Յարգելի ընթերցող,
1972ի Յունիս ամսուն երկու գրագէտներ, Ռազմիկ Դաւոյեանն ու Ոիւլեամ Սարոյեանը, գրեթէ միեւնոյն օրերուն կը գտնուին Լիբանանի մէջ: Դաւոյեան՝ կը հրաւիրուի Լիբանանահայ գրական շրջանակի կողմէ, իսկ Սարոյեան՝ Հայկազեան գոլէճի (այժմ համալսարան): Երկու գրագէտներն ալ կ’իջեւանէն մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ: Դաւոյեան՝ Միհրան Մամբրիէլեանի Օմար Խայեամ, իսկ Սարոյեան ծովեզերեայ Սեն Ժորժ (ֆր. St. Georges) պանդոկին մէջ: Երկու պանդոկները իրարմէ հեռու եղած են նուազ քան մէկ քիլոմեթր, երկուքն ալ ոչ շատ հեռու՝ Սիմոն Սիմոնեանի «Սեւան» տպարանէն ու «Սփիւռք»ի խմբագրատունէն:
Դաւոյեան իր Լիբանան այս այցելութիւնը պատմած է «Սահման» անուան տակ՝ «Հանճար եւ յիշողութիւն» գիրքին մէջ (Երեւան, 1986):
Ստորեւ քանի մը տողեր՝ Դաւոյեանի նկարագրած 1972 թուականի Լիբանանահայութեան մասին. «… այս երկրում ապրում են մօտ երեք հարիւր հազար հայեր՝ իրենց մամուլով, վաթսունվեց կրթական հաստատութիւններով ու 15 հազար աշակերտութեամբ, մտաւորականներով, կուսակցութիւններով, առեւտրականներով, գրեթէ սոցիալական բոլոր դասերով, իրենց պառակտումներով, հազար ու մի տեսակ հոգսերով, ամէն մէկն աշխարհի վրայ գոյութիւն ունենալու իր երջանկութեամբ … :»
Այսօրուան լիբանանահայութիւնը սակայն նման չէ Դաւոյեանի նկարագրածին, այլ՝ Սիմոնեանի «Թինկրա եւ Տամտամ» վերնագրով մէկ գրութեան, ուր կը պատմուի փոքրաթիւ հնդկահայ գաղութի նօսրացման մասին: Թինկրան ըլլալով հնդկահահայոց գերեզմանատունը, իսկ Տամտամն ալ Կալկաթայի միջազգային օդակայանը:
Դաւոյեանի «Սահման»ին մէջ մօտաւորապէս հետեւեալ յաջորդականութեամբ տողանցած են լիբանանահայեր՝ Վարդերես Գարակէօզեանը, Գառնիկ Ադդարեանը, Փիէրը (Պետրոս Մարգարեան), Արմէն եւ Արսինէ Դարեանները, Յարութիւն Թորոսեանը, Մարտիրոս Գուշաքճեանը, Երուանդ Քասունին, Օշին մը (Օմար Խայեամ պանդոկի պաշտօնեայ), երկու Արմէնուհիները, այլ Արսինէ մը, Գրիգոր [ու Արաքսի] Շահինեանները իրենց Շաղիկին ու Յասմիկին հետ, բժիշկ Ռոբովդ Չօրպաճեանը, Սիմոն Սիմոնեանը, Շահէ մը (մաթեմատիկոս), Վեհանոյշ Թեքեանը, Յարութիւն Չամսարեանը, Կարօ ու Վրէժուհի Արմենեանները իրենց Զանգուին ու Նազանին հետ, Պետիկ Հերկելեանը, Գէորգ Աճեմեանը, եւ Յովհաննէս մը:
Վերեւ յիշուած անուններէն եւ կամ անոնց շառաւիղներէն շատ քիչերը Լիբանանի մէջ են այսօր: Անոնք կամ «Թինկրա»յի եւ կամ ալ «Տամտամ»ի միջոցով մեկնած են երկրէն…
Ստորեւ «Սահման»էն մէջբերումներ որոնք կ’առնչուին այսօրուան մայր յօդուածին հետ: Այս մէջբերումները պատմուած են հետեւեալ վերնագրին տակ.
«Ողջոյն»
«Ամէն առաւօտ, երբ գիշերային պտոյտներից վերադարձած, ես քնած եմ լինում մէկ կամ թերեւս կէս ժամ, իմ հեռախօսը կատաղօրէն զնգում է, եւ իր աշխատանքային Օլիմպոսից առաւօտեան ողջոյնն է ուղղարկում, գրող, ուսուցիչ, «Սեւան» հրատարակչութեան տնօրէն, «Սփիւռք» թերթի խմբագիր, տեղակալ, պատասխանատու քարտուղար, բաժնի վարիչ, գրական աշխատող, սրբագրիչ, սասունցի Սիմոն Սիմոնեանը:
— Ողջոյն— ասում է նա, — գիշերը հանգիստ քնացա՞ր:
— Ո՞ր գիշերը,— շփոթուած ասում եմ ես:
— Այս գիշեր, նախորդ գիշերուայ մասին երէկ հարցուցած եմ, մոռցա՞ր:
— Չէ, չմոռցայ, պարոն Սիմոնեան, չմոռցայ, համա նոր-նոր անկողին մտած եմ:
— Հոգ չէ, «Սփիւռք»ին նոր թիւը կ’ուղարկեմ քեզի՝ արաբ տղային հետ, կարդա եւ ինծի հեռաձայնէ: Ի՞նչպէս կ’ըլլայ Ռազմիկ, բոլորին հետ ժամանակդ կ’անցընես, մեզի համար ժամանակ չես գտներ, որ նստինք միասին եւ հանգիստ խօսինք:
Ես այդպէս լսափողը ձեռքիս քնում եմ մի քիչ, մինչեւ արաբ տղան գալիս դուռը թակում է, ես արթնանում եմ, այլեւս չքնելու պայմանով, որովհետեւ քիչ յետոյ Գառնիկ Ադդարեանը պիտի գայ, որպէսզի գնանք պաշտօնական այցելութիւնների:»
«Սիմոն Սիմոնեանի ուղարկած արաբ տղան անմեղ-անմեղ աչքերիս մէջ նայելով խօսում է արաբերէն, իսկ ես ոչ մի բառ չեմ հասկանում: Եւ յետոյ շարժումներով մի կերպ հասկացնում է՝ մնա՞մ, թէ՞ գնամ: Գնա, գնա, — ասում եմ ես հայերէն, — մնում ես ի՞նչ անես: Ես կը կարդամ եւ կը հեռաձայնեմ: Տղան գնում է եւ ես վերցնում եմ «Սփիւռք»ի նոր համարն ու ապշում եմ. թերթի առաջին էջի առաջին սիւնակում Ուիլեամ Սարոյեանի նկարն է՝ իր տղայի՝ Արամ Սարոյեանի հետ, երկրորդ սիւնակում իմ նկարն է՝ բանաստեղծութեան հետ, եւ ապա խմբագրութիւնը ներկայացնում է իր հիւրերին.
«Բայց նախ զարմացնող հարցում մը. — իրա՞ւ մինչեւ հիմա Ուիլեամ Սարոյեան Լիբանան չէ եկած: Իրա՞ւ մեր բազմանուն մշակութային կազմակերպութիւնները չեն մտածած, կամ մտածած են եւ չեն յաջողած Սարոյեանը բերել Լիբանան (այնքան լուրջ ու անլուրջ մարդեր, նոյնիսկ բախտագուշակներ ներածելէ ետք)»:
Անմիջապէս հաւաքում եմ Սիմոնեանի թիւը.
— Պարոն Սիմոնեա՞ն…նախ ոչ մի կարիք չկար, որ ինձ ներկայացնէիք Սարոյեանի կողքին, եւ ուրեմն՝ Սարոյեանը գալիս է Պէյրո՞ւթ… Հայկազեան գոլէճի՞ հրաւէրով…շուտո՞վ պիտի գայ:
Այսպէս, առաջին պահին շփոթուելով, ես յետոյ մտածեցի, որ դա, այնուամենայնիւ, շոյում է իմ փառասիրութիւնը: Ո՞վ չի ուրախանայ՝ եթէ իր նկարը տպեն մի մեծ գրողի նկարի հետ եւ այնպիսի յոյսեր յայտնեն, թէ քո մէջ էլ կան չյայտնաբերուած աստղեր, որոնք յայտնաբերուելուց յետոյ շուրջդ կը լուսաւորուի:» Եւ նաեւ մտածեցի գրել այն ամէնը որ իմ մէջ ձեւակերպւում էր
«ՉԿԱՅԱՑԱԾ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ՈՒԻԼԵԱՄ ՍԱՐՈՅԵԱՆԻ ՀԵՏ»
անունով:»
«Ես լրիւ համոզուած էի, որ կը տեսնեմ Սարոյեանին, կը խօսեմ հետը: Իմ լսելը նրան արդէն կը լինէր մեր ամենաճոխ զրոյցն ինձ համար: Սակայն յաջորդ առաւօտեան ժամը 10ին Սիմոն Սիմոնեանի զանգն ինձ յուսախաբ արեց.
— Ո՞ւր ես, Ռազմիկ, ժամը ութէն ի վեր քեզի կը հեռաձայնեմ, լսափողը վերցնող չկայ: Սարոյեանը եկաւ, կէս ժամի չափ մնաց քովս, ամէն բան նայեցաւ, վերջը գնաց:
Իսկ ես ժամը եօթին, հոգնած ու ջարդուած, մտել էի անկողին եւ ոչ մի հեռաձայն ինձ չէր կարող արթնացնել:
— Պիպլոս պիտի տանիմ իրեն, ճնճղուկներու [իմա՛Թռչնոց] բոյնը, եթէ հոս ըլլաս, միասին կ’երթանք: Հեռաձայնով ինձմէ հարիսա ուզեց, ըսաւ՝ այն հայկական ճաշէն կ’ուզեմ, ձաւարով շիլա մը կայ: Առաւօտ կանուխ ղրկեցի իրեն, վայելքին չափ ու սահման չկար, անվերջ ատոր մասին կը խօսէր: Ըսաւ՝ ո՞ւր է այն Հայաստանցի բանաստեղծը: Եթէ հոս ըլլաս, միասին կ’երթանք Պիպլոս:
— Այո, — սմքած ձայնով ասացի ես, — Հալէպ պիտի գնամ, Տէր-Զօր պիտի գնամ: Կը գնամ, կը գամ, անպատճառ պիտի տեսնեմ իրեն: Ես գիտեմ, դուք այդքան հեշտ նրան բաց չէք թողնի:
Ես գնացի Հալէպ, վերադարձայ, եւ իմացայ, որ Սարոյեանը մեկնել է արդէն: Սիմոն Սիմոնեանի գրասեղանին դրուած լուսանկարիս վրայ գրել էր՝ անգլերէն եւ հայերէն. «Ողջոյն»:»
Ինչպէս վերեւ գրուած տողերուն մէջ կարդացիք, Դաւոյեան Լիբանան իր կեցութեան ընթացքին չի հանդիպիր Սարոյեանին:
Բայց Սիմոնեան իր «ԵՐԿՈՒ ԳՐԱԳԷՏՆԵՐ ԱՆՑԱՆ…» յօդուածին մէջ, կը յաջողցնէ միեւնոյն այդ օրերուն իսկ բազմաթիւ հանդիպումներ իրականացնել թէ՛ Սարոյեանի եւ թէ՛ ալ Դաւոյեանի հետ… միասնաբա՛ր:
Սիմոնեան Սասունէն ժամանելով Արեւմտահայաստանի մայրաքաղաք Վան՝ կը հանդիպի Պիթլիսէն ժամանած Սարոյեանին ու Խնուսէն ժամանած Դաւոյեանին հետ:
Հանդիպումները տեղի կ’ունենան Պետրոս Դուրեան պողոտայի վրայ գտնուող Հայ Գրողներու Տան մէջ: Սիմոնեան պատմելով այս հանդիպումներուն մասին՝ կ’ըսէ. «Իրենց հետ եղայ Յունիսին Պարոնեան թատրոնին մէջ, Ալիշան թանգարանին մէջ, Դ. Վարուժան Գրապալատին մէջ, Երուխանի Անուան Գրականութեան Հիմնարկին մէջ, Գրիգոր Զօհրապի Տուն-Թանգարանին մէջ…»:
Դաւոյեանի եւ Սարոյեանի Լիբանանէն անցնիլները՝ Սիմոնեանին կը յիշեցնեն ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ այլ իրողութիւններ եւս, որոնց շարքին ան կրկին կ’անդրադառնայ Համահայկական Կեդրոնական Մարմինին, եւ թուելէ ետք կարք մը պետութիւններու անունները՝ կ’եզրակացնէ. «Հայ արտասահմանի ամբողջութիւնը, Համահայկական Կեդրոնական Մարմինի մը յայտարարին վրայ, շատ աւելի հարուստ է կարելիութիւններով քան շարք մը պետութիւններ…
Ինչո՞ւ ուրանալ եւ չտեսնել հայկական այս ոյժն ու կենսունակութիւնը, եւ մա՛նաւանդ ինչո՞ւ զայն չթափել հայրենի ջրամբարին մէջ:»
Սիմոնեանի այս, եւ Արեւմտահայ այլ մտորումներու նոր մեքենագրուած տարբերակը կրնաք կարդալ այս տողերուն վերջաւորութեան՝ «ԵՐԿՈՒ ԳՐԱԳԷՏՆԵՐ ԱՆՑԱՆ…» վերնագրին տակ: Կրնաք նաեւ այցելել Հայաստանի Ազգային Գրադարանի թուայնացուցած շտեմարաններու «Սփիւռք» շաբաթաթերթի 1972 տարուան 16 Յուլիսի համարը, սեղմելով այս կապին վրայ, հոն կարդալու թէ սոյն գրութեան ամբողջութիւնը, եւ թէ ալ այդ համարին մէջ եղող մնացեալ նիւթերը:
Հոն՝ առաջին էջի վրայ, բացի Սիմոնեանի նշուած յօդուածէն, պիտի կարդաք.
ՀԱՅ՞Ը…
ՀԱՐՑՈՒՄ.— Ամենէն տխմար ժողովուրդը ո՞րն է:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.— Հայրենիք կորսնցնողը:
ՀԱՐՑՈՒՄ.— Ամենէն ողբալի ժողովուրդը ո՞րն է:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.— Հայրենիք կորսնցնելէ ետք, ինքզինք երջանիկ ու գերերջանիկ զգացողը, որ կը խորհի նաեւ թէ աննախնթա՜ց վերելքի ու յաջողութեան մէջ է:
ՀԱՐՑՈՒՄ.— Ամենէն հրաշագործ ժողովուրդը ո՞րն է:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.— Ա՛ն որ մեռնելու վրայ, կ՛արթննայ յարութեամբ, նորածինի պէս աշխարհին նայելով:
Մնացեալ նիւթերն ու անոնց հեղինակները հետեւեալներն են.
– Կարօ Բարսեղեան ……………….. «Սարոյեանի վերջին օրը Լիբանանի մէջ» (Կարօ Բարսեղեան հետաքրքրական մանրամասնութեամբ կը պատմէ իր անցուցած վերջին ժամերը Սարոյեանի հետ՝ ընկերակցութեամբ Գէորգ Աճեմեանի եւ Սիմոն Սիմոնեանի: Յօդուածի վերջաւորութեան կայ լուսանկար մը՝ քաշուած Գէորգ եւ Ազատ Աճեմեաններու “HELP” գրատան վերնայարկին մէջ: Աճեմեաններու գրատունը հիմնուած էր 1960ի Հոկտեմբերին, եւ կը գտնուէր Համրա շրջանի Ժան Տարք փողոցին մէջ:)
– Ռազմիկ Դաւոյեան ……………….. «Խաչերի ջարդը»
– Գուտցի Պ. Միքայելեան ……………….. «Այնտեղ՝ բոզ մը աւելցաւ, այստեղ՝ պատուաւոր մարդ մը»
– Անստորագիր ……………….. «Հայոց պատմութիւնը թրքական ակնոցով» բ. մաս (արտատպուած՝ Այնճարի Հայ Աւետարանական Գոլէճի «Շիրազ» տարեգիրքէն)
– Ղազար Մերկեան ……………….. «Նամակատուփ» (Նամակի սկզբնաւորութեան, ծանօթագրութեամբ մը Մերկեանի մասին կ’ըսուի. «Իսկակա՛ն Ասպետ մը Հայ Գիրքի»)
– Ծանուցումներ ……………….. երկու ծանուցումներէն մին հետեւեալն է. «Կը յանձնարարենք կարդալ// Գէորգ Աճեմեանի// ՄԻԱԿ ԼՈՒԾՈՒՄԸ// 200 էջ ԳԻՆ՝ 1 Լիբ. Ոսկի»
* * *
Թղթահանդէսի բաժինը տրուած է վարի յօդուածէն ետք:
Լաւ մնացէք:
Յարգանքով՝
Սասուն Սիմոնեան
ԵՐԿՈՒ ԳՐԱԳԷՏՆԵՐ ԱՆՑԱՆ…
ՍԻՄՈՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆ
Աղբիւր՝ «Սփիւռք» շաբաթաթերթ, 16 Յուլիսի 1972, էջ 1
Երկու գրագէտներ անցան այս ափերէն, Մայրիներու այս աշխարհէն, Յունիսին, 1972 թուի:
Մէկը՝ Հայաստանէն, միւսը՝ Սփիւռքէն:
Ռազմիկ Դաւոյեան՝ Հայաստանէն, Սովետակա՛ն Հայաստանէն, հո՛ն ծնած, սնած, աճած, շնչած, հասակ առած, թեւաւորուած, բարձրացած՝ փուշերու եւ վարդերու թուփերուն մէջէն, ծնած՝ 1940 թուին երբ սովետականացումը 20 տարեկան էր, ուրեմն սովետացեալ Հայաստանի լիակատար ծնունդը:
Ուլիեամ Սարոյեան՝ Սփիւռքէն, Հա՛յ Սփիւռքէն, ամենահեռաւոր հայ սփիւռքի մէջ ծնած, Ֆրեզնոյի՛ մէջ, Խաղականի անխաղաղ ափերուն, որդի Պիթլիսցի Պատուելի Արմենակի, ամբողջական գաղթականացումին ծնունդ, աճած, հասակ առած, բարձրացած՝ ամենէն արագ ձուլող քուրային մէջ, բայց արծիւի պէս սաւառնած՝ գրականութեան Խաղաղական ովկիանոսին մէջ, ընդդէմ ամեհի կոհակներուն՝ մնալով գաւառացի հայ, ապրելով հայ գաւառական կենցաղ մը:
Մէկը՝ այժմ ճի՛շդ 32 տարեկան:
Միւսը՝ այժմ ճի՛շդ 64 տարեկան, երկու անգամը տարիներու եւ այլ բաներու համրանքովը:
Զիս սակայն կը յուզեն չեղած բաները քան եղած ու ըլլալիք բաները, ոչ միայն Դաւոյեանի եւ Սարոյեանի, այլեւ հայ ժողովուրդի ճակատագրի Յարդգողի ճանապարհին:
Ամիս մը ամբողջ խորունկ յուզմունք մը ապրեցայ, փշրուած երազի մը տառապանքը:
Դաւոյեանի նախահայրերը Խնուսէն են, Տարօնի հիւսիսային գաւառէն, Սարոյեանի հայրը՝ Պիթլիսէն, Տարօնի հարաւէն, հարաւ-արեւելքէն:
Երկուքն ալ տաճկահայ, արեւմտահայ իրենց հունտով, երկո՛ւքն ալ՝ դատարկուած Արեւմտահայաստանի կեդրոնէն, սիրտէ՛ն, Մեսրոպ-Մաշտոցեան կալերէն, Մամիկոնեան սարերէն, Դաւիթ-Մհերեան ամրոպներէն:
Յաճախ երազած եմ չեղած Արեւմտահայաստանի Հանրապետութիւնը: Ռաֆֆիի Խենթին երազը հանապազ կը կրկնուի իմ գանկիս մէջ…
…Վանը՝ մեր մայրաքաղաքն է, այժմ երկու միլիոն հայ բնակչութեամբ. անոր գլխաւոր փողոցին՝ Պետրոս Դուրեան պողոտային վրայ Հայ Գրողներու Տան մէջ, որ ուրարտեսք (ինչպէս կայ… արապեսք) ոճով շինուած է, ես այս Յունիս ամսուն բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցայ մեր Հանրապետութեան — որ ստեղծուած է մեր Մեծ Երազի ճամբուն վրայ — տաղանդաւոր բանաստեղծ Ռազմիկ Դաւոյեանի հետ, որ եկած էր շրջանային Խնուս քաղաքէն, մեր Հանրապետութեան — որ ստեղծուած է մեր Հի՜ն Երազի ճամբուն վրայ — ամենէն մեծ գրագէտին՝ Ուիլեամ Սարոյեանին հետ, որ եկած էր Պիթլիս քաղաքէն, իսկ ես՝ Սասունէն:
Յունիսի մեր հանդիպումները, Վան մայրաքաղաքի մէջ եղան շատ ջերմ… Իրենց հետ եղայ Յունիսին Պարոնեան թատրոնին մէջ, Ալիշան թանգարանին մէջ, Դ. Վարուժան Գրապալատին մէջ, Երուխանի Անուան Գրականութեան Հիմնարկին մէջ, Գրիգոր Զօհրապի Տուն-Թանգարանին մէջ…
«Ա՜խ, ափսոս, ինչո՞ւ երազ էր»… կ’ըսէ մանկուց սորվուած երգը Շահազիզի…
* * *
Ռազմիկ Դաւոյեան եւ Ուիլեամ Սարոյեան մեզի յիշեցուցին մեր փշրուած երազը, չեղած գեղեցկութիւնը, որ կրնար ըլլալ եթէ Ֆրիկի անիծած Ֆալաքին անիւը անիրաւ դարձուածք չգործէր մեզի դէմ, եւ եթէ մենք գիտնայինք «Ֆալաք»ին քիչ մը խօսք հասկցնել…
Դաւոյեան եւ Սարոյեան անցան այս ափերէն եւ ազնիւ հետք ձգեցին:
* * *
Դաւոյեան եւ Սարոյեան մեզի յիշեցուցին արեւմտահայ բաներ, ամենէն առաջ արեւմտահայ գրականութիւնը, որ կը վերապրի հայ սփիւռքի մէջ, իր ԵՐԿՐՈՐԴ ԿԵԱՆՔՈՎ:
Պէտք է մեր գերագոյն ճիգը թափենք ու լարենք Արեւմտահայ Գրականութեան վերընձիւղումին համար, այն խորունկ հաւատքով ու վստահութեամբ որ ժողովուրդ մը կը վերապրի ամենէն առաջ իր գրականութեամբ:
Սփիւռքի հայ գրականութեան գոյատեւման համար՝ մեր ժողովուրդը եւ անոր հոգեւոր հաստատութիւնները շատ աւելի գիտակից ու հեռատես զոհաբերութիւն ընելու են:
Մեր մամուլը, մեր հրատարակչութիւնները, մեր դպրոցները աւելի հիմնական պարտաւորութիւններ ստանձնելու են:
Մեր մամուլը, յատկապէս մեր գրական պարբերականները — շաբաթաթերթ, ամսաթերթ եւայլն — տէր կանգնելու են արեւմտահայ գրական ժառանգութեան, մինչեւ միաձուլումը երկու գրականութեանց հայրենի հողին վրայ:
Ամենէն առաջ գրական քննադատութիւն ստեղծուելու է՝ արժէքները գնահատելու եւ ժանգերը մաքրելու համար: Գրական քննադատութի՛ւն մը, որ խոր ու հաւատաւոր գիտակցութիւնը ունենայ թէ ինք պարտիզպանն է Արեւմտահայ Գրականութեան ծառաստանին:
ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ
Հայ արտասահմանը, որակով եւ քանակով, աւելի հարուստ է իր մտաւորականներով, արուեստագէտներով, գիտնականներով քան, օրինակի համար, Յորդանանի Հաշիմական Թագաւորութիւնը, Կիպրոսի Հանրապետութիւնը, Ալպանիան, Քուէյթը, Ափրիկեան պետութիւններուն 4/5էն իւրաքանչիւրը:
Հայ արտասահմանի ամբողջութիւնը, Համահայկական Կեդրոնական Մարմինի մը յայտարարին վրայ, շատ աւելի հարուստ է կարելիութիւններով քան շարք մը պետութիւններ…
Ինչո՞ւ ուրանալ եւ չտեսնել հայկական այս ոյժն ու կենսունակութիւնը, եւ մա՛նաւանդ ինչո՞ւ զայն չթափել հայրենի ջրամբարին մէջ:
——
ԹՂԹԱՀԱՆԴԷՍ
«ԽԱՉԵՐԻ ՋԱՐԴԸ» ԳԻՐՔԻ ՏՊԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ
Դաւոյեանի «Խաչերի ջարդը» գիրքը 1972ին «Սփիւռք» շաբաթաթերթի շարունակական թիւերու մէջ հրատարակուելէ ետք, միեւնոյն տարին կողքի մը տակ մտնելով՝ լոյս կը տեսնէ նաեւ «Սեւան» Հրատարակչատունէն: Գրքոյկին գեղարուեստական ձեւաւորումը գործն է, Դաւոյեանի մտերիմներէն գեղանկարիչ եւ արուեստագէտ Յարութիւն Թորոսեանի:
Ճակատագիրի զուգադիպութեամբ մը Թորոսեանն ու Դաւոյեանը կը մահանան գրեթէ միեւնոյն օրը՝ 10-11 Յունուար 2022ին:
* * *
ԱՆՏԻՊ ՆԱՄԱԿ ՄԸ ՌԱԶՄԻԿ ԴԱՒՈՅԵԱՆԷՆ
Սիմոնեանի արխիւին մէջ գոյութիւն ունին կարգ մը բնագիրներու ընդօրինակումներ եւ կամ մեքենագրումներ: Ստորեւ Դաւոյեանէն անտիպ նամակի մը, թէ ձեռագիր բնագիրը եւ թէ ալ անոր մեքենագրուած (ընդօրինակուած) օրինակը: Մեքենագրուած օրինակին մէջ, կարմիր մելանով կատարուած սրբագրութիւնները կը պատկանին Սիմոնեանին:
Նամակին մէջ յիշուող Գէորգը՝ Գէորգ Աճեմեանն է, Երուանդը՝ Երուանդ Քասունին, իսկ Վարդերեսը՝ Վարդերես Գարակէօզեանը
Սիմոնեանի արխիւին մէջ ցարդ պահուած նոյնանման ընդօրինակումները՝ ունին իրենց պատճառները եւ երբեմն ալ իրենց պատմութիւնը:
Սիմոնեան անուղղակի կերպով կը մարզէր իր պաշտօնեաներէն, եւ նոյնիսկ տպարան կամ խմբագրատուն այցելողներէն ոմանք:
Այսպիսի այցելուներէն եղած է Լիբանանի մէջ գտնուող Հ.Բ.Ը.Մ.ի Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարանի աշակերտներէն մին՝ որ եկած էր տպարան, «Նուիրում» աշակերտական պարբերաթերթի տպագրական փորձերը վերցնելու: Եւ որովհետեւ փորձերը տակաւին պատրաստ չէին, Սիմոնեան աշակերտը «զբաղցնելու» համար էջ մը կուտայ անոր, եւ կը խնդրէ որ զայն յստակ ձեռագիրով ընդօրինակէ, միեւնոյն ժամանակ ալ բովանդակութեան ուղղագրութիւնը աբեղեանականէն վերածէ դասականի… «դիւրացնելու համար գործը գրաշարին»:
Աշակերտը կը կատարէ այդ պարտականութիւնը եւ յետոյ «Նուիրում»ի տպագրական փորձերը վերցնելով կը մեկնի տպարանէն:
Այդ աշակերտը հետագային պիտի դառնար ծանօթ բանասէր ու մատենագէտ մը, եւ տնօրէնը յիշեալ վարժարանին: Ան առիթով մը իբր յուշ պիտի պատմէր այս դէպքը, եւ ժպտալով աւելցնէր թէ ինք տարիներ ետք անդրադարձած էր, որ այդ օրերու գրաշարները որոնք հմուտ ձեռագիր կարդացողներ ու շատ լաւ ուղղագրութիւն գիտցողներ էին՝ պէտք չունէին նման ընդօրինակումներու…
Սիմոնեան ուզած էր որ այցելու աշակերտը պարապ չնստի ու բան մը սորվի:
Այդ աշակերտին անունն է Ժիրայր Դանիէլեան:
* * *
ՀԻՆ ԹԵՐԹԵՐէ ԵՐԿՈՒ ԿՏՐՈՆՆԵՐ
Սիմոնեանի արխիւին մէջ պահուած են թերթերէ մկրատուած կարգ մը կտրոններ. ստորեւ անոնցմէ երկու հատ:
Կտրոն, 22 Յունիս 1939 թուականին հրատարակուած թերթէ մը, որուն անունը չյաջողեցայ ճշդել
Այս կտրոնին վրայի Սիմոնեանի ձեռագիր նշումը կ’ըսէ.
«Ազդակ» [օրաթերթ] 19 Օգոս[տոս] 1985 առաջին էջ
* * *
ԼՈՒՍԱՆԿԱՐ ՄԸ
ԵՒ
ԳՐԱՇԱՐ ՅԱԿՈԲ ՆՈԽՈՒՏԵԱՆ
Լիբանանի Պուրճ Համուտ քաղաքի մէջ լոյս տեսնող «Ազդակ» օրաթերթի 15 Յունուար 2022ի թիւին մէջ, Համազգայինի տպարան-հրատարակչատան տնօրէնութիւնը կը գուժէր մահը գրաշար-էջադրող Յակոբ Նոխուտեանի: Վարը տրուած է «Ազդակ»ի գուժը, իսկ անոր կողքին 1960ականներու սկիզբէն լուսանկար մը Սիմոնեանի արխիւէն, ուր այլոց շարքին կ’երեւի նաեւ երիտասարդ Յակոբ Նոխուտեանը երբ ան կը պաշտօնավարէր տպարան «Սեւան»ի մէջ:
Տպարան «Սեւան»ի պաշտօնեաներէն մաս մը Սիմոն Սիմոնեանի հետՁախէն աջ՝ տպագրիչ Իպրահիմ Մատանի, գրաշար Յակոբ Նոխուտեան, օգնական փոքրիկն Մուհամմէտ, եւ կազմարար Իպրահիմ Համամ Ետեւի շարք՝ Սիմոն Սիմոնեան եւ վարչական պաշտօնեայ Գրիգոր Վարդանեան
Լուսանկարի մօտաւոր թուական՝ 1960ականներու սկիզբ
Վ Ե Ր Ջ