«Ծանի՛ր զգեզ, հա՛յ ժողովուրդ,
Ապրիլեան Նահատակները
եւ երեք հազար տարիները
կը դիտեն քեզ…»
Սիմոն Սիմոնեան
Յարգելի ընթերցող,
Գաղափար մը տալու համար թէ ինչ էր մթնոլորտը Հայ Սփիւռքին մէջ՝ յետ 1958ի լիբանանահայ եղբայրասպան կռիւներուն, մէջբերումներ պիտի ընեմ «Սփիւռք» շաբաթաթերթի շա՛տ երիտասարդ խմբագիրներէն, Սերոբ Երեցեանի՝ «ԱՅՍ ՆՈՐ ԱՊՐԻԼ 24ը» խորագիրը ունեցող յօդուածէն:
Յօդուածը տպուած է 1959 թուականի Ապրիլի 25ին:
Եւ փոխանակ այդ օրը 1915ի՛ Ապրիլի 24ին մասին գրելու, Սերոբ Երեցեան կը գրէ նոր օրերու Ապրիլ 24ի մասին, ու ի միջի այլոց՝ կ’ըսէ.
«Նոր օրերու Ապրիլ 24ը եկաւ, որովհետեւ ամբողջ կէ՜ս դար, չպատրաստուեցանք ապագայի մեծ վտանգները դիմագրաւելու վճռակամութեամբ եւ չկրցանք մաքրել մեր մէջէն թրքաբարոյ ատելութիւնները, վէճերը, քէները, աղտոտ բարքերը, եւայլն:
Նոր օրերու Ապրիլ 24ը եկաւ, որովհետեւ ամբողջ կէս դար չկրցանք մեր յոռի կողմերը մէկդի շպրտել, սրբագրուիլ եւ իբրեւ նոր մարդ նոր վտանգին առջեւ կանգնիլ <…>:
Նոր օրերու Ապրիլ 24ը եկաւ, որովհետեւ առողջ եւ գիտակից սերունդ չկրցան հասցնել մեր նախորդները եւ նորերու հոգիներուն մէջ եւ երակներուն մէջ ներարկեցին իրարատեացութիւն եւ այլամերժում:
Եւ վերջապէս, նոր օրերու Ապրիլ 24ը եկաւ որովհետեւ այսքան անտարբերութենէ, այսքան անպատասխանատուութենէ եւ այսքան եսասիրութիւններէ ետք, չէ՛ր կրնար չգալ:»
«Տեսանք հայեր, որոնք եղբայրասպան գնդակներէն ինկան գետին ու հիւրընկալ երկրի մը հողը ներկեցին իրենց կարմիր արիւնով… վասն ոչինչի:
Տեսանք հայեր, որոնք իրենց եղբայրները գետին փռեցին ու ազգային հերոս եւ ազգասէր յորջորջուեցան:
Տեսանք հայեր, որոնք եղբայրասպաններ պաշտպանեցին բանիւ եւ գործով եւ երբեք չամչցան իրենց ըրածէն:
Տեսանք հայեր, որոնք եկեղեցիին անունով եկեղեցիներ կործանեցին ու սրբութիւններ ոտնակոխեցին ու խղճմտանք չունեցան:
Եւ վերջապէս, տեսանք հայեր, հազարաւոր, տասնեակ, հարիւրեակ հազարաւոր հայեր, որոնք ամչցան այս բոլորէն, փոխեցին տրամադրութիւն, փոխեցին սիրտ եւ երդում տուին իրենց զաւակները հայ չպահելու:»
Ահա յարգելի ընթերցող, ա՛յդ օրերու Հայաշխարհի մթնոլորտը՝ որմէ «հարիւրեակ հազարաւոր հայեր <…> ամչցան» եւ…
* * *
Թիւրքին կիսատ ձգածը մեր ձեռքով շարունակելու մեղքը գործեցինք գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ:
Մեր ատելութիւններով այնքան նման եղանք Թիւրքին՝ մեզ ջարդողներուն:
Մեր իրագործումները թիւով շատ աւելի քիչ ու վտիտ եղան քան մեր վէճերը:
Աւելի ատեցինք քան թէ սիրեցինք:
Չկրցինք պահանջել մեր հողերը, չհետապնդեցինք մեր դատը, չաղաղակեցինք հատուցո՛ւմ…
Վերի հինգ նախադասութիւնները ինծի չեն պատկանիր:
Պէտք էր զանոնք չակերտէի:
Անոնք կը պատկանին Սիմոն Սիմոնեանին ու ըսուած են իր «Դէպի՛ Յիսնամեակը Ապրիլեան Եղեռնի» յօդուածին մէջ՝ տպուած յիսնամեակէն երկու տարի առաջ, 1963ի Ապրիլին, երբ Հայութիւնը բաժնուած էր երկուքի:
Սիմոնեանի՛ «Սփիւռք» շաբաթաթերթը, իր ծննդեան (1958, Ապրիլի 4) առաջին օրն իսկ, կոտորակուած հայութեան մասին խօսելով՝ իր «ԽՕՍՔ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻ»ին մէջ պիտի գոչէր.
«Հայ ժողովուրդի մէջ երեւցող բաժանարար բոլոր գոյներն ու գիծերը եկուոր ու օտար են եւ ոչ թէ ծնած Հայութեան արգանդէն, մինչդեռ մեզ իրարու միացնող բոլոր բաները բնածին են եւ հարազատ ծնունդը Հայ արգանդին:
Մեզ իրարու կը միացնեն մե՛ր լեզուն, մե՛ր մշակոյթը, մե՛ր եկեղեցին, մե՛ր աւանդութիւնները եւ մեր հաւաքական գիտակցութիւնը, որոնք ծնունդն ու ստեղծագործութիւնն են մեր ժողովուրդին եւ երբե՛ք, երբե՛ք՝ եկուոր ու օտարածին իրողութիւններ:»
Եւ որովհետեւ բաժանեալ եւ փշրանքներու վերածուած հայութիւն մը պիտի շարունակէր մեզ հեռու պահել ՄԵՐ ԴԱՏԷՆ, «Սփիւռք» շաբաթաթերթի խմբագիրներն ու աշխատակիցներէն շատերը որոնեցին նո՛ր կերպեր, նո՛ր գաղափարներ՝ հայ ժողովուրդի միացման ու ոսպնեակի մը վերածման:
Վերեւի փշրանքներ եւ ոսպնեակ բառերն ալ պէտք էր չակերտէի:
Անոնք փոխ առնուած են նախապէս ձեզի ղրկուած այլ ե-նամակէ մը, ուր Սիմոնեանի «Կը խնդրուի… խաչաձեւել» երկին մէջ սուլթան Ապտիւլ Համիտ իր խօսքը ուղղելով հայոց կ’ըսէր.
«Մենք ունէինք բան մը, միա՛կ բանը, զոր դուք չունէիք եւ չունիք — ոսպնեակ:
Ոսպնեակը այն թանձր ապակին է, որ իր մէջ կը քաշէ ճառագայթները եւ խիտ ոյժի կը վերածէ, որ կ’այրէ մէկ կէտ, կիզակէտը:
Թիւրքը ոսպնեակ է:
Մինչդեռ հայերդ ջախջախուած ապակիի փշրանքներ էք: Կարելի չէ ձեզ վերստին իրարու կպցնել: Իսկ ոսպնեակ երբե՛ք չէք կրնար ըլլալ այդ փշրանքներով:
Այո՛, թիւրքը ոսպնեակ է: Ունեցած-չունեցածը գիտէ մէկ ոյժի վերածել, կը հաւաքէ ճառագայթները եւ կ’այրէ ուզած կէտը: Այդ ոսպնեակով 1896ին այրեցի 300.000 հայեր, 1909ին 30.000, իսկ իմ աշակերտներս՝ 1915-6ին՝ մէկ-երկու միլիոն հայեր:»
Ուրեմն պէտք էր դուրս գալ փշրանքներու այդ տիղմէն եւ գտնել միասնութեան աղբիւր մը՝ ժամանակի ընթացքին վերածուելու համար ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԶՕՐ ՈՍՊՆԵԱԿի մը:
ՄԵՐ ՀՈՂԵՐՆ ու ՄԵՐ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐԸ կ’ըլլան աղբիւրը, միջոցը, եւ փութացնողը այդ օրերու միացման:
Ստորեւ տրուած այսօրուան մայր յօդուածը կ’ըլլայ ազդանշանը նոր, առաջին անգամ մտածուած առաջարկի մը, պահանջի մը, որ էր՝ պատրաստուիլ եւ միասնաբար «արժանավայել ու փառաշուք կերպով տօնակատարել յիսնամեակը Ապրիլեան Եղեռնին:»
Եւ այս ազդանշանը կը տրուէր, ինչպէս վերը ըսուեցաւ, յիսնամեակէն ճի՛շդ ԵՐԿՈՒ ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ՝ 1963ի Ապրիլի 24ին:
* * *
ԴԷՊԻ՛ ՅԻՍՆԱՄԵԱԿԸ ԱՊՐԻԼԵԱՆ ԵՂԵՌՆԻ
ՍԻՄՈՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆ
Աղբիւր՝ «Սփիւռք» շաբաթաթերթ, 24 Ապրիլի 1963, էջ 2
Երկու տարի ետք՝ պիտի լրանայ յիսնամեակը Ապրիլեան Եղեռնին: Մեր պատմութեան մեծագոյն զոհաբերութիւնն է, չըսելու համար մեր պատմութեան ծանրագոյն աղէտն ու պարտութիւնը, զոր երբեւիցէ արձանագրած ըլլայ մեր ժողովուրդը:
Վստահ ենք որ մեր բազմաչարչար, այլ Փիւնիկի պէս յարութիւն առնող ժողովուրդը պիտի գիտնայ արժանավայել ու փառաշուք կերպով տօնակատարել յիսնամեակը Ապրիլեան Եղեռնին:
Երկու մեծ եւ ուշագրաւ իրողութիւններ, քանդակուած ու արձանացած, կը ցցուին մեր աչքերուն առջեւ, այս գրեթէ յիսուն տարիներու ընթացքին:
Ա- ՋԱՐԴՈՒՈՂԸ (ՀԱՅԸ) ՉԷ ԽՐԱՏՈՒԱԾ ԵՂԵՌՆԷՆ:
Բ- ՋԱՐԴՈՂԸ (ԹԻՒՐՔԸ) ՉԷ ԴԱՐՄԱՆԱԾ ԻՐ ՈՃԻՐԸ:
Ազգովին խրատուած ըլլալու համար չէր բաւեր սգալը — լաց, սեւեր հագնիլ, խանութներ բակել, մոմեր վառել եւայլն —, այլ անհրաժեշտ էր համազգային ոգիով եւ իտէալով դիմագրաւել ու կանխել Ապրիլեան Եղեռններու կրկնութիւնը: Թիւրքին կիսատ ձգածը մեր ձեռքով շարունակելու մեղքը գործեցինք գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ:
Համազգային մեր կարելիութիւնները ծրագրուած եւ ներդաշնակուած կերպով չկրցինք զօրակոչի ենթարկել:
Մեր իրագործումները թիւով շատ աւելի քիչ ու վտիտ եղան քան մեր վէճերը:
Աւելի ատեցինք քան թէ սիրեցինք:
Մեր սէրերը եղան բարակ ու խարդախ, մինչ մեր ատելութիւնները՝ խորունկ ու մահացու:
Մեր սէրերով չկրցինք նմանիլ մեր նահատակներուն, մինչ մեր ատելութիւններով այնքան նման եղանք թիւրքին՝ մեզ ջարդողներուն:
Չկրցանք կեդրոնացեալ գաղութներ կազմակերպել, եւ սփիւռքը վերստին վերածեցինք սփիւռքի, զայն աւելի սփռելով եւ մանրացնելով:
Չկրցինք պահանջել մեր հողերը, չհետապնդեցինք մեր դատը, չաղաղակեցինք հատուցո՛ւմ… եւ յաճախ թաղական աթոռի մը իրաւունքին պաշտպանութեան համար եղանք աւելի քաջամարտիկ քան եթէ եղած ըլլայինք ջարդողներուն դէմ:
Եկեղեցական հարց մը կրցաւ մեզ վերածել երկու յստակ եւ ատելավառ ճակատներու, եւ այդ տագնապը կրցաւ ամբողջ Հայութիւնը զօրակոչի ենթարկել: Կարսի առջեւ եղանք նուազ վճռական քան ազգային-եկեղեցական տագնապի այս եօթ տարիներուն ընթացքին:
Չկրցանք ըմբռնել թէ բազմաթիւ եւ մեծ բաներ մեզ իրարու կը միացնեն, մինչդեռ շատ քիչ եւ պզտիկ բաներ մեզ կը բաժնեն իրարմէ:
Պզտիկ բաներու համար մեր ատելութիւնը հոսեցաւ Եփրատի պէս, մինչ մեծ բաներու համար մեր սէրը նուազեցաւ անապատի առուակին պէս:
Մոռնանք մեզ, եւ դառնանք Թիւրքին — մեզ ջարդողներուն:
Թիւրքը ոճիր գործեց, ոճիրներուն մեծագոյնը՝ ԱԶԳԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Թիւրքը գերագոյն իր մեղքին վրայ, այս յիսուն տարիներու ընթացքին, բարդեց նոր մեղք մը եւս.-
ՉԿՐՑԱՒ գիտակցիլ իր մեղքին եւ ՉԳԻՏՑԱՒ դարմանել իր ոճիրը:
Գերմանը եւս գործեց ազգասպանութեան այդ մեծագոյն մեղքը:
Բայց գիտցաւ մասամբ դարմանել իր մեղքը, նիւթական տուգանք տալով, վասնզի իր զոհը — Հրեան — կը նախընտրէր… դրամական դարմանումը:
Թիւրքը չհատուցանելով եւ իր մեղքը չդարմանելով արձանագրեց նոր ապացոյց մը եւս քաղաքակրթութեան սահմաններէն իր հեռաբնակ ըլլալուն: Վկայեց, գէ՛շ կերպով վկայեց ինքնիր մասին:
Չմեղադրենք մեր իրաւ եւ կեղծ բարեկամներուն պիղատոսութիւնը:
Մտածե՛նք մեր մասին:
Չկրցանք ու չգիտցանք հատուցանել տալ:
Մեր նահատակները, Ապրիլեան Զոհերը, մեզմէ կը պահանջեն արցունքէն ու յարգանքէն վեր ու գերազանց բան մը. —
ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՅԱՒԵՐԺԱՑՈՒՄԸ:
Հայ ժողովուրդի յաւերժացման գերագոյն ուխտով պէ՛տք է դիմենք դէպի յիսնամեակը Ապրիլեան Եղեռնին:
* * *
«Սփիւռք» շաբաթաթերթի մէջ կը շարունակուին երեւնալ հայութեան հաշտութիւնն ու միութիւնը ջատագովող առաջարկներն ու գաղափարները, միաժամանակ ալ անհամերաշխութիւնն ու հատուածականութիւնը խարազանող նիւթերը:
Ապրիլեան Յիսնամեակը միացեալ կերպով տօնելու Սիմոնեանի տուած ազդանշանէն վեց ամիսներ ետք, 1963ի Հոկտեմբերի 12ին, Նշան Խոշաֆեան՝ Սիմոնեանի Անթիլիասի Դպրեվանքի դասընկերներէն (1930-1935) եւ «Սփիւռք» շաբաթաթերթի աւագ խմբագիրներէն, իր «Նամակ լեհ բարեկամիս՝ Կեմպարսկիի» յօդուածին մէջ կը գրէ.
«Կ’ամչնանք մենք մեզմէ, ու այսօր իբրեւ մամուլ կը հարցնենք, հայրենի պետականութեան պատասխանատուներէն մինչեւ Սփիւռքի մէջ ցրիւ եկած մեր Մեծերուն.
— Դուք ի՛նչ ըրիք Հայկական Դատին համար:
Համերաշխութեան պէտք ունինք: Ամէն տեղ մեր ոյժերը պէտք է որ համախմբուին ու հեռանան անջատողական ու ժխտական դիրքերէն, եւ աշխատին ներդաշնակ համադրութեամբ գործել՝ Հայկական Տարին հայու արժանապատւութեամբ դիմաւորելու համար:»
1963ի Դեկտեմբեր 31ին, «Սփիւռք»ը կը հրատարակէ 48 էջնոց Բացառիկ թիւ մը նուիրուած ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԱՏԻՆ:
Հոն, Սիմոնեան իր «Նամակ Հայաստանի ղեկավարութեան» գրութեան մէջ, Հայրենիքէն՝ Սովետական Հայաստանէն, անոր ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵՆԷՆ, պիտի խնդրէր… պահանջելու պէս.
«Անհրաժեշտ է ԼԾԱԿԻՑ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՅՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿՈՒ ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐՈՒՆ»:
«Արդ, հայրենի թանկագին Ղեկավարներ, ժամանակն է որ հիմնական վերատեսութեան ենթարկէք Ձեր վերաբերումը Սփիւռքի Հայութեան հանդէպ» եւ կ’առաջարկէ «ՀԱՇՏՈՒԹԻՒՆ ՈՒ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԱՐՏԱՍԱՀՄԱՆԻ ԲՈՎԱՆԴԱԿ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ»:
Ապա շարունակելով իր խօսքը կը գրէ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ մը եւ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ մը կազմակերպելու մասին ու այլ կէտեր ալ առաջարկելով կը գրէ.
«Հայ ժողովուրդի պատմական իրաւունքներուն իրագործման համար անհրաժեշտ կը գտնենք հետեւեալները.
1– Կազմել ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ մը:
2– Մօտաւոր թուականի մը մէջ կազմակերպել համազգային ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ ՄԸ, արտասահմանի եւ Մայր Հայրենիքի ներկայացուցիչներով, մեր ժողովուրդի վերակերտումի ճիգերը համադրելու եւ մտածուած ծրագրով մը ձեռնարկելու համար աշխատանքներու, որոնք չհակասեն Մայր Հայրենիքի եւ Սփիւռքի Հայութեան քաղացիական պարտաւորութիւններուն:
3– ՅՈՒՇԱԳԻՐՆԵՐՈՒ եւ ՀԱՆՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ պատրաստութիւն, որոնք ուղղուած ըլլան իրաւասու մարմիններու, որոնց մէջ ամենէն պատուաւոր տեղը պէտք է գրաւեն սովետական ղեկավարները, որոնք նախաձեռնարկ եղած են պաշտպանելու բազմաթիւ անիրաւուած ժողովուրդներու իրաւունքները:
4– Դիմել Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան, ինչպէս անոր կը դիմեն անիրաւուած ազգերը, ձեռք բերելու համար մեր իրաւունքները՝ ազգերու ազատագրութեան յարմարագոյն այս շրջանին: Այս դիմումը պէտք է որ կատարուի համազգային իրաւասու եւ ձեռնհաս պատուիրակութեան մը կողմէ, եւ յարմար է որ տեղի ունենայ 1964-65 տարեշրջանին, որ յիսնամեակն է Ապրիլեան Եղեռնին, երբ հայ ժողովուրդին հանդէպ գործադրուեցաւ մարդկային պատմութեան մեծագոյն ցեղասպանութիւններէն մէկը:» («Սփիւռք» 1963, Դեկտեմբերի 31, էջ 5 եւ 39)
1964ի Յունուարի 18ին Սիմոնեան իր «Ամէն ինչ մոռնալ եւ յիշել մէկ բան՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԱՏԸ» խմբագրականին մէջ կը գրէ.
«Կը հաւատա՞նք թէ վերապրող ամէն հայ անպայման հարազատ մը ունի սուրբ նահատակներուն մէջ:
Կը հաւատա՞նք մեր կորսնցուցածին քանակին ու որակին անկշռելի կշիռին…
Կը հաւատա՞նք գիտակցութեամբ մեր ԻՐԱՒՈՒՆՔԻՆ:
Կը հաւատա՞նք, կը հաւատա՞նք, եւ երիցս՝ ԿԸ ՀԱՒԱՏԱ՞ՆՔ:»
Ու քիչ անդին իր խօսքը ուղղելով մեր բոլոր կուսակցականներուն եւ կղերականներուն կը գրէ.
«Երկու տարուան համար միայն մոռացում, զինադադար…
Երկու տարի միայն մոռնալ, Քրիստափորի, Փարամազի եւ Տամատեանի Աւետարանները, երկու տարի միայն մոռնալ Յիսուսի մէ՞կ թէ երկու բնութիւն ունենալը, երկու տարի միայն մոռնալ, ՈՐՊԷՍԶԻ միմիայն Փարամազի, Քրիստափորի եւ Տամատեանի քայքայուած Աւետարանները ուռճանան, միեւնոյն Քրիստոսը իր մէկ կամ երկու բնութեամբ առատօրէն բաշխուի՝ Հայաստանի մեծցած սեղանին վրայ եւ հայ ժողովուրդի զանգուածային ու յաւերժական սպասարկութեամբ…»:
1964ին շաբաթաթերթի յաջորդական շատ մը համարներուն մէջ առաջին էջի ճակատին կ’երեւին գլխատառ ու մեծատառ հետեւեալ նախադասութիւնները.
«ՀԱ՛Յ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ, ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՅԺՈՎ ՀԵՏԱՊՆԴԷ ՔՈՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ԴԱՏԴ:»
«ՀԱ՛Յ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ, ՀԱՒԱՏԱ՛ ՔՈՒ ՅԱՒԵՐԺՈՒԹԵԱՆԴ ԵՒ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՅԺՈՎ ՀԵՏԱՊՆԴԷ ՔՈՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ԴԱՏԴ:»
«ՀԱ՛Յ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ, ԱՄՓՈԽՆԵՐԸ ԳԻՏԵՆ ԿԱՏՂԵՑՆԵԼ ԻՐԵՆՑ ԱՍՏՈՒԱԾՆԵՐԸ:»
Պատասխանելով հալէպահայ բարեկամ Գրիգոր Ազիրեանի մէկ նամակին («Սփիւռք» 1964ի Յունիսի 20), Սիմոնեան հետեւեալը կը գրէ.
«Հայկական Դատ.- Անշուշտ որ ամենէն նախընտրելին ու փափաքելին պիտի ըլլար եթէ Հայաստանի կառավարութիւնը, «կեդրոնական կառավարութեան ապաւինելով» հետապնդէր Հայկական Դատը:
Ո՞վ չ’ուզեր այդ «լաւագոյն ու յարմարագոյն ճամբան»…
Ի՞նչու չ’ըներ…
Տակաւին հարցնե՛նք.- Կ’ուզէ՞ ընել, կրնա՞յ ընել, օգտակա՞ր է իր ընելը…
Եթէ Հայկական Դատի հետապնդումը ստանձնէր Հայաստանի կառավարութիւնը, փաստած պիտի ըլլար իր անկախութիւնը, գործելու ազատութիւնը եւ էապէս հայկական իշխանութիւն մը ըլլալը…
Գիտէ՞ք թէ ի՛նչ ցաւալի բան մը պիտի ըլլայ, եթէ ամբողջ սփիւռքը 1965 թուին Հայկական Դատը հետապնդէ եւ բռնագրաւուած հողերը պահանջէ (մաղթենք միասնականութեամբ), եւ Մայր Հայրենիքը, իր կառավարական կազմով, իր «մինստրների սովետով», ժողովուրդով, «Հէյ ջան Երեւանով», լուռ մնայ մեր գաւառական հին հարսներու նման…
Այն ատեն Թի՞ւրքը անիծել թէ մեր բախտը…
Յետոյ, հրաւէրի՞ կը սպասէ Երեւանի կառավարութիւնը շարժելու համար:
Մայր Հայրենիքի մայրենի կառավարութիւնը ի՛նքը թող շարժի եւ թո՛ղ ինքը մեզ – Սփիւռքի Հայերս – շարժէ ու ցնցէ՛…
Այսպէս է կարգը…»
1964 Նոյեմբերի 22ին «Սփիւռք» շաբաթաթերթի խմբագիրներէն Տոքթ. Յարութիւն Սաղըրեան իր «Որպէսզի չհիասթափուի հայ ժողովուրդը» յօդուածին վերջաւորութեան կը գրէ. «1965ի նախօրեակին, երբ Հայկական Դատի հետապնդման մարմիններու կազմութեան մասին կը մտածուի եւ երբ տակաւին միասնականութեան եւ համագործակցութեան տրամադրութիւններն ու կարելիութիւնները կան <…>»:
Ուրեմն ցարդ չէր կազմուած եւ տակաւին պիտի կազմուէր Հայկական Դատի միացեալ մարմին մը…
Բաժանեալ կողմերուն դէմ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ պայքարի եօ՛թ տարիներ ետք Սիմոնեան կը գրէ.
«Հայ ժողովուրդի յաւերժացման տենդը մեզի գրել տուաւ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ, մեզ ՊԱՅՔԱՐԻ տարաւ, մեզի համար ստեղծել տուաւ ԹՇՆԱՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ու ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, հրահանգեց ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ, ԱԶԳԱՅԻՆ – ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ, ՀՈՂԱՅԻՆ ԴԱՏԻ ՀԵՏԱՊՆԴՄԱՆ, ԱՊՐԻԼԵԱՆ ԵՂԵՌՆԻ ՅԻՍՆԱՄԵԱԿԻ ՅԻՇԱՏԱԿՄԱՆ հաւատաւոր, գիտակից, անյողդողդ ու անսակարկ առաքելութիւնը:
Ըսին՛ք ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ, ամբողջութեամբ, առանց վերապահութեան, յաճախ բրտութեամբ: Մենք հաւատացինք ու կը հաւատանք որ ժողովուրդին պատկանող ու անոր գոյութեան հետ աղերս ունեցող ԱՄԷՆ ճշմարտութիւն ըսուելու է այդ ժողովուրդին, որպէսզի այդ ժողովուրդը իր գոյութեան պայքարի ընթացքին լրիւ ու խորհուած կերպով կազմակերպէ իր ինքնապաշտպանութիւնը, եւ իր բոլոր ոյժերը ամբողջական զօրակոչի ենթարկէ եւ գիտնայ ընտրել իր բոլոր ճշմարիտ զէնքերը: Մեզի համար չըսուելիք ճշմարտութիւններ չկան, այլ կան միայն ըսուելիք ճշմարտութիւններ»: («Սփիւռք» 31 Դեկտեմբեր 1964, էջ 1)
Կը հասնի 1965ը՝ Յիսնամեակի օրը:
Շաբաթաթերթին 28 Ապրիլի թիւին մէջ Սիմոնեան այս անգամ կը գրէ.
«Հազիւ յիսուն տարի ետք կարողացանք նոր օրերու Մսրամելիքին՝ Օսմանեան սուլթանական տէրութեան եւ տարազափոխ Իթթիհատականներուն պատասխանել.
Արդարեւ Կիրակի օր, 1965 Ապրիլ 25ին, Ուրուկուէյի մայրաքաղաքէն, Նիւ Եորքի փողոցներուն մէջ, Մոսկուայի թրքական դեսպանատան առջեւ, Հալէպի եկեղեցիին մէջ, Երեւանի եւ Էջմիածնի կամարներուն տակ, Պէյրութի Մարզական Աւանին բոլորակին մէջ սեղմուած, վերջապէս Հարաւային, Կեդրոնական ու Հիւսիսային Ամերիկաներէն մինչեւ Հնդկաստան, Աւստրալիա, Ափրիկեան երեք ովասիսներու՝ Եթովպիոյ, Սուտանի եւ Եգիպտոսի մէջ, Բուրքերուն ու Սփինքսին չորսհազարամեայ լռութեան առջեւ, Փարիզի, Լիոնի, Մարսէյլի, Տեսինի, Ժընեւի, Պրիւքսէլի, Աթէնքի, Հռոմի, Միլանոյի, Վիեննայի լոյսերուն մէջ, Իւզպեկիստանի, Թիւրքեստանի եւ Սիպերիոյ տափաստաններուն մէջ, ամէ՛ն տեղ ուր արեւը կրնար այցելել 24 ժամերու ընթացքին, կրցանք պատասխանել նոր օրերու Մսրամելիքին՝ հանրապետական Թիւրքիոյ՝
— Կենդանի՛ ենք…»
* * *
Իսկ 1965ի յիսնամեակի այ՛դ ու յաջորդող օրերուն յարգելի ընթերցող, Սերոբ Երեցեանի նկարագրած ու ամչնալով հայութենէ հեռացած «հարիւրեակ հազարաւոր հայեր»էն շատեր, տեսնելով ոսպնեակի վերածուելու նախանշանները ցոյց տուող հայ ղեկավարութիւն մը, ետ դարձ մը ըրին՝ «փոխեցին տրամադրութիւն, փոխեցին սիրտ եւ երդում տուին իրենց զաւակները հայ չպահելու» տեղ՝ անպայմա՛ն ՀԱՅ պահել:
Լաւ մնացէք:
Յարգանքով՝
Սասուն Սիմոնեան
Ապրիլ-Մայիս 2022, Անթիլիաս-Լիբանան
* * *
«Սփիւռք» շաբաթաթերթի 1963 տարուան 24 Ապրիլի բացառիկ թիւին պարունակութեան դուք կրնաք ծանօթանալ այցելելով Հայաստանի Ազգային Գրադարանի թուայնացուցած շտեմարանը, սեղմելով այստեղ :
Վերեւ տրուած Սիմոն Սիմոնեանի գրութենէն բացի՝ հոն պիտի հանդիպիք նաեւ հետեւեալ նիւթերուն ու գրողներուն:
– Դասագիրքէ մը ……………… «Պզտիկ պատմութիւն մը ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵՆԷՆ ԱՌԱՋ» (Ապրիլ 24ի առիթով)
– ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ – ԴԻՒԱՆ ԱԶԳ. ԳԱՒԱՌԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ……………… Մէջբերում. «Ցաւով կը ծանուցանենք հայ հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ Ս. Զատկի երկրորդ օրը երեկոյեան ժամը 7:30ին երեք հայ երիտասարդներ զինեալ յարձակում գործեցին Դամասկոսի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շաւարշ Եպս. Գույումճեանի վրայ Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ եւ վիրաւորեցին զինք կապարի երեք հարուածներով»:
Կ’ուտամ նաեւ «Սփիւռք»ի խմբագրութեան արձագանքէն մաս մը. «Կը դատապարտենք մանաւանդ յոռի այն ոգին ու դաստիարակութիւնը, որոնք պատանի այդ այլասերածները մղած են ձեռք բարձրացնելու հայ հոգեւորականի մը դէմ»:
– Տոքթ. Ե. Ագխաչերեան ……………… «24 ԱՊՐԻԼ»
– Նշան Խոշաֆեան ……………… «ՄԵՐ ՊԱՐՏՔԸ ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ» Մէջբերում մը այս յօդուածէն ուր կը ցոլայ մեր անմիասնականութիւնը՝ նոյնիսկ Ապրիլ 24ի օրով. «Ոչինչ կրնանք ընել՝ այնքան ատեն որ չենք կրնար քով-քովի կենալ՝ նոյնիսկ աղօթքի համար, ոչինչ կրնաք ընել՝ այնքան ատեն որ չենք կրնար մեր հայրերուն ու մայրերուն սուգին առջեւ իսկ, որդիական սիրով իրար ձեռք երկարել, ու տարին մէկ օր գոնէ, երկիւղածութեամբ կանգնիլ՝ եղբայրաբար՝ անոնց անթաղ ոսկորներուն առջեւ:»
– Նամակատուփ ……………… Ստացուած երկու նամակներ՝ Աղաբէկ Թաշճեանէ եւ Տիգրան Յարութիւնեանէ
– Սահակ Եպս. Կոգեան ……………… «ԱԶԳԱՅԻՆ ԽԻՂՃԸ» (1915ի նահատակներու օր): Յօդուածին կողքին կայ նաեւ յօդուածագրին մահազդը եւ «Սփիւռք»ի խմբագրութեան վշտակցութիւնները Հայ-Կաթողիկէ համայնքին եւ Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան:
– Տոքթ. Գ[րիգոր] Ասթարճեան ……………… «Տխուր էջ մը եւս ԵՂԵՐՆԱՊԱՏՈՒՄԷՆ» Մէջբերում. «Ապրիլին տասը հազար երկսեռ շունչով տարագրութեան ճամբան քշուող կարաւանէն մնացած էր միայն 3000, որոնք բաղկացած էին հազիւ մերկութիւննին գոցելու աստիճան ցնցոտիներու մէջ փաթթուած, դալկացած, հիւծած, մաշած ոսկրուտ այտերով, այլանդակուած դէմքերով, գզգզուած մազերով, վատոյժ պառաւներէ, յղի կիներէ, տասնէն վար, անսուաղ, տրտմաթախիծ մանկտիներէ, մելամաղձոտ աչքերով անչափահաս աղջիկներէ, յուսալքուած, հոգւով ընկճուած, մարմնով սպառած էակներէ:»
– Վեր. Յովհաննէս Ակներեան ……………… «“24 ԱՊՐԻԼ” ՆԵՐՇՆՉԱՐԱՆ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԻ» Մէջբերում. «Եթէ յիշեալ կերպերով պիտի ապրինք իբրեւ անհատ կամ ազգ, այս ապրիլ չէ՛: Եթէ պիտի շարունակենք այս քաոսային վիճակն ու անմիաբան կեանքը, այս կեանք չէ՛, այլ՝ քաշկռտուք եւ աստիճանական մահացում մինչեւ վերջնական կորուստ: Ոչինչ կը շահինք բացի ծաղր ու ծանակ ըլլալէ եւ մեր շարժումներուն հետեւող թշնամին հրճուեցնելէ»:
– Եթովպահայ Գաղութային Ժողով ……………… ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐ Կ’ՈՒԶՈՒԻՆ Ատտիս-Ապապայի Ս. Գէորգ Եկեղեցիին եւ Ազգային Գէորգոֆֆ Վարժարանին համար: Մէջբերում. «նիւթական եւ այլ պայմանները շատ նպաստաւոր են թեկնածուներու համար»:
– Կարոյ Բարսեղեան ……………… «Նամակ Անծանօթ Աղջկայ Մը», – Ապրիլ 24ի առիթով
– Պարոյր Սեւակ ……………… «ԵՂԵՌՆԻ ՀԱՄԱԶԱՆԳ» – Հատուածներ «Անլռելի Զանգակատունէն»
– Ա. Վաչէ ……………… «ՅԱԿՈԲ ԿԻՒԼՈՅԵԱՆԻ ԱՍՄՈՒՆՔԻ ԵՐԵԿՈՆ»
– Յ[արութիւն] Զատկի ……………… «ԱՅՆ ՍԵՒ, ՍԵ՜Ւ ՕՐԵՐԷՆ – ՄՕՐ ՄԸ ՊԱՏՄԱԾՆԵՐԷՆ» Մէջբերում. «Սակայն աղջիկը, տեսնելով երկու արաբներուն զինքը տանելու տրամադրութիւնը, սարսափի ճիչ արձակեց…: Եւ փաթթուելով մէյ մը հօրը, մէյ մը իմ ոտքերուն, աղիողորմ՝ լացաւ: – «Հայրի՜կ, մայրի՜կ… մի՛ տաք զիս արաբներուն… մի՜ թողուք որ տանին զիս… ես կը վախնա՜մ անոնցմէ… ա՛լ ճամբան չեմ մնար… շալկեցէք չեմ ըսեր… ձեր ետեւէն կամաց-կամաց կու գամ կը հասնիմ ձեզի…»:
– Երուանդ Գարաճեան ……………… «Ի ԽՈՐՈՑ ԱՐԵԱՆ ԽՕՍՔ ԸՆԴ ԱՍՏՈՒԾՈՅ»
– Ա. Վաչէ ……………… «Յուշեր երգահան ՆԻԿՈԼ ԳԱԼԱՆԴԷՐԵԱՆի Մասին»
– Եղ. Հայպետ ……………… «ՍՓԻՒՌՔ ՀԱՅԿԵԱՆ ԷԼԵԳԻԱ» (Կայ նաեւ նամակ մը հեղինակէն)
– Զարեհ Մենակ ……………… «ԵՂԲԱՅՐ ԵՆՔ ՄԵՆՔ» Սկիզբը կայ փոքր նամակ մը հեղինակէն որ կ’ուզէ անծանօթ մնալ եւ կը յուսայ որ իր այս նախաքայլ գրութիւնը հրատարակուի շաբաթաթերթին մէջ: Մէջբերում. «Արդ, ի՞նչ պէտք ենք ընել, որպէսզի կարենանք գոյատեւել, պայքարիլ երկրորդ ջարդի մը դէմ, որ աւելի վտանքաւոր է եւ ահարկու:»
– Գէորգ Տարօնի ……………… «ՄԵՐ ԱԶԳ. ԴԻՒՑԱԶՆԵՐԳՈՒԹԵԱՆ ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԻՒՆԸ»
– Ակնունի Գույումճեան ……………… «ԴԷՊԻ ԱՅԳԱԲԱՑ»
– Լիւսի ……………… «ԱՊՐԻԼ 24»
– Գէորգ Էմին ……………… «ՀԻՆ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻ ԱՌԱՋ»
– Ծանուցումներէն մին է նաեւ ……………….. «ՊԷՅՐՈՒԹԱՀԱՅ ԳՈՒԼԻՍԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲ// Հովանաւորութեամբ՝ Տիար Միսաք Ազիրեանի// Շիրվանզադէի// ԱՐՏԻՍՏԸ (4 ԱՐԱՐ 4 ՊԱՏԿԵՐ)// ՍԷՆ ԺՈԶԷՖ ՍՐԱՀ// 4 Մայիս 1963, Շաբաթ գիշեր ժամը 9ին// Տոմսերը ստանալ՝ Ֆոթոյ Գարեգին (Պուրճ) եւ Գրատուն Հովիւեան (Պուրճ Համուտ)»
ԹՂԹԱՀԱՆԴԷՍ
—
ԵՐԿՈՒ ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ
ՍԻՄՈՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ ՏՈՒԱԾ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ
ԵՐԿՈՒ ԵՐԳԻԾԱՆԿԱՐՆԵՐ
Ստորեւ տրուած երկու երգիծանկարները գաղափար մը կրնան տալ՝ 1950-60ական ժամանակաշրջանի սփիւռքահայութեան անմիաբանութենէն:
Գործ՝ «Սփիւռք» շաբաթաթերթի խմբագիրներէն հրապարակագիր եւ երգիծանկարիչ Գրիգոր Քէօսէեանի
Աղբիւր՝ «Սփիւռք» շաբաթաթերթ 28 Փետրուարի 1959, էջ 1
Գործ՝ «Սփիւռք» շաբաթաթերթի աշխատակիցներէն, երգիծանկարիչ Համոյ Ապտալեանի
Աղբիւր՝ «Սփիւռք» շաբաթաթերթ, 31 Դեկտեմբերի 1964, բացառիկ թիւի կողք
* * *
ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ ԳՐԱԴԱՐԱՆԻՆ ԳԻՐՔԵՐԸ
Սիմոնեանի գիրքերէն մաս մը առանձնացուած եւ բաժնուած է խումբերու:
Այդ խումբերէն մէկուն մէջ առանձնացուած են բոլոր այն գիրքերը որոնց մէջ Սիմոնեան կատարած է սրբագրութիւն մը, ընդգծում մը, նօթագրութիւն մը, եւ կամ մելանի ու մատիտի այլ հպում մը:
Ստորեւ տրուած են այս խումբին պատկանող երկու գիրքերէ՝ երկու նամակներ:
Առաջին նամակը գրուած է, «Անահիտ»ի խմբագիր 33 ամեայ Արշակ Չօպանեանի կողմէ, Փարիզէն՝ 1905ին, եւ հասցէագրուած 20-21 տարեկան Դանիէլ Վարուժանին (բուն անունով Դանիէլ Չպուգքեարեան), Պելճիքա՝ ուր կ’ուսանէր ան այդ օրերուն:
Սիմոնեան կատարած է սրբագրութիւն մը կապոյտ մելանով եւ այլ սրբագրութիւն մըն ալ կարմիրով: Կատարած է նաեւ ընդգծումներ ու անոնցմէ մէկուն մօտ իր ձեռագրով գրած «կարեւոր»:
“X” նշանը պէտք է հասկնալ «ի նկատի ունենալ» իմաստով:
Այս նամակը առանձնացուած է «Արշակ Չոպանեան նամականի» գիրքէն, տպուած «Սովետական գրող» հրատարակչութեան կողմէ, Երեւանի մէջ՝ 1980ին:
Երկրորդ նամակը, 1908 թուակիր, գրուած է Պոլիսէն 47 տարեկան Գրիգոր Զօհրապի կողմէ, եւ հասցէագրուած 36 տարեկան Արշակ Չօպանեանին, որ կը շարունակեր բնակիլ Փարիզի մէջ:
Տրուած նամակին մէջ կան կապոյտ մելանով՝ Սիմոնեանի կողմէ կատարուած երկու սրբագրութիւններ եւ այլ ընդգծումներ: Էջերու երկայնքին տրուած ուղղահայաց գիծերը նոյնպէս կը նշանակէն «ի նկատի ունենալ»:
Երկրորդ պարբերութեան կողքին գրուած կրկնութեան այս նշանով “>>”, ըսել կ’ուզուի թէ քիչ մը վերեւ, Սիմոնեանի ձեռագրով գրուած «ապո՛ւշ Զօհրապ» դիտողութիւնը ի նկատի ունենալու է նաեւ այս պարբերութեան բովանդակութեան մէջ գրուածին համար ալ:
Այս նամակը առանձնացուած է «Արեւմտահայ գրողների նամականի» գիրքէն, տպուած «Երեւանի Համալսարանի Հրատարակչութիւն»ի կողմէ, Երեւան՝ 1972ին:
Դանիէլ Վարուժան եւ Գրիգոր Զօհրապ 1915ի Ապրիլ 24ին մաս կազմեցին մտաւորականներու այն խումբին որոնք ձերբակալուեցան եւ յետոյ ալ Հայկական բարձրավանդակի վրայ 3000 տարիներէ ի վեր գոյութիւն ունեցող իրենց 1.500.000 միլիոն հայրենակիցներուն հետ ոչնչացուեցան:
Այսօրուան մայր յօդուածէն կ’առանձնացնեմ քանի մը տողեր կրկին ու կրկին կարդալու համար:
«Թիւրքը ոճիր գործեց, ոճիրներուն մեծագոյնը՝ ԱԶԳԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ:»
«Թիւրքը գերագոյն իր մեղքին վրայ, <…>, բարդեց նոր մեղք մը եւս.- ՉԿՐՑԱՒ գիտակցիլ իր մեղքին եւ ՉԳԻՏՑԱՒ դարմանել իր ոճիրը:»
«Թիւրքը չհատուցանելով եւ իր մեղքը չդարմանելով արձանագրեց նոր ապացոյց մը եւս քաղաքակրթութեան սահմաններէն իր հեռաբնակ ըլլալուն: Վկայեց, գէ՛շ կերպով վկայեց ինքնիր մասին:»
«Չմեղադրենք մեր իրաւ եւ կեղծ բարեկամներուն պիղատոսութիւնը:
Մտածե՛նք մեր մասին:»
«Չկրցանք ու չգիտցանք հատուցանել տալ:»
«ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՅԱՒԵՐԺԱՑՈՒՄԸ:»
Վ Ե Ր Ջ