Ինչ որ պարոն Սիմոնեան յաջողեցաւ ընել իր խմբագրութեան օրերուն՝
բացի յայտնաբերելէ եւ քաջալերելէ ապագայ խոստացող գրողներ,
շաբաթաթերթը վերածելն էր իսկական անկախ վայրի մը,
ուր տարբեր կարծիքներ կրնային արտայայտուիլ, արծարծուիլ ազատօրէն,
եւ այս առանց որեւէ տեսակի գրաքննութեան:
«Սփիւռք»ը եղաւ այն յարթակը ուր թէ Սփիւռքի,
եւ թէ ալ Հայաստանի հայ կեանքը
արտացոլուեցաւ առանց որեւէ շպարի ու աղաւաղման:
Մարզպետ Մարկոսեան
Յարգելի ընթերցող,
Անցնող Նոյեմբերին (2022) քանի մը օրերու տարբերութեամբ այս աշխարհէն հեռացան ծնունդով երկու լիբանանահայեր՝ Մարզպետ Մարկոսեանն (1940-2022) ու Ժիրայր Դանիէլեանը (1941-2022):
Թէ Մարկոսեանը, եւ թէ ալ Դանիէլեանը եղած են Սիմոն Սիմոնեանի երբեմնի աշակերտներէն, երբ Սիմոնեան իբրեւ այցելու ուսուցիչ՝ գրաբար եւ մատենագրութիւն կը դասաւանդէր Պէյրութի Հ.Բ.Ը.Մ.ի Յովակիմեան-Մանուկեան մանչերու երկրորդական վարժարանէն ներս:
Միեւնոյն ժամանակաշրջանին Սիմոնեան արդէն հիմը դրած էր իր «Սեւան»ներուն (տպարան, հրատարակչատուն, գրատուն), եւ հակառակ այն իրողութեան որ ծանր նիւթական պարտքերու տակ ալ կը գտնուէր, ան սկսած էր հրատարակել անկախ (ո՛չ չէզոք) «Սփիւռք» (1958-74) շաբաթաթերթը, եւ իր արծարծած կարգ մը նիւթերով, «ըստ երեւոյթին, խանգարած է շնչառութիւնը մէկէ աւելի մարդոց»… ինչպէս գրած է Սիմոնեան 1965ի իր յօդուածներէն մէկուն մէջ:
«ՍՓԻՒՌՔ-ԳԱՐՈՒՆ»Ն ՈՒ «ՍՓԻՒՌՔ-ԳԱՐՈՒՆ»ԱԿԱՆՆԵՐԸ
Թղթապանակիս մէջ գտնուող նիւթերէն են «Սփիւռք» շաբաթաթերթէն ծլած՝ «Սփիւռք-Գարուն»ն ու անոր երիտասարդ աշխատակիցները. աշխատակիցներ, որոնք ժամանակի ընթացքին սկսան կոչուիլ՝ «Սփիւռք-Գարուն»ականներ:
Ժիրայր Դանիէլեանը իր բանասէրի մօտեցումով, այս անգամ ի՛նքը պիտի ըլլայ այս նիւթը ներկայացնողը, գրեթէ անտիպ յօդուածով մը՝ երեւցած Յուլիս 2022ին Դանիէլեանի տիկնոջ, Զուարթին Դիմատետրի էջին վրայ, ու մնացած այդտեղ… զմռսուած: Դանիէլեան հոն մանրամասնօրէն նկարագրելով իր ինքնակենսագրութեան ժամանակահատուածներէն մին, հետաքրքրական տուեալներու կողքին նաեւ կ’ընէ պատմականը «Սփիւռք-Գարուն»ի հրատարակման, եւ «Սփիւռք-Գարուն»ական… մը իր դառնալուն:
2020ի Օգոստոսի 4ին, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած էր ահաւոր ու ոճրային պայթիւն մը՝ ոչ շատ հեռու Ժիրայր Դանիէլեանի բնակարանէն. իբր արդիւնք՝ Դանիէլեան ամբողջովին կորսնցուցած էր իր առողջ աչքին տեսողութինը, եւ իր «մէկ հատիկ»ը մնացած էր այն միւսը, որ արդէն հազիւ մէկ հինգերորդով միայն կը գործէր…
Ժիրայր Դանիէլեանի «ԹԷ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՄԷԿ ՔԵՐԹՈՒԱԾՈՎ ԴԱՐՁԱՅ “ՍՓԻՒՌՔ-ԳԱՐՈՒՆ”ԱԿԱՆ…»ը, իր ստեղծագործական վերջին յօդուածն է, եւ գրուած՝ իր այդ «մէ՛կ հատիկ»ով …
* * *
Ստորեւ, մայր յօդուածէն առաջ եւ ետք, տրուած են նիւթեր՝ Մարկոսեանէն ու Դանիէլեանէն, քաղուած տարիներու ընթացքին իրենց կարգ մը գրած-խօսածներէն, եւ Սիմոն Սիմոնեանի Արխիւին մէջ գոյութիւն ունեցող շարք մը այլ տուեալներէ:
Հաճելի ընթերցում:
ՍԱՐԳԻՍ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆԻ ՅՈՒՇ ԵՐԵԿՈՆ ԵՒ «ՍՓԻՒՌՔ-ԳԱՐՈՒՆ»ԱԿԱՆՆԵՐԸ
Այդ երեկոյ, Ժիրայր Դանիէլեան հետեւեալ տողերով սկսած էր իր ելոյթը. «Սիմոն Սիմոնեանը, կը խորհիմ, ծանօթացման կարիքը չունի: Նմանապէս իր «Սփիւռք» շաբաթաթերթը, որուն ծնունդը զուգադիպած էր Լիբանանի 1958 թուականի դէպքերուն եւ դադարումը՝ 1975ի դէպքերուն:
Գիտեմ, հարց պիտի տաք, այսօր յամի տեառն 2016ի 20 Յուլիսին, Սարգիս Կիրակոսեանին նուիրուած այս հանդիսութեան հետ ի՞նչ աղերս ունին Սիմոնեանն ու «Սփիւռք» շաբաթաթերթը:
Սարգիսին հետ առաջին հանդիպումս, հետեւաբար ե՛ւ ծանօթացումս առընչուած են այս երկուքին:
1966ի Դեկտեմբերէն մինչեւ 70ականներու սկիզբը Սիմոնեանի «Սփիւռք»ը ունեցաւ «Սփիւռք-Գարուն»ի, գարունականներու բաժին: Բազմաթիւ պարման-պարմանուհիներ, ոմանք հազիւ երիտասարդութեան սեմին, որոնք յետագային սփիւռքահայ գրական-մշակութային կեանքին մէջ անուն դարձան, որոշակի հետք թողուցին, իրենց առաջին լուրջ քայլերը առին հոն, «Սփիւռք-Գարուն»ի մէջ: Անուննե՞ր՝ ահաւասիկ. Վեհանոյշ Թեքեան, Կարօ Արմենեան, Արա Արծրունի, Կորիւն Վրդ. Պապեան, Պօղոս Գուբելեան, Փանոս Ճերանեան, Յակոբ Չոլաքեան, Խոսրով Ասոյեան, Վազգէն եւ Արփի Էթիեմեզեան, Սիրուն Սիսեռեան, Մարկոյ Ճեմճեմեան եւ բազմաթիւ ուրիշներ: Մի՛ զարմանաք երբեք, եթէ յիշատակեմ, որ այսօրուան զոյգ խօսք առնողներն ալ, առանց հետեւողական ըլլալու, ներկայ եղած են «Սփիւռք-Գարուն»ի էջերուն մէջ, Կարօն [Յովհաննէսեան] պատմուածքով մը եւ ես՝ քերթուածով մը:
Գիտեմ՝ քիչ մը երկարեցաւ այս նախաբանը: Ի՞նչ է կապը այս բոլորին՝ Սարգիս Կիրակոսեանին հետ, որ այդ օրերուն Քարէն Եփփէ ճեմարանի աւարտական դասարաններու սան, յատուկ սէր կը ցուցաբերէր հայ գիր ու գրականութեան հանդէպ:
Մի զարմանաք նաեւ, որ յետագայի բանաստեղծի քղամիդը իր ուսերուն ամրապնդած Սարգիս Կիրակոսեանն ալ կը գտնուէր Հալէպահայ այն հոյլ մը պարման-պարմանուհիներուն մէջ, որոնք իրենց առաջին քայլերը կը նետէին հայ գրականութեան անդաստանէն ներս, «Սփիւռք-Գարուն»ի միջոցով: Սարգիսը, զարմանալիօրէն, հոն, բանաստեղծութիւններու փոխարէն, կը ստորագրէր երեք պատմուածքներ ապա՝ քերթուած մը՝ քիչ մը երկար՝ «Քաւարան» խորագրուած: Առաջին արձակը ստորագրուած է Ս. Գառնի, իսկ մնացեալները՝ Սարգ. Կիրակոս:»
Իսկ այդ երեկոյ, Կարօ Յովհաննէսեանը ներկայացուցած էր իր խմբագրած «Կարծես երազ մը ըլլար» Կիրակոսեանի անտիպ վէպն ու պարզած հեղինակին գրական արժանիքներէն տուեալներ:
Յուշ երեկոն կազմակերպած էր Լիբանանի Համազգայինի շրջանային վարչութիւնը, եւ տեղի ունեցած Պուրճ Համուտի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնին մէջ: Թէ Ժիրայր Դանիէլեանի եւ թէ ալ Կարօ Յովհաննէսեանի ելոյթները դուք կրնաք կարդալ Ժիրայր Դանիէլեանի խմբագրութեամբ լոյս տեսած «Կամար» անկախ պարբերաթերթին մէջ, սեղմելով այս յղումին վրայ «Կամար», Պէյրութ, 2016, թիւ 26, էջ 104-112:
* * *
ՅԱՄԵՑՈՂ ՅՈՒՇԵՐ
ԹԷ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՄԷԿ ՔԵՐԹՈՒԱԾՈՎ ԴԱՐՁԱՅ “ՍՓԻՒՌՔ-ԳԱՐՈՒՆ”ԱԿԱՆ…
ԺԻՐԱՅՐ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ
Աղբիւր՝ Զուարթ Դանիէլեանի Դիմատետր, 28 Յուլիսի, 2022
ՍԻՄՈՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆ, “ՍՓԻՒՌՔ” ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹ ԵՒ “ՍՓԻՒՌՔ-ԳԱՐՈՒՆ”
Սիմոն Սիմոնեանը ծանօթ է որպէս բանասէր-հետազօտող, մանկավարժ, հրատարակիչ, խմբագիր-հրապարակագիր, դասագիրքերու հեղինակ, արձակագիր…
Իր “Սփիւռք” շաբաթաթերթը լոյս տեսած 1958-էն մինչեւ 1974 Դեկտեմբեր, հանդիսացաւ լիբանանահայ, եւ ո՛չ միայն լիբանանահայ, գրական-հասարակական տիրապետող անուն, որ ատենին թապու նկատուող հարցեր եւ երեւոյթներ քաջութիւնն ու համարձակութիւնը ունեցաւ արծարծել եւ որուն համար ենթարկուեցաւ հալածանքի, յատկապէս “հայրենասէր” շրջանակներու կողմէ եւ իր մուտքը Հայաստան արգելակուեցաւ մինչեւ իր մահը՝ 1986: (Ընդգծումը իմ կողմէս Սասուն Ս.)
Սիմոն Սիմոնեան փայլուն արձակագիրը երկար ժամանակ անտեսուեցաւ: Իր հրաշալի պատմուածքները, վիպակներն ու վէպերը մոռացութեան գիրկը ինկան, եւ հայ գրականութեան նուիրուած հաւաքածոներուն մէջ տեղ չունեցան երկար ատեն…
1966 թուականի Դեկտեմբերի 25-ին “Սփիւռք” շաբաթաթերթը լոյս կ’ընծայէր “Սփիւռք-Գարուն”ի առաջին համարը: Առաջին էջին մէջ Սիմոն Սիմոնեան Ս.Ս. ստորագրութեամբ ունի առաջնորդող գրութիւն մը՝ խորագրուած “Գարո՜ւն, Գարո՜ւն…”: Գրութեան առաջին տողին մէջ Սիմոնեան կը յայտնէ, թէ “վեց ամիս առաջ ծրագրեցինք եւ խոստացանք գրական շնորհ ու տագնապ ունեցող… տղոց մասնաւոր թիւ մը նուիրել…”:
Ուրեմն, փաստօրէն, այդ խոստումին եւ առաջարկին իրագործումը կ’իրականանայ երբ վեց ամիս աշխատանքէ ետք, “Սփիւռք” Թ. տարի, թիւ 18-ը լոյսին կու գայ “Սփիւռք-Գարուն” անունով, որ պիտի գոյատեւէր մինչեւ 1970 Օգոստոսի 2-ը:
“Սփիւռք-Գարուն”ը ընդամէնը լոյս տեսած է տաս համար, միշտ կապոյտ մելանով, բացի թիւ եօթնէն, որ լոյս տեսած է սեւ մելանով: Իսկ “Սփիւռք-Գարուն” տիտղոսանունը՝ նարնջագոյն-մանիշակագոյնի տարբերակներով:
Հայ մատենագրութեան եւ արդի գրականութեան հմուտ եւ բանիմաց գրականագէտ Սիմոն Սիմոնեան նոյն առաջնորդող խօսքին մէջ արդարօրէն կը հաստատէր. “Գաղթահայ գրականութիւնը, որուն երբեմնի ամենէն ծաղկուն կեդրոնները (Ֆրանսա, Ամերիկա) այժմ ամլացած են նորահաս ոյժերէ, ամենէն աւելի արեւելքի այս շրջաններուն մէջ ծաղկելու եւ կենդանի մնալու բախտը ունի… Հայ պարբերական մամուլի ազնուագոյն պարտականութիւնն է երդիք ու ապաւէն դառնալ նորեկ տղոց, փնտռել ու գտնել զիրենք, գուրգուրալ ու քաջալերել, եւ թռիչք տալ անոնց…”:
Փորձառու գրականագէտը, Սիմոն Սիմոնեան, խոր համոզումը ունէր, որ “Մեր գրականութիւնը իր վաղորդայնը պիտի ապահովէ ամենէն աւելի նորեկ տաղանդներով”:
Նոյն առաջնորդող գրութեան մէջ “Սփիւռք”ի վաստակաշատ խմբագիրը ուրախութեամբ կը յայտնէ. “Զարմանալի զուգադիպութեամբ մը Հայաստանի մէջ եւս նորահաս գրողներուն համար ի մօտոյ լոյս պիտի տեսնէ նոր պարբերական մը՝ “Գարուն” անունով, երջանկաբեր խաչաձեւում, զոր միշտ… խնդրած ենք”:
Արդարեւ, 1967-ի Մարտին, Հայաստանի Գրողներու Միութիւնն ու կուսակցական պատկան մարմին մը (ՀԼԿԵՄ) կը սկսին հրատարակել “Գարուն” ամսագիրը, որուն առաջին խմբագիրները կը հանդիսանան Վարդգէս Պետրոսեանն ու Անժիկ Յակոբեանը: Բովանդակութիւնը պիտի ըլլար էականին մէջ գրական եւ մշակութային, նաեւ հասարակական եւ քաղաքական: Ականաւոր գրողներու գործերուն կողքին՝ մեծ տեղ պիտի յատկացուէր երիտասարդ գրողներու ստեղծագործութիւններուն: Տպաքանակը պիտի ըլլար բացառիկ: 50-60 հազարէն պիտի հասնէր մինչեւ հարիւր հազարի:
Անշուշտ որ Սիմոն Սիմոնեան ոչ մէկ բաղդատականի եւ այլ մտածումի հետամուտ էր: Ան կ’արձագանգէր “զարմանալի զուգադիպութեամբ” մը Հայաստանի մէջ լոյս ընծայուող երիտասարդական պարբերաթերթի մը, նաեւ արձանագրելով իր գոհունակութիւնը: “Սփիւռք”ը իր ժլատ եւ սահմանափակ միջոցներով չէր կրնար բաղդատուիլ պետական նեցուկ վայելող եւ երիտասարդ գրողներու փաղանգ ունեցող պարբերաթերթի մը հետ:
Սկիզբէն իսկ Սիմոն Սիմոնեան քաջալերեց երիտասարդ գրողները, առաջնորդեց անոնց առաջին քայլերը, անոնցմէ շատեր յարատեւեցին, ոմանք դարձան տոկուն անուններ սփիւռքահայ գրականութեան մէջ: Անոնցմէ շատերուն առաջին գիրքերը լոյս տեսան “Սեւան” հրատարակչատունէն: Ուրիշներունը՝ այլ տեղ: Անհատ Սիմոնեանը առանձինն իրագործեց շա՜տ աւելին քան երբեմն մեծանուն գրական-մշակութային միութիւններ եւ հաստատութիւններ իրենց լայն միջոցներով…:
ԳՐԱԿԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՔԱՅԼԵՐՍ
Վիեննական Մխիթարեան Միաբանութեան Պէյրութի նախակրթարանի վերի կարգերու սան եղած շրջանիս ջերմ ընթերցող դարձած էի: Հայր Համազասպ Ոսկեանն էր տնօրէնը: Մէկ-երկու տարի ալ՝ երաժշտագէտ-խմբավար Հայր Գրիգոր Հէպոյեանը: Գրադարանէն կը վերցնէի Վիեննա հրատարակուած Րաֆֆիի հաստափոր վէպերը ու կը փորձէի ընթերցել՝ մէկ մասը առանց հասկնալու…: Երբ տեղափոխուեցայ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Յովակիմեան-Մանուկեան մանչերու երկրորդական վարժարանը, անյագօրէն սկսայ կարդալ անոր հարուստ գրադարանի գրական գիրքերը, այնքան մը որ տնօրէն պարոն Արա Թօփճեան շրջան մը արգիլեց գրադարան մուտքս, քանի որ դասերս սկսած էին տուժել: Գրադարան մտնելու համար հարկ էր որ անցնէի տնօրէնին գրասենեակին առջեւէն: Այդ արգելքը շրջանցեցի օգնութեամբը դասընկերներուս, որոնք ընկերասիրութենէ մղուած ինծի կը հայթայթէին նախասիրած գիրքերս…:
Վարժարանը ունէր աշակերտական պաշտօնաթերթ մը՝ “Նուիրում” անունով: “Նուիրում”ը լոյս կ’ընծայուէր տարին երեք համար: Առաջին քանի մը դասարաններու սաներուս երազն էր մեր անունը տեսնել “Նուիրում”ին մէջ: Ես եղայ բախտաւոր. հայերէն դասաւանդող Օննիկ Սարգիսեանի օժանդակութեամբ հասայ այդ “մեծ պատիւ”ին…:
Այսպէս երկու, երեք, կամ չորս պրակնոց պարբերաթերթին մէջ կը ստորագրէի ոտանաւոր, պատմուածք, գրախօսական եւ այլ գրութիւններ:
Կրկին միջամտեց տնօրէնը. (“Տղա՛ս, ուրիշներու ալ առիթ տուր”): Իսկ ես կրկին գտայ լուծումը. օգտագործեցի ծածկանուն՝ Ա.Ա.Ա. եւ ուրիշներ կամ ալ՝ անստորագիր:
Վարժարանի տեսուչ եւ հայերէնի դասատու Զարեհ Մելքոնեան (բանաստեղծ, արձակագիր) քաջալերեց զիս իմ առաջին քայլերուս: Ստեղծեց գրական խմբակ, որուն հանդիպումներուն կը քննարկէինք, իր առաջնորդութեամբ, “Նուիրում”ի մէջ տեղ գտած մեր գրութիւնները եւ գրական զանազան հարցեր: “Նուիրում”ը հետագային վերածուեցաւ տարեգիրքի եւ Լիբանանի արիւնալի դէպքերուն՝ դադրեցաւ: Կարճ ժամանակ մը վերահրատարակուեցաւ որպէս պարբերաթերթ՝ 1987-էն ետք երբ ստանձնեցի վարժարանի տնօրէնութիւնը…:
Շրջանաւարտութենէս յետոյ՝ աշխատակցեցայ Լիբանանահայ Գրական Շրջանակի “Յարաջ-Գրական”ին, ինչպէս ինձմէ քանի մը տարի ետք շրջանաւարտ Յարութիւն Նագուլեանը, Մխիթարեան վարժարանի շրջանաւարտ Փանոս Ճերանեանը եւ ուրիշներ, միշտ ծածկանունով: Յիշողութեանս ապաւինելով՝ Փանոս Ճերանեանը կը ստորագրէր Փ. Եղնիկենց, Յարութիւն Նագուլեանը՝ Յ. Շիրակեան, ես՝ Ժիր-Այր եւ Ժ. Թորգոմեան: Կային նաեւ երէցներ, Սարգիս Փոշօղլեան՝ Սարգիս Արմէն, Փարէն Մինասեան՝ Վալոտիա Մինասեան եւ ուրիշներ:
Տակաւին յիշատակելու եմ պարագան Հայկազեան գոլէճի Հայկական ակումբի “Նաւասարդ” ուսանողական պարբերաթերթը, որուն խմբագրական աշխատանքներուն մասնակից՝ հոն ստորագրած եմ նաեւ քերթուածներ եւ այլ գրութիւններ:
Այս մթնոլորտին մէջ էր, որ 1966 Դեկտեմբերի 25-ին լոյս կը տեսնէր “Սփիւռք-Գարուն”ի առաջին համարը, երիտասարդ նոր գրողներուն մօտ ստեղծելով հետաքրքրութեան եւ ուրախութեան շեշտուած ալիք մը:
Վեհանոյշ Թեքեան, Կորիւն Վարդապետ (Պապեան), Պօղոս Գուբելեան, Փանոս Ճերանեան, Յակոբ Չոլաքեան եւ եօթը-ութ ուրիշներ կ’աշխատակցէին այդ թիւին:
Ես, աւարտած Հայկազեան գոլէճը եւ ստացած իմ պսակաւոր արուեստից աստիճանը, դարձած էի գոլէճի նորաստեղծ հայկական գրադարանի վարիչը. ինծի յանձնուած էր Մեխակեան շէնքի մէջ շատ ընդարձակ դասարան մը, կարճ ժամանակ անց անոր միացուցած էին փոքր գրասենեակ մը: Սկզբնական հինգ-վեց հարիւր գիրքերու հաւաքածոն երկու տարիներու ընթացքին դարձաւ հինգ-վեց հազար: Տեղի անձկութիւն՝ որ ստիպեց գոլէճի պատասխանատուներուն Web շէնքին վրայ աւելցնել երրորդ յարկ մը, յատկացնելու հայագիտական գրադարանին: Իսկ երբ Հայկազեանը գնեց Համրա պողոտայի վրայ բացուող Մուկար հոյակապ շէնքը, անոր ընդարձակ երրորդ յարկը յարմար պատշաճեցումներով վերածուեցաւ այժմու գրադարանին:
Այս բոլորին մէջ ո՞ւր մնաց քերթուածիս “Սփիւռք-Գարուն”ի մէջ լոյս ընծայուած ըլլալու պատմութիւնը:
“ՍՓԻՒՌՔ-ԳԱՐՈՒՆ”Ը ԵՒ ԵՍ
1965-ին համազգային տարողութեամբ եւ միասնական ճիգերով նշուեցաւ Հայոց Եղեռնի յիսնամեակը: Երիտասարդութիւնը նոր յոյսերով եւ նոր ակնկալութիւններով դիմաւորեց հեռանկարային այդ յիսնամեակը: Ինծի նման երիտասարդներէն շատեր շուտով հիասթափեցան: Ոչ մէկ բան փոխուած էր արդարեւ: Տասնամեակ առ տասնամեակ իւրաքանչիւր Ապրիլի 24-ին նոյն ելոյթները կրկնուեցան: Կրկին շարունակեցինք գործել անջատաբար, միանալով միայն Ապրիլի 24ին:
Ես ներամփոփ քանի մը տարի ապրեցայ:
Այդ օրերուն բուռն կերպով սիրահարեցայ պաշտօնակիցներէս Զուարթին, որ հետագային դարձաւ կինս: Մուսաները սկսան յաճախ այցի գալ եւ անհանգստացնել միտքս ու հոգիս: Փանոս Ճերանեանը տարի մը Հայաստան ուսանելէ ետք վերադարձաւ Հայկազեան: Երբեմն կը հանդիպէինք եւ շաբաթավերջերու ու արձակուրդներու կը ճեմէինք Պէյրութի ծովափին, նաւահանգիստէն սկսելով մինչեւ Ամերիկեան համալսարանի ծովափը եւ Մանարա (Փարոս):
Այդ դեգերումներու ընթացքին շատ սակաւ կը խօսակցէինք, յաճախ լուռ կը մտմտայինք մեկուսի: Մտքիս մէջ մարմին կ’առնէին բանաստեղծական զեղումներու յորձանքէն ծնած տողեր: Փանոսին լռութիւնը ինծի մտածել կու տար, որ ինք ալ կ’ապրէր նոր քերթուածի մը երկունքը:
Յետմիջօրէի մը նստեցայ գրամեքենային առջեւ: Խորագրի տեղ դրի եռաստղ մը (***), այսինքն՝ անվերնագիր:
Եւ տողերը սկսան սահիլ, յորդիլ սպիտակ թուղթին վրայ: Ես կլանուած եւ կեդրոնացած, կռնակիս զգացի ներկայութիւն մը: Հոգ չէ, կրնայ քիչ մը սպասել, մինչեւ որ ես աւարտեմ քերթուածը: Սպասումը երկար չտեւեց: Քերթուածը աւարտած էր: Հազիւ վերջակէտը դրած էի, երբ ձախ ուսիս վրայէն թեւ մը երկարեցաւ եւ գրամեքենայի գլանէն դուրս քաշեց մեքենագիր էջը: Մինչեւ ես անդրադառնամ եւ գլուխս շրջեմ, միջանցքին մէջ կորսուեցաւ կանացի կօշիկներու ձայնը…:
Անցաւ քանի մը շաբաթ: Պաղառութեան պատճառով շաբաթ մը բացակայեցայ աշխատանքէս:
Ապաքինելէ յետոյ երբ վերսկսայ աշխատանքիս, առաջին գործս եղաւ ըստ սովորութեանս աչք մը նետել ստացուած եւ կուտակուած թերթերուն վրայ: Ամերիկայէն եկածներէն ետք, հերթը եկաւ Լիբանանահայ թերթերուն: Յանկարծ աչքիս զարկաւ “Սփիւռք-Գարուն” գունաւոր տիտղոսանունը, որու աջին քերթուած մը՝ “ԳԻՏԵՄ, Ի՛Մ ԱՂՈՒՈՐ…”: Ստորագրութիւն՝ Ժիրայր Դանիէլեան:
“Սփիւռք-Գարուն”ի տուեալ համարը կը կրէր 30 Ապրիլի 1967 թուականը: Իսկ “Գարուն”ականներու երկրորդ համարն էր, հակառակ որ Սիմոն Սիմոնեան առաջին համարի իր առաջնորդող խօսքին մէջ յայտնած էր զայն լոյս ընծայել 1967-ի Փետրուարի վերջերուն:
Անմիջապէս կռահեցի ձախ ուսէս դէպի գրամեքենային գլանը երկարած թեւին տիրոջ ինքնութիւնը: Վեհանոյշ Թեքեանն էր ան, որ ետիս կայնած համբերութեամբ սպասելէ ետք, քերթուածի աւարտին յափշտակեր էր զայն եւ անհետացեր միջանցքին մէջ: Վեհանոյշը ազատ մուտք ունէր Հայագիտական գրադարան, անոր զանազան հանգրուաններուն:
Եւ ես, այսպէս, Վեհանոյշին կնքամայրութեամբ եւ Սիմոն Սիմոնեանի կնքահայրութեամբ մէկ քերթուածով դարձայ “Սփիւռք-Գարուն”ական…:
ԺԻՐԱՅՐ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆՆ ՈՒ ՍԻՄՈՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 85 ԱՄԵԱԿԸ
1999ի Մարտի 22ին, նորանկախ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ Սիմոն Սիմոնեանի ծննդեան 85ամեակին նուիրուած յուշ երեկոյ մը՝ կազմակերպուած մեծաւ մասամբ հայրենի բանաստեղծ եւ արձակագիր Սասուն Գրիգորեանի կողմէ: Այլոց շարքին, օրուան բանախօսներէն էր նաեւ այդ առիթով Պէյրութէն Երեւան ժամանած՝ Ժիրայր Դանիէլեան բանասէր-մատենագէտը, որ նախքան իր զեկոյցին անցնիլը, տեսերիզող գործիքին յանձնած է նաեւ հետեւեալները.
«Յարգելի բարեկամներ,
Պարզ է որ յուզուած եմ ես այսօր՝ քանի մը պատճառներով:
Առաջին,
Հայրենիքի մէջ առաջին անգամ ըլլալով ինծի առիթ կը տրուի ելոյթ ունենալ:
Երկրորդ,
Ելոյթ ունենալ յուշ երեկոյի մը, սիրելի անձի մը նուիրուած, որ իմ պատանեկութեան եղած է ուսուցիչս՝ գրաբարի, հայ մատենագրութեան, եւ ապա եղած է ուսուցիչս երիտասարդ տարիքիս:
Եւ ինքզինքս պատուուած կը զգամ որ աւելի ուշ՝ եղած եմ կրտսեր աշխատակիցը Սիմոն Սիմոնեանին:
Քիչ առաջ յիշուեցաւ որ Սիմոն Սիմոնեան 1954ին եղաւ Երեւան, եւ այդ մէկը եղաւ իր առաջին եւ վերջին այցելութիւնը տրուած հայրենիքին:
Դժբախտաբար պատճառներ եղան որ Սիմոն Սիմոնեանի մուտքը արգիլուի հայրենիքէն ներս:
Սիմոն Սիմոնեանը ոչ մէկուն թշնամացաւ. թերեւս ուրիշներ թշնամացան իրեն, սակայն ինք ամբողջ կեանքի ընթացքին թշնամական դիրք չբռնեց ոչ մէկուն հանդէպ. մանաւանդ չէր կրնար այդ թշնամական դիրքը բռնած ըլլալ իր պաշտած հայրենիքին հանդէպ:»
ԿԵՂԾԱՒՈՐՆԵՐԸ, ՏԳԷՏՆԵՐԸ ԵՒ ՏԵՍՈՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱԿԱՍ ՈՒՆԵՑՈՂՆԵՐԸ
(ՆՄՈՅՇ ՄԸ ՍԻՄՈՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ 1966ի ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ…)
«Ըստ մեզի՝ Սովետական Միութիւնն ու Սովետական Հայաստանը երջանկութեան հանգրուանին հասած պիտի ըլլան ա՛յն օրը, երբ դադրին գովասանքներ հաւաքելէ, չվախնան քննադատութիւններէ, գովասանքներու մէջ տեսնելու սկսին քիչ մը կեղծիք, տգիտութիւն ու տեսողութեան պակաս. իսկ քննադատութեան մէջ՝ քչի՜կ մը սրտցաւութիւն, բարեկամութիւն, քաջութիւն ու արժանապատուութիւն»: (Ընդգծումները իմ կողմէս, Սասուն Ս.)
ՈՒՍՈՒՑԻՉՆ ՈՒ ԱՇԽԱՏԱԿԻՑԸ
Քիչ մը վերեւ Ժիրայր Դանիէլեանի ելոյթին մէջի ընդգծածներէս առաջինը՝ «իմ պատանեկութեան եղած է ուսուցիչս», արդէն պարզուեցաւ՝ այս գրութեան սկիզբը, երբ յիշեցի թէ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանէն ներս Դանիէլեան աշակերտած է Սիմոնեանին:
Երկրորդ ընդգծումը՝ «ապա եղած է ուսուցիչս երիտասարդ տարիքիս», Դանիէլեան այստեղ կ’ակնարկէ այն իրողութեան թէ ինք ալ իր կարգին, Սիմոնեանի հետեւողութեամբ «թապու նկատուող հարցեր եւ երեւոյթներ քաջութիւնն ու համարձակութիւնը ունեցաւ արծարծել» մանաւանդ «Երիտասարդ Հայ» (1969 Դեկտեմբեր-1975 Մարտ) երկշաբաթաթերթին մէջ, որու հիմնադիրներէն ու խմբագիրներէն մէկն էր ան. «Ըմբոստ թերթ մը, որ ատենին իր դերը ունեցաւ սփիւռքահայ մամուլի ու հասարակական կարծիքի խմորումներուն մէջ», ինչպէս կը վկայէ թերթի այլ հիմնադիրներէն մին՝ Պետրոս Թերզեանը («Ազդակ», Պէյրութ, 2022 Դեկտեմբերի 28, էջ 5):
Իսկ երրորդ ընդգծումը թէ «եղած եմ կրտսեր աշխատակիցը Սիմոն Սիմոնեանին», Դանիէլեան այստեղ կ’ակնարկէ այն աշխատութեան որ կոչուեցաւ «60 տարի հայ գրականութիւն Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ» որ դժբախտաբար մնաց անաւարտ:
Արձակագիր Արմէն Դարեան, յետ Սիմոնեանի մահուան իր գրած «Ողջո՜յն, Սիմոն…» յօդուածին մէջ, այս աշխատութեան մասին կ’ըսէ թէ Սիմոնեանը «Ինքն էր նախաձեռնողը «60 Տարի Սուրիոյ եւ Լիբանանի Հայ Գրականութիւն» աշխատութեան պատրաստութեան: Ի՛րն էր գաղափարը եւ իր վրայ առած էր աշխատանքին մեծագոյն բաժինը: Իր առասպելական խանդավառութեամբ եւ աշխատունակութեամբ վարակեց նախ Երուանդ Պարսումեանը, ապա՝ Ժիրայր Դանիէլեանն ու զիս:» (Արմէն Դարեան, «Մատեան բանաւոր խօսքի», Պէյրութ, «Սիփան» հրատ., 2012, էջ 181:)
Համեստագոյնն Արմէն Դարեան, իր անունը դրած է վերջին տեղը… Այդ օրերուն Երուանդ Պարսումեանի Լիբանանէն դէպի Գանատա մէկնումով, այս գործին աշխատակցութեան կը միանար մատենագէտ Ժիրայր Դանիէլեանը՝ Պարսումեանը դառնալով հեռակայ աշխատակից: Իսկ Հալէպէն Թորոս Թորանեանն ալ հեռակայ՝ նոյնպէս պիտի բերէր իր մասնակցութիւնը: (Մանրամասնութիւններուն համար տես, Թորոս Թորանեան, «Սիմոն Սիմոնեան երեւոյթը», Հալէպ, տպ. «Կիլիկիա», 2004, էջ 213-220:)
Պէյրութի նաւահանգիստի պայթիւնէն ետք իր աչքի տեսողութիւնը բոյժելու յոյսով երբ Դանիէլեան կը պատրաստուէր մեկնիլ Միացեալ Նահանգներ, իր տիկնոջ Զուարթին միջոցով «60 տարի հայ գրականութիւն Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ» աշխատութեան տրցակը յանձնեց Սիմոն Սիմոնեանի Արխիւին, որ եկաւ միանալու հոն գտնուող միեւնոյն նիւթին մաս կազմող մէկ այլ տրցակին:
ՄԱՐԶՊԵՏ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆԻ ՀՐԱԺԵՇՏԸ ԼԻԲԱՆԱՆԷՆ
Մարզպետ Մարկոսեանը 1965ին Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն տիրանալէ ետք գիտութեան մագիստրոսին, կը պատրաստուէր մեկնիլ Միացեալ Նահանգներ՝ գիտութեան դոկտորականին ալ տիրանալու համար: Իր հրաժեշտի այցելութիւններու ընթացքին ան կը հանդիպի նաեւ իր ուսուցիչներէն Սիմոն Սիմոնեանին: Մարկոսեան՝ այսպէս կը նկարագրէ այդ հանդիպումը. «1965ի յուլիսեան այդ թռիչքէն քանի մը օր առաջ, վերջին անգամ այցելեցի նախկին ուսուցչիս եւ բարեկամիս՝ հանգուցեալ Սիմոն Սիմոնեանին հրաժեշտ առնելու: Նստած էր իր գրասեղանի ետին տպարան Սեւանի մէջ: Լայն ժպիտով ընդունեց զիս եւ երբ իմացաւ այցելութեանս պատճառը պահ մը լուռ դիտելէ ետք ըսաւ.- Այլեւս քեզի խրատ տալ չըլլար, պէտք չունիս (ընդգծումը իմ կողմէս Սասուն Ս.): Կը մաղթեմ յաջողութիւն եւ եթէ կրնաս, փորձէ ապրիլ շրջանի մը մէջ ուր հայեր կան եւ կապերդ մի կտրեր: Աստուած հետդ:
Ձեռքս սեղմեց ու բաժնուեցանք:» (Մարզպետ Մարկոսեան, «Քաղաքներու կախարդանքը – Եռամաս դիտարկումներ Ա.», Անթիլիաս, տպ. Կաթողիկոսութեան, էջ 65-66:)
Այս գիրքը, որ Մարկոսեան նուիրուած է իր քրոջ՝ Սեդա Մարկոսեան-Խտշեանին, ունի նաեւ շնորհակալական խօսքեր ուղղուած խմբագիրներ՝ Անդրանիկ Ծառուկեանին («Նայիրի» Պէյրութ), Սիմոն Սիմոնեանին («Սփիւռք» Պէյրութ), Արփիկ Միսաքեանին («Յառաջ» Փարիզ), եւ Գրիգոր Շէնեանին («Նոր Կեանք» Գալիֆորնիա): Սիմոնեանին ուղղուած շնորհակալիքը կ’ըսէ. «Ջերմ շնորհակալութիւն նաեւ ողբացեալ Սիմոն Սիմոնեանին՝ «Սփիւռք»ի խանդավառ ու խանդավառող խմբագրին եւ ուսուցչիս»:
Մէջբերում մը Մարկոսեանի սոյն գիրքէն. «Մեր ժամանակներուն ունեցանք լարախաղաց բայց հաւատաւոր եւ… սոցիալիստօրէն ռէալիստ չեկիստներ որոնք իրենց տրուած ստեղծագործական ստերջութեամբ կը փառասիրեն տնօրինել թէ ո՞վ պէտք է գրող ըլլայ ու ե՞րբ կամ ի՞նչ պէտք է գրէ: Այդ երանելի հովկուլներուն պէտք է թողուլ որ կլլեն իրենց իսկ արտաբերած խոնաւ… հովը» (էջ 16-17):
Իրողութիւն մը շեշտելու է այստեղ, թէ Մարկոսեան աշխատակցած է քիչ մը վերեւ նշուած բոլոր թերթերուն՝ բացի Սիմոն Սիմոնեանի «Սփիւռք»էն: Իսկ «Սփիւռք»ի մէջ իր ստորագրած միակ յօդուածը, կը զուգադիպի 1965ի այն կարճ, 3-4 ամսուան ժամանակահատուածին՝ երբ շաբաթաթերթը փոխանցուած էր Գէորգ Աճեմեանին ու կը խմբագրուէր անոր կողմէ:
Նոյնն է պարագան նաեւ Ժիրայր Դանիէլեանին, որու աշխատակցութիւնը «Սփիւռք»ին, ինչպէս տեսանք՝ եղած է պատահական:
* * *
ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ ԿԱՅՔԷՋԻՆ
Սիմոն Սիմոնեանի Արխիւէն կայքէջի Գիրքեր բաժինին մէջ, ուր նախապէս զետեղուած էին Սիմոնեանի գեղարուեստական եւ բանասիրական հեղինակութիւններու մատենագիտութիւնները, ունեցաւ երկու բաժիններու յաւելումներ, որոնք կը կրեն հետեւեալ վերնագիրները.
ա. Հատորներ՝ Սիմոնեանի մասին, ուր տրուած է մատենագիտութիւնը տասնըմէկ հատորներու, որոնց պարունակութիւնը ամբողջութեամբ կամ մասնակիօրէն, նուիրուած է Սիմոն Սիմոնեանին եւ կամ՝ իր «Սփիւռք» շաբաթաթերթին:
Հատորներէն առաջինը 1983ին Լոս Անճելըսի «Գրական խմբակ»ին կողմէ կազմակերպուած՝ Սիմոն Սիմոնեանի յոբելենականին նուիրուած գրքոյկն է. իսկ մնացեալներուն հեղինակներն են՝ Սագօ Օգնայեան, Կարապետ Փօլատեան, Յարութիւն Կարեւորեան, Աղասի Յովհաննիսեան, Սասուն Գրիգորեան, Թորոս Թորանեան, Ասատուր Կիւզելեան, Լեւոն Շառոյեան եւ Թեհմինա Մարութեան:
բ. Հատորներ՝ Սիմոնեանի ձօնուած, ուր տրուած է մատենագիտութիւնը հինգ գիրքերու, երեքը ձօնուած Սիմոն Սիմոնեանին առանձինն, իսկ մնացեալ երկուքը, այլ անձնաւորութիւններու կողքին՝ նոյնպէս ձօնուած կամ նուիրուած Սիմոն Սիմոնեանին:
Այս հատորներու հեղինակներն են՝ Պօղոս Գուբելեան, Մարզպետ Մարկոսեան, Երուանդ Քասունի, Մկրտիչ Մ. Պուլտուքեան եւ Ասատուր Կիւզելեան:
* * *
Շնորհակալութիւն Հայաստանի Ազգային գրադարանի անձնակազմին, որ արդէն ամբողջացուցած է թուայնացումը Թորոս Թորանեանի կարգ մը գիրքերուն: Անոնց մէջ է նաեւ Թորանեանի «Սիմոն Սիմոնեան երեւոյթը» հատորը, որ նաեւ հասանելի է Սիմոն Սիմոնեանի Արխիւէն կայքէջի Հատորներ Սիմոնեանի մասին բաժինին ընդմէջէն:
Լաւ մնացէք:
Յարգանքով՝
Սասուն Սիմոնեան
Փետրուար 2023, Անթիլիաս-Լիբանան
ԹՂԹԱՀԱՆԴԷՍ
—
ՍԻՄՈՆԵԱՆԷՆ՝ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆԻՆ ՀԱՍՑԷԱԳՐՈՒԱԾ ՆԱՄԱԿՆԵՐ
Տարիներ առաջ, այլոց շարքին, Ժիրայր Դանիէլեանէն ալ խնդրած էի ունենալ պատճենները այն ամէն ինչին որ իր մօտ կրնար գտնուիլ Սիմոն Սիմոնեանէն:
Արձագանգող սակաւաթիւներէն էր Ժիրայր Դանիէլեան:
Վարը տրուած նիւթերու ժամանակաշրջանը, լիբանանեան քաղացիական պատերազմի տարիներն են, երբ շատ բան դադրած էր կանոնաւոր գործելէ՝ ինչպէս տարրական դարձած հեռաձայնը: Ստիպուած Սիմոնեան իր քիւրտ կազմարար պաշտօնեայ Ահմէտ Քուրտի Տարուիշին հետ ղրկած է վարը տրուած այս տասը նամակներն ու այցետոմսերու վրայ գրուած երկտողները, այդ օրերուն տակաւին Հայկազեան գոլէճի գրադարանապետ եւ իրեն աշխատակից Ժիրայր Դանիէլեանին:
Ա.
16 Մարտ, 1982
1- Կը գնահատեմ ու կը շնորհաւորեմ «Մամուլի Մատենագիտութեան» զոյգ աշխատութիւններդ: Լուսցուցի…
2- Փոխանակութեան ֆոնտի գիրքերուն ՆԵՐԿԱՅ ցանկը ունի՞ս, կրնա՞ս ՀԻՄԱ տալ գրաբերիս:
Բազմարդիւն փոխանակութիւններ կրնանք ընել:
Սիրով՝ Քոյդ՝
Ս. Սիմոնեան
Բ.
[Անթուակիր]
Ե՞րբ պիտի տեսնուինք:
«Անի»ի եւ «Շիրակ»ի [հաւաքածոներու] պակասները [պէտք է ամբողջացնել]:
Կը շնորհաւորեմ Արա Գալայճեանին տուած պատասխանդ, որ ինքնին «փոքր» մատենագիտութիւն մըն է Արեւմտահայ Գրականութեան: Միայն փոքր տեղ մը (հեռուն) իրաւունք ունի Գալայճեանը: Կը խօսինք…
Գ.
12 Հոկտեմբեր 1982
Շատ սիրելի Ժիրայր,
Ողջոյն:
Շնորհ չըրիր երեսդ ցոյց տալու՝ Հայաստանցի… հարսի պէս:
Լոս Անճելըսէն մեծ սրտաբան մը սիրտիս document-ները ուզած է. photo-copy-ները կ’ուզեմ ղրկել, մայրերուն կրնամ պէտք ունենալ… դժբախտաբար:
Խնդրեմ նկարես:
Երկարները՝ 2 կտորով, ապա ճիշդ տեղէն scotch-ով փակցնելով:
* * *
«Ապա դառնամք ի լոյս աստուածգիտութեան»:
«Հասկ»ի մասին գրածդ «Շիրակ»ի մէջ լաւ էր. գրեթէ սխալ չկար ուր կարելի էր սխալներ գործել: Անարդար պարբերականի մը մէջ («Շիրակ») արդար դուրս ելած էիր:
Հարցումներ
- Կրնա՞ս օրինակ մըն ալ… նուիրել Ձեր՝ Հայկազեան [գոլէճ]ի հայ պարբերական մամուլի խմորատիպ հատորէն (տունը օրինակ մը ունիմ):
- Փոխանակելի թերթերուն ցուցակը պատրաստ եղա՞ւ: Օրինակ մը հաճիս, եթէ լրացաւ:
- Կրնա՞ս հեռաձայնել: Մեր հեռաձայնը կ’ընդունի, բայց գիծ չ’առնէր:
- Հին «Շիրակ»ը (Վահան Թէքէեանի) ո՞ր տարիներուն (ինչ թիւերով) լոյս տեսաւ՝ Ա. Եգիպտոս, Բ. Պոլիս (Սահմանադրութենէն ետք), Գ. Զինադադարէն ետք (1918):
Պոլսոյ «Մասիս»ը ո՞ր տարիներուն լոյս տեսաւ (ի՞նչ թիւեր), իր բոլոր շրջաններով:
Նոյնպէս «Շանթ»ը…
Խոր շնորհակալութեամբ՝
Ս. Սիմոնեան
Դ.
[Մօտաւոր թուական,1982ի վերջ]
Հայաստանի մեծ քարտէսին (210 x 100 cm…) մէկ անկիւնը պիտի դնեմ Հայոց ներկայ բնակչութեան թիւը
ա) Հայաստանի մէջ (3.150.000 ?)
բ) Սովետական Միութեան մէջ ?!…
Մանրամասնութեամբ եթէ կարելի է ԱՅՍՕՐ…
Վրաստան, Ազրպէյճան, Ռոստովի-Նոր Նախիջեւանի շրջան, Մոսկուա- Լենինկրատ, Թիւրքիա, Պալքաններ, Անգլիա, Արեւմտեան Եւրոպա, Ափրիկէ, Կիպրոս, Լիբանան-Սիւրիա, Արաբական երկիրներ:
Բժիշկ [Երուանդ] Խաթանասեանի գիրքը կ’օգնէ:
Անսահման շնորհակալութիւն…
Ե.
Ժիրա՛յր, ողջոյն.-
Տան արխիւի դասաւորման ատեն գտայ Վահան Թէքէեանի 3 քերթուածներուն ձեռագիրները՝ («Սեւան» Ա.ի մէջ տպուած), եւ 2 նամակ, ինչպէս նաեւ «60 տարի [հայ գրականութիւն Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ]»ի համար շատ նիւթեր:
Աճապարե՛նք:
Սիրով՝ Քոյդ՝
Ս. Սիմոնեան
Զ.
10 Օգոստոս
Սիրելի Ժիրայր, ողջոյն.
Այս նամակը բժիշկ Ներսէս Քիւփելեանէն է, [Սիրան] Սեզայի ամուսինը: Թուականը՝ 2 Փետրուար 1946, յորում խորհած է (սկսա՞ծ) գրել՝ Սիւրիոյ եւ Լիբանանի հայ գրականութեան պատմութիւն», «1925էն (ինչո՞ւ ոչ աւելի առաջ…) մինչեւ մեր օրերը»…
«Գործին կէսը արդէն վերջացած է» եւայլն:
Ո՞ւր կրնայ ըլլալ ձեռագիրը. [իր զաւկին] Վահագնի՞ մօտ. ո՞ւր է Վահագնը…
Տեղ մը տպուա՞ծ է:
Քոյդ՝
Ս.Ս.
Արխիւիս դասաւորման մէջ եմ. տակաւին ուրիշ հետաքրքրական նիւթեր ալ կրնան ի յայտ գալ:
Է.
Այս երկտողը գրուած է Ուրբաթ օրը 8 Փետրուարին [1985]
Օթոյին մէջ կը գրեմ:
Հարցում
1) Թիւրքերուն թիւը ի՞նչ է (իրական, ըստ վերջին թիւերուն Encyclopedia-ին տուած):
Իսկ ըստ իրենց ի՞նչ է իրենց կարծած (ուզած) թիւը:
2) Ապա Թիւրքիոյ
ա) Լազերուն
բ) Քիւրտերուն
գ) Ալաուիներուն թիւերը
3) Անուշաւան Ֆրանկիւլեանէն մէկ գիրք միայն գտայ.- Դուք [Հայկազեան գոլէճի գրադարանը] ինչ որ ունիք, հետդ բեր (յատկապէս պատմուածքներու հատորներ):
4) Լեւոն Բաշալեանի «Նոր Կեանք»էն ձեր հաւաքածոյին պակսող 40-50 էջի «գիւտը» եղաւ…
5) Ես բաւական նիւթեր գտայ «60 Տարի…»ի համար [= 60 տարի հայ գրականութիւն Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ» աշխատութեան համար]:
Ի տեսութիւն գիշերը:
Քոյդ՝
Ս. Ս.
Ահմէտը, պիտի գայ [մօտդ] այսօր 13 Փետրուար 1985[ին]:
Վաղը՝ «60 օր»: [«60 տարի հայ գրականութիւն Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ» աշխատութեան հանդիպման օրն է]
Ը.
Ողջոյն Ժիրայրին,
Չունիմ «Հայկազեան Տարեգիրք»էն 1974-էն սկսեալ:
Միւս հաւաքածոներս լրացուցի՞ր:
Այս իրիկուն մեր տունը:
Չմոռնա՜լ…
Քոյդ՝ սիրով՝
Ս.Ս.
Ուղարկուած՝ հ. 5-9
Ժ.Դ. [Ձեռագիր այս նշումը կը պատկանի Ժիրայր Դանիէլեանին]
Թ.
28 Մարտ 1985
Ողջոյն:
Ահմէտը կրնայ քեզի օգնել – առանց քեզ խանգարելու ի գիւտ «Հանդէս Ամսօրեայ»ներու կամ «Բազմավէպ»ներու:
Քոյդ՝
Ս. Սիմոնեան
Ժ.
[Անթուակիր]
Ալֆոնսին [Ադդարեան = Արմէն Դարեան] հետ համաձայնեցանք վաղը ժամը 1-ին մօտդ [ըլլալ]:
Հինգշաբթի՝ մեր տունը:
Յառաջիկայ շաբաթ՝ ամէն օր [հանդիպում]:
ՄԱՐԿՈՍԵԱՆԷՆ ՈՒ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆԻՆ՝ ՆԱՄԱԿՆԵՐ
Ստորեւ տրուած են Մարզպետ Մարկոսեանէն երեք նամակներ, երկուքը հասցէագրուած Սիմոն Սիմոնեանին իսկ երրորդը Լէօ Համալեանին (1920-2003):
Վերջին նամակը Սիմոն Սիմոնեանէն հասցէագրուած է Մարկոսեանին:
Ա.
Մարզպետ Մարկոսեանի առաջին նամակին պարունակութեան նիւթն է՝ «Անժամանդրոս» վէպի անգլերէն թարգմանութեան ծրագիրը: «Անժամանդրոս»ը Սիմոնեանի այն վէպն է, որ տպուեցաւ 1978ին եւ իր փափաքով՝ հրապարակուեցաւ միայն իր մահուընէ ետք: Սիմոնեանի ողջութեան, վէպէն տպագրուած օրինակ մը (կամ երկու), շրջեցաւ Լիբանանի, Սիւրիոյ, Ֆրանսայի ու Ամերիկայի մէջ եւ կարդացուեցաւ Սիմոնեանի կարգ մը ծանօթներուն կողմէ՝ ինչպէս Մարզպետ Մարկոսեանը:
19 Հոկտեմբեր, 1979
Պօսթըն
Սիրելի պրն. Սիմոնեան,
Կ’ուզէի աւելի կանուխ գրել, ձգձգեցի որպէսզի տեսնեմ թէ կարելիութիւն կա՞ր ընդառաջելու ձեր փափաքին: Չեղաւ: Ներկայիս ինծի համար գրեթէ անկարելի է ծաւալուն աշխատանքի՝ ինչպէս «Անժամանդրոս»ի թարգմանութիւնը, ձեռնարկելու: Պատճառը անհեթեթ դժկամութիւն չէ այլ պարզապէս ստեղծուած կացութիւնը- Պօսթընէն կը մեկնիմ Նիւ Եօրք, Նոր Տարիին, հոն ստանձնելու դասախօսի պաշտօն տեղւոյն բժշկական համալսարաններէն մէկուն մէջ, եւ հոն հասնելէս ետք, նուազագոյն տարի մը անհրաժեշտ է կեանքը իր առօրեային մէջ –routine- դնելու: Իսկ, յառաջիկայ երկու ամիսները, Պօսթընի մէջ արդէն իսկ «գրաւուած» են – պէտք է ամբողջացնեմ արդէն իսկ սկսուած կարգ մը գործեր: Արդ, սիրելի պրն. Սիմոնեան, թոյլ տուէք որ չընդառաջեմ ձեր առաջարկին եւ յուսամ կը հասկնաք կացութիւնը:
Ի դէպ, վէպին մասին առաջին անգամ լսեցի Գէորգէն [Աճեմեան] շուրջ երկու տարի առաջ: Կարդալէս ետք, համաձայն եմ իրեն հետ թէ գիրքը լաւ է եւ կը կարօտի 50-80 էջնոց վիրաբուժումի – բան մը զոր արդէն իսկ ըրած էք: Իւրայատուկ եւ հետաքրքրական յղացք մըն է եւ յաջողած էք կերպարներուն շունչ տալ եւ համոզիչ դարձնել – հակառակ ոմանց ֆանթասթիք ըլլալուն: Փոքր սրբագրութիւն մը – տեղ մը (էջը չեմ յիշեր) կը խօսիք գիտական նուաճումներու մասին եւ գործածած էք «ռէյզըր» բառը – որքան որ կրնամ գուշակել “lasor” (= լէյզըր) ըսել կ’ուզէք, որովհետեւ «ռէյզըր» կը նշանակէ… ածելիի շեղբ:
Ինչ որ է, ջերմ շնորհաւորութիւններս գործին համար եւ կը մաղթեմ որ շուտով լոյս ընծայէք – բնագիրը: Ջերմ բարեւներ Գէորգին եւ միւս տղոց:
Սիրով՝
Մարզպետ
Բ.
Լէօ Համալեանին ուղղուած այս նամակը թարգմանուած է անգլերէնէ: Համալեան եղած է խմբագիրը Նիւ Եօրքի մէջ անգլերէնով լոյս տեսնող ու Հ.Բ.Ը.Մ.ի հրատարակութիւնը եղող՝ “Ararat” եռամսեայ հանդէսին:
Նամակին նիւթն է “Ararat”ի թիւերէն մէկուն մէջ յաւելուած մը նուիրել Սիմոնեանին: Նամակին մէջ Մարզպետ Մարկոսեան կը ներկայացնէ Սիմոն Սիմոնեանը՝ Լէօ Համալեանին:
Սիմոնեանի արխիւին մէջ գտնուող այս օրինակը պատճեն մըն է՝ բաղկացած երեք էջերէ:
Նամակին մէջի կարմիր մելանով նշումները կը պատկանին Սիմոնեանին:
15 Ապրիլի, 1983
Նիւ Եորք
Քանի մը շաբաթներ առաջ, Պէյրութէն պարոն Սիմոն Սիմոնեանը հրաւիրուած էր Լոս Անճելըսէն խումբ մը իր բարեկամներուն կողմէ` յարգելու համար իր ներդրումը հայոց պատմագրութեան, գրականութեան եւ լրագրութեան: Կազմակերպիչները այդ վկայահանդիսութեան՝ նախկին գրողներ եւ աշխատակիցներ «Սփիւռք»ի, այն շաբաթաթերթը որ պարոն Սիմոնեան հիմնեց եւ խմբագրեց մինչեւ 70ականներու սկիզբը, [մինչեւ 1974ի Դեկտեմբեր] (Սասուն Ս.) եւ ապա զայն փոխանցեց Գէորգ Աճեմեանին, վիպասան մը ինքնին: Ցաւալի է որ «Սփիւռք»ը դադրեցաւ հրատարակուելէ 1976ին՝ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով:
Ինչ որ պարոն Սիմոն Սիմոնեան յաջողեցաւ ընել իր խմբագրութեան օրերուն, բացի յայտնաբերելէ եւ քաջալերելէ ապագայ խոստացող գրողներ, շաբաթաթերթը վերածելն էր իսկական անկախ վայրի մը, ուր տարբեր կարծիքներ կրնային արտայայտուիլ, արծարծուիլ ազատօրէն, եւ այս առանց որեւէ տեսակի գրաքննութեան: «Սփիւռք»ը եղաւ այն հարթակը ուր թէ Սփիւռքի եւ թէ ալ Հայաստանի հայ կեանքը արտացոլուեցաւ առանց որեւէ շպարի ու աղաւաղման:
Պատիւը կ’երթայ մէկ անձի – պարոն Սիմոն Սիմոնեանին: Կրնաս զարմանալ թէ ինչու կը գրեմ այս բոլորը – պատճառը հետեւեալն է. նոր իմացայ որ Արիս Սեւակը արդէն թարգմանած է Սիմոնեանի քանի մը պատմուածքները, որոնցմէ երեքին պատճենները կը գտնես այս պահարանին մէջ: Գոհ պիտի մնայի եթէ նկատի ունենայիր զանոնք՝ հրատարակուելու համար «Արարատ»ի մէջ: Երէկ գիշեր խօսեցայ Արիսին հետ, եւ ան ըսաւ թէ գոհունակութեամբ վերստին կը նայի անոնց, կը քննէ, ու կը սրբագրէ հարկ եղած պարագային՝ եթէ դուն որոշես հրատարակել զանոնք: Ես իմ կարգիս, շատ ուրախութեամբ կը գրեմ ներածական էջ մը պարոն Սիմոնեանի կեանքին, եւ իր անգնահատելի, վիթխարի ու բազմակողմանի նպաստին՝ հայոց գրչութեան:
Կ’ուզեմ այստեղ իբր յաւելեալ տեղեկութիւն նշել, որ պարոն Սիմոնեան Սփիւռքի մէջի առանցքային գրողներէն մէկն է: Իբր առաջին կարգի պատմաբան, ան երեւան հանած է միջնադարեան հայ տաղասացի մը տաղերը եւ դարձուցած հասանելի: Ան նաեւ օգնած է դասաւորելու եւ վերլուծելու բազմաթիւ ձեռագիրներ, համագործակցութեամբ Գարեգին Կաթողիկոս Յովսէփեանցի: Իբր գրող, իր պատմուածքները, մանաւանդ «Լեռնականներու վերջալոյսը» հատորին մէջ հաւաքուածները, ձեւով մը վերջին օղակն են այն գրուածքներուն որոնք առնչուած են հայ գիւղի կեանքին, որ ընդհանուր նայուածքով մը սկսաւ Թլկատինցիով եւ աւելի ընտիր դարձաւ Զարդարեանով, Յակոբ Օշականով, Համաստեղով ու Մնձուրիով, եւ վերջապէս Սիմոնեանով:
Սիմոնեանի աշխարհը Սասունն էր ու անոր վերապրողները Հալէպի մէջ: Ան Սասունը փրկեց իր պատմուածքներով. եւ իրը նկարագրութիւնն է այդ գիւղացիներուն -աստուածները հայկական բարձրաւանդակին- վերջալոյսին՝ օտար միջավայրի մը մէջ: Իր չհրապարակուած [«Անժամանդրոս»] վէպը որ կարդալու առանձնաշնորհումը ունեցած եմ 1976ին, [պէտք է ըլլայ 1979ին Սասուն Ս.] Սիմոնեանը կը վերածէ մեր ամբողջական գրողներէն մին: Բարդ վէպ մըն է՝ վէպի մէջ, որու մէջ կը դիմակալենք ոչ միայն այն որով ցարդ կ’ընթանայինք՝ այլ նաեւ այն խոչընդոտները որոնք կը դիմակալեն հայերը՝ Հայաստանի մէջ: Այլաբանական կառուցուածք մը ունի, ըսուելիքը ուժգին տեղ հասցնելու միտումով տրուած: Այո իր ոճը միանգամայն ուղիղ է, կենսունակ, առաջնորդուած խայթող սրամտութեամբ (այս վերջին կէտը աւելի շեշտուած է իր երգիծական կտորներուն մէջ), որ կը հեշտացնէ ընթերցումը թախծոտ պատմութեան: Պիտի կանգ առնեմ այստեղ, եւ եթէ փափաքիս յաւելեալ տեղեկութիւն՝ ուրախութեամբ պիտի փոխանցեմ քեզի:
Յուսամ կը վայելես կեցութիւնդ Փարիզի մէջ: Բարեւներս Լինտային եւ քեզի՝ Տայանայի, Ճէգի եւ իմ կողմէս:
Լաւագոյն մաղթանքներով,
Ողջոյններ՝
Մարզպետ
S. Margossian
3450 Wayn Ave. Apt. 22F,
Bronx, N.Y. 10467,
U.S.A.
Գ.
9 Յուլիս, 1983
Սիրելի պրն. Սիմոն,
Ատենին ստացած եմ ձեր բացիկները:
Արիսին հետ կը ջանանք պատրաստել նիւթերը. դեռ չեմ ստացած «Անժամանդրոս»ը: Քիչ առաջ Յակոբ Վարդիվառեանին հետ խօսեցայ եւ խոստացաւ քանի մը օրէն ճամբել. երբ ստանամ կը կատարենք ընտրութիւնը հատուածին եւ Արիսին կը յանձնեմ որպէսզի թարգմանէ:
Լէօն թելադրած էր որպէսզի Գէորգը [Աճեմեան] «Սփիւռք»ի մասին գրէ –ոչինչ չէիք ըսած այդ մասին. որեւէ վերապահութիւն ունի՞ք. իմ տպաւորութիւնս այն է որ վերապահ էիք. բայց կը կարծեմ որ Գէորգը յարմարագոյն անձն է, եթէ ուզէ գրել: Շուտով 10-12 օրէն եթէ Աստուած ուզէ Պէյրութ կը մեկնիմ եւ հոն եղած միջոցիս կը ջանամ Գէորգը տեսնել եւ հետաքրքրուիլ այդ ուղղութեամբ: Դուք քանի մը անուն թելադրեր էիք Արիսին, բայց պիտի չուզէի անոնց հետ գործ ունենալ: Խօսեցայ Անդրանիկ Փոլատեանին, ձեր խաթրին համար, խոստացաւ բան մը պատրաստել. եթէ խօշիս չգայ գրածը թերեւս չգործածեմ: Կարեւորը լաւ յաւելուած մը պատրաստելն է ձեր ամբողջական –կարելի չափով- կերպարը, նպաստը ներկայացնելու «Արարատ»ի [“Ararat”] ընթերցողներուն: Ինչ որ է, դեռ կը խօսինք այս մասին. մինչ այդ ջերմ բարեւներ ձեր ազնիւ տիկնոջ եւ պողպատեայ առողջութիւն ձեզի: Գառնիկին [Աճեմեան] հետ խօսեցայ. յայտնեց որ ձեր ուզած նիւթերը ճամբած է արդէն – Յակոբը ղրկած է. իսկ մնացեալը Անդրանիկը փոստով ղրկած Պէյրութ: Ջերմօրէն կը բարեւէ ձեզի:
Կրկին, յաջողութիւն եւ առողջութիւն:
Սիրով՝
Մարզպետ
Յ.Գ. Իտալերէն եւ երբեմն անգլերէնի մէջ գործածուած բառ մը կայ –IMPROVISATORE- որ մօտաւոր կերպով կը նշանակէ մէկը որ յանպատրաստից պատմութիւն կամ քերթուած կը յօրինէ. անոր համապատասխանող հայերէն ճշգրիտ բառ մը կա՞յ. շնորհակալ կ’ըլլամ եթէ իմացնէք:
Նոյն
Չիրականանար “Ararat”ի մէջ յաւելուածի մը տպագրութիւնը: Սիմոնեանին ուղղուած անթուակիր նամակի մը մէջ, խմբագիր Լէօ Համալեան կը յայտնէ թէ անգլերէնով բաւականաչափ նիւթ չէ հաւաքուած արդարացնելու համար նման հրատարակութիւն մը, միեւնոյն ժամանակ սակայն յայտնելով, թէ Սիմոնեանի «Աստծու ամրն է» պատմուածքը, Արիս Սեւակի թարգմանութեամբ, կը ծրագրէ տպել “Ararat”ի Աշնան (շատ հաւանաբար 1983 կամ 1984 ըլլալու է) համարին մէջ: Պատմուածքը լոյս կը տեսնէ Սիմոնեանի մահէն տարի մը ետք “Ararat”ի 1987ի Գարնան թիւին (2) մէջ, էջ 15-18:
Դ.
Այս նամակը Սիմոնեանի կողմէ հասցէագրուած է Մարզպետ Մարկոսեանին եւ կը շօշափէ “Ararat”-ի յաւելուածը չտպագրուելուն նիւթը: Նամակը որ բնագիր օրինակ մըն է, կրնայ ղրկուած նամակի մը ընդօրինակութիւնը ըլլալ, կամ կրնայ գրուելէ ետք ղրկուած չըլլալ նաեւ՝ այդ ժամանակաշրջանին Լիբանանի նամակատան անկանոնութեան, կամ նամակը մեկնող ճամբորդի մը չկարենալ հասցնելուն պատճառով:
Նամակը գրուած է 1986ի Յունուարի 7ին՝ օր մեռելոցի:
Քիչ ժամանակ անց, իր ծննդեան օրով՝ Մարտի 24ին, Անթիլիասի իր բնակարանին մէջ սրտի կաթուածով կը մահանայ Սիմոն Սիմոնեան: Յետ իր մահուան, Գէորգ Աճեմեան «Սփիւռք» պարբերագիրքի 1986ի համարը ամբողջութեամբ կը նուիրէ Սիմոն Սիմոնեանին (տպագրուած 1987ին), ուր նաեւ կը հրատարակէ Սիմոնեանի մասին անգլերէնով գրած իր ակնարկը, եւ ծանօթագրութեան մէջ կ’արձանագրէ. «Մեզի անծանօթ պատճառներով [“Ararat”ի յաւելուածի] ծրագիրը մնաց անկատար եւ այդ թիւը լոյս չտեսաւ երբեք:» «Սփիւռք»ի նշեալ Սիմոնեանի նուիրուած համարը, եւ Աճեմեանի անգլերէն ակնարկը կարելի է կարդալ այս յղումին այցելելով «Սփիւռք», Պէյրութ, նոր շրջան թիւ 2, 1986, Աճեմեանի ակնարկը էջ 72-78:
7 Յունուար 1986
Ողջոյն եւ համբոյր:
Կը շնորհաւորեմ Ամանորդ եւ Ս. Ծնունդը՝ լաւագոյն բաները մաղթելով քեզի: Չեմ կարծեր որ լաւագոյն բաներէն մէկը ամուսնութիւնը ըլլայ: Կ’ըսեն որ ուշը շատ համով կ’ըլլայ չամիչի պէս:
Քեզի ղրկեցի՞ “Ararat”-ի խմբագիր Համալեանի ինծի ուղղած երկտողին copy-ն: Իր նամակը շատ ուշ հասաւ ձեռքս: Զուիցերիա սպասած է տղուս [Յովիկին] ժամացոյցներուն մօտ:
Ափսո՜ս, անբուժելիօրէն հայ գրականութիւնը կուսակցականացած է. այս մեղքը, ըստ իս, իր մեծագոյն որդն է, որ զինք կ’ուտէ, ինչպէս թրթուրը՝ թութի տերեւները: Կուսակցականութիւնը համարժէք դարձած է տաղանդին, կամ փոխադարձաբար:
Գրող չէ ան որ կուսակցական չէ: Այս ախտին մէջ իրարու հետ համազօր ախոյաններ են մեր աջն ու մեր ձախը: Շահնուր (կարծեմ «Վաւերաթուղթ»ին մէջ) գեղեցիկ դատում մը ունի. «Մեր մէջ ամենէն աւելի իրար կ’ատեն ու իրար կը սիրեն ամենէն աւելի իրար նման եղողները»:
Փակենք այդ էջը: Թղթածրարը:
Ինչ որ պէտք է վերադաձնել ինծի, յանձնէ Գէորգին [Աճեմեան], որ յուսամ, կը տեսնէ քեզի:
Շատ ուրախ կ’ըլլամ եթէ ինծի գրես քու գործերուդ եւ անելիքներուդ մասին:
Կը շնորհաւորեմ քու անկախութիւնդ: (Ընդգծումը իմ կողմէս. Սասուն Ս.)
Ընդունէ՛ իմ խոր շնորհակալութիւնները քու շատ ազնիւ մտածումներուդ եւ արարքիդ համար՝ ինծի հանդէպ: Դժուար եւ հազուագիւտ քաջութիւն է ինծի ըլլալ, իսկ ամենէն դիւրին բանն է ինծի հայհոյելը:
Քալեցի մինչեւ հիմա:
Պիտի կարենա՞մ այսուհետեւ քալել եւ «գերեզման չտարուելիք բաները» դուրս պահել փոսէն, որմէ շատ հեռու չեմ ալ:
Համբուրելով քեզ՝
Ս. Սիմոնեան
Անթիլիաս
Անցեալ օր քոյրդ [Անահիտը] եւ քերայրդ [Մելքոն Պուլղուրճեանը] տեսայ դեղարանը եւ խնդրեցի որ քեզի հաղորդեն իմ ողջոյնները:
ՎԵՐՋ