մղել գոյատեւման իր պայքարը, դարուն նորութեան զէնքերովը:
Սփիւռքի Հայութիւնը գոյատեւելու համար անհրաժեշտ է որ պահէ իր արեւմտահայ ըլլալու գիտակցութիւնը, եւ իր դիմադրութեան նոր, արդիական ու գիտական զէնքերը ձուլէ արեւմտահայ իր մետաղէն: Ո՛չ մէկ ժողովուրդ կը տեւէ առանց իր սեպհական արիւնին. — Մեր արիւնը Արեւմտահայութիւնն է. փոխակերպեալ ու փոխառեալ արեամբ դժուար կը տեւենք: — Իբրեւ Արեւմտահայ պիտի ապրինք ու գոյատեւենք սփիւռքի մէջ, իբրեւ Արեւմտահայ պիտի պահանջենք մեր հողերը եւ իբրեւ Արեւմտահայ պիտի մեկնինք Աւետեաց երկիրը՝ Հայաստան:
Արեւմտահայ գիտակցութեամբ ապրելու եւ գոյատեւելու համար՝ ամենէն առաջ անհրաժեշտ է Արեւմտահայ Գրականութիւնը, զոր ժառանգած ենք Զօհրապներէն, Թլկատինցիներէն, Զարդարեաններէն, Վարուժաններէն, Սիամանթոներէն, Թէքէեաններէն եւ Օշականէն (որուն մահուան 25րդ տարին է 1973ը), եւ զոր ոչ միայն պիտի պահենք ու պահպանենք, այլեւ զօրացնենք:
Սփիւռքի մէջ, Արեւմտահայ Սփիւռքին մէջ, կարելի է Արեւմտահայ Գրականութիւնը պահել ու զօրացնել: Անցեալին մէջ Արեւմտահայ Գրականութիւն զարգացուցած ամբողջ Պոլիսը իր արբանեակներով (Իզմիր եւ գաւառական քանի մը քաղաքներ) նուազ նպաստաւոր պայմաններ ունէր քան այսօրուան Պէյրութը առանձինն — իր հայ բնակչութեան թիւով, դպրոցներու ցանցով (Պոլսոյ 2-3 երկրորդական դպրոցներուն դիմաց՝ այսօր Պէյրութը կը հաշուէ 20է աւելի երկրորդական դպրոցներ, եւ երեք հայագիտական ամբիոններ, մինչդեռ Պոլիսը զուրկ էր հայագիտական ամբիոնէ…):
Թերահաւատութիւնը եւ պատասխանատուներուն ապիկարութիւնը չզմռսենք:
Պիտի գոյատեւենք հաւաքական ճիգով: Սփիւռքի կարելիութեանց շատ չնչին մասը միայն յատկացուած է գոյամարտին: Հաւաքական զօրաշարժով մը, գլխաւորուած՝ Համահայկական Գլուխով մը, մեր բոլոր կարելիութիւնները երբ զօրակոչի ենթարկենք, եւ մաղթենք որ 1973 թուականէն սկսեալ ենթարկենք, պիտի տեւենք, պիտի զօրանանք՝ իբրեւ Արեւմտահայ Հողերուն պահանջատէր Հայութիւն, որ Պարոյր Սեւակի բառերով՝ գալիք տարիներուն վճռագին պիտի աղաղակէ . — «Կանք, պիտի մնանք, ու դեռ շատանանք»:
Վերի յօդուածը եւ «Սփիւռք» շաբաթաթերթի 1973 տարուան 21 Յունուարի համարին ու անոր պարունակութեան կրնաք ծանօթանալ այցելելով Հայաստանի Ազգային Գրադարանի թուայնացուցած շտեմարանը, սեղմելով այստեղ:
Հոն պիտի հանդիպիք հետեւեալ գրողներուն եւ նիւթերուն.
– Հրանդ Սիմոնեան ……………… «1973ի սեմին սփոփիչ արդիւնքներ» («Հա՛յ դատի զինուորներ, լա՛ւ մտիկ ըրէք» շարքէն)
– Սամուէլ Ռշտունիի ալպոմէն …………….. «60 տարի առաջ իր առաջին թերթը բացած ալպոմէ մը» գրեթէ ժամանակագրական հերթականութեամբ տրուած են յուշատետր-ալպոմին մէջի ձեռագիրները, եւ իւրաքանչիւրին կողքին մեքենագրուած պարունակութիւնները հետեւեալ երեւելիներուն. Է. Ակնունի, Ռ. Զարդարեան, Շահրիկեան, Զապէլ Եսայեան, Սարգիս Մինասեան, Արմէն Կարօ, Լիպարիտ Նազարեան, Սիամանթօ, Փրոֆ. Խաչատրեան, Սողոմոն Թեհլիրեան, Ալիսիա Կիրակոսեան, Գուրգէն Մահարի, Մարտիրոս Սարեան, Խաչիկ Դաշտենց, Երուանդ Օտեան եւ Յովհաննէս Շիրազ:
– Արսէն Աճէմեան ……………….. ԱՀԱԶԱՆԳ – «Կոչ ընդհանուր հայութեան» (կրկին Համահայկական կեդրոնական մարմնի մը ստեղծման անհրաժեշտութեան մասին)
– Գրիգոր Կիրակոսեան ……………….. «Յակոբ Օշականի պարագան» (հոն տրուած է նաեւ նամակ մը Տիգրան Կամսարականէն ուղղուած Գրիգոր Կիրակոսեանին):
– Խոսրով Ասոյեան …………….. «Զուգահեռի առանցքէն» (նորերս հանգուցեալ Խոսրով Ասոյեան եղած է «Սփիւռք» շաբաթաթերթի, Գարունական աշխատակիցներէն: «Սփիւռք-Գարունականները» այն երիտասարդ աշխատակիցներն էին որոնք ծիլ արձակեցին Սիմոնեանի «Սփիւռք»ին մէջ: Ասոյեանի բանաստեղծութիւններու «Արեւագալ» հատորիկը լոյս տեսած է «Սեւան» հրատարակչատունէն 1973 թուին: Լոյս իջնէ Խոսրովի հոգուոյն):
– Յովհաննէս Այանեան …………….. «Յոյսի երազ»
–Սմբատ Շահնազարեան ………. ԴՐՈՒԱԳՆԵՐ – «Խոնարհ մարդոց մարգարէութիւնները՝ աղէտէն առաջ (1915)»
– Գէորգ Թէմիզեան ………. «Անապատ թիւ 2»
– Կարօ Բարսեղեան ……………….. «Վերջին փորձը»
– Բժիշկ Թորոս Թորանեան ……………….. ՕՐԱԳԻՐ – «Հին ու նոր սերունդ»
–Բժիշկ Ահարոն Խաչատուրեան ……………….. «Անմոռանալի ուսուցչիս՝ Խորէն Գաբիկեանի խնկելի յիշատակին»
– Յ. Միւթեվելեան ………. «Աւելի լաւատեսութիւն՝ 1973ին»
– Յովհաննէս Շիրազ ………. անխորագիր
– Ծանուցումներէն մին է ……………….. «ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ// ՍԻՄՈՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆ// ԼԵՌ ԵՒ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐ// Պատմուածքներ եւ վիպակներ// 480 մեծադիր էջերով, ԳԵՂԱՏԻՊ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ// Գին՝ Թղթակազմ 10 Լ. Ո. Լաթակազմ 12 Լ. Ո.// Ապսպրանքի հասցէ՝// P. O. BOX 6651 – Beirut, Lebanon»
* * *
Նախքան Թղթահանդէսին անցնիլս, կը մէջբերեմ Սիմոնեանի հետեւեալ տողերը որոնք օրին գրուած են արեմտահայերէնի պաշտպանութեան համար:
«Մայրս՝ արեւմտահայերէնն է, մօրաքոյրս՝ արեւելահայերէնը, իսկ մնացեալ բոլոր մայրերը՝ մնացեալ բոլոր լեզուներն են, մայրենի լեզուները, որոնց բոլորին հանդէպ յարգանք ունիմ:»
«Խեղճ մայրիկ, այրի ու ծեր մայրիկ,— կը մրմնջեմ մտովի. ապա՝ Սիամանթոյի բառերը կ’արտասանեմ աղօթքի պէս՝
Մայրի՜կ, մայրի՜կ… հին օրերու սրբութի՜ւն…
Մայրի՜կ, մայրի՜կ… հին օրերու երջանկութի՜ւն…
Մայրի՜կ, մայրի՜կ… նոր օրերո՜ւ թշուառութի՜ւն…
Ես կ’աղօթեմ որ նախ մեր դժբախտ մայրիկը չմեռնի, դարմանուի ու խնամուի, ապա՝ Ի՛Մ ու քու բախտաւոր մօրաքոյրը երկար, շա՜տ երկար ապրի, ԱՆՄԱՀ մնայ…
Բայց մանաւանդ երեք անգամ ծնրադրելով կ’աղօթեմ ու կ’աղերսեմ որ (կեանք է, կը պատահի) մօրաքոյրը չմեռնի մայրիկէն առաջ…»
ԹՂԹԱՀԱՆԴԷՍ
—
ՍԻՄՈՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ ՕՐԸ
Իւրաքանչիւր Մարտ ամսուն, Սիմոնեան իր տարեդարձը կը յիշեր երկու տարբեր օրերու ընթացքին: Մին, հին տոմարով՝ Մարտի 11ին, իսկ միւսն ալ նոր տոմարով՝ Մարտի 24ին:
Ստորեւ տրուած նամակը, գրուած բանաստեղծուհի Ալիսիա Կիրակոսեանի կողմէ, ունի ծանօթագրութիւն մը Սիմոնեանի կողմէ, ուր ան կ’արծարծէ իր ծննդեան օրը կամ… օրերը:
Այս նամակն ու շրջաբերականը տպագրուելէ քիչ ետք («Սփիւռք», 15 Յուլիսի 1973, էջ 8), Սիմոնեան կը ստանայ նամակ մը, Վիեննայի Մխիթարեան ուխտի միաբան Հայր Գրիգորիս Վարդապետ Մանեանէն: Վարդապետը նամակին մէջ իր զուարճախօսութեամբ, կը փորձէ միաբանութեան մատենադարանին ապահովել Ալիսիա Կիրակոսեանի տպագրուած հատորէն օրինակ մը:
Ահա նամակին ձեռագիրն ու յետոյ ալ մեքենագրուած տարբերակը.
«Յարգելի Տիար Սիմոն Սիմոնեան
Պատասխանատու տնօրէն եւ խմբագրապետ «Սփիւռք»ի
Պէյրութ
Յարգելի Տիար,
Ձեր պատ[ուական] թերթէն (15/7/1973) հաճոյքով տեղեկացայ, որ դուք բանաստեղծուհի Ալիսիա Կիրակոսեանի եղբայրն էք, քանի որ փոքրիկ Լարան իր թիւ 1 շրջաբերականին մէջ «մօրեղբայր» կանուանէ Ձեզ:
Արժանթինէ եւ հիւսիսային Ամերիկայէ այցելող քանի՜ հիւրերու դիմեցի Ձեր «քրոջ» բանաստեղծութիւններու հատորն մեր Մատենադարանի գրականութեան երկերու կողքին ունենալու համար: Խոստումներն ցայսօր կը մնան խոստում:
Ալիսիայի չկրցայ ուղղակի դիմել, որովհետեւ հասցէն անծանօթ է ինծի:
Հայու մը օտարալեզու գործերն ալ կը հետաքրքրեն մեզ: Շնորհակալ պիտի ըլլանք Ձեզի, եթէ Ձեր ազնիւ «քրոջ» թելադրէիք իր գործերն[,] ստորագրութեամբը [իր,] մեր Մատենադարանին նուիրելու:
Մնամ կանխայայտ շնորհակալութեամբ
եւ անկեղծ յարգանաց հաւաստեօք
Հ[այր] Գրիգորիս Վ[ա]րդ[ապետ] Մանեան
Ընդ[հա]ն[ուր] Աբբա[հայր]»
* * *
ԱՅՆԹԱՊՑԻ ՄԱՆԿԱԲԱՐՁ ԵՐԿՈՒ ՔՈՅՐԵՐ
ՍԻՖՈՐԱ եւ ՆՈՒՐԻՁԱ ՇՆՈՐՀՕՔԵԱՆՆԵՐ
Մանկաբարձ երկու քոյրեր, օրիորդներ Սիֆորա եւ Նուրիձա Շնորհօքեաններ, դայեակը եղած են աւելի քան 8500 մանուկներու (տես, «Պատմութիւն Անթէպի հայոց», Գ. հատոր, գլխաւոր խմբագիր Երուանդ Պապայեան, Գալիֆորնիա, 1994, էջ 926):
Օվէ եւ Մեննուշ Սիմոնեաններու երեք որդիներ Սիմոն, Գրիգոր եւ Յարութիւն, եղած են այս 8500 մանուկներէն եւ ծնած են Այնթապի մէջ:
Սիմոնին մանկաբարձը եղած է օրիորդ Նուրիձան, իսկ Գրիգորինն ու Յարութիւնինը օրիորդ Սիֆորան:
Այս մանկաբարձ քոյրերը, մանրակրկիտ արձանագրութիւններ պահած են իրենց ծննդաբերած մանուկներու ծննդեան պարագաներուն՝ ծնողներու անուան, բնակավայրին, ծնող զաւկին մանչ թէ աղջիկ ըլլալուն, իրենց գանձած գումարին ու երբեմն ալ արձանագրած այլ տուեալներ:
Այս վաւերագիրներուն մէջէն կարելի եղաւ յայտնաբերել Սիմոն Սիմոնեանի տարեդարձի նոր… երրորդ թուական մը: Ցարդ մեզի ծանօթ 11 եւ 24 Մարտերուն կողքին, 22 Մարտը եկաւ բազմելու եւ ինքզինք պարտադրելու միւս երկու օրերուն կողքին:
Եւ այս՝ մանկաբարձ Նուրիձայի վաւերական արձանագրութեան շնորհիւ:
Երկու դայեակ քոյրերու երկու տետրակներուն շնորհիւ, նաե՛ւ կարելի եղաւ ստուգել, Գրիգոր եւ Յարութիւն Սիմոնեաններու ծննդեան օրերը, որոնք ցարդ կը մնային անծանօթ Սիմոնեան ընտանիքին:
Սիմոնեան երեք եղբայրներու ծննդեան արձանագրութիւնները կարենալ վերծանելու համար, կու տամ կարգ մը տուեալներ շեղակի ու թաւ գիրերով:
ա. Սիմոն Սիմոնեանի հայրը, ջաղացպան Օվէն (Յօվէ, Յովհաննէս), Սասնոյ Կերմաւ գիւղէն Սիմոյի սերունդէն էր, եւ շառաւիղներէն Քենկոյի Տան:
բ. Պանդուխտ սասունցիներ Այնթապի մէջ կը ճանչցուէին Պէքիարեան ու նաեւ Տէյիրմենճեան (թրքերէն տէյիրմենճի կը նշանակէ ջաղացպան) մականուններով (Տես Սիմոն Սիմոնեանի «Կրթասիրաց հայակերտման հնոց» գրութիւնը «Նոր Այնթապ», խմբագիր Թորոս Թորանեան, Հալէպ, 2012, էջեր 186 եւ 187):
գ. Օվէի կինը Մեննուշը, բնիկ Այնթապցի էր եւ զաւակը Տարաքճի (սանտրագործ, արհեստով սանտրեր պատրաստող) Յակոբին, որ ճանչցուած էր Տարաքճը Ակոբ կամ Ճրագօ Ակոբ անուններով: Հետաքային Ճրագօները դաւանելով լատին կրօնքը պիտի որդեգրէին ժիրաքօ եւրոպականացուած մականունը:
դ. Օվէն եւ Մեննուշը Այնթապի մէջ կը բնակէին Հէօյիւք թաղին մէջ, ըստ Սիմոն Սիմոնեանի «Մեր դպրոցը գետափին…» պատմուածքին (տես «Յաւելուած Այնթապի հայոց Պատմութեան», աշխատասիրեց Յարութիւն Սիմոնեան, խմբագրում եւ ներածութիւն Դոկտ. Վաչէ Ղազարեան, Պէյրութ, 1997, էջ 24):
Վերեւ տրուած հայատառ թրքերէն ձեռագիրը, դայեակ Նուրիցա Շնորհօքեանի 1914 տարուան, Մարտ-Մայիս ամիսներու ծննդաբերութիւններու էջն է:
Առաջին տողին վրայ գրուած է. «Հայիքտէն. Պէքեար Մեննուշուն. 7 սենէ սոնրա. Էրմ[էնի] օղ[լան]. 12 ղր[ու]շ»: Այսինքն՝ «Հայիք (Հէօյիւք ըստ Սիմոնեանի) [թաղի բնակիչ]Պեքիար Մեննուշը. 7 տարի ետք. հայ. մանջ. [գանձեցի]12 ղր[ու]շ:
Մանկաբարձ Նուրիձան «եօթ տարի ետք» բառերը արձանագրելով, տուած է նաեւ Սիմոնեանի մօր, Մեննուշի մասին յաւելեալ տեղեկութիւն մը:
Մեննուշը, Օվէյէն առաջ ամուսնացած էր Տալւորցի Պետօ Տօնոյեանի հետ, ու մնացած անզաւակ երկար տարիներ: Պետոյի վաղահաս մահուընէ մէկ տարի անց, Օվէն ամուսնացած էր Մեննուշին հետ, ու տարի մը ետք ալ անոնք բախտաւորուած էին Սիմոնով: Ուրեմն, Մեննուշին այս երկու կենակցութիւններէն «եօթ տարի ետք» կը ծնի իր առաջին զաւակը, Սիմոնը՝ ըստ դայեակ Նուրիձայի արձանագրութեան:
Սիֆորայի տոմարին մէջ, 1919 տարուան 3973րդ ծնունդին տէրն է Օվէի եւ Մեննուշի երկրորդ զաւակը՝ Գրիգորը: Հոն արձանագրուած է. «3973 Յուլիս 4 Սասօն Պեքեար Հօվէնին Ճրագօ Մէննուշուն օղլ[ա]ն 69 [ղրուշ]»: Այսինքն՝ 3973րդ ծնունդը [1919ի] Յուլիսի 4ին [էր: Ան] Սասունցի Պեքիար Օվէյին [եւ] Ճրագօ Մեննուշին մանչ [զաւակն է: Գանձեցի] 69 [ղրուշ:]
Կրկին Սիֆորայի տոմարին մէջ, 1921 տարուան Մայիս ամսուան էջին մէջ 4151րդ ծնունդի տէրն է Օվէի եւ Մեննուշի երրորդ զաւակը՝ Յարութիւնը: Հոն կը կարդանք. «4151 [Մայիս] 5 Պեքեար Հօվէնին Տարագճը Ակոբուն գըզը Մէննուշուն օղլ[ա]ն 100 [ղրուշ]»: Այսինքն՝ 4151[րդ ծնունդը 1921ի Մայիսի] 5[ին էր. Ան] Պեքեար Օվէյին [եւ] Տարագճի Ակոբին աղջկան Մեննուշին մանչ [զաւակն է: Գանձեցի] 100 [ղրուշ]:
Շնորհօքեան քոյրերու հազարաւոր ծննդաբերութիւններու այս երկու տետրակները կը գտնուին այժմ ամերիկաբնակ Վահիկ Շնորհօքեանի ընտանիքին մօտ:
Վերեւ տրուած արձանագրութիւններու ձեռագիրները, եւ կարգ մը այլ մանրամասնութիւններ, հօրեղբօրորդիիս՝ Յովանին խողովակով փոխանցուեցան ինծի, Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեանի եւ Ճորճ Աղճայեանի կողմէ՝ որոնց մօտ կը գտնուին պատճեններ այս երկու տետրակներէն:
Շնորհակալութիւններս ուրեմն, Խաչիկին, Ճորճին եւ Յովանին, առանց որոնց ինծի անծանօթ մնացած պիտի ըլլային այս տուեալները:
* * *
«ԼԵՌ ԵՒ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐ»
Սիմոնեանի «Լեռ եւ ճակատագիր» հատորը լոյս տեսած է Պէյրութի մէջ 1972ին՝ տպարան եւ հրատարակչատուն «Սեւան»էն:
Գիրքի տպագրութենէն երկու տարի ետք, 1974ին, Սովետական Հայաստանէն Լիբանան կ’այցելէ բանաստեղծ Համօ Սահեան: Լիբանանահայ Գրական Շրջանակը որ հրաւիրող կողմը եղած է, կը կազմակերպէ նաեւ բանաստեղծին յոբելեանը:
Իր Լիբանան կեցութեան ընթացքին, Սիմոնեան, որու գրականութեան մուտքը արգիլուած էր Սովետական սահմաններէն ներս, կը ծանօթանայ Սահեանին ու անոր կը նուիրէ «Լեռ եւ ճակատագիր» գիրքէն օրինակ մը:
Վարը տրուած նամակը, Սահեան կը գրէ «Լեռ եւ ճակատագիր» հատորը կարդալէ ետք ու զայն Սիմոնեանին կը յանձնէ ձեռամբ, Լիբանանէն իր մեկնումի առաւօտը:
Սահեանի նամակին ձեռագիրէն իբր նմոյշ, ստորեւ տրուած են երկու էջեր: Ձեռագիրէն ետք կայ նամակի պարունակութեան ամբողջութիւնը, վերցուած «Սփիւռք» շաբաթաթերթէն, որմէ ետք կայ նաեւ Սիմոնեանի պատասխանը Սահեանին, ուր ի միջի այլոց ան կ’ըսէ. «Բոլոր շուները, նո՛յն տիպի, նո՛յն հասակի, չեն հանդուրժեր ներկայութիւնը, գոյութի՛ւնը, իրենցմէ տարբեր շան մը, գեղեցիկ ու մեծ շան մը. կա՛մ պէտք է ըլլան իրենց նման, կա՛մ պէտք է յօշոտուին իրենցմէ տարբեր եղողները:»
Առաջին էջին վրայ կարմիր մելանով գրուած «Համոյ Սահեանէն» ձեռագիրը կը պատկանի Սիմոնեանին:
ՍԻՄՈՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ ՆԱՄԱԿԸ՝ ԻՐ ԾԱԳՄԱՆ ՄԱՍԻՆ
Վարը տրուած Սիմոնեանի նամակը գրուած է Անթիլիասէն՝ 1952ին:
Նամակը ուղղուած է Հալէպի Կրթասիրաց վարժարանի իր երբեմնի տնօրէն՝ Գրիգոր Պողարեանին:
Նամակին չորրորդ կէտը կ’արծարծէ Սիմոնեանի արեան, ծագման ու իր Սասունցիութեան նիւթը:
Նամակը մաս կը կազմէ Գրիգոր Պողարեանի արխիւին որ կը գտնուի Հայկազեան համալսարանին մէջ՝ Պէյրութ- Լիբանան:
Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանէն տեղեկացայ այս նամակի գոյութեան մասին:
Շնորհակալութիւններս իրեն ու Հայկազեան համալսարանի տնօրէնութեան այս նամակը կարենալ կիսուելու համար ձեզի հետ:
Սիրելի՛ Պ[ա]ր[ո]ն Գր[իգոր] Պողարեան,
Շատ պիտի փափաքէի անձամբ տեսնուիլ Ձեզի հետ եւ այս բոլոր գրելիքներս բերանացի հաղորդել Ձեզի: Կ’երեւի թէ՛ Դուք թէ ես զբաղած ենք: Օգոստոսին երբ եկած էք վանք, ես տունը կ’աշխատէի… Հ[ա]յ[ո]ց Պատմ[ութեան] դասագիրքին վրայ, զոր աւարտելու մօտեցած եմ եւ որ ինձմէ անհաշիւ ժամանակ խլեց, աղբիւրներու բազմութիւն մը անպայման օգտագործելու «դատապարտելի» խղճամտութեան պատճառով: Այլեւս չեմ ուզեր խոստանալ, բայց յուսով եմ որ Հոկտ[եմբերի] 1ի[ն] կը լրանայ [տպագրութիւնը]:
Կը դասաւորեմ գրելիքներս Ձեր հարցումներուն պատասխանելու համար.-
1- 950 (ըստ Ձեր եղբօրը 948) կտոր դասագիրք կրցի ղրկել Ձեզի: Եթէ դուք եւս կ’ուզէք Ձեր հետ տանիլ, կրնամ Պաալպէք հասցնել կամ թէ Դուք հանդիպումով մը կրնաք եղբօրս Յարութիւնի խանութէն առնել: Այս առթիւ յայտնեմ թէ Լեւոն Պեքիարեան եւ Լեւոն Էքմէքճեան (!) ինձմէ գիրք ուզեցին: Մերժեցի անձնապէս տալ եւ Ձեր հասցէն ցոյց տուի: Իրենց, մա՛նաւանդ առաջինին, որ պարկեշտ կ’երեւի եւ նախկին ուսուցիչ է, կրնաք դիւրութիւն տալ զեղչի: [Հալէպ,] Կիւլէսէրին [Տէմիրճեան գրատան] պիտի մերժեմ գիրք ղրկել: Անցեալ տարի զիս տառապեցուց…:
2- Տէր Ասատուրեան Վարդան Ք[ա]հ[ա]ն[ա]ն վստահելի է չափազանց: Կրնաք իրեն վստահիլ:
3- Բաբգէն Կաթ[ողիկոս]ի գործը լրանալու մօտ է: «Հասկ»ին բացառիկը անոր այս ամիս աւարտման արգելք եղաւ: Կը լրանայ Նոյեմ[բերին]: Հ[այր] Գնէլը [Ճէրէճեան] պիտի պատրաստէ յատուկ անուններու ցանկը: Վանքի եւ նուիրատու ժառանգորդներու միջեւ կը խորհիմ անհամաձայնութեան ոեւէ կէտ չկայ: Միայն թէ լուս[ահոգի] Գարեգին Կաթ[ողիկոս] [Յովսէփեան] 4000 [գումար]ը բարձրացուց 5000ի (կարծեմ թէ): Ձեզի ճշգրիտ պատասխանելու համար կը տեսնուիմ Հ[այր] Գնէլի հետ եւ աչքէ կ’անցընեմ «Հասկ»երը, ուր օրը օրին արձանագրեցինք նիւթական մասը: Պ[արոն] Լ. Նազարեան եւս տեղեակ է ըստ էութեան: Օրինակներու բաժանումը դիւրին է եւ կարծեմ Ձեր գտած ձեւովն է:
4- Իմ կենսագրութիւնս եւ նկարս կ’ուզէք՝ դնելու համար Այնթապի նուիրուած Ձեր գիրքին մէջ: Ասիկա ինծի մտածել կու տայ հողի եւ ծագման բարդ հարցերուն մասին, որոնք ասկէ առաջ եւս շատ մտածել տուած են: Ես «սասունցիութիւն» չեմ ծախած, ինչպէս գրած էք: Հարցը ինծի համար դրուած է հետեւեալ ձեւով. իբրեւ հայ, իմ կազմաւորումս կը պարտիմ հօրս, ուրիշ խօսքով ծագումիս – Սասունցիութեան, այս անգամ առանց չակերտի: Առանց հօրս՝ պիտի ըլլայի Jiraco-ներու պէս բան մը: Իբրեւ մարդ, կ’ընդունիմ որ ծնած եմ Այնթապ. ատիկա կարելի չէ ուրանալ: Բայց դուք կ’ուզէք հայ-Այնթապի գիրքը գրել: Իբրեւ հայ՝ ես կ’երթամ Սասունին, արեան ճամբով: Կ’ուզեմ որ այդպէս մնայ. ոչ միայն որովհետեւ Սասունցի ըլլալը հպարտութիւն կրնայ բերել, այլեւ որովհետեւ իմ ներքին էութիւնս աւելի ճիշդ կը բնորոշուի Սասունցիութեամբ: Կ’ուզեմ ես ինծի, աւելի՝ իմ ներքին էութեանս հաւատարիմ մնալ, մանաւանդ գրելիք գործերուս համար, որոնք կու գան Սասունէն երթալու համար անոր եւ որոնք դաշնութիւն եւ զուգահեռ կը կազմեն հեղինակին սասունցիութեամբը: Տարօնի պատմութիւնը, Սասունցիներու կեանքէն պատմուածքներու շարքը, զորս պիտի գրեմ, եւ մանաւանդ իմ խառնուածքս կը պահանջեն իրենց բաժինը, որ ԱՒԵԼԻ ԿՇՌԵՑ Այնթապի բաժինէն: Այս բացատրութիւնները թերեւս որոշ չափով Ձեզ համոզեն եւ յուսով եմ որ զիս չէք ձգեր հակասութեան մէջ: Ու Դուք բան մը չէք կորսնցներ իմ մասիս ոչինչ գրելով, որովհետեւ ես տակաւին անելիքս չըրած մէկն եմ:
Ձեզի յաջողութիւն եւ կազդոյր մաղթելով եւ բարեւելով Ձեր ազնիւ Տիկինն ու սիրասուն մանչը յանուն իմ, Տիկնոջս եւ զաւակներուս, մնամ Ձերդ, սիրով՝